Խլաթ

Խլաթ, Արեւմտեան Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն է եւ դժուար է ըսել, թէ այն երբ  հիմնադրուած է։

Աւան
Խլաթ
թրք.՝ Ahlat
Երկիր Խլաթ Թուրքիա
Տարածութիւն 989 քմ²
ԲԾՄ 1650 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 40 806 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 13400
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 13
Պաշտօնական կայքէջ ahlat.gov.tr

Պատմութիւն

Սկիզբը յիշատակուած է իբրեւ աւան, իսկ յետագային վերածուած է խոշոր քաղաքի, որ ունեցած է իր ամուր բերդը եւ համարուած էր Վանայ լիճի ամէնէն մեծ նաւահանգիստը։

Խլաթ կը գտնուի լիճի արեւմտեան ափին, բարձրադիր հարթավայրի վրայ։ Հարաւը քաղաքէն կ’երեւի Վանայ լիճի համայնապատկերը, իսկ հարաւ-արեւմուտքը եւ հիւսիս-արեւմուտքը  Նեմրութ եւ Սիփան լեռներն են։

Հայկական մատենագրութեան մէջ հին ժամանակ երբեմն կոչուած է Բզնունեաց քաղաք, թուրքերը սովորաբար կը կոչեն Ահլաթ։

10-11րդ դարերուն համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցով Խլաթ դարձած է երկրի խոշոր եւ մարդաշատ քաղաքներէն մէկը։

Խլաթի զարգացման նպաստած է նաւահանգիստ ըլլալը։ 11-րդ դարու առաջին կիսուն այն դարձած էր արհեստագործութեան եւ առեւտուրի խոշոր կեդրոն, քանի մը տասնեակ հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք։

Խլաթ թուրք-պարսկական 16-17 դարերու երկարատեւ պատերազմներու կռուախնձորներէն մէկն էր։ Առանձնապէս ծանր հետեւանքներ ունեցած են 16 դարու 40-ական թուականներուն իրանական շահ Թահմազի եւ թրքական սուլթան Սուլէյման առաջին կռիւները։

1850 թուականին Խլաթ ունեցած է 5 հազար բնակիչ, որմէ 4000-ը՝ հայեր։ Խլաթի բնակիչներու զբաղումը եղած են երկրագործութիւնը, այգեգործութիւնը, ձկնորսութիւնը, առեւտուրը, արհեստագործութիւնը եւ մասամբ աղի հանոյթը։

Պատմական Խլաթի յուշարձաններէն պահպանուած են քաղաքի մօտակայքի ժայռերուն մէջ փորուած քարանձաւները, ծովեզերքը գտնուող պաշտպանական պարիսպի քանի մը աշտարակներ, զանազան շէնքերու աւերակներ։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Խլաթ 

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՀամբիկ ՍասունեանԴերասանՀազար Ու Մէկ ԳիշերԽոտաբուժում1674 թուականԶէյթունի Ապստամբութիւն (1895)ՈւիքիփետիաԱնթիլիասՀայկական տպագրութիւնԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան11 ԱպրիլԱստուածաշունչ1974 թուականՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններ389 (թիւ)2015ԱւստրիաՆոր ՆախիջեւանՕմար ՇարիֆԱրմենակ ԵղիայեանՍողոմոն ԹեհլիրեանՎահէ (անձնանուն)ԹուրքիաԼեւոն Զաւէն ՍիւրմէլեանՎարդան ՄամիկոնեանՎասպուրականՄայրիկ (ֆիլմ)Արտաշէս Բ. ԿարինեանՄիութիւն Եւ ՅառաջադիմութիւնՇարլ ԱզնաւուրԿարսՀաագաՍիմոն ՍիմոնեանԽարբերդՍերոբ (անձնանուն)Սպի (ֆիլմ, 2014)Սեւ խոռոչԱսպետներու ամրոց (Հոմս)ՍեբաստիաՖրանց ՎերֆելՆորա ԱրիսեանՀամբիկ ՄարտիրոսեանՀամաշխարհային ժառանգութիւնՍանատրուկԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՓամփուշտ (ռազմական)Արամ ՄանուկեանԹովմա ԱրծրունիՄիքի ՄաուսՌուբէն (անձնանուն)ՓիլիսոփայութիւնԱտոլֆ ՀիթլերՈւղղաձեւ ութանիստԲիւզանդական ԿայսրութիւնԽաչատուր ԱբովեանՀունգարիաԸնկեր ՓանջունիՀայոց ՑեղասպանութիւնClube Náutico CapibaribeԱնանիա ՇիրակացիՎարդանանց ՊատերազմԱմառԱնրի ԹրուայաԱրփիար ԱրփիարեանՎահրամ ԱրիստակէսեանՖրիտիոֆ ՆանսենՇուշիի Ազատագրումը (1992)24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Լենկ-ԹիմուրԱրարատեան ԴաշտԿիւրեղ Վրդ․ ՔիպարեանՌուսիա17 Յունուար13 ՄարտԱւստրալիաԱւարայրի Ճակատամարտ🡆 More