Հայաստանի Զինանշան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշաններէն մէկն է։ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի» օրէնքը ընդունուած է 19 Ապրիլ 1992-ին Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ: Վերականգնուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920 թթ.) զինանշանը, որուն հեղինակներն են՝ ճարտարապետ, Ռուսաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանտր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը: 27 Նոյեմբեր 2005-ին ՀՀ Սահմանադրութեան բարեփոխումներէն ետք, 15 Յունիս 2006-ին ընդունուած է «ՀՀ զինանշանի» նոր օրէնքը։

Zinanshan.jpg
Zinanshan.jpg

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին կեդրոնը վահանի վրայ կը տեսնուին Արարատ լեռը՝ Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնները. վերը ձախին՝ Բագրատունիներու, վերը աջին՝ Արշակունիներու, վարը ձախին՝ Արտաշէսեաններու, վարը աջին՝ Ռուբինեաններու զինանշանները։ Վահանին ետեւը ձախ կողմէն կանգնած է արծիւը եւ աջ կողմէն՝ առիւծը, իսկ վահանին տակ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերու խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն։ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի հիմնական գոյնն է ոսկեգոյնը, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններու գոյները՝ վերէն ձախ՝ կարմիր, վերէն աջ՝ կապոյտ, վարէն ձախ՝ կապոյտ, վարէն աջ՝ կարմիր եւ կեդրոնը՝ վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը՝ նարնջագոյն։ Նշուած գոյները կը խորհրդանշեն Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները:

Աղբիւրներ

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշանները president.am կայքէջի մէջ

Tags:

19 Ապրիլ1992Ալեքսանտր ԹամանեանՀայաստանՀայաստանի Առաջին ՀանրապետութիւնՅակոբ Կոջոյեան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Google PlayԻնսթակրամՄայիսԱմալ Քլունի400 (թիւ)Մեքսիքայի ծոցՆինթենտօ1896 թուականԱնանիա ՇիրակացիՃահուկ (Սիւնիք)ԹլկատինցիԽոսրովի Անտառ300 (թիւ)Զապէլ ԵսայեանԷտիթ ՓիաֆՈւտիքԱրաբական ԳարունՄակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)ԼաստիվերԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանԼատիներէնԷլէն ՍեկարաՍ. ԶատիկՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԻվեթա ՄուկուչեանԱտոմ Ա. Քհնյ. ՔէհեայեանՄեսրոպ ՄաշտոցԶստաջիղի Ցաւ Կամ ԶստաջղատապՍպանական ԿրիփՄաֆինԼոս ԱնճելըսԱրթուր ԱբրահամՄեծ Պահք1776 թուականԼիպիաՎարդգէս (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան)Հայերէն ՈւիքիփետիաՓլովտիւՄիջագետք ՀայոցԻրլանտայի ՀանրապետութիւնԱւատատիրութիւն372 (թիւ)ՍուզանաւԹոքախտԲարդ բառերՄիկէլ Փրիմօ տէ ՌիվերաՄեծ ՍէրայԲրինձԱրմէն Գարօ3 ՕգոստոսԱրամ ՄանուկեանՀայկական ԴրամԱրուսեակ (մոլորակ)ՀերմէսԴանիէլ ՎարուժանԳեղարդՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնՀերաթ10 ՆոյեմբերՈւոլթ ՏիզնիԱֆիոնքարահիսարԱխթալայի ՎանքՍիմոն ՊոլիվարՄարգարեանՖրանցիսքօ ՖրանքօԱշխադարՊան Քի ՄունԻգնա ՍարըասլանՊիպլոս-ԺըպէյլՄհերի ԴուռՌոզեթայի ՔարԻքարիաԹատրերգութիւնՔաթարՊղինձ🡆 More