Մատթէոս Զարիֆեան: հայ բանաստեղծ

Մատթէոս Զարիֆեան (4 Յունուար 1894(1894-01-04), Կոստանդնուպոլիս - 9 Ապրիլ 1924(1924-04-09), Պոլիս, Թուրքիա), հայ բանաստեղծ։

Մատթէոս Զարիֆեան
Ծնած է 4 Յունուար 1894(1894-01-04)[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1]
Մահացած է 9 Ապրիլ 1924(1924-04-09)[1] (30 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա[1]
Քաղաքացիութիւն Մատթէոս Զարիֆեան: Կենսագրութիւն, Բանաստեղծ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ Վերանորոգեալ շիրիմը բացուեցաւ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ, Գործեր Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ
Աշխատավայր Պէրպէրեան Վարժարան[1]

Կենսագրութիւն

Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի նոյնպէս իր վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։

1913-ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է, որ մարզական փորձերու ընթացքին կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ'ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «Ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը 1921-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։

Դուրեանի, Մեծարենցի եւ Տէրեանի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։

1921-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ 1922-ին՝ երկրորդը։

1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը մահանայ 30 տարեկան հասակին։

Մատթէոս Զարիֆեան: Կենսագրութիւն, Բանաստեղծ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ Վերանորոգեալ շիրիմը բացուեցաւ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ, Գործեր  Սիրոյ եւ ցաւի թախծոտ ու քնքշալի իր յուզաշխարհով՝ Զարիֆեան արժանաւորապէս եղաւ ականատես ՎԿԱՆ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։ Զարիֆեանի «արտասուահիւծ» երգերը վերընձիւղման իւրայատուկ աւիւն ներարկեցին մեր սերունդներուն։ Մատթէոս Զարիֆեան: Կենսագրութիւն, Բանաստեղծ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ Վերանորոգեալ շիրիմը բացուեցաւ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ, Գործեր 

Ինչպէս որ «Որբուհին՝ Որբին» խորագրուած իր բանաստեղծութեամբ Մատթէոս Զարիֆեան պատգամեց՝

Ու խելայեղ ու մոլեգին,

Հայ Ասպետի ծիրանին ուսիդ,

Ու վրէժէդ տժգունած,

Այդ ապիրատ ոստաններէն փոթորկելով հեռանաս,

Դժոխածին նժոյգիդ հետ,

Արարատի ձիւներուն մէջ հողմածածան

Կարմիր Դրօշն համբուրելու․․․

Կարմիր Ուխտդ որոտալու․․․

Եւ ինչպէս որ «Ապրիլի գիշեր» քերթուածով Մատթէոս Զարիֆեան կը յորդորէ՝

Պէտք է կոխել ու անցնի՜լ,

Պէտք է մոռնա՜լ...

Պէտք է խենթի պէս խնդա՜լ...

Պէտք է թողուլ որ ժամանակն ալեւոր

Օր մը գըրէ՝

Մատուըներովն իր բորբոս՝

Մահավճիռն երկնաբնակ Դահիճին...

Բանաստեղծ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ Վերանորոգեալ շիրիմը բացուեցաւ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018 թուականին Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ շիրիմը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ի յիշատակ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Աշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի գլխաւորութեամբ։

Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգուեցաւ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու հեղինակն է ճարտարապետ Դաւիթ Այնալը։

Վերանորոգեալ շիրմի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, համայնքային զանազան վարժարաններէ սաներ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ հայ գրականութեան համակիրներ։ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Գործեր

  • Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր, Կ. Պոլիս, 1921, 126 էջ:
  • Կեանքի ու մահուան երգեր, Կ. Պոլիս, 1922, 112 էջ:
  • Ընտիր քերթուածներ, Հալէպ, 1946, 29 էջ:
  • Կեանքի ու մահուան երգեր, Երուսաղէմ, 1951, 109 էջ:
  • Ամբողջական գործեր, Պէյրութ, 1956, 656 էջ:
  • Երգեր, Երեւան, 1965, 240 էջ:
  • Զարիֆյան Մատթեոս, Որբերյան Ռուբեն, Սեւակ Ռուբեն, Թեքեյան Վահան, Երկեր, Երեւան, 1981, էջ 365-466:
  • Երկեր, Անթիլիաս, 1990, 278 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ, Վենետիկ, 1994, 96 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

-1'>1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  • Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) Սիրոյ, Թախիծի Եւ Քնքշանքի Անմահ Քնարերգակը
  • ShantNews Բացումը պիտի կատարուի արեւմտահայ քերթող Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգուած դամբանին
  • Աղբիւրներ

    ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

    Որբուհին՝ որբին Մատթէոս Զարիֆեան

    Ապրիլի գիշեր Մատթէոս Զարիֆեան

    Tags:

    Մատթէոս Զարիֆեան ԿենսագրութիւնՄատթէոս Զարիֆեան Բանաստեղծ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ Վերանորոգեալ շիրիմը բացուեցաւ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋՄատթէոս Զարիֆեան ԳործերՄատթէոս Զարիֆեան ԾանօթագրութիւններՄատթէոս Զարիֆեան ԱղբիւրներՄատթէոս Զարիֆեան1894 թուական1924 թուական4 Յունուար9 ԱպրիլԹուրքիաԻսթանպուլՊոլիս

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    1836 թուականՄայլի ՍայրըսԳրիգոր ՃանկէօզեանԻսթանպուլԱլզայմըրի ՀիւանդութիւնՍեւ ԾովԼիթուանիաՍօնիՓիլիսոփայութիւնԴեղաբոյսերՇարլ ԱզնաւուրԻրաքԿոստան ԶարեանԱրամի Փողոց (Երեւան)ՓորթուկալՔլարինէթ1586 թուականՊիլ Կէյթս30 ԱպրիլՍթիվըն ՀոքինկՓապլօ ՓիքասօՄիանմարՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՀայաստանի ԶինանշանԼուտուիկ վան ՊեթհովէնՄայամիԼեղուցՕմանՍ. ԶատիկԿրասնոտարԻսլամութիւնՎեզուվիօԳահիրէԱրամ ՀայկազՕդՆշենիՄուշՍարգիս ԶէյթլեանՄասաչուսեցՍ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի (Հալէպ)Ծիր ԿաթինՄոլիերՆիսԿատուներՌաֆայէլ ԼեմքինՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնՏրէյք (ռափր)Էմանուէլ ՄաքրոնԿաղնիԱմերիկաՌուբէն ՍեւակԵրուսաղէմԼիմնոսՆեփալԼիոնել ՄեսսիՍիղիկիոնԱթէնքՀրայր ԴժոխքՃէյմս Թագաւորին ԱստուածաշունչըԱրաբական թերակղզիՆէյմարԱրցախեան ԱզատամարտԹոքախտ1993 թուականՄեղուներըՄանուէլ ՄենենկիչեանՏիեզերքԱրարատեան տարազՕթիզմ (Առանձնայնութիւն)Մարիա ՄոնթեսորիԵւրոպաՁմերուկԵություպՍերժ ԹովմասեանՄարսէյլՊղինձՔէյթի ՓերրիԱւարայրի Ճակատամարտ🡆 More