Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Մէջ

Հայերը ԱՄՆ-ի մէջ, ԱՄՆ-ի մէջ բնակուող հայերը։ Հայերը ԱՄՆ-ի մէջ բնակած են 19-րդ դարէն ի վեր։ Այժմ անոնց թիւը շուրջ 1.500.000 է։ ԱՄՆ-ի ամենահայահոծ նահանգը Քալիֆորնիան է, որ յաճախ կ'անուանուի որպէս՝ «Ամերիկեան Հայաստան»։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաստատուած են 1992 թուականին։

Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Մէջ
Ամերիկահայ Յայտնիներ

Պատմութիւն

Առաջին հայերը

Հայերը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակութիւն կը հաստատեն 17-րդ դարու առաջին տասնամեակներէն։ Այստեղ եկած առաջին հայի՝ պարսկահպատակ Ճոն Մարթինի անունը կը յիշատակուի 1618 թուականին (զբաղած է ծխախոտագործութեամբ)։ 1653-1654 թուականներուն Վիրճինիա նահանգի կառավարիչի հրաւէրով Թուրքիայէն եկած են շերամաբոյծ երկու հայ վարպետներ՝ շերամաբուծութիւնը զարգացնելու նպատակով։ 17-18-րդ դարերուն հայերու փոքրաթիւ խումբեր Ամերիկա գաղթած են Եւրոպայէն (Լեհաստանէն, Հունգարիայէն, Հոլանտայէն), ինչպէս նաեւ Հնդկաստանէն եւ վերաբնակած՝ Վիրճինիա, Հարաւային Քարոլինա, Ճորճիա նահանգներուն մէջ։ 18-րդ դարու 70-ական թուականներուն հայերու թիւը ԱՄՆ-ի մէջ հասած է 70-ի։

1800-ականներու սկիզբը

19-րդ դարուն 30-ական թուականներէն սկսած հայերու նոր հոսքը հետեւանք էր Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիայի եւ Թուրքիոյ հայաբնակ այլ վայրերուն մէջ ամերիկեան բարեգործականներու քարոզչական, կրթալուսաւորչական գործունէութեան, որուն արդիունքին բացուեցան բազմաթիւ դպրոցներ, ուր սորված են հայ երեխաներ։ 1834 թուականին Կոստանդնուպոլիսի բարեգործական դպրոցի սան 16-ամեայ Խաչատուր Ոսկանեանը սկզբնաւորած է հայ, մասնաւորապէս պոլսեցի, երիտասարդութեան հոսքը ԱՄՆ-ի բարձրագոյն եւ առաջնակարգ ուսումնական հաստատութիւններ՝ դառնալով առաջին հայ մտաւորականը Նոր Երկրին մէջ։ 1861-1865 թուականներուն, քաղաքացիական պատերազմին յաջորդած տարիներուն, երբ ԱՄՆ թեւակոխած է արդիւնաբերական բուռն զարգացման շրջան, մինչեւ այսօր «հին աշխարհի» շատ գաղթականներու, ԱՄՆ սկսած են մեկնիլ հայերու խումբեր (հիմնական պատճառներն էին հայ գիւղացիի տնտեսական քայքայումը, ծանր հարկերը, կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ)։ Անոնց մեծ մասը ձգտած է ժամանակաւորապէս աշխատելէ եւ որոշ գումար ձեռք բերելէ յետոյ վերադառնալ հայրենի բնակավայրեր։ 1870-ական թուականներու վերջին՝ Նիւ Եորքի, Ուստրի, Փրովիտենսի մէջ սկսած են ձեւաւորուիլ հայկական առաջին համախմբումները։ 19-րդ դարուն վերջին Թուրքիայի մէջ գործած են աւելի քան 160 բարեգործականներ, 40 բարեգործական գիշերօթիկներու եւ 7 քոլեճներու մէջ սորված են շուրջ 2700 տղայ եւ աղջիկ (1899-1900 թուականներուն Կոստանդնուպոլսի Ռոպերթ քոլեճի աշակերտները 74%-ը հայեր եւ յոյներ էին։ Օսմանեան Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր խոշոր կեդրոններուն մէջ ամերիկեան աւետարանական քարոզիչներու կրթալուսաւորչական գործունէութեան (եկեղեցիներու, նախնական ու բարձրագոյն դպրոցներու, քոլեճներու եւ մշակութային այլ օճախներու ստեղծում, ծաւալման հետեւանքով 19-րդ դարի 80-ական թուականներուն աճած է հայ, հիմնականօրէն ամուրի (95%) երիտասարդներու արտահոսքը երկրի գրեթէ բոլոր շրջաններէն, գերազանցապէս՝ Խարբերդէն (40%)։ Եւրոպական շուկաներուն մէջ արդէն իսկ իրենց գործունէութիւնը տարածած հայ հարուստ վաճառականները ձեռնպահ կը մնային ԱՄՆ ներթափանցելէ։ 1880-ական թուականներու վերջաւորութեան արդէն 1500 հայ ունեցող ԱՄՆ դարձած էր նաեւ քաղաքական ապաստան եւ գործունէութեան ազատ դաշտ հայ յեղափոխական կուսակցական (հնչակեան, դաշնակցական) գործիչներու համար։ Ժամանակի ընթացքին ԱՄՆ մեկնած հայերը տարածուած են գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ՝ նախապատուութիւն տալով հայ բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն (Նիւ Եորք, Մասաչուսէթս, Ռոտ Այլենտ, Իլինոյս, Քալիֆորնիա, Միշիկան, Փենսիլվանիա, Նիւ Ճերսի, Քոնեքթիքութ, Ուիսքոնսին եւ այլն։ Հայաշատ քաղաքներէն էին Նիւ Եորքը, Ուստրը, Լիննը, Պոսթընը, Փրովիտենսը, Հարտֆորդը, Ֆիլատելֆիան, Հոբոքենը, Թրոյը, Չիքակօն, Ֆրեզնօն եւ այլն։ Հայերու շրջանին մէջ մշտապէս նկատուած է տեղաշարժ՝ յատկապէս արեւելեան նահանգներէն դէպի արեւմտեան նահանգներ։ Ան տեղի ունեցած է որոշակի օրինաչափութեամբ. սկիզբը՝ 1834 թուականէն, հարազատ բնակավայրեր վերադառնալու յոյսով մեկնած տղամարդիկ հաստատուիլ գլխաւորապէս երկրի արեւելեան ափի ուսանողական (մասնաւորաբար՝ Նիւ Եորք քաղաք) եւ արդիւնաբերական (մասնաւորաբար՝ Ուստր քաղաք) շրջաններուն մէջ։ Հետագային, յատկապէս 1880-ական թուականներուն, ԱՄՆ-ի մէջ հայերուն թիւի ստուարացմանը, արեւելեան նահանգներուն մէջ աշխատատեղերու նուազեցմանը զուգընթաց, հայերն աստիճանաբար տարածուած են նաեւ երկրի հիւսիսարեւելեան, հիւսիսային, միջին, միջինարեւմտեան եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ (մասնաւորաբար՝ Քալիֆորնիայի գիւղատնտեսական նահանգ)։ Ամերիկեան կեանքին ընտելացած յաջողակ եւ գործարար հայերը պայմաններ ստեղծած են հետագայ տասնամեակներուն գաղթի դիմած հազարաւոր հայրենակիցներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցոյց տալու, անոնց համախմբելու եւ որպէս համայնք կազմակերպելու համար։ 1820-1898 թուականներուն ԱՄՆ մեկնած հայերու թիւը մօտաւոր (4.000) է, քանի որ այդ ժամանակաշրջանին մէջ ԱՄՆ մուտք գործած գաղթականները արձանագրուած են ոչ թէ ըստ ազգային պատկանելութեան, այլ՝ մշտական բնակութեան երկիրներու։ Ընդ որում՝ Օսմանեան Թուրքիայէն գաղթածները մինչեւ 1868 թուականը գրանցուած են որպէս «Եւրոպական Թուրքիայէն», իսկ 1869 թուականէն՝ նաեւ «Ասիական Թուրքիայէն» եւ «Հայաստանէն» եկածներ։ 1899 թուականէն գաղթականները սկսած են արձանագրուիլ՝ ըստ իրենց ազգային պատկանելութեան։

1800-ականներու վերջաւորութիւն

1893 թուականին ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը դատապարտած է թուրքական իշխանութիւններուն, որոնք Մարզուանին մէջ կողոպտած եւ այրած են ամերիկեան քոլեճը, Բ. Դռնէն պահանջած է յարգանքով վերաբերուիլ ամերիկահպատակներուն հետ։ 3 Դեկտեմբերի 1894-ի Սասունի կոտորածէն յետոյ ԱՄՆ-ի Սենատն առաջարկած է եւրոպական տէրութիւններու հետ մասնակցիլ Սասունի մէջ կատարուած յանցագործութիւններու հետաքննութեան եւ պահանջած է դադարեցնել հայ բնակչութեան հետագայ հալածանքները։ 1894-1896 թուականներու համիտեան կոտորածները Օսմանեան Թուրքիայի մէջ բողոքի նոր ալիք յառաջ բերած են ԱՄՆ-ի մէջ։ Ֆիզիքական բնաջնջման վտանգէն խուսափող հայերու զանգուածային գաղթը մեծ չափեր ընդունած է՝ ներառելով կայսրութեան բոլոր հայաբնակ շրջանները։ Ամերիկեան յառաջադէմ հասարակական-քաղաքական գործիչները դատապարտած են սուլթանական կառավարութեան հակահայկական քաղաքականութիւնը։ Արեւմտահայութեան օգնելու համար ստեղծուած են հայ-ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւններ։ Մեծ աշխատանք կատարած են 1895 թուականին Պոսթընի մէջ ստեղծուած «Հայաստանի բարեկամներու միութիւնը» (անդամներն էին՝ բանաստեղծուհիներ Ճուլիա Ուորդ Հաուն եւ Ալիս Սթոուն Պլեքուելը, լրագրողներ Սեմուել Պարրոուն եւ Հենրի Պլեքուելը, գիտնականներ Հենրի Ալենը, Ուիլիամ Ուորդը եւ ուրիշներ), Կարմիր խաչի ազգային ընկերութեան նախագահ Քլարա Պարտոնը, բազմաթիւ բարեգործականներ։ Ամերիկեան այդ կրօնաւորներն ականատես եղած են այնտեղ ապրող հայ ժողովուրդի հալածանքներուն եւ իրենց կառավարութեան առջեւ հարց բարձրացուցած՝ հանդէս գալու հայերու պաշտպանութեամբ։ Ամերիկացի այս գործիչներն իրենց բողոքի ձայնն բարձրացուցած են հայերու նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու գործադրած գազանութիւններու դէմ։

1900-ական թուականներ

1904 թուականին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Վանեցին (Խրիմեան Հայրիկ) ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը խնդրած է օգնել թրքական լուծի տակ հեծող արեւմտահայութեան։ Հայ պատուիրակներուն (եպիսկոպոսներ Հ. Սարաջեան, Ս. Այվատեան) ընդունած է ԱՄՆ-ի նախագահ Թէոտոր Ռուզվելտը։ Ան յայտարարած է, որ կը հետաքրքրուի Հայկական հարցով, սակայն չի կրնար օգնել հայերուն, քանի որ 1878 թուականի Պերլինի դաշնագիրի տակ չկայ ԱՄՆ-ի ստորագրութիւնը։ 1900 թուականին հայերու թիւը ԱՄՆ-ի մէջ շուրջ 20.000 էր։ 1904 թուականին ԱՄՆ (մասնաւորապէս՝ Քալիֆորնիան) հանգրուան դարձած է նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական հանգամանքներու բերումով Ռուսական կայսրութենէն գաղթած հայերու համար, որոնք Նոր Երկրի մասին տեղեկացած էին 19-րդ դարու կրօնական հալածանքներու հետեւանքով Կովկաս աքսորուած դուխոբորներէն եւ մոլոկաններէն։ Դէպի ԱՄՆ արեւելահայ պանդխտութեան նախակարապետերը Կարսի Ղարաղալա գիւղէն Մուշեղեաններն էին, որոնց շուտով հետեւած է գիւղի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը։ 20-րդ դարու սկիզբին Ռուսական կայսրութեան մէջ եւ մասնաւորապէս Կովկասի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամը խթանած է արեւելահայութեան տեղաշարժը դէպի օտար ափեր՝ ներառելով նաեւ Ալեքսանտրապոլի հարաւէն գիւղերէն, Իգտիրէն, Կողբէն, Թիֆլիսէն, Ղարաբաղէն, Երեւանէն եւ այլ վայրերէն մեկնած խումբ մը հայերու։ Անոնք հիմնականօրէն բնակութիւն հաստատած են ԱՄՆ-ի արեւմտեան ափին՝ Քալիֆորնիայի նահանգի Լոս Անճելես քաղաքին մէջ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներ

20-րդ դարու սկիզբը առաւել մեծ չափերու հասած արեւելահայերու արտահոսքը (շուրջ 2.500 մարդ) նուազած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1918), ապա որոշ չափով նորէն աւելցած է Ռուսաստանի մէջ 1917 թուականին ստեղծուած քաղաքական անկայուն իրավիճակի հետեւանքով։ Արեւելահայերու հոսքը ԱՄՆ, ի տարբերութիւն արեւմտահայերու, մեծ չափերու չի հասնիր, ինչ որ կը բացատրէ Ռուսաստանի մէջ քաղաքական եւ տնտեսական համեմատաբար բարւոք վիճակով։ ԱՄՆ-ի Գաղթականական գրասենեակի տուեալներով՝ 1899-1924 թուականներուն Ռուսաստանէն ԱՄՆ մեկնած էր աւելի քան 3.500 հայ։ 1908 թուականէն ետք Թուրքիոյ անկայուն վիճակը, Ատանայի կոտորածը (1909), Պալքանեան պատերազմները (1912-1913), ապա Մեծ Եղեռնը. ուժեղացած են հայերու արտագաղթը Թուրքիայէն։ Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը ԱՄՆ-ի մէջ բնակած է 60.000 հայ։ ԱՄՆ-ի յառաջադէմ հասարակայնութիւնը զայրոյթով ընդունած է 1915 թուականի հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածի փաստը։ Ամերիկեան մամուլը գրեթէ ամէն օր տպագրած է Օսմանեան Թուրքիայի մէջ ողբերգական իրադարձութիւններու ականատես բարեգործականներու, դիւանագէտներու, հրաշքով փրկուած հայերու պատմածները։ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորգենթաուն, համոզուելով, որ հայերու կոտորածները եւ աքսորը նպատակ ունին գլխովին ոչնչացնել հայերուն, ապարդիւն փորձած է համոզել Թալեաթին եւ Էնվերին՝ դադարեցնելու հայերուն բնաջնջումը։ 1915 թուականի վերջին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գեւորգ Ե. Սուրենեանցը օգնութեան խնդրանքով դիմած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրո Ուիլսոնին, սակայն դիմումը անպատասխան մնացած է։ Ամերիկեան հասարակայնութիւնը զայրոյթով արձագանգեց 1915 թ.ի Մեծ Եղեռնին։ Այդ բռնութիւններէն ցնցուած՝ ԱՄՆ-ի այն ժամանակուան նախագահ Ուուտրո Ուիլսոնը 1920 թ.ին նոյնիսկ փորձ ըրաւ ստանձնելու Հայաստանի մանդատը, այսինքն հայ ժողովուրդի հովանաւորութիւնը։ Սեւրի պայմանագրի համաձայն՝ կազմուեցաւ Հայաստանի քարտէսը՝ ըստ Ուուտրո Ուիլսոնի, որ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի մէջ կը նախատեսէր հայկական ինքնավարութիւն՝ դէպի Սեւ ծով ելքով։ Սակայն Եւրոպայի մեծ տէրութիւններու եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ծագած ներհակութիւնները խանգարեցին այդ ծրագրի իրականացմանը։ ԱՄՆ-ը սահմանափակեց Թուրքիայէն փախած հայ գաղթականներուն սոսկ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելով, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1930-ական թուականները։ Այդպիսի բարեգործական կազմակերպութիւններէն էր Ամերկոմը (Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէ), որ բազմաթիւ որբանոցներ կը պահէր Հայաստանի եւ յարակից երկիրներուն մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն երիտթրքական սահմանադրութեամբ վերացուած գաղթի արգելքի վերականգնման պայմաններուն մէջ նուազ թիւով հայեր յաջողած են արտագաղթել։ Եթէ միայն 1914 թուականին ԱՄՆ գաղթած էր 7.785 հայ, ապա հետագայ տարիներուն անոնց կտրուկ նուազած է՝ 1915-1919 թուականներուն կազմելով ընդամէնը 3.620 մարդ։ 1919-1920 թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ կար շուրջ 78.000 հայ։ Ամերիկեան Քոնկրեսը այժմ պարբերաբար կը քննարկէ 1915 թ.ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ ԱՄՆ-ը շօշափելի օգնութիւն ցուցաբերեց նաեւ Սպիտակի 1988 թ.ի Դեկտեմբերեան երկրաշարժի աղիտեալներուն։

1920-ական թուականներ

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտելէն ետք ԱՄՆ փորձած է ստանձնել Հայաստանի մանդատը։ Անտանտի խորհուրդի որոշմամբ 1919 թուականի Յուլիսին ամերիկեան բանակի գնդապետ Հասկելը նշանակուած է դաշնակիցներու գերագոյն կոմիսար Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի տնտեսութիւնը, բնական հարստութիւնները եւ քաղաքական իրադրութիւնը հանգամանօրէն ուսումնասիրելու նպատակով Հայաստան ժամանած է ԱՄՆ-ի նախագահի յատուկ քննիչ յանձնաժողովը՝ ժեներալ Ճեյմզ Հարբորդի գլխաւորութեամբ։ Սան Ռեմոյի ժողովներուն (1920) ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը պաշտօնապէս առաջարկուած է ընդունիլ Հայաստանի մանդատը։ 27 Մայիս 1920-ին ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը Քոնկրեսի քննութեան ներկայացուցած է Հարբորդի առաքելութեան զեկուցագիր։1 Յունիս 1920-ին ԱՄՆ-ի Սենատը արտաքին եւ ներքին քաղաքական դրդապատճառներով մերժած է Հայաստանի մանդատը ընդունելու երկրի նախագահի առաջարկը։

Սեւրի հաշտութեան պայմանագրով (10 Օգոստոս, 1920)` ԱՄՆ-ի կառավարութեան իրաւունք վերապահուած է որոշելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագիծը, բայց հետագային, ստեղծուած նոր քաղաքական պայմաններուն մէջ, վերանայման ենթարկուած է պայմանագիրը, իսկ քեմալականները վերջնականապէս մերժած են այն։ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու պարբերական ջարդերով եւ տեղահանութիւններով ուղեկցուած քեմալական շարժման վերելքը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) անկումը կրկին խթանած են հայերու գաղթը ԱՄՆ` 1921 թուականին, նախորդ տարիներու համեմատութեամբ, այն հասցնելով ամենաբարձր ցուցանիշի՝ 10.212-ի (մեծ մասամբ՝ հայկական եւ ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան քարոզիչներու կողմէն թրքական հարեմներէն, ոչ քրիստոնեայ ընտանիքներէն, ճամբարներէն եւ որբանոցներէն հաւաքագրուած հայեր էին)։ Եթէ մինչեւ 1919 թուականը ԱՄՆ գաղթած հայերուն շուրջ 76%-ը տղամարդիկ էին, եւ միայն 24%-ը՝ կանայք, ապա 1921 թուականէն ետք կանայք կազմած են 52, տղամարդիկ՝ 27, երեխաները՝ 21%։ Գաղթականները (մասնաւորաբար 16-45 տարեկան) կը մեկնէին ընտանիքներու վերամիաւորման նպատակով։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք միջազգային ասպարէզին մէջ ստեղծուած քաղաքական նոր յարաբերութիւններու հետեւանքով ամերիկեան գաղթականական օրէնքները պարբերաբար վերանայուած են. խիստ սահմանափակուած է նաեւ հայերու ներգաղթը։ 1924 թուականին ընդունուած է Ազգային ծագումներու քվոտայի օրէնքը (անգլ.՝ National Origins Quota)։ Այդ թուականին ԱՄՆ-ի մէջ բնակուող հայերու ընդհանուր թիւը կազմած է աւելի քան 120.000։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին տուժած Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն օգնութիւն ցոյց տալու նպատակով 1918 թուականին ստեղծուած է Մերձաւոր Արեւելքին մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէ (Ամերիկոմ)։ Հայաստանի մէջ ան կը գործէ 1919 թուականի Մայիսէն յետոյ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուած համաձայնագրով Ամերիկոմն իր վրայ ստանձնած է հայ որբերու հովանավորութիւնը եւ դաստիարակութիւնը (դադրած է գործելէ 1931 թուականին)։ 1920-1924 թուականերուն ԱՄՆ գաղթած է շուրջ 21.000 հայ։ Արեւմտաեւրոպական եւ Հարաւային Ամերիկայի որոշ երկիրներու՝ ԱՄՆ եւս օթեւան դարձած է 1920-1930-ական թուականներուն Կիլիկիայէն, Յունաստանէն, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքէն եւ այլ վայրերէն գաղթած, կոտորածներէն փրկուած հայերու համար։ Ամերիկեան գաղթականական յանձնախումբի վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ 1925-1933 թուականերուն ԱՄՆ մուտք գործած է 7.286, իսկ 1925-1943 թուականներուն՝ 7.706 հայ։ Հայերը հիմնականին կեդրոնացած էին Մասսաչուսէթսի, Քալիֆորնիայի, Ռոտ Այլենտի, Քոնեքթիքութի նահանգներուն մէջ, իսկ ամերիկեան հայաշատ քաղաքներէն էին Տիթրոյթը, Լոս Անճելըսը, Փրովիտենսը, Պոսթընը, Ուստրը, Ֆրեզնօն, Սան Ֆրանսիսկօն եւ այլն։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներ

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրէին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր շուրջ 200.000 հայ։ Պատերազմի տարիներուն զինուորներուն հետ բոլոր ռազմաճակատներուն մէջ (Փիրլ Հարպորի, Կորալեան ծովի, Միտուեյի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Սիցիլիոյ, Իտալիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Բելգիայի եւ այլն) եւ զօրատեսակներուն մէջ (օդային, ցամաքային, ծովային) ծառայած են 18.500-20.000 ամերիկահայեր։ Ամերիկահայերն իրենց մասնակցութիւնը բերած են երկրի ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին՝ արժանանալով ամերիկեան կառավարութեան գնահատանքին։ Բազմաթիվ հայորդիներ արժանացած են ամերիկեան բանակի ամենաբարձր տիտղոսներու (ժեներալ Հայկ Շեքերճեան, հրամանատար Ճեք (Սիրակ) Հանիկեան, գնդապետեր՝ Սարգիս Զարդարեան, Քիրք Պուչախ), պարգեւատրուած բարձրագոյն կարգի շքանշաններով (ԱՄՆ-ի բացառիկ եւ ամենաբարձր պարգեւին՝ «Քոնկրեսի պատուոյ շքանշանին», որ շնորհուած է ամերիկեան ընդամէնը 87 բանակայիններու, արժանացած է նաեւ հայազգի ամերիկեան հերոս, աւագ լեյտենանտ Էռնեստ Հ. Դերվիշեանը) եւ հերոսի կոչումով։ Դէպի ԱՄՆ գաղթի նոր ալիք սկսած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք։ 1948 թուականին ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի կողմէն «Տեղահանուած մարդկանց մասին» օրէնքի հաստատումով՝ «Հայրենազուրկ հայերու օգնութեան ամերիկեան ազգային կոմիտէն» (ANCHA-ԱՆՉԱ, նախագահ՝ Ճորճ Մարտիկեան) մինչեւ 1952 թուականը իրականացած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Գերմանիոյ, Ավստրիոյ, եւ Իտալիոյ մէջ յայտնուած 4.500 ռազմագերի-տարագրեալ հայերու փոխադրումը եւ բնակեցումը ԱՄՆ-ի մէջ։ 1947 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կար 215.000 հայ։ Հետպատերազմեան տարիներուն շարունակուած է հայերու արտագաղթը ԱՄՆ ինչպէս արեւմտեան, այնպէս ալ արեւելեան եւ հարաւային Եւրոպայէն։ 1947-48 թուականներուն, զանգուածային հայրենադարձութեան տարիներուն, Հայաստան ներգաղթած է 151 ամերիկահայ։ Խորհրդային հասարակարգին մէջ հայրենադարձներու նկատմամբ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնոյթի անարդարութիւնները եւ հետապնդումները սահմանափակած են ամերիկահայերու հետագայ հայրենադարձութիւնը։ 1944-1952 թուականներուն ԱՄՆ մուտք գործած է 4.379 հայ։

1950-1970-ական թուականներ

Հայերու հոսքը ԱՄՆ նոր թափ ստացած է 1950-ական թուականներուն եւ որոշ ընդհատումներով կը շարունակէ այսօր։ 1952 թուականին՝ Եգիպտոսէն, 1958-1961 թուականներուն՝ Սիրիայէն, 1960 թուականին Խորհրդային Հայաստանէն, 1960-ական թուականներու կէսէն՝ Թուրքիայէն, Յունաստանէն, 1960-ական թուականներու վերջը՝ Լիբանանէն, 1979 թուականին՝ Իրանէն, ապա Յորդանանէն եւ Իրաքէն տեղի ունեցած արտագաղթը հետեւանք էր վերոյիշեալ երկիրներու տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն գործընթացներուն։ 1965 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր 300.000 հայ։ Նոյն թուականին ԱՄՆ-ի մէջ ընդունուած Գաղթականական օրէնքով (անգլ.՝ Immigration Act) վերացուած են ներգաղթի նկատմամբ նախկին գործող սահմանափակումները՝ խթանելով աշխարհի տարբեր կողմերէն (յատկապէս Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքէն, Խորհրդային Հայաստանէն) շուրջ 2.000 հայերու ամենամեայ հոսքը ԱՄՆ։ Արդէն 1970-1972 թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր շուրջ 450-500. 000 հայ։ Անոնք հիմնական տեղաբաշխուած էին Միջին Ատլանտեան (Նիւ Յորք, Նիւ Ճերսի, Փենսիլվանիա, Քոլումպիայի տարածաշրջան, Վիրճինիա), Նոր Անգլիայի (Մասաչուսէթս, Ռոտ Այլենտ, Քոնեքթիքութ, Նիւ Հեմփշիր), Միջինարեւմտեան (Ուիսքոնսին), Արեւմտեան (Քալիֆորնիա), Հարաւարեւելեան (Ֆլորիտա) շրջաններու նահանգներուն մէջ։ Հայաշատ քաղաքներէն էին Նիւ Եորքը, Լոս Անճելըսը, Տիթրոյթը, Պոսթընը, Չիկակօն, Ֆիլատելֆիան, Ֆրեզնօն, Սան Ֆրանսիսկօն, Փրովիտենսը, որոնցմով կեդրոնացած էր հայութեան գրեթէ կէսը։ 1960-1970-ական թուականներուն ԱՆՉԱ-ի միջոցով Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն 18.500 հայ արտագաղթած է ԱՄՆ, որմէ՝ 512 ընտանիք տեղաւորուած է Քալիֆորնիայի նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին Քալիֆորնիայի նահանգը եւ մասնաւորապէս Լոս Անճելըսը վերածուած են ԱՄՆ արտագաղթող հայութեան կեդրոնատեղիի։ Միայն 1979 թուականին Խորհրդային Հայաստանէն Լոս Անճելըս գաղթած է 3.200 հայ (1980 թուականին տեղի հայ բնակչութեան աճը կազմած է 50%)։ 1985 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր 600-800.000 հայ։

1980-ական թուականներ

1985 թուականին ԽՍՀՄ-ի մէջ սկսած արմատական գործընթացները, 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժը, Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն վիճակը աննախադէպ մեծ չափերու հասցուցած են հայերու արտագաղթը ԱՄՆ։ 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան փլուզումով երկրէն արտագաղթողներու նկատմամբ ամերիկեան օրէնքներու խստացման պայմաններուն մէջ իսկ կը շարունակուի հայերու հոսքը ԱՄՆ՝ հիմնականօրէն ժամանակաւոր այցագրերով։ Ներկայ ժամանակին (2003) ԱՄՆ-ի մէջ հայերու թիւը շուրջ 1 միլիոն 200 հազար է։ Կը բնակին Քալիֆորնիա, Մասաչուսէթս, Նիւ Եորք, Նիւ Ճերսի, Ռոտ Այլենտ, Միչիկան, Իլինոյս, Ֆլորիտա, Փենսիլվանիա, Օհայօ, Քոնեքթիքութ, Տեխաս, Վերճինիա, Ուիսքոնսին, Ճորճիա, Լուիզիանա եւ այլ նահանգներու մէջ։ Անոնց գրեթէ կէսը կեդրոնացած է վեց խոշոր քաղաքներու մէջ (իրենց արուարձաններով)` Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, Տիթրոյտ, Պոսթըն, Չիքակո, Ֆիլատելֆիա: Հայաշատ քաղաքներ են նաեւ Ֆրեզնօն, Սան Ֆրանսիսկօն, Փրովիտենսը եւ այլն։

Ներկայ ժամանակին

Ներկայ ժամանակին ԱՄՆ-ի մէջ հայերուն թիւը շուրջ 1 միլիոն 500 հազար է. կը բնակին Քալիֆորնիա, Նիւ Եորք, Նիւ Ճերսի, Ռոտ Այլենտ, Միչիգան, Մասաչուսէթս, Իլինոյս, Ֆլորիտա, Քոնեքտիքուդ, Տեխաս նահանգներուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ այժմ կարելի է հանդիպիլ տարբեր զբաղմունքի տէր հայերու՝ մանր ու խոշոր ձեռնարկատէրեր, ծառայողներ, առեւտրականներ, արհեստաւորներ, բանուորներ, գիտնականներ, բժիշկներ։ Հայ գործիչներ կան ԱՄՆ-ի կառավարական շրջանակներուն մէջ, Քոնկրեսին մէջ, առանձին նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն մէջ։ Երկար ժամանակ ամենամեծ նահանգի՝ Քալիֆորնիայի նահանգապետն էր (1981-92) Ճորճ Տէօքմէճեանը, որուն աջակցութեամբ 1985 թ.ին (Հայոց Ցեղասպանութեան 70-ամեակի նախօրեակին) 24 Ապրիլին նահանգին մէջ յայտարարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Զինուորական բարձր աստիճանի հասած ամերիկահայերէն յիշատակութեան արժանի են ժեներալ Հայկ Շեքերճեանը, ծովակալ Ռոբերթ Իգնատիոսեանը։

Հայ բնակչութեան տարածքային բաշխումը

Հայերը Ուաշինկթընի մէջ

Ուաշինկթընի հայ համայնքը ձեւաւորուած է 19-րդ դարու վերջին-20-րդ դարու սկիզբին, երբ այստեղ հաստատուած են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած հայեր։ Կը յիշատակուի 1887 թուականին Իրանէն Ուաշինկթըն եկած Տիգրան Վարժապետեանի անունը. զբաղած է արեւելեան ապրանքներու առք ու վաճառքով, 1890 թուականին հիմնել «Վարժապետեան եւ ընկերութիւն» վաճառատունը։ Ուաշինկթըն եկած (1895 թուականին) յաջորդ հայը Պօղոս Գասպարեանն է, որ հիմնած է Արեւելեան գորգերու նորոգման ընկերութիւն։ Գաղութը ստուարացած է 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերէն եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ այստեղ ապաստանած հայ գաղթականներու հաշուին։ 1885-1910 թուականներուն Ուաշինկթընի մէջ բնակող հայերէն յայտնի էին ԱՄՆ-ի գաղտնի ծառայութեան թարգմանիչ Արամ-Քերամ Մինասեանը, տոքթորներ Նշան Հինդլեանը, Նազարէթ Քիւրքճեանը, Տոլմաճը, Միհրան Նագաշեանը, նաւատորմի մեքենագործ Բաստեքեանը, գործարարներ Մովսէս Հեքիմեանը, Աւագ-Յակոբ Փանոսեանը, Իչիլեանը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Ուաշինկթընին մէջ հաստատուած են ԱՄՆ-ի այլ քաղաքներէն եւ Միջին Արեւելքի երիկրներէն եկած հայեր։ 1940-ական թուականներուն Ուաշինկթընի մէջ կար 200 հայ ընտանիք։ Կը գործէին ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՀԲԸՄ (1915 թուականէն), Տիկնանց օգնութեան ընկերութիւնը, Հայ Կարմիր խաչը (1931 թուականէն), ՀՕՄ-ը, Վարդանանց ասպետներ կազմակերպութիւնը (1942 թուականէն), Վարդանանց դուստրերի Տիգրանուհի օթեակը (1953 թուականէն), Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Անի մասնաճիւղը։

Հայերուն զբաղուածութիւնը

19-րդ դարուն վերջին-20-րդ դարի սկիզբին ամերիկահայերու գերակշռող մասը բանուորներ էին։ Աւելի ուշ հայերը սկսած են աչքի ընկնել նաեւ առեւտուրի ասպարէզին մէջ։ 20-րդ դարի սկիզբին ԱՄՆ-ի մէջ կը գործեն արեւելեան գորգի 75 խոշոր հայկական ընկերութիւններ եւ 200-էն աւելի նորոգման արհեստանոցներ։ Յայտնի էին Կիւլպէնկեան տոհմէն գորգավաճառներ Պատրիկ, Գուլապի, Յարութիւն եղբայրները։ Հայերը կը զբաղէին նաեւ հողագործութեամբ (յատկապէս Քալիֆորնիայի մէջ). ունէին խաղողի, չամիչի, միրգի, գինիներու արտադրութեան եւ վաճառքի ձեռնարկութիւններ։ Ներկայ ժամանակին հայերու ընկերային կազմը խիստ խայտաբղէտ է՝ ծառայողներ, մանր եւ խոշոր ձեռնարկատէրեր, առեւտրականներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, բժիշկներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ, ուսանողներ եւ այլն։ Հայ պաշտօնեաներ կան Սպիտակ տանը, Պետական մասնաճիւղին, Քոնկրեսին, առանձին նահանգներու օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն մէջ։ ԱՄՆ-ի մէջ առաջին հայ առաքելական եկեղեցին՝ Ս. Փրկիչը, հիմնուած է 1891 թուականին, Ուստրիի մէջ։ Ներկայ ժամանակին Հայաստանեան առաքելական եկեղեցին ԱՄՆ-ի մէջ ունի շուրջ 90 եկեղեցի։ Հայ աւետարանականները ունին 22 ժողովարան, հայ կաթոլիկները՝ 6 եկեղեցի։ 1867 թուականին ԱՄՆ գաղթած Յակոբ Առաքելեանը հիմնած է ժամանակի խոշորագոյն «Պիլկրիմ փրես» տպարանը, իսկ առաջին հայ պարբերականը՝ «Արեգակը», լոյս տեսած է 1888 թուականին, Ճըրսի Սիթիի մէջ. այսօր ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսած է աւելի քան 300 անուն պարբերական։

Հայկական կազմակերպութիւններ

Ամերիկահայ համայնքի ձեւաւորումէն ի վեր ազգային կեանքը կազմակերպելու, հայրենակիցներուն համախմբելու եւ օգնելու նպատակով ստեղծուած են բազմաբնոյթ կազմակերպութիւններ։

Առաջին կազմակերպութիւնը՝ Հայկական միութիւնը, հիմնուած է 1886 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ։ 19-րդ դարի 80-90-ական թուականներուն հիմնուած են Կաճառ հայկականը (1888, Ուստր, Արարատեան գունդը (1890, Նիւ Եորք, Հայոց գրադարանի միութիւնը (1892, Ֆրեզնօ), Հայոց յառաջադիմական ընկերութիւնը (1899, Ֆիլատելֆիա) եւ այլն։

19-րդ դարու 90-ական թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ սկսած են ի յայտ գալ նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները՝ իրենց պարբերականներով։ Ներկայումս (2003) համայնքին մէջ կը գործեն հասարակական-քաղաքական, բարեգործական, մշակութային, հայրենակցական, երիտասարդական, մարզական, մասնագիտական, տիկնանց բազմաթիւ կազմակերպութիւններ։ ԱՄՆ-ի գրեթէ բոլոր հայահոծ քաղաքներուն մէջ մասնաճիւղեր ունին համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող միութիւնները (ՀԲԸՄ, ՀՄԸՄ, ՀՄՄ, ՀՕՄ, ԹՄՄ, Նոր սերունդ, Համազգային եւ այլն)` իրենց գեղարուեստական խումբերով, ակումբներով, դպրոցներով եւ այլն։

19-րդ դարու վերջին-20-րդ դարու սկիզբին ստեղծուած հայրենակցական միութիւններու (քղեցիներու, արաբկիրցիներու, վասպուրականցիներու, սեբաստացիներու, մալաթիացիներու, մարաշցիներու, այնթապցիներու, խարբերդցիներու, հաճընցիներու, մուսալեռցիներու եւ այլն) թիւին աւելցած են նաեւ պոլսահայերու, իրանահայերու միութիւնները։ ԱՄՆ-ի մէջ մեծ թիւ կը կազմեն համալսարաններու եւ քոլեճներու մէջ ուսանող հայ երիտասարդները, որոնք կը կազմակերպեն հայ ուսանողներու միութիւններ։ 1978 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած է Հայ համալսարանականներու միութիւնը, իսկ 1980 թուականին Ուաշինկթընի՝ Ամերիկայի հայ ուսանողներու ակումբներու ֆետերասիան։

Tags:

Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Մէջ ՊատմութիւնՀայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Մէջ Հայ բնակչութեան տարածքային բաշխումըՀայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Մէջ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԱյծքաղՄեռեալ ԾովԱնգլերէնՈւրֆայի ՀերոսամարտԱնիԿարմիր Ծով«Աշոտ Երկաթ» ՊատմավէպԱրա ՇիրազՍաֆրան1755 թուականՄանուէլ (անձնանուն)ԱւստրալիաՄարիա ՃէյքըպսընԱրտակ արք. ՄանուկեանԱղեքսանդր ԾատուրեանՃորճ ԳազազեանՍուրէն ՍպանդարեանՉեխիաՇուշիի Ազատագրումը (1992)ՈւռհաՍեբաստիաԱրարատեան Դաշտ1930Արցախեան ԱզատամարտՀունգարիաՀայկական ՄուֆլոնԵրեւանՄակդիրԼեւոն Զաւէն ՍիւրմէլեանԱկրիճենթօԼուսնթագՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԱրեւմտահայերէն Ուիքիփետիա2 Փետրուար«Խոստումը» (ֆիլմ)Նորա ԱրիսեանՐաֆֆիՔարէն ԵփփէՎիքտոր ՀամբարձումեանՏօմինօ1733 թուականՄայրիկ (ֆիլմ)1990 թուականՕրբելի ԵղբայրներՔնար երգչախումբՍոկրատՋերմաջուր1938 թուականՖրանց ՎերֆելԻսրայէլ ՕրիՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)ԱնգլիաԱրեգ ՏիրազեանԱրամ Երկանեան1875 թուականՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնՌուբէն (անձնանուն)ՏոհմածառԱրշակ ՉօպանեանՖրանսերէնՇունՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըԼինուքսWindows 10Աւարայրի ՃակատամարտՊարպարա ՍթրէյսընտԱնթիլիաս13 Մարտ11 Ապրիլ1777 թուականՎազգէն ՍարգսեանԼոլիկ🡆 More