Մարճըրի Յովսէփեան

Մարճըրի Յովսէփեան-Տոպքին (անգլերէն՝ Marjorie Housepian-Dobkin, 21 Նոյեմբեր 1922, Նիւ Եորք - 8 Փետրուար 2013, Նյու Ջերսի), ամերիկահայ պատմաբան, Նիւ Եորքի Քոլումպիոյ համալսարանի Պարնարտ գոլէճի գրականութեան դասախօս եւ ուսմանց օգնական տեսուչ։

Մարճըրի Յովսէփեան
անգլերէն՝ Marjorie Housepian Dobkin
Մարճըրի Յովսէփեան
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Marjorie Anaïs Housepian
Ծնած է 21 Նոյեմբեր 1922
Ծննդավայր Նիւ Եորք
Մահացած է 8 Փետրուար 2013
Մահուան վայր Emerson, Նիւ Ճըրզի
Քաղաքացիութիւն Մարճըրի Յովսէփեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Ամերիկահայ
Մայրենի լեզու արեւմտահայերէն
Ուսումնավայր Բերնարդ քոլեջ?
Մասնագիտութիւն Պատմաբան, գրող
Աշխատավայր Քոլումպիա Համալսարան
Ամուսին Մաչպի Տոպքին
Ծնողներ Մովսէս եւ Մաքրուհի Յովսէփեաններ
Երեխաներ Ջեյ Դոբկին?
Ստորագրութիւն
Մարճըրի Յովսէփեան

Կենսագրութիւն

Մարճըրի Յովսէփեան ծնած է 1922 թուականին Նիւ-Եորք Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ յայտնի բժիշկ եւ հանրային գործիչ Մովսէս եւ Մաքրուհի Յովսէփեաններու ընտանիքէն ներս։ Պապը զոհուած է Զմիւռնիոյ ջարդերուն ժամանակ։ 1944 թուականին աւարտած է Պարնարտ քոլէճը։ 1957-1993 թուականներուն եղած է նոյն քոլէճի գրականութեան դասախօս եւ ուսմանց օգնական տեսուչ։

Մարճըրի Յովսէփեան ասպարէզ մտած է որպէս գրող։ Ամերիկեան եւ անգլիագիր հայկական մամուլին մէջ տպագրած է պատմուածքներ հայկական կեանքէն, ինչպէս՝ «Տատիկիս Աղօթագիրքը» նորավէպը։ 1956 թուականին հայկական նիւթով առաջին վէպը, ամուսնին՝ գրող Մաչպի Տոպքինի հետ, գրած է «Սիրառատ Տունը» (A Houseful of Love), որուն հերոսները նոյնպէս մեծ մասամբ հայեր են։ Այս վէպն արժանացած է մի քանի հրատարակութեան, 1957-ին «Նիւ Եորք Թայմզի» ամէնէն ծախուող գիրքերու ցանկին մաս կազմած է, տպագրուած Լոնտոնի մէջ ու թարգմանուած է զանազան լեզուներու՝ նորվեգերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ ճափոներէն։

Աշխատութիւններ

Սակայն, ան յատկապէս յայտնի դարձած է 1966-ին գրած ընդարձակ յօդուածով՝ «Չյիշուող ցեղասպանութիւնը» (The Unremembered Genocide), որ լոյս տեսած էր հրէական ծանօթ հանդէսին՝ “Commentary”ի մէջ, ժամանակի մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը տակաւին մոռացութեան մատնուած էր, «Խաղաղութեան Առաջնահերթութիւնը» (1969), «Ի՞նչ Ցեղասպանութիւն, Ի՞նչ Ողջակիզում։ Լուրեր Թուրքիայէն, 1916-1923», 1984, «Ճորճ Հորթըն եւ Մարք Լ. Պրիսթոլ. ընդդիմադիր ուժեր ԱՄՆ-ի մէջ։ Արտաքին քաղաքականութիւն 1919-1923», բոլորը՝ անգլերէն, եւ այլն։ Աշխատութիւնները մասնաւորապէս նուիրւած են 1915-1923-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան։ Անոր հիմնական աշխատութիւնը՝ «Զմիւռնիա 1922։ Մի քաղաքի կործանումը» (The Smyrna Affair), լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ 1972-ին, ունեցած մի քանի հրատարակութիւններ, վերջինը՝ 1988 թուականին. թարգմանուած է նաեւ յունարէնի) նուիրոած է Թուրքիոյ այդ ծովափնեայ քաղաքի յոյն եւ հայ բնակչութեան ողբերգութեան։ Գիրքը հաւաստի պատմական ուսումնասիրութիւն մըն է, գրուած դէպքերու ականատես ու մասնակից հայերու, ամերիկեան դիւանագէտներու եւ միսիոներներու յուշերու, նամակներու ու վկայութիւններու հիման վրայ

Պարգեւներ, կոչումներ

  • «Անանիա Շիրակացի մետալ»
  • Ուիլսոն գոլէճի պատուաւոր դոկտոր

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ Մարճըրի Յովսէփեան 

Tags:

Մարճըրի Յովսէփեան ԿենսագրութիւնՄարճըրի Յովսէփեան ԱշխատութիւններՄարճըրի Յովսէփեան Պարգեւներ, կոչումներՄարճըրի Յովսէփեան ԾանօթագրութիւններՄարճըրի Յովսէփեան Արտաքին յղումներՄարճըրի Յովսէփեան1922 թուական8 ՓետրուարԱնգլերէնՆիւ ԵորքՔոլումպիա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ծիր ԿաթինԿապադովկիաԵրկաթէ ԴարԱլիս ԳետՀանրագիտարանՄարաթոնի ճակատամարտՎարդան ՄամիկոնեանՕդՄալթաԱնձնանունԹալիպանԺանտախտ (Քոլերա)ԻսրայէլՅունարէնԱնդրանիկ ՕզանեանԱտալէթ ԱղաօղլուԼուսնթագԿատովիցեԹայմՇարլ ԱզնաւուրՔրիսթիանօ ՌոնալտօԱստղային Պատերազմներ։ Բաժին Դ։ Նոր ՅոյսԴողտենդԳիտութիւնՍեխՌոնալտ ՌիկընՊարսելոնա1979 թուական1992 թուականԹոքախտՄիլանԱրամ ՀայկազԹոքիօՀայկական ՉամանՆիտըրլենտԱնգլերէնՀատապտուղՔաղցկեղՆէյմարՄիջերկրական ԾովՆանթԳէորգի ԵակուլովՄոլտովաԺուրնալ ԱզիաթիքՊոսթընՆելսըն ՄանտելաՀին ԵրեւանՍանսկրիտԱրարատեան տարազՄարտԿեդրոնական Հետախուզական ՎարչութիւնՄարթին Սքորսեզէ4 ՕգոստոսԱլիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ (տեսաժապաւէն)ՓոլոնիաԼաստիվերՊասուց ՏոլմաՈսկիՆիւ ՏելհիԷլէն ՍեկարաԼոռի (մարզ)Նոպէլեան ՄրցանակԲաբելոնՃոան ՌոուլինկԹոքատապՖոլեղանտրոսԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՊելճիքաՈրկորՊոլիսԷլիզապէթ Բ.ՍեւանավանքՄարիա ՄոնթեսորիՀամաշխարհային Առաջին Պատերազմ🡆 More