Հաֆէզ Ասատ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Պաշտոնատար

Հաֆէզ Ալ-Ասատ (արաբերէն՝ حافظ الأسد‎6 Հոկտեմբեր 1930 - 10 Յունիս 2000), Սուրիացի՝ ռազմական, պետական եւ քաղաքական գործիչ, Սուրիոյ Զինուած ուժերու հրամանատար, պաշտպանութեան նախարար (1966—1972), Սուրիոյ վարչապետ (1970—1971), Սուրիոյ 15-րդ նախագահը (1971—2000)։

Կենսագրութիւն

Հաֆէզ Ալ-Ասատ ծնած է Լաթաքիա քաղաքին մօտ գտնուող փոքր Քըրտահա գիւղի ու բազմազաւակ գիւղական ընտանիքի մը մէջ։ Ի ծնէ ազգանունը եղած է Ալ-Վահշ։

1946 թուականին կ'անդամակցի «Պաաս» կուսակցութեան։

1955 թուականին կ'աւարտէ Հալէպի ռազմական օդուժի ուսումնարանը, այնուհետեւ փորձառութիւնը կ'ամբողջացնէ ԽՍՀՄի մէջ (Ղրղզստանի Քանտ քաղաքին մէջ)։ Միացեալ Արաբական Հանրապետութեան կազմաւորումէն ետք կը գործուղուի Գահիրէ, ուր կը ծառայէ։ Հանդէս կու գայ Եգիպտոսի հետ միութեան դէմ եւ այդ պատճառով կը հեռացուի բանակէն։

1963 թուականին կը մասնակցի ռազմական յեղաշրջման՝ միութեան դէմ, որուն շնորհիւ կը տապալէ սուրիական նախկին կառավարութիւնը։

1964-1970 թուականներուն եղած է ռազմա-օդային եւ հակա-օդային զօրքերու հրամանատար։ 1966 թուականէն նաեւ կը ստանձնէ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնը։

16 Նոյեմբեր 1970–ին, յեղաշրջման հետեւանքով կը հեռանայ նախագահ Սալահ Ճտիտը եւ 12 Մարտ 1971–ին՝ Հաֆէզ Ալ-Ասատը կը դառնայ Սուրիոյ նախագահ։

Հաֆէզ Ալ-Ասատի իշխանութիւնը փաստացի բռնապետութիւն կը հանդիսանայ, սակայն ան սկիզբէն կը հաստատէ քաղաքական կայուն համակարգ՝ շարք մը յեղաշրջումներէ ետք, որոնք տեղի կ'ունենային Սուրիոյ մէջ, մինչեւ իր իշխանութեան գլուխ գալը։ Կը գլխաւորէ Պաաս կուսակցութեան սուրիական բաժանմունքը։ Իր իշխանութեան տարիներուն Սուրիան կը ձգտի սահմանափակել Իսրայէլի ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ։

Հաֆէզ Ալ-Ասատը կը մահանայ 6 Յունիս 2000–ին, Դամասկոսի մէջ։ Իրեն կը յաջորդէ իր որդին՝ Պաշշար Ալ–Ասատը։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մուշեղ ԻշխանԱտոմ Ա. Քհնյ. ՔէհեայեանՄանիլաԿոտօն Սպասելու ԱտենԳարեգին ՆժդեհՀայերՊուտտայականութիւնԿատովիցեՌուսիաԹռչնոց ԲոյնՍուզանաւՖրանսերէնը Քանատայի ՄէջSnap (Ռոզա Լին երգ)Ատանայի ԿոտորածՄեքսիքաԺետտաԴրմբոնԿովge6a6Արցախեան ԱզատամարտԿանաչեղէններով հաց (Ժինգիալով հաց)1623 թուականԶակազիկ1790 թուականՊաշշար ԱսատԲրինձԴանիաՃատրակԲենջամն ՖրանկլինՉինական ՎարդԹութքԱռնոլտ ՇուարցնէյկըրՄխիթար ՀերացիՆիքիթա ԽրուշչովԶանգուածային Սպանութիւն Օռլանտոյի Մէջ (2016)Խոսրովի ԱնտառԵբրայերէն1786 թուականԱֆղանիստանԿոստանդին ԽուդաւերդեանՏրդատ Ա.Ճիմի ՈւէյլզՍաքրամենթօՖրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններ (2017)Եփրեմ ԱսորիԱլպերթ Այնշթայն2001101 (թիւ)ՄաֆինԳլխաւոր ԷջԵրկիրՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Հնդկական ՈվկիանոսՏելհիԷղինաՍարատովԷտ ՇիրընՎինս Վոն1989 թուականՄարտակոչՀերմէսԹոմաս ՃեֆըրսընՅարութիւն ԶաքիեւԱնահիտ ԳասպարեանԼաստիվերՈւհուրու ՔենեաթաԿոբաղդ300 (թիւ)Մինաս ՎերածինԷտիթ ՓիաֆՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՉարլզ ԲիքֆորտՄիլանոյի Արհեստից ՀամալսարանըՅունաստանՀնդկընկոյզ🡆 More