Ճապաղջուր

Ճապաղջուր, Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայր, յայտնի է նաեւ այլ տարբերակներով՝ Ճարալջուր, Ճապաղ եւ այլն։ Հին ժամանակ կը կոչուէր Կթառիճ։ Այժմ թուրքերը վերանուանած են Պինկէօլ։ Ճապաղջուր կոչուած է գետակներու բազում ճիւղերու առկայութեան պատճառով։

Գիւղ
Ճապաղջուր
Ճապաղջուր
Երկիր Ճապաղջուր Թուրքիա
ԲԾՄ 1153 մեթր
Բնակչութիւն 160 165 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ bingol.bel.tr(թուրք.)

Պատմութիւն

Ճապաղջուրը, Արեւմտեան Հայաստանի հարիւրաւոր այլ բնակավայրերու նման, տարբեր ժամանակներու համարուած է տարբեր` գիւղ, աւան, ամրոց կամ բերդաքաղաք։ Կը գտնուի Արածանիի հովիտին մէջ, Բալու գիւղաքաղաքէն արեւելք։

11-րդ դարուն կը յիշատակուի իբրեւ եպիսկոպոսանիստ աւան եւ կը մտնէր Թոռնիկ Մամիկոնեանի իշխանութեան մէջ։ Թրքական տիրապետութեան շրջանին համանուն գաւառակի կեդրոնն էր, որ մինչեւ 1829 թուականը կը մտնէր Տիարպէքիր նահանգին, անկէ ետք՝ Բաղէշ-Պիթլիս նահանգին մէջ։ Իսկ այժմ կը կոչուի Պինկէօլ եւ կը համարուի նոյնանուն նահանգի կեդրոնը։

Ճապաղջուրի մասին մեզի հասած պատմական տեղեկութիւնները սակաւ են: 13-րդ դարու 40-ական թուականներուն այն կը գրաւեն մոնղոլները, իսկ 16-րդ դարու սկիզբները՝ օսմանեան թուրքերը։

Մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը, Ճապաղջուրի բնակչութեան մեծ մասը կը կազմէին հայերը, որոնք գլխաւորաբար կը զբաղէին արհեստներով ու առեւտուրով։ Անոնք ունէին վարժարան եւ եկեղեցի։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Արեւմտեան Հայաստան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՄաքլըմորՀրանդ (անձնանուն)ՈւտիքԳուրգէն ՄահարիԽորէն (անձնանուն)Գրական ՔննադատութիւնՀայերէնՍտեփանոս ՕրբելեանԱրցախեան ԱզատամարտԶարթօնք (օրաթերթ)15 ՄարտԱրցախի ՀանրապետութիւնՎրացական ԹագաւորութիւնՄարիա ՃէյքըպսընՄովսէս ՄարգարէՑուլ (կենդանակերպ)Ուիլիըմ Շէյքսփիր3 ՄայիսԱսպետներու ամրոց (Հոմս)Արփիար ԱրփիարեանԻնտոնեզիաԱրտուշ ՓարսատանեանՀոգիներու ԱճուրդԳետնամուշկՆոր ՆախիջեւանՀռոմկլաՀամբիկ Սասունեան1755 թուականԼոռի (մարզ)Ընկեր ՓանջունիՊարոյր ՍեւակՐաֆֆիՆեփալԲժշկական գործիքներ31 ՕգոստոսՈւրֆայի ՀերոսամարտԱհարոն (անձնանուն)Ճիաքօմօ ԿօրրինիՈւղղաձեւ ութանիստԲաբելոնՔալիֆորնիաՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Վլատիմիր ՓութինՍ. Ղազար կղզիՄարկ Նշանեան1901 թուականԼիբանանՏրդատ Գ.Արմենակ ԽանփերեանցԱբիսողոմ աղաՄեռեալ Ծով193014 ՀոկտեմբերՄոլտովաՄեսրոպ ՄաշտոցԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՄոնթէ ՄելքոնեանԱտրպատականԳեղարդի վանքԱրփիար ԱսլանեանՔեսապՀալէպՊասթիլ բանտ-ամրոցը24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)ԿովՓամփուշտ (ռազմական)Լեռնային ՂարաբաղՍտեփան ԶօրեանԿցական բարդութիւնԳարեգին Նժդեհ1964 թուական🡆 More