Հրանդ Տինքի սպանութիւն (թրք.՝ Hrant Dink suikastı), թրքահայ յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 19 Յունուար 2007-ին Սթամպուլի մէջ՝ «Ակօս» թերթի խմբագրութեան շէնքի դիմաց: Հրանդ Տինքը եղած է «Ակօս» երկլեզու (հայերէն եւ թրքերէն) շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան եղելութեան փաստի վերաբերեալ: Հրանդ Տինքը մշտապէս հանդէս եկած է հայ եւ թուրք ժողովուրդներու երկխօսութեան կոչերով՝ նշելով, որ երկու ժողովուրդներու երկխօսութիւնը կը հանգեցնի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Հրանդ Տինքը քննադատած է թրքական կառավարութեան գործողութիւնները էթնիկ փոքրամասնութիւններու ճնշման եւ մարդու իրաւունքներու ոտնայարման համար: Սպանութենէն առաջ ան դատապարտուած է Թուրքիոյ ՔՕ 301 յօդուածով՝ «թուրք ազգին վիրաւորելու համար»: Անոր սպանութենէն ետք Թուրքիոյ ողջ տարածքին տեղի ունեցած են բազմահազարանոց ցոյցեր: Սպանութիւնը խորապէս քննադատած են նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարները:
Հրանդ Տինքը մշտապէս սպառնալիքներ ստացած է թուրք ազգայնականներէ՝ իր հայկական ծագման եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բացայայտ խօսելուն համար: Ան միշտ ստացած է սպառնալիք պարունակող ելեկտրոնային նամակներ: Իր վերջին յօդուածին մէջ Տինքը իրեն համեմատած է աղաւնիի հետ՝ նշելով, որ ինչպէս աղաւնին՝ ինքը նոյնպէս իր հայեացքը կ՚ուղղէ աջ, ձախ, յետ ու առաջ: Իր գլուխը աղաւնիի գլուխի նման անընդհատ շարժման մէջ է, իսկ շարժումները՝ նոյնքան արագ: Ան մշտապէս բողոքած է թրքական կառավարութեան անուշադրութենէն, երբ երկրի տարածքին տեղի կ՚ունենան այդպիսի ահաբեկչական գործողութիւններ: Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ան գրած է՝ արդեօք թուրք նախարարները գիտեն ինչ որ մէկուն աղաւնիի նման վախցնելու գինը:
«Ակօս» շաբաթերթին մէջ գրուած իր վերջին յօդուածին մէջ, որ տպագրուած է 10 Յունուար 2007-ին, Տինքը գրած է, որ թրքական քարոզչութիւնը կը փորձէ իրեն թշնամի դարձնել թուրք հասարակութեան աչքին.
«Ցաւալի էր, որ նպատակին հըսած էին անոնք, որոնք ինձ մէկուսացնելու, տկար եւ անպաշտպան դարձնելու համար ջանք չէին խնայեր: Աւելին, հասարակութեան կեղծիքներով ապակողմնորոշելու եւ սխալ տեղեկութիւններ հաղորդելու միջոցով, անոնց յաջողուած էր ձեւաւորել մարդոց զգալի մէկ շրջանակ, որ Հրանդ Տինքին կը դիտէր իբրեւ «թուրքերուն նսեմացնող» անձ»
Ան նշած է նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնը անտարբեր է իր անվտանգութիւնը ապահովելու հարցով.
«Իմ համակարգիչի յիշողութիւնը լի է այս շրջանակէն տարբեր քաղաքացիներու ուղարկած հարիւրաւոր նամակներով, որոնք զայրոյթ եւ սպառնալիք կը պարունակեն: (Պետք է ըսել, որ համացանցային այդ նամակներէն մէկը ուղարկուած է Պուրսայէն, որու բովանդակութեան վտանգաւորութեան մտահոգութեամբ այն յանձնած եմ Շիշլիի դատախազութիւն, սակայն առ այսօր որեւէ պատասխան չեմ ստացած, որու մասին հարկ կը համարեն տեղեկացնել):»
Չնայած բողոքներուն, Տինքը երբեք չէ դիմած թրքական իշխանութիւններուն իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար, քանի որ չէ ցանկացած ունենալ «ապաստարանային» կեանք: Անոր իրաւաբան Էրտալ Տողանը հաստատած է Տինքի մտաւախութիւնները: Սպանութենէն մէկ շաբաթ առաջ Տինքը գրած է, որ կը զգայ «ջղային եւ վախցած», քանի որ ստացած էր ատելութեան սպառնալիք պարունակող ելեկտրոնային նամակ. «Ես ինծի կը զգամ, ինչպէս վախցած աղաւնի, բայց գիտեմ, որ այս երկրի մարդիկ երբեք չեն վնասէր աղաւնիին»:
Հրանդ Տինքը սպանուած է 19 Յունուար 2007-ին ժամը 15:00-ին Սթամպուլի մէջ՝ Ակօս շաբաթաթերթի խմբագրութեան մուտքի մօտ։ Մարդասպանը յայտարարած էր, որ ինքը Անգարայի համալսարանի ուսանող էր, որ ցանկացած է հանդիպիլ պրն. Տինքի հետ: Երբ անոր խնդրանքը մերժուած է, ան անոր սպըսած է հարեւան դրամատան մուտքի մօտ: Համաձայն վկաներու՝ Տինքին սպանած է 25-30 տարեկան տղայ մը, որ ետեւէն երեք անգամ կրակած է Տինքի գլուխին: Ըստ ոստիկանութեան տուեալներու՝ մարդասպանը եղած է 18-19 տարեկան երիտասարդ: Ոստիկանութիւնը հետաքննութեան առաջին քանի մը ժամերու ընթացքին ձերբակալած է երկու քաղաքաց, որոնք յետագային ազատ արձակուած են։ «Ակօսի» խմբագրութեան մօտ գտնուող ճաշարնի սեփականատէրը, որ գործով հանդէս եկած է իբրեւ վկայ, ըսած է, որ մարդասպանը եղած է մօտ 20 տարեկան, հագած է ճինզէ տաբատ, իսկ գլուխին եղած է գլխարկ: Մարդասպանը բղաւած է. «Ես սպանեցի անհաւատին (կէաւուրին)», երբ ձգած է սպանութեան վայրը: Տինքի ընկեր Օրհան Ալքայան կը կարծէ, որ երեք կրակոցով սպանութիւնը Քրտական հեզպոլահի ձեռագիրն է: Երբ իմացած են նորութեան մասին, Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինքը, եւ դուստրը կորսնցուցած են գիտակցութիւնները: Անոնց տեղափոխած են Սթամպուլի իտալական բուժարան:
Սպանութենէն մէկ օր ետք ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ մարդասպանը ճանչցուած է տեսաձայնագրութեամբ՝ «Istanbul MOBESE» ելեկտրոնային ծառայութեան ցանցի եւ անվտանգութեան տեսախցիկներու միջոցով: «Istanbul MOBESE» ծառայութեան միջոցով առցանց կարելի է հետեւիլ Սթամպուլի մէջ տեղադրուած շուրջ 4000-էն աւելի տեսախցիկներու տեսաձայնագրութիւններուն: Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը հրապարակած է լուսանկարներ՝ կոչ ընելով քաղաքացիներուն համագործակցիլ յետաքննչական մարմիններուն հետ: Նոյն երեկոյեան Սթամպուլի քաղաքապետ Մուամէր Կիւլերը յայտնած է մամուլին, որ յատուկ քննչական կոմիտէի շուրջ 24 խումբեր կը յետախուզեն յարակից թաղամասերը: Կոմիտէն նաեւ կ՚ուսումնասիրէ սպանութեան վայրի յարակից տարածքներու շուրջ 10 000 հեռախօսային զանգեր:
Շաբաթ օրը Սթամպուլի ժամանակով ժամը 18:22-ին լրատուական գործակալութիւնները հաղորդած են, որ մարդասպանի ինքնութիւնը պարզուած է: Անոր անունն է Օկիւն Սամաստ՝ երիտասարդ տղայ, որ ծնած է 1990-ին եւ գրանցուած է Տրապիզոն՝ այն նոյն քաղաքին մէջ, ուր Տինքի սպանութենէն մէկ տարի առաջ 16 տարեկան երեխայի կողմէ սպանուած է կաթողիկէ վանական Անտրիա Սանտորոն` Տրապիզոնի Սանթայ Մարիա եկեղեցւոյ դիմաց: Վերջին տարիներուն Տրապիզոնը դարձած էր ազգայնական ծայրայեղական շարժման ներկայացուցիչներու կեդրոնատեղի: Սամաստի հայրը ճանչցած է որդուն՝ ոստիկանութեան հրապարակած լուսանկարներէն եւ տեղեկացուցած տեղական իշխանութիւններուն: Վեց մարդ, ներառեալ Սամաստի ընկեր Եասին Հայալը, որ ներառուած եղած է 2004 -ին Տրապիզոնի մէջ «McDonald's» ճաշարանի պայթեցման գործով, ձերբակալուած եւ տեղափոխուած է Սթամպուլ: Նոյն օրը՝ երեկոյեան ժամը 19:55-ին, յայտարարուած է, որ Օկիւն Սամաստը ձերբակալուած է Սամսունի մէջ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հաստատած է, որ ենթադրեալ մարդասպան Օկիւն Սամաստը ձերբակալուած է, առգրաւուած է նաեւ սպանութիւն իրականացուցած զէնքը:
Տինքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է 23 Յունուար 2007-ին Սթամպուլի Գում Գաբու թաղամասի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղման արարողութեան թափօրին հետեւած են հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնք բողոքի ցոյցով անցած են Սթամպուլի փողոցներով՝ վանկարկելով «Մենք բոլորս Հրանդ ենք, մենք բոլորս հայ ենք» (թրք.՝ Hepimiz Hrant'ız, hepimiz Ermeniyiz):
Թաղման արարողութեան մասնակցած են Թուրքիոյ կառավարութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կրօնական առաջնորդներ: Չնայած որ Թուրքիան չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ՝ երկրի արտաքին գործերու նախարար Ապտուլա Կիւլի հրաւէրով թաղման արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախկին նախարար Արման Կիրակոսեան: Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը չէ մասնակցած թաղման արարողութեան, քանի որ ներկայ եղած է Պոլու լեռան թունելի բացման:
Հրաժեշտի կրօնական արարողակարգէն ետք Տինքի մարմինը տեղափոխող մեքենան պտոյտ կատարած է Յենիքափըում հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներու մօտով եւ շարժած է Զէյթինպուրնու շրջանի Պալըքլը թաղամասի հայկական գերեզմանատուն, ուր Տինքի մարմինը հողին յանձնուած է: Գերեզմանատանը Կետիքփաշայի հայկական աւետարանչական եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւոր դոկտոր Գրիգոր Աղաբալօղլուն եւ Հայկական աւետարանչական եկեղեցւոյ համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտոր Ռընէ Լեւոնեանը թրքերէն եւ հայերէն մահախօսութիւններ կարդացած են:
Թաղման արարողութիւնը որոշակիօրէն փոխած է սփիւռքահայերու վերաբերմունքը Թուրքիոյ նկատմամբ: Օրինակ, Իզապէլ Կորտեանը, որ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկն է, մասնակցած է Տինքի թաղման արարողութեան: 25 Յունուար 2007-ին ան յօդուած գրած է թրքական «Zaman» (հայ․՝ Ժամանակ) օրաթերթի համար՝ նշելով, որ թուրքերու այդպիսի ներգրաւուածութիւնը թաղման արարողութեան եւ բողոքի ցոյցերուն երկրաշարժի պէս ցնցած է իրենց:
Սթամպուլի յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտարարած է, որ դատարկ պարկուճներէ կարելի է յստակ ըսել, որ սպանութիւնը կատարուած է 7,65 մմ տրամագիծ ունեցող ատրճանակէ եւ երբեւիցէ չէ օգտագործուած՝ այլ յանցանքներու կատարման ժամանակ:
Սամսունի դատախազ Ահմէտ Չօքչընարը «Anadolu» լրատուական գործակալութեան պատմած է, որ Սամաստը ծրագրած էր սպանել Հրանդ Տինքին: Համաձայն նախնական տուեալներու՝ Սամաստը ըսած է, որ սպանութիւնը կատարած է անձնական դրդապատճառով եւ որեւէ կազմակերպութիւն կապ չունի սպանութեան իրականացման հետ: Սամաստի հօրեղբայր Ֆայիք Սամաստը NTV հեռուստաընկերութեան ըսած է, որ չի կարծեր՝ իր զարմիկը ունակ էր մինակ կատարել սպանութիւնը: Հօրեղբօր խօսքերով, Սամաստը անգամ չէ իմացած Սթամպուլը: Անոր կարծիքով «երեխային» օգտագործած են: Սամաստը ըսած է, որ Տինքին սպանած է՝ «թուրքերուն ահաբեկելու եւ ապակողմնորոշելու համար» եւ չի ժխտեր իր հանցանքը: Համաձայն ԶԼՄ-ներու հաղորդագրութիւններու՝ Սամաստը դուրս մնացած է աւագ դպրոցէ եւ, հաւանաբար, թմրանիւթէ կախուածութիւն ունեցած է: Աւելի ուշ, ԶԼՄ-ները հաղորդած են, որ Սամաստը չէ հասկցած իր յանցանքի լրջութիւնը, քանի դեռ հեռուստացոյցով չէ տեսած բողոքի ցոյցերը եւ զղջացած իր կատարած յանցանքին համար:
Սպանութեան իրականացման մեղադրանքով ձերբակալուած են երեք անձեր: Սպանութեան ետեւը ծայրայեղական ուժերու կանգնած ըլլալու փաստի մասին կը խօսին ձերբակալուածներու կենսագրութիւնները: Անոնցմէ մէկը եղած է Սամաստի ընկեր Եասին Հայալը, որ նախապէս դատապարտուած էր 11 ամիս ազատազրկման՝ Տրապիզոնի մէջ «McDonald's» ճաշարնի պայթիւններուն մասնակից ըլլալու համար: Միւսը եղած է Քարատէնիզի տեխնիկական համալսարանի ուսանող Էրհան Թունջէլը, որ եղած է «Ալփերէն» կազմակերպութեան անդամ: Վերջինս սերտ կապեր ունեցած է իսլամիստական ծայրայեղական Մեծ միասնութեան կուսակցութեան հետ, որ ալ ստեղծուած էր Ազգայնական շարժման կուսակցութեան նախկին անդամներու կողմէ: Եասին Հայալը խոստովանած է, որ ըսած է Սամաստին սպանել Տինքին եւ տրամադրած է ատրճանակ: Մինչդեռ Էրհան Թունջէլը կը հանդիսանայ սպանութեան հիմնական կազմակերպիչը, որ ուղղորդած է Հայալին եւ Սամաստին: ՄՄԿ-ն հերքած է իր մասնակցութիւնը սպանութեան: Հրանդ Տինքը աջ ծայրայեղական ուժերու կողմէ բնորոշուած է իբրեւ «դաւաճան» եւ միայն անոնց կողմէ ստացած աւելի քան 2600 սպառնալիք: Համաձայն թրքական լրատուամիոցներու՝ Էրհան Թունջէլը աշխատած է նաեւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան յետախուզութեան բաժնին մէջ։ Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ ան նախօրօք տեղեկացուցած է Տրապիզոնի ոստիկանութեան սպասուող սպանութեան մասին, սակայն անոր խօսքերուն ոստիկանութիւնը լուրջ չեն վերաբերած:
Հետաքննութեան ժամանակ դիտարկուած է նաեւ այն փաստը, որ Էրգենեկոն կազմակերպութիւնը, հնարաւոր է, որ կապ ունի սպանութեան կազմակերպման գործընթացին: Էրգենեկոնի գործով 441-րդ թղթապանակին մէջ կան փաստեր, ուր կ՚երեւի, որ Տինքի ողջ ընտանիքը եղած է Էրգենեկոնի թիրախը: Այսպէս գնդապետ Ֆերհատ Օզսոյը ստիպած է աւագ սէրժանտ Մուրատ Շահանին կատարել սպանութիւնը՝ իբրեւ պարգեւ խոստանալով 300 000 թրքական լիրա: Շահանը, որ ունեցած է հոգեկան խանգարումներ՝ 70 000 թրքական լիրա պարտք ունենալու համար, ընդդիմացած է եւ զինուորական հիւանդանոցէն բողոք ուղարկած նախարարութիւն, ուր ստիպուած էր բուժման դասընթացք անցնիլ:
3 Հոկտեմբեր 2007-ին թրքական NTV հեռուստաընկերութիւնը հաղորդած է, որ ոստիկանութեան մօտ Էրհան Թունջէլի թղթապանակը վնասուած է՝ իյնալով գետնին: Թղթապանակը եղած է «պետական գաղտնիք» գրիֆի տակ:
Տինքի ընտանիքի իրաւաբան Էրտալ Տողանը կը կարծէ, որ թղթապանակի վնասուիլը կը վկայէ այն մասին, որ եթէ այդ մնար, կրնար բացայայտուիլ կասկածեալներու եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներու միջեւ եղած կապերը: Այնտեղ եղած է նաեւ Տինքի սպանութեան վայրի մօտ տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկի տեսաժապաւէնը: Տողանը նշած է, որ ոստիկանութեան հետաքննչական ծառայութեան ղեկավար (թրք.՝ Emniyet Genel Müdürlüğü İstihbarat Daire Başkanı) Ռամազան Աքիւրէքը հրահանգած է քննութենէն հանել կասկածեալի 48 էջանոց վկայութիւնը։
Երբ Տինքի ընտանիքի իրաւաբանները ուսումնասիրած են սպանութեան վայրի մօտ տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկի տեսաժապաւէնը, անոնք նկատած են չորս կասկածեալներու, որոնք բջջային հեռախօսով խօսելու ժամանակ եղած են: Իրաւաբանները կը դիմեն ուղարկել Շիշլիի Turkcell-ի ղեկավարութեան՝ տրամադրելու իրենց սպանութենէն մէկ ժամ առաջ տեղի ունեցած բոլոր հեռախօսազանգերու տուեալները: Թրքական հեռախօսային երկու խոշոր գործառկուները յայտարարած են, որ այդ շրջանին իրենք չունին GSM ցանցի կայան, այդ իսկ պատճառով անոնք որեւէ տեղեկատուութիւն չեն կրնար տրամադրել: Թուրքիոյ միւս խոշոր գործառկուն ալ յայտարարած է, որ այդ ժամանակահատուածին մէջ տարածքէն ցանցային զանգ չէ կատարուած։ Իրաւաբանները յայտարարած են, որ այդ անհնարին է, քանի որ տեսած են, թէ ինչպէս կասկածեալները կը խօսին բջջային հեռախօսով: Բացի այդ Շիշլին Սթամպուլի ամենաբանուկ եւ ամենահարուստ թաղամասերէն մէկն է, եւ բջջային ցանցի բացակայութիւնը անհնար է: Բացի այդ, տեսաժապաւէնէն կ՚երեւի, որ այդ ժամանակ Շիշլիի մէջ արդէն իսկ եղած է GSM ցանց:
2013 -ին գաղտնի վկաներէն մէկը յայտնած է, որ Ժանտարմերու (թրքական ոստիկանութիւնը) եւ ժանտարմերներու հետաքննչական ծառայութիւնը ներգրաւուած եղած են Տինքի սպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման:
12 Յունուար 2015-ին Սթամպուլի դատարանը թոյլտուութիւն տուած է ձերբակալելու երկու ոստիկաններու, որոնք դարձած են առաջին պետական ծառայողները, որոնք ձերբակալուած են Տինքի գործով:
Սպանութեան լուրի տարածման զուգընթաց՝ Թուրքիոյ խոշոր քաղաքական կուսակցութիւնները, պետական պաշտօնեաները եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները դատապարտած են սպանութիւնը: Սպանութիւնը դատապարտած են նաեւ օտարերկրեայ պետութիւններու շարք մը ղեկավարներ:
Քանի մը պաստառներ թաղման արարողութենէն ետք տեղադրուած են այգիներու մէջ
Վանաձորի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը կը ղեկավարէ Գուգարքի թեմ առաջնորդ Սեպուհ Չուլճեանը
Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսած է 2 Յուլիս 2007-ին Սթամպուլի մէջ։ 18 մարդու, որոնք կապ ունեցած են Տինքի սպանութեան հետ, մեղադրանք առաջադրուած է ծանր յանցագործութիւններու Սթամպուլի No 14 դատարանին մէջ: Քանի որ գլխաւոր մեղադրեալ Օկիւն Սամաստը 18 տարեկան եղած է, դատաւարութիւնը փակ անցած է։ Մեղադրեալներ Եասին Հայալը եւ Էրհան Թունջէլ կրկնած են նոյն ցուցմունքները, որոնք ըսած էին ոստիկանութեան աշխատակիցներուն եւ դատախազին: Դատարանը որոշած է առանց գրաւի ազատ արձակել մեղադրեալներ Օսման Ալթային, Իրֆան Օզքանին, Սալիհ Հաջիսալիհօղլուին եւ Վեյսէլ Թոփրաքին, եւ դատավարութիւնը յետաձգած մինչեւ 1 Հոկտեմբերը:
Տուժող կողմը պահանջած է ցմահ ազատազրկում Էրհան Թունջէլին եւ Եասին Հայալին՝ «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպելու համար»: Քանի որ մարդասպան Օկիւն Սամաստը սպանութեան պահին եղած է 18 տարեկան, տուժող կողմը պահանջած է 18-24 տարի ազատազրկում: Եասին Հայալի համար՝ իբրեւ սպանութեան հանցակցի, տուժող կողմը պահանջած է 22,5-35 տարի ազատազրկում: Մնացածները մեղադրուած են «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու համար»:
Յունուար 2009-ին տեղի ունեցած է դատավարութեան 8-րդ լսումը: Ձերբակալուած 8 մեղադրեալներէ 7-ը մասնակցած են դատավարութեան: Լսման արդիւնքով երեք մեղադրեալ ազատ արձակուած է, իսկ դատավարութիւնը յետաձգուած է մինչեւ 20 Ապրիլ 2009-ը: Համաձայն Human Rights Watch-ի, Տինքի դատավարութիւնը «փորձութիւն հանդիսանալու է թրքական արդարադատութեան անկախութեան ստուգման համար»:
25 Յուլիս 2011-ին Անչափահասներու կողմէ իրականացուած ծանր յանցագործութիւններու Սթամպուլի դատարանը Օկիւն Սամաստին մեղադրած է սպանութեան եւ ապօրինի զէնք պահելու: Ան դատապարտուած է 22 տարի եւ 10 ամիս ազատազրկման, որ փոխարինուած է ցմահ ազատազրկմամբ՝ համաձայն անչափահասներու մասին թրքական օրէնսդրութեան: Կրելով պատժաչափի երկու երրորդը՝ Սամաստի պատիժը կրնայ փոխարինուիլ պայմանական ազատազրկմամբ 2021 կամ 2022 թուականներուն:
16 Յունուար 2012-ին ծանր յանցագործութիւններու Սթամպուլի No 14 դատարանը հրապարակած է միւս մեղադրեալներու դատավճիռը: Դատարանի դատավճիռին մէջ նշուած է, որ այս դէպքը, բացի սպանութենէն, այլ ենթատեքստեր չի պարունակեր եւ եղած է սովորական սպանութիւն: Եասին Հայալը մեղաւոր ճանչցուած եւ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման: Երկու անձ մեղադրուած են Հայալին հանցակից ըլլալու համար եւ դատապարտուած են 12 տարի եւ 6 ամիս ազատազրկման: Էրհան Թունջէլը մեղաւոր չէ ճանչցուած Տինքի սպանութեան գործին մէջ, սակայն դատապարտուած է Տրապիզոնի մէջ «McDonald's» ռեստորանի պայթիւններու համար: Ան դատապարտուած է 10 տարի եւ վեց ամիս ազատազրկման: Անոր ազատազրկումը կրնար փոխարինուիլ պայմանական ազատազրկմամբ միայն 5 տարի 6 ամիս ետք: Մնացած բոլոր մեղադրեալները արդարացուած են:
Սեպտեմբեր 2010 -ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշած է, որ թրքական իշխանութիւնները չեն ապահովել Տինքի ապրելու իրաւունքը (Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական համաժողով, յօդուած 2)՝ չկանխելով սպանութիւնը եւ անգործութեան համար չպատժելով թրքական ոստիկանութեան:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Հրանդ Տինքի Սպանութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.