Երուանդ Քհնյ. Երէցեան

Տ.

Երուանդ Քհնյ. Երէցեան (1900-1981), Աւազանի անունով՝ Արշակ, որդի Տէր Օհանի եւ Խախէի, ծնած է սասունցի ծնողքէ, Սասունցի Հազօ աւանը, 1900-ին։

Երուանդ Քհնյ. Երէցեան
Ծնած է 1900
Մահացած է 1981

Կենսագրութիւն

Ան սերած է քահանայական գերդաստանէ եւ որդին է տէր Օհան Քհնյ. Երէցեանի, որ եօթներորդ քահանան է Երէցեան ընտանիքի։ Այս պատճառով է, որ այս ընտանիքը կը կրէ Երէցեան մականունը։

Արշակ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանին մէջ։ Թէեւ արհեստի հետեւելով եղած է երկաթագործ, բայց տան մթնոլորտն ու դաստիարակութիւնը իր պատանի հոգին լեցուցած են եկեղեցական ու ազգային գաղափարներով։ Ատոր համար ալ աշխատանքէն դուրս, իր ազատ ժամերուն ան մօտ եղած է եկեղեցական ու ազգային կեանքին։

1915-ին, Տիգրանակերտի մէջ, օրուան Առաջնորդը զինք սարկաւագ ձեոնադրած է իր ծննդավայրի եկեղեցւոյ օգտակար դառնալու համար։

1920-ին, Տիգրանակերտի մէջ, ամուսնացած է իրեն հայրենակից Ազնիւ անունով աղջկայ մը հետ։ Ունեցած է չորս մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներ։

Մեծ Եղեռնէն ետք Տիգրանակերտի ու Սասունի զանազան կը սկսի բռնագաղթը։ Ասոնցմէ կարեւոր մաս մը կը գաղթէ Տէըիք եւ Գամիշլի։ Ասոնց հետ Գամիշլի կը գաղթէ նաեւ Արշակ սարկաւագ։ Այգ դժուարութեանց մէջ, իը կինը կը հիւանդանայ ու կը մահանայ եւ զաւակնեըը կը մնան որբ։

Գործի բերումով, ան տեղափոխուած է Գուպըրպիթ կոչուած շրջանը, իը զաւակներուն ապրուստը ապահովելու համաը։ Տարիներու ընթացքին, տունէն ներս մօր մը անհրաժեշտոթիւնը հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ։ Ի վերջոյ ան իը հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն խորհուրդին անսալով որոշած է վերամուսնանալ։

1942-ին, Գամիշլիի մէջ, ան պսակուած է իը հայըենակից Մարիամին հետ։ Ունեցած է վեց զաւակներ՝ Զարեհ, Վաղարշակ, Զօհրապ (Տէր Հրանդ), Զաւէն, Վահէ եւ Լուսին։ Ան մաս կազմած է ժողովական կեանքին եւ իբրեւ հոգաբարձու, ծառայած է Գամիշլիի Աղգ. Վարժարանին։ Իսկ հայրենակցական գծով, ան օգտակար դարձած է նաեւ Գամիշլիի սասունցի ու տարօնցի իր հայրենակիցներուն։

Ան քահանայ ձեռնադրուած է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեանի ձեռամբ, 1951-ին, վերակոչուելով Տէր երուանդ։

Ան նաեւ կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Գամիշլիի Ս. Յակոր եկեղեցւոյ սասունցի եւ տարօնցի հայըենակիցներուն, իրեն գործակից ունենալով Տէր Աշոտն ու Տէր Ղազարր։

1971-ին հանգստեան կր կոչէ ինքզինք ու իր զաւակներուն փափաքով կր բաժնուի Գամիշլիի իր սիրելի եկեղեցիէն ու հօտէն եւ կր տեղափոխուի Պէյրութ՝ վայելելու համար իր որդիներուն հոգածութիւնը։ Տարիներ ետք, դարձեալ զաւակներուն փափաքով, գաղթած է Գանատա, ուր վերջնականօրէն կր հաստատուի 1978-ին, եւ կ՚ապրի իր զաւակներուն հետ, միշտ արժանանալով անոնց յարգանքին ու սիրոյն։

Իր Զոհրապ անուն զաւակը քահանայ ձեռնադրուած է Ամերիկայի համար եւ վերակոչուած Տէր Հրանդ, որ կ՛ըլլայ գերդաստանի իններորդ քահանան։

Տէր Երուանդ մահկանացուն կը կնքէ 28 Աեպտ,1981-ին, Մոնթրէալ՝ Գանատայի մէջ, ութսուն մէկ տարեկանին։ Իր թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ՛ունենան ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Գանատայի Թեմի Հայոց Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, Մոնթրէալի Ա. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, 1981-ին։ Մարմինը կ՛ամփոփուի տեղւոյն գերեզմանատան մէջ։

Ծանօթագրութիւններ


Tags:

19001981

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայկական Հզօր ԽմբակԼինուքսԴամասկոսԳուրգէն (անձնանուն)ՍլովենիաԱնգլիական Այգի (Երեւան)ԾառՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԿոմիտաս ՎարդապետԱնգլիաԽնձորՀայաստանի Պատմական Մայրաքաղաքներ1934 թուականՅովհաննէս Ադամեան13 ՄարտԻնթըրփօլԱտանաԽաչակիրներու Գ․ ԱրշաւանքԱրաբական ԹիւերՄիսաք Մեծարենց1904 թուական1926 թուականԿոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ՊատրիարքութիւնՓիլիսոփայութիւնՍամարաՓորթուկալՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Մկրտիչ ԽրիմեանԳուրգէն ՄէլիքեանՋուրՊոլիվիաՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Սեւան Տէյիրմենճեան1949 թուականԱրկաթիակերտՀելլենականութեան ԴարաշրջանՍեւան ՆշանեանԿոռներէնՆախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն1938 թուականԵմէնՏղմուտ (գետ)Աննա Տոլապճեան1907 թուականԷրզրումԻնտոնեզիաՓաստաբանՅունուար1969 թուական19 ՅունուարԵփրատ գետԳետաձիեր102 (թիւ)Իզմիր1655 թուական30 ԱպրիլԼացի ՊատՆեղոս գետՄիհր1905 թուական1981 թուականԹել ԱւիւՊուտտայականութիւնԱւագ ՀինգշաբթիԱրեգ ՏիրազեանՔանատաԱսլան Մխիթարեան1924 թուականԱկրիճենթօՄոնրէալԱրաբական թերակղզիՀայկական Հարց🡆 More