Կեսարեան, Կոստանդուպոլսեցի, 7 Յունիս 1683(1683-06-07), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 30 Յունուար 1768(1768-01-30), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, հրատարակիչ, ազգային եւ կրթական լուսաւորման շարժման գործիչ, եղած է նախակենդանացման շրջանի առաջնորդ դէմքերէն։
Պաղտասար Դպիր | |
---|---|
Ծնած է | 7 Յունիս 1683 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 30 Յունուար 1768 (84 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, երգահան, գիտնական, հրատարակիչ |
Պաղտասար դպիրին կենսագրութիւնը գրի չէ առնուած, հակառակ անոր, որ ան եղած է կարեւոր գործիչ մը։ Այդ պատճառով իր մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Գարեգին Լեւոնեան կը հաղորդէ, որ Պաղտասար դպիրին ծնողները՝ Գրիգորն ու Թուրվանտը, Կեսարիայէն կը գաղթեն Կոստանդնուպոլիս, ուր ան կը ծնի։ Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղական դպրոցներէ ներս, եւ կ'աշակերտէ Էջմիածնայ կաթողիկոսին նուիրակին՝ Աստուածատուր եպիսկոպոս Ջուղայեցիին։ 1741-ին Պաղտասար Դպիր կը նշանակուի Գում գաբուի դպրանոցին տեսուչը։ Իր աշակերտներէն շատեր կ'ըլլան ապագայի երեւելի դէմքեր, գրողներ եւ առաջնորդներ, ինչպէս Էջմիածնայ Կաթողիկոս՝ Սիմէոն Երեւանցին (գահակալած՝ 1763 - 1780), եւ բանաստեղծ Պետրոս Ղափանցին։
Հայ բանաստեղծութիւնը վաղ միջնադարուն կը գրուէր գրաբարով։ ԺԲ. դարէն սկսեալ գրաբարը աստիճանաբար կը դադրի գործածութենէ եւ տեղը կը զիջի խօսակցական լեզուին՝ Միջին հայերէնին։ ԺԳ. դարուն կը սկսի նոր շարժում մը՝ վերակենդանացնելու համար գրաբարը, ո՛չ թէ եկեղեցական մտայնութիւնը վերականգնելու նպատակով, այլ՝ առ ի հետեւանք այն ծանր պայմաններուն, որոնց մէջ կ'ապրէր հայ ժողովուրդը թրքական եւ պարսկական տիրապետութիւններու երկարատեւ ժամանակաշրջանին, երբ մեծապէս տկարացած էին հայ միտքն ու լեզուն եւ հասած անկման եզրին։ Այս շրջանին հայ երեւելի դէմքեր միջոցը կը գտնեն գրաբարին ընդմէջէն հայ մշակոյթը վերակենդանացնելու։
Պաղտասար Դպիր, ինչպէս նաեւ Պետրոս Ղափանցին, Գրիգոր Օշականցին, Սիմէոն Երեւանցին եւ ուրիշ մշակութային գործիչներ, կը հաւատան այս գաղափարին, եւ կ'աշխատին վերականգնելու եւ օգտագործելու գրաբարը իբր գրական լեզու։ Անոնք կ'ուզեն նոր գրականութիւնը կապել հինին, գործօն կիրառութեամբ մը միաւորել միջնադարեան գրականութեան հարուստ աւանդութեան հետ։ Կը փորձեն պարզեցուած եւ դիւրըմբռնելի գրաբար հայերէնը մատչելի դարձնել հասարակ ժողովուրդին՝ առանց անոր տեղը զիջելու աշխարհաբարին։
Պաղտասար Դպիր իր երգերը կը գրէ գրաբարով, սակայն այնքան պարզ եւ մատչելի լեզուով, որ գրեթէ կը հասնի աշխարհաբարի ըմբռնելիութեան։ Լեզուն մաքուր է եւ չի գործածեր թրքերէն եւ պարսկերէն բառեր։ Անոնց մէջ չ'զգացուիր նոյնիսկ Պոլսոյ բարբառին ազդեցութիւնը։ Այս վերջինը ի յայտ կ'ելլէ անոր աշխարհաբար գրութիւններուն մէջ, որ ուրիշ բարբառներու նման կը պարունակէր մեծ թիւով օտար բառեր։ Օրինակի համար հետեւեալ պարբերութիւնը իր «Գիրք Քերականութեան» գիրքին յառաջաբանէն։
Պաղտասար Դպիր մեծապէս կը նպաստէ հայ նոր բանաստեղծութեան զարգացման։ Անոր քնարերգութիւնը իր նիւթերով ու ընդհանուր տրամադրութեամբ աւանդական է, սակայն ան կը պարունակէ ազատասիրութեան եւ ազատամտութեան թեմաները։ Ան կ'օգտագործէ ոչ միայն սիրոյ գաղափարը, ինչպէս այդ շրջանի գուսանները, այլեւ ընկերային, կրօնական եւ բարոյական նիւթեր։ Լեզուին յղկուածութիւնը չի պարտադրեր զսպուածութիւն, այլ՝ իր ժամանակակիցներուն նման, կրքոտ է ու անկեղծ։
Պաղտասար դպիրին քնարերգութիւնը քննարկողները ուշադրութիւն կը դարձնեն «Առ Մամոնայն» խորագիրով տաղին վրայ, որ իր ժամանակակից տաղերուն բաղդատմամբ ինքնատիպ է։ Պաղտասար Դպիր կը բացայայտէ դրամին եւ հարստութեան կործանարար իշխանութիւնը մարդուն վրայ։ Ան Մամոնայի մասին կը գրէ ժողովրդական բարոյականութեան տեսակէտէն, որ կը մերժէ անոր սարսափելի աստուածութիւնը։
Պաղտասար Դպիր ստեղծագործական որոշակի վերաբերմունք կը ցուցաբերէ հայ հին գուսանական ու եկեղեցական, ինչպէս նաեւ իր ժամանակակից արեւելեան երգարուեստին նկատմամբ։ Աշխարհիկ, եւ յատկապէս սիրային երգերու համար ան կ'օգտագործէ ազգային՝ հայկական աւանդական, ինչպէս նաեւ արեւելեան մեղեդիներ։
Անոր նշանաւոր տաղերէն «Ի Ննջմանէդ Արքայական Զարթիր» (1707) երգին մէջ կը զուգակցին նոր աշուղական ու հին եկեղեցական դասական երաժշտութեան քանի մը գիծեր։ Այս երգը սիրային է, սակայն փոխաբերական առումով կոչ մըն է իր ժողովուրդին, որ սթափի իր թմրութենէն եւ պայքարի օտար տիրապետութեան դէմ։
Իր քնարերգական ժառանգութեան ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն արժէքաւոր մասերէն է «Տաղիկներ Սիրոյ եւ Կարօտանաց» խորագրուած շարքը։ Անոր «Տաղարան Փոքրիկ Պաղտասար դպիրին Ասացեալ Զանազան Գունով» (1723) գիրքը յաւելումներով եւ վերաքաղներով լոյս կը տեսնէ եօթ անգամ։
Պաղտասար Դպիր գրած է նաեւ հայատառ թրքերէն բանաստեղծութիւններ։
Պաղտասար դպիր ձգած է դաստիարակչական բեղուն ժառանգութիւն։
1741-ին Յակոբ Նալեան Պատրիարք զինք կը նշանակէ Գում գաբուի դպրոցին տեսուչը։ Անոր գործունէութեան շրջանին դպրանոցը մեծապէս կը ծաղկի։ Պաղտասար Դպիր երկար տարիներ կը դասաւանդէ մայրենի լեզու, քերականութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ նիւթեր։
1736 - 1760 թուականներուն ան կը կազմէ եւ կը հրատարակէ հայերէն լեզուի ուսուցման դասագիրքերու շարք մը՝ գրաբար ու աշխարհաբար լեզուներով, որոնք շուրջ դար մը կը դասաւանդուին հայկական դպրոցներէն ներս։
Պաղտասար դպիրին ամէնէն կարեւոր դաստիարակչական գործերէն են.
ԺԸ. դարէն սկսեալ Կոստանդուպոլսոյ տպագրատուները շատ գնահատելի դեր կը խաղան հայ մշակոյթի տարածման մէջ։ Պաղտասար Դպիր 1720 - 1760 տարիներուն մեծապէս կը նպաստէ հայ գրական-հրատարակչական աշխատանքներուն։ Ան կը կազմէ հայագիտական գիրքերու գիտա-համեմատական բնագիրեր։ Կը խմբագրէ պատմական, փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական գիրքեր։ Յաճախ ինք կը պատրաստէ հրատարակուելիք գիրքի մը բնագիրը եւ տպագրութեան յանձնելէ առաջ կ'ընտրէ ձեռագիր օրինակներ, զանոնք կը համեմատէ իրարու հետ ու կը սրբագրէ նախկին հրատարակութիւններուն սխալներն ու աղաւաղումները։
Իր հսկողութեան տակ լոյս կը տեսնեն հայ դասական գրողներու բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ շատերը կը տպուին առաջին անգամ ըլլալով։ Ասոնցմէ են՝
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Պաղտասար Դպիր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.