Հանդէս Մեղու

«Մեղու», բանասիրական, գրական, գիտական, տնտեսական եւ երգիծական կիսամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1856-1865, 1870-1874 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիրներ՝ Յարութիւն Սվաճեան (1856-1862, 1870-1872), Յ․ Հովվեանց, Ա․ Մուրատեան, Ա․ Հայկունի (1863-1865), Յակոբ Պարոնեան (1872-1874)։ Համարուել է իր ժամանակի առաջադիմական պարբերականներուց։ Պայքարած է հայ հոսանքներու, կղերապահպանողական գաղափարախօսութեան, հոգեւոր դասի, հայ մեծահարուստներու եւ սուլթանական կառավարութեան դէմ։ Սվաճեանի խմբագրութեան տարիներուն լայն տեղ յատկացուցած է Միքայէլ Նալպանտեանի սոցիալ-քաղաքական հայեցակէտին, տպագրած անոր բանաստեղծութիւնները, ճառերը, հատուածներ «Կոմս Էմմանուէլի յիշատակարանէօնն»։ Ներկայացուցած է նմուշներ արեւմտահայ արձակէն, Սայաթ-Նովայի, Ազբար Ադամի եւ այլ աշուղներու երգերը, Յարութիւն Սվաճեանի, Գ․ Օտեանի երգիծական գործերն ու թատերախօսականները, կատարած արտատպումներ Գամառ-Քաթիպայէն։ Բազմաթիւ յօդուածներ նուիրուած են հայոց լեզուին, գրականութեան։ Պարոնեանի խմբագրութեան տարիներու թերթը համարուած է երգիծաբանի գրական ժառանգութեան անքակտելի մասը։ Այստեղ լոյս տեսած են անոր աֆորիզմները («Թէ որ», «Ապտակք», «Ասկէ անկէ» եւ այլ խորագրերով), քաղաքական քրոնիկներու շարքը, պատմուածքներ, ակնարկներ, որոնց մէջ քննադատած են եւրոպական դիւանագիտութեան խաղերը Հայկական հարցի շուրջ, սուլթանական կառավարութեան հակաժողովրդական քաղաքականութիւնը, հայ կղերու եւ լիբերալ խաւի հաշտուողական գործելակերպը, հայ կենցաղին խորթ եւրոպական նորամուծութիւնները։ «Մեղու»-ի մէջ տպագրուած նաեւ Յակոբ Պարոնեանի հայատառ թրքական գործերէն շատերը («Ալաֆրանկա», «Պարահանդէս», «Պարի դաս» եւ այլն)։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Հանդէս Մեղու 

Tags:

1856186518701874Գրիգոր ՕտեանՀայկական ՀարցՄիքայէլ ՆալպանտեանՅակոբ ՊարոնեանՅարութիւն ՍվաճեանՍայեաթ-Նովա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գոյականի առումներԱթէնքԻսրայէլ1951 թուականՈւիքիփետիա31 ԴեկտեմբերԱրցախեան ԱզատամարտՖինլանտաԱֆղանիստանՌանչպարների ԿանչըԱնատոլի Մոկացեան1928 թուականԱրագածՔարլես ՓուճտեմոնՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Արփիար Տէր ՄարգարեանԱշոտ Բ․ ԵրկաթՅուշարձանԳերմանիաՍան Ֆրանսիսքօ1944 թուականԹուփաք ՇաքուրԻնտոնեզիաՏառադարձութիւն (Լեզուաբանութիւն)Թոքախտ1949 թուականՄայքըլ Շումախըր4 ՅունիսՀացԱշխէն (վկայ)ԿիկերոնՄեխակՎրաստանԿայուն ԶարգացումՀրաչեայ ԱճառեանԵւրոպաԱսլան ՄխիթարեանԱսիաԳրիգոր ԶօհրապՊղինձ3 ԱպրիլԼուսանկարչութիւնԳրական Քննադատութիւն1868 թուականԿոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ՊատրիարքութիւնՊէյրութՀայ Օգնութեան Միութիւն1967 թուականԿիրակոս ԳանձակեցիՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովԱզրպէյճանԱրաբերէն15 Մարտ1 Յունուար1775 թուականՔուէյթԵՈՒՆԵՍՔՕԱրաքս (գետ)Մայր ԹերեզաԼինուքսՊելճիքա1995 թուականՍարդԾխախոտԱրեգ ՏիրազեանԸնձուղտ17 ՄայիսՍամուէլ (անձնանուն)1966 թուական1714 թուականԱստղային Պատերազմներ։ Բաժին Դ։ Նոր ՅոյսԿոմիտաս Վարդապետ1923 թուական🡆 More