Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը

«Թոր՝ Խաւարի Աշխարհը» (անգլերէն՝ Thor: The Dark World), խաղարկային ֆիլմ, որ հիմնուած է «Marvel Comics»ի համանուն կատակերգական գիրքին հիման վրայ։ Կը համարուի «Թոր» ֆիլմին սիքվելը (թատերական ներկայացում կամ շարժանկար) եւ «Marvel»ի շարժանկարչութեան տիեզերքի ութերորդ ֆիլմը։ Ֆիլմը նկարահանած է բեմադրիչ Տոն Փէյնը: Թատերական ուրուագիծին հեղինակներն են՝ Քրիսթոֆըր Եոսթը, Քրիսթոֆըր Մարքուսը եւ Սթիւըն Մաքֆիլին։ Գլխաւոր դերերու մէջ նկարահանուած են Քրիս Հեմսուորթը, Նաթալի Փորթմանը, Թոմ Հիտլսթընը, Սթելան Սքարսկարդը, Իտրիս Էլպան, Քրիսթոֆըր Էքլսթոնը, Ատելաւէ Ակինուոյէ-Ագդաբաճէն, Քեթ Տեննինկսը, Ռեյ Սթիւընսոնը, Զաքարի Լիւայը, Տադանոբու Ասանոն, Ճէյմի Ալեքսանդրը, Ռընէ Ռուսոն եւ Էնթընի Հոփքինսը։

Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը
Thor: The Dark World
Բեմադրիչ Ալան Թէյլըր
Արտադրիչ Քեւըն Ֆայկի
Թատերագիր Քրիստոֆըր Եոսթ, Քրիստոֆըր Մարկուս եւ Սթիւըն Մաքւիլի
Երաժշտութիւն Պրայըլ Թէյլըր
Մոնտաժ Տէն Լիպենթըլ եւ Ուայաթ Սմիտ
Արտադրող
ընկերութիւններ
Marvel Studios
Թողարկման
թուական
31 Հոկտեմբեր 2013 (Մեծ Բրիտանիա), 8 Նոյեմբեր 2013 (ԱՄՆ)
Տեւողութիւն
112 վայրկեան
Երկիր Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը ԱՄՆ ԱՄՆ
Լեզու անգլերէն

Ֆիլմի արտադրութիւնը սկսած է Ապրիլի 2011-ին:

Յուլիս 2011-ին Քեննեթ Պրանան՝ «Թոր»ի բեմադրիըչը, կը լքէ նախագիծը։ Պրայան Քիրքը եւ Պեթի Ճենքինսը կը սկսին նկարահանել ֆիլմը, իսկ Յունուար 2012-ին ստեղծագործական խումբին կը միանայ Թէյլըրը։

Օգոստոս 2012-ին կը լրանայ երկրորդական դերասանական կազմը, որուն մէջ կային Էքլսթոունը, Տենինկսը եւ Ակինուոյէ-Ագդաբաճէն։ Հիմնական նկարահանումները կը սկսին Սեպտեմբեր 2012-ին Սուրէյի մէջ (Անգլիա), որմէ ետք կը շարունակուին Իսլանտայի եւ Լոնտոնի մէջ ու կը տեւեն մինչեւ Դեկտեմբեր 2012։ Իր արտադրական փուլին ընթացքին «Թոր՝ Մռայլ աշխարհը» կը փոխակերպուի 3D ֆիլմի։

Շարժանկարի շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 2 Հոկտեմբեր 2013-ին Օտէոնի Լեսեսթըր հրապարակին վրայ։ Համաշխարհային շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 8 Նոյեմբեր 2013-ին։ Ֆիլմը կը ստանայ խառն գնահատականներ, սակայն կ'ունենայ համաշխարհային առեւտրական յաջողութիւն. ամբողջ շահը կազմած է շուրջ 644 միլիոն տոլար։ Երրորդ՝ «Թոր՝ Ռագնարիոկ» ֆիլմի շնորհահանդէսը կը նախատեսուի 3 Նոյեմբեր 2017-ին։

Նիւթ

Հազարամեակներ առաջ՝ Օտինի հայրը՝ Պիոր, կը յաղթէ Մալեկիտի գլխաւորած Սեւ էլֆերին, որ կը փափաքէր տիեզերքը բերել իր նախկին տեսքին՝ Եթերով ոչնչացնելով Ինը աշխարհները, որոնք մատերիան կը դարձնէ սեւ մատերիա։ Մալեկիտի ջախջախումէն ետք, լքելով իր բանակը, ան կը պահուըտի, իսկ Պիոր կը հրամայէ Եթերը կարելի եղածին չափ խոր պահել։

Մեր օրերուն Թոր կը զբաղի Ինը աշխարհներու մէջ կարգ ու կանոնի վերականգնումով։ Լոկին ձեռնաշղթաներով փակուած է Ասկարդի բանտին մէջ, եւ անոր մայրը, անընդհատ անհանգստանալով իրեն համար, յաճախ կ'այցելէ իրեն։ Այդ օրերուն Երկրի վրայ՝ Լոնտոնի մէջ, Ճէյն Ֆոսթըր կը գտնէ անբացատրելի տարականոն մը, որ կը ստիպէ իրերը ակնթարթի մը մէջ անհետանալ, որոնք դարձեալ կը յայտնուին այլ վայրի մը մէջ։ Անիկա կ'ուղեկցի ձգողականութեան խախտումով, որուն պատճառով որոշ մեքենաներ կը թռչին օդին մէջ։ Անցնելով տարականոնէն՝ Ճէյն կը յայտնուի Եթերի մօտ, որ շուտով կը մտնէ իր մարմինին մէջ։

Թոր ամէն երեկոյ հետեւելով Ճէյնին վերականգնած Ծիածանէ կամուրջին, կ'իմանայ, որ դարպասներու պահապանը կորսնցուցեր է զայն իր տեսադաշտէն, եւ կ'ուղեւորուի որոնելու։ Այդ ընթացքին Ճէյն գիտակցութեան կու գայ գործարանին մէջ, ուր նաեւ նկատուած էին տարականոնները։ Այն ատեն Դարսին, անհանգստանալով ընկերուհիին անհետացումով, որուն մասին ոչինչ գիտէր հինգ ժամէ, ոստիկանութեան լուր տուած էր։ Երբ օրէնքի պահապաններէն մէկը կը ցանկայ բռնել Ճէյնի ձեռքերը, զայն ետ կը շպրտէ ուժեղ իմփուլսը։ Այն ատեն յայտնուած Թորը կ'իյնայ գլխուն խրայ, որ ուժի աղբիւրը կը կրէ ոչ երկրային բնոյթ եւ Ճէյն իրեն հետ կը տանի Ասկարդը։ Օտի կը ճանչնայ Ճէյնի մէջ մտած ուժը՝ իբրեւ Եթեր եւ կը կանխատեսէ անոր մօտալուտ մահը։ Ան կը ցանկայ, որ Թորը ետ տանի Ճէյնը Երկիր, սակայն Ֆրիկան իր խնամակալութեան տակ կը վերցնէ զայն։

Արթննալով Եթերի ուժէն՝ Ամելկիտ եւ իր բանակը կը յարձակին Ասկարդի վրայ։ Ճէնի մէջ գտնելով Եթերի աղբիւրը՝ անոնք կը ցանկան իրենց հետ տանիլ աղջիկը, սակայն Ֆրիկան կը թաքցնէ զայն, որուն պատճառով ինք կը զոհուի։ Յարձակումը ետ կը մղուի, սակայն Օտի կ'անհանգստանայ։ Ֆրիկայի թաղումէն ետք ան կը ցանկայ Մալեկիտը յաղթել կռինի ընթացքին։ Թոր կը հասկնայ, որ կռիւի պատճառով շատ զոհեր պիտի ըլլան եւ կը խնդրէ հօր զինք ու Ճէյնը տանիլ Մռայլ աշխարհ եւ հոն անոր մարմինէն հանել Եթերը, սակայն մերժում կը ստանայ։ Ան կը ստիպէ օգնութիւն խնդրել Լոկիէն, որ գիտէ գաղտնի աշխարհներ տանող ճամբաներ։ Լոկի կը համաձայնի օգնել, քանի որ կը ցանկայ վրէժ լուծել մօր համար։ ԱՆ Թորի ու Ճէյնի հետ կը փախչի Ասկադէն եւ երկուքն ալ կը փրկէ, Մալեկիտը հանելով Եթերը Ճէյնի մէջէն։ Թոր կը ձգէ մեռած եղբօր մարմինը, որ իր փրկութեան համար անձնասպան եղած էր։ Ան Ճէյնի հետ կ'ուղեւորուի Երկիր, ուր Տարսին իր օգնական Եէնի օգնութեամբ հոգեբուժարանէն կը հանէ գիտնական Էրիք Սելվիկը, ուր յայտնուած էր մարդոց ինը աշխարհներու մօտենալու մասին տեղեակ պահելու պատճառով։

Ճէյնը, Թորը եւ բժիշկ Սելվիկը կը մշակեն Մալեկիտի դէմ դիմակայելու ծրագիր մը՝ օգտագործելով Երկրի վրայի տարածական տարականոնները։ Մալեկիտ կը ցանկայ օգտագործել աշխարհներու հաւասարեցումը, որպէսզի Եթերի ուժ ուղարկէ անոնց միջոցով եւ տիեզերքին մէջ վերստեղծէ Սեւ էլֆերու աշխարհը։ Ճէյնի եւ Սելվիկի օգնութեամբ Թոր կը յաջողի այնքան մօտենալ Մալեկիտին, որ կրնայ հարուածել զայն մուրճով։ Անոմալիաներու միջոցով սեւ էլֆերը եւ իրենց նաւը ետ կ'երթան իրենց աւերուած աշխարհը։

Ճէյն կը մնայ Երկրի վրայ, իսկ Թոր կը վերադառնայ հօրը քով՝ Ասկարդ։ Ան կը խնդրէ Օտինէն իրեն ազատել Ինը աշխարհներու մէջ թագաւորելու պարտականութենէն եւ կը պատմէ Լոկիի զոհաբերութեան մասին։ Օտին որդիին յաջողութիւն կը մաղթէ, սակայն չի տար իր օրհնութիւնը։ Երբ Թոր կը լքէ դղեակը, Օտի կը վերածուի անասունի եւ առողջ Լոկիի՝ գահին նստած հօր դիմակի տակ։

Տիտրերէն ետք կը յայտնուին Վոլշթագն ու Սիֆը, որոնք Կոլեկցիոներուն կը փոխանցեն Եթերի պահպանման գործը, որովհետեւ կը վախնան զայն միաժամանակ պահել Տեսարակտի հետ՝ Ասկարդի մէջ։ Անոնց մեկնելէն ետք Կոլեկցիոներ կ'ըսէ․ «Մէկը կայ, մնացին հինգը» (նկատի ունի Անսահմանութեան քարերը)։ Վերջին տեսարանին մէջ Եոտունհէյմի գազանը, որ նախքան՝ վերջին մարտի ժամանակ, անցած էր միջտարածական սահմանով, Լոնտոնի մէջ թռչուններ կ'որսայ։

Դերակատարներ

Ընդհանուր առմամբ ֆիլմին մէջ նկարահանուած են թիւով 70 դերասան՝ առանց հաշուելու մասսայական տեսարանները։

Ստեղծում

Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը 
Թոմ Հիտըլսթըն Լոկիի՝ Օտինի հոգեորդիի տարազով

Ապրիլ 2011-ին Marvel Studios-ի նախագահ Քեւըն Ֆէյճ յայտարարեց, որ «Վրիժառուներ»-էն ետք Թոր կ'ուղեւորուի նոր արկածներ փնտրելու։ «Թոր»-ի բեմադրիչ Քեննեթ Պրանան մեկնաբանեց Ֆէյճի յայտարարութիւնը․ «Անոր ըսածը ինծի համար նորութիւն է։ <…> Իմ արեանս մէջ շատ կայ իրլանտական սնահաւատութիւն, որպէսզի ենթադրեմ, որ պիտի յայտնուի «Թոր 2»-ը։ Սակայն, եթէ Marvel-ը ըսէ, որ այդ մէկը պիտի իրականանայ, ապա ճիշդ է»։ Բացի անկէ, Ֆէյճը նշեց, որ նոր ծրագիրներէ առաջ անոնց ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի ֆիլմի առաջին մասի շահոյթային յաջողութիւնը եւ ըսաւ. «Տոն Փէյն արդէն կ'աշխատի երկրորդ մասի ուրուագիծին վրայ։ Մենք ունինք քանի մը ծրագիրներ՝ Քեննեթ Պրանայի հետ կապուած, որպէսզի քննարկենք անոր վերադարձը, սակայն այժմ ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացուի առաջին ֆիլմի վրայ»։ Յունիս 2011-ին Walt Disney Pictures-ը եւ Marvel Studios-ը յայտարարեցին, որ երկրորդ ֆիլմի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 26 Յուլիս 2013-ին։ Քրիս Հեմսուորթ կրկին պիտի յայտնուի Թորի դերին մէջ, իսկ Քեննեթ Պրանան պիտի լքէ բեմադրիչի աթոռը, սակայն պիտի մնայ իբրեւ արտադրող, ընդ որուն, Պրանայի խօսքերով, այդ որոշումը փոխադարձ էր։ Լոյս ընծայման օրուան մասին յայտարարելու յաջորդ օրը Տոն Փէյն հաստատեց, որ հրաւիրուած է գրելու երկրորդ ֆիլմի ուորւագիծը։

Յուլիս 2011-ին դերասան Իտրիս Էլպան San Diego Comic-Con International-ի ժամանակ IGN կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ֆիլմի սիկվելի մէջ կրկին հանդէս պիտի գայ Հէյմտալի դերով, իսկ մէկ ամիս ետք հաստատեց, որ պայմանանագիրը կքնուած է։ Օգոստոսին պարզ դարձաւ, որ բանակցութիւններ կը վարուին բեմադրիչ Պրայըն Քիրկի հետ։ Պայմանագիրի կնքումը պատճառը պիտի դառնար Քիրկի սկիզբը Հոլիուուտի մէջ։ Նախքան ան աշխատած էր «Գահերու խաղը» եւ «Ընդյատակեայ կայսրութիւն»-ը հեռուստաշարերը HBO պատկերասփիւռի ալիքի, «Տեքսթըր»-ը՝ Showtime-ի եւ «Լիութըր»-ը՝ BBC One-ի համար։

Սեպտեմբերի սկիզբը յայտնի դարձաւ, որ Թոմ Հիտըլսթըն կրկին պիտի յայտնուի Լոկիի դերով։ MTV-ի հետ տուած հարցարզրոյցի ժամանակ Հիտըլսթընը նշեց, որ իր կերպարը «պէտք է պատասխան տայ իր ըրածներուն համար»։ Նոյն ամսուան ընթացքին Պրայան Քիրկ ստուդիայի հետ ֆինանսական եւ ստեղծագործական անհամաձայնութիւններու պատճառով որոշեց հրաժարիլ բեմադրիչի պաշտօնէն, որուն համար արդէն բանակցութիւններ սկսած էր Փեթթի Ճենքինսի հետ, որ յայտնի է «Հրէշ» ֆիլմով եւ «Սպանութիւն» հեռուստաշարով։ Սեպտեմբերին Ռէյ Սթիւընսըն պատմեց, որ շատ հաւանական է վերադառնալ Վոլշթագի դերով, «եթր Վրիժառուները բոլոր աշխարհները մէկ ամբողջութեան մէջ չտեղափոխեն», իսկ Ճոշուա Տալլաս հաստատեց, որ կրկին պիտի խաղայ Ֆանտրալի դերը։ Ֆէյճ ըսաւ, որ սիկվելի ստեղծողները կը ցանկան լայնցնել Ասկարդ մոլորակի ինը աշխարհները, իսկ Թոր «բառին բուն իմաստով պիտի տեղափոխուի այլ տիեզերքներ»։ Առաջին ֆիլմին մէջ ցուցադրուեցան անոնցմէ միայն երկուքը՝ Ասկարդն ու Եոտունհէյմը, իսկ մնացածը յիշատակուեցան ֆլէշպեքերու եւ Թորի պատմութիւններու մէջ։ Հոկտեմբեր ամսուան ստուդիան յայտնեց ֆիլմի լոյս ընծայման թարմացուած թուականը՝ 15 Նոյեմբեր 2013։ Նոյն օրը Փեթթի Ճենքինս պաշտոօնապէս դարձաւ «Թոր 2»-ի բեմադրիչը, իսկ Նաթալի Փորթման պատմեց, որ կրկին պիտի խաղայ Ճէյն Ֆոսթըրի դերը։

Չնայած պայմանագիրը կնքուած էր, Դեկտեմբեր 2011-ին Ճենքինս հրաժարեցաւ բեմադրիչի աթոռէն՝ ստեղծագործական անհամաձայնութիւններու պատճառով։ Նոյն ամսուան ընթացքին The Hollywood Reporter-ը յայտնեց, որ Marvel-ը կը վերանայի Ալան Թեյլըրի թեկնածութիւնը։ Marvel նաեւ կը փնտրէր նոր թատրոն ուրուագծող, որպէսզի վերանայուի Փէյնի ուրուագիծը եւ կը ցանկար այդ պաշտօնին վրայ տեսնել Ճոն Քոլլին, Ռոպերթ Ռոտեթը կամ Ռոճըր Էֆերին։ Այդ ամիս բեմադրիչ դարձաւ Ալան Թեյլըր։

Յունուար 2012-ին Թոմ Հիտըլսթըն յայտնեց, որ ֆիլմի նկարահանումները կը ծրագրուին իրակացուիլ Լոնտոնի մէջ 2012-ի ամառը։ Նոյն ամսուան ընթացքին յայտնեց, որ ուրուագծողը պիտի ըլլայ Ռոպերթ Ռոտեթը, որ յայտնի էր «Փրկել շարքային Ռայանը» ֆիլմով, եւ այդ օր դերասանուհի Ճէյմի Ալեքսանդրը, որ խաղացած էր Սիֆի դերը, յայտնեց, որ նոյնպէս պիտի յայտնուի սիկվելի մէջ։

Մայիս ամսուն սկսան Մետսըն Միքլեսընի հետ բանակցութիւնները՝ չարագործներէն մէկուն դերով յայտնուելու համար։ Նոյն օրը Էնթընի Հոփքինս, որ խաղացած էր Օտինի դերը, յայտնեց, որ համաձայն է հետագային կրկնել իր դերը, եթէ նման առաջարկ ստանայ։ Ամսուան վերջաւորութեան Disney-ն ֆիլմի դուրս գալու օրը տեղափոխեց 8 Նոյեմբեր 2013։ Յունիս 2012-ին Ճոշուա Տալլաս ստիպուած եղաւ «Մէկ Անգամ Հեքիաթի Մէջ» հեռուստաշարի համար հրաժարիլ սիկվելի իր դերէն։ Ըստ The Hollywood Reporter-ի հաղորդագրութեան, Ֆանտրալայի դերի համար դիտարկուեցաւ նաեւ Զաքարի Լիւայի թեկնածութիւնը, որ կրցաւ խաղալ նաեւ առաջին շրջանին, սակայն ան զբաղած էր «Չաք» հեռուստաշարի նկարահանումներով։

Նկարահանումներ

Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը 
«Թոր՝ Մռայլ Աշխարհ» ֆիլմի նկարահանման հրապարակը Պորն Ուուտ, Սուրրէյ

Նկարահանումները սկսան 10 Սեպտեմբեր 2012-ին Պորն Ուուտի մէջ (Սուրրէյ)։ Comikaze Expo 2012-ին Թորի համահեղինակ Սթէն Լի պատմեց, որ ան ֆիլմին մէջ պիտի յայտնուի քամէօով։ Քանի մը շաբաթ ետք դերասանական կազմին միացան Քլայֆ Ռասսելը եւ Ռիչարտ Պրէյքը՝ համապատասխանաբար Թիուրայի եւ Էնհերիի կապիտանի դերերով։ Ֆիլմի նկարահանումներու առաջին ամսուան վերջաւորութեան Ճէյմի Ալեքսանդրը վնասուեցաւ՝ սայթաքելով անձրեւի ժամանակ։ Հոկտեմբեր 2012-ին արտադրութիւնը տեղափոխուեցաւ Իսլանտա, ուր նկարահանումները տեղի ունեցան Տոմատալուրէյի, Սքոուկրաֆոսսի, Ֆիատրարգլուֆիւրէյի եւ Սքէյտարայի մէջ։ Հոկտեմբերի վերջաւորութենէն նկարահանումները շարունակուեցան Լոնտոնի Գրիւինական հիւանդանոցին մէջ։ Ինչպէս նաեւ Հոկտեմբերին Disney-ն յայտարարեց, որ ֆիլմը դուրս պիտի գայ 3D ձեւաչափով։ 14 Հոկտեմբեր 2012-ին Ճէյմի Ալեքսանդր իր Թուիթթըրի վրայ գրեց, որ նկարահանումները աւարտած են։

Սթէն Լի՝ Marvel-ի տիեզերքի ստեղծողը, որ Marvel-ի շարժանկարչական տիեզերքի նախկին ֆիլմերու մէջ յայտնուած էր քամէօներով, յայտնուեցաւ տեսարանի մը մէջ, ուր հոգեբուժարան տեղափոխուած Էրիք Սելվիկ կը պատմէ մօտալուտ վերացման մասին։ Ան կը լսէ այլ հիւանդի մը, որմէ Սելվիկ վերցուցած էր երկարաճիտ կօշիկ՝ փորձելով բացատրել, թէ ինչպէս աշխարհները կը մտնեն իրարու մէջ։

Երաժշտութիւն

Օգոստոս 2012-ին Փաթրիք Տոյլ ըսաւ, որ զրոյցներ կը վարէ բեմադրիչին հետ ֆիլմի երաժշտութիւնը ստեղծելու համար։ 2013 թվականի ապրիլից Քարթեր Բարուելը կանչվեց ֆիլմի երաժշտության կոմպոզիտորը դառնալու համար, սակայն յաջորդ ամիսը ան լքեց ծրագիրը՝ ստեղծագործական անհամաձայնութիւններու պատճառով։ Յունիս 2013-ին Marvel-ը ներգրաւեց Պրայըն Թայլըրը, որ աշխատած էր «Երկաթէ մարդը 3»-ի երաժշտութեան վրայ:

Երգացանկ

Բոլոր երգերուն հեղինակն է՝ Պրայըն Թայլըր։
# Անուանում Տեւողութիւն
1. «Thor: The Dark World»   2:10
2. «Lokasenna»   2:31
3. «Asgard»   1:55
4. «Battle of Vanaheim»   1:39
5. «Origins»   3:49
6. «The Trial of Loki»   2:38
7. «Into Eternity»   3:40
8. «Escaping the Realm»   3:53
9. «A Universe from Nothing»   2:20
10. «Untouchable»   4:08
11. «Thor, Son of Odin»   1:51
12. «Shadows of Loki»   2:25
13. «Sword and Council»   3:46
14. «Invasion of Asgard»   2:59
15. «Betrayal»   4:02
16. «Journey to Asgard»   2:17
17. «Uprising»   2:35
18. «Vortex»   2:20
19. «An Unlikely Alliance» (Includes) 3:47
20. «Convergence»   3:42
21. «Beginning of the End»   5:20
22. «Deliverance»   2:21
23. «Battle Between Worlds»   3:29
24. «As the Hammer Falls»   2:40
25. «Legacy»   4:08
26. «Marvel Studios Fanfare»   0:29

Թողարկում

Ֆիլմի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2013-ին Օտէօն Լիսեստըր հրապարակին վրայ, Լոնտոն։ Ֆիլմի Մեծ Բրիտանիոյ մէջ մեծ էկրաններ բարձրացաւ քանի մը օր առաջ՝ 30 Հոկտեմբեր-ին։ Ֆիլմի Հիւսիսային Ամերիկայի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հոլիուուտի El Capitan Theatre-ի մէջ, 7 Նոյեմբեր 2013-ին։

Ընդունում

Շահ

«Թոր՝ Մռայլ աշխարհը» Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հաւաքեց 206.4 միլիոն տոլար եւ 438 միլիոն տոլար՝ Ամերիկայէն դուրս, իսկ համաշխարհային շահը կազմեց 644.6 միլիոն տոլար։ Անիկա անցավ իր նախկինէն՝ թողարկումէն ընդամէնը 19 օր ետք։ Ըստ Deadline.com-ի, որ հաշուած էր ֆիլմի բոլոր ծախսերը, մաքուր հասոյթը կազմած է 139.4 միլիոն տոլար։

Քննադատութիւն

Շարժապատկերի քննադատներէն ֆիլմը հիմնականին ստացաւ դրական արձագանգներ։ Rotten Tomatoes-ի մէջ, հիմնուելով 221 կարծիքի վրայ, ֆիլմի վարկանիշը կազմեց 65%։ Metacritic-ի մէջ ֆիլմի միջին գնահատականը 100-էն կազմեց 54՝ հիմնուելով 44 կարծիքներու վրայ։ Հանդիսատեսը դրական արձագանքեց ֆիլմի մասին. IMDb-ի վրայ վարկանիշը 10-էն կազմած է 7,1։

Մրցանակներ Եւ Անուանակարգեր

Տարի Մրցանակաբաշխութիւն Անուանակարգ Ստացող / Աշխատանք Արդիւնք Ծան.
2014 IGN-ի 2013-ի լաւագոյնները Քոմիքսի գիրքի լաւագոյն ֆիլմի պատրաստութիւն Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy
Մարդոց 40-րդ ընտրութիւն Սիրուած արեվերջեան ֆիլմ Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy
Ամերիկեան սեւական շարժապատկերի փառատօն Տարուան արուեստագէտ Իտրիս Էլպա Կաղապար:Nom-W/hy
19-րդ կայսրութիւն մրցանակաբաշխութիւն Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասան Թոմ Հիտըլսթըն Կաղապար:Nom-W/hy
Սաթուրն մրցանակաբաշխութիւն Քոմիքսէն ֆիլմ լաւագոյն շարժանկար Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy
Երկրորդ ծրագիրի լաւագոյն դերասան Թոմ Հիտըլսթըն Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն տարազ Ուէնտի Փերթրիճ Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն դիմայարդարում Քերէն Քոհեն / Տէյվիտ Ուայթ / Էլիզապէթ Եիաննի-Ճեօրճօու Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագույն Յատուկ էֆեկտներ Ճէյք Մորիսոն / Փոլ Քորպոուլտ / Մարք Պրէյքսփիր Կաղապար:Nom-W/hy
MTV ֆիլմի մրցանակաբաշխություն Լաւագոյն առանց շապիկ կատարում Քրիս Հեմսուորթ Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն հերոս Քրիս Հեմսուորթ Կաղապար:Nom-W/hy
Լաւագոյն կերպար Լոկի Կաղապար:Nom-W/hy
Ոսկիէ թրեյլըր մրցանակաբաշխութիւն Լաւագոյն մարտական հեռուստահոլովակ Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy
BET Լաւագոյն դերասան Իտրիս Էլպա Կաղապար:Nom-W/hy
Դեռահասներու ընտրութիւն 2014 գիտական, առասպելական եւ երեւակայական ոճի ընտրուած ֆիլմ Թոր՝ Մռայլ աշխարհը Կաղապար:Nom-W/hy
Գիտական, առասպելական եւ երեւակայական ոճի ընտրուած դերասան Քրիս Հեմսուորթ Կաղապար:Nom-W/hy
Գիտական, առասպելական եւ երեւակայական ոճի ընտրուած դերասանուհի Նաթալի Փորթման Կաղապար:Nom-W/hy

Սիկվել

Թոր՝ Ռագնարոկ-ի թողարկումը ծրագրուած է 3 Նոյեմբեր 2017-ին, որուն բեմադրիչն է Տայիկա Վայիտիտին։ Ստեֆանի Ֆոլսոմ պիտի գրէ թատերական ուրուագիծը, իսկ Քեւըն Ֆէյճ՝ արտադրողը։ Հեմսուորթ, Հիտըլսթըն, Ալեքսանդր, Քոփքինսը եւ Էլպա պիտի ըլլան իրենց նախկին՝ Թորի, Լոկիի, Սիֆի, Օտինի եւ Հէյմտալի դերերով, իսկ Մարք Ռուֆալօն Marvel-ի շարժանկարչութեան տիեզերքի խաղացած Հալք․ Պրիուս Պեննըրի դերով։ Քէյթ Պլանշետ, Տեսսա Թոմփսընը, Ճեֆֆ Կոլտլամ եւ Քառլ Ուրպան հիմնական դերասանական կազմին միացած են Հելայի, Վալքայրիի, Կրանտմէյսթըրի եւ Դահիճի դերերով։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  • Կաղապար:IMDb title
  • Կաղապար:AllRovi movie

Tags:

Թոր՝ Մռայլ Աշխարհը ՆիւթԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ԴերակատարներԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ՍտեղծումԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ԵրաժշտութիւնԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ԹողարկումԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ԸնդունումԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ՍիկվելԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը ԾանօթագրութիւններԹոր՝ Մռայլ Աշխարհը Արտաքին յղումներԹոր՝ Մռայլ ԱշխարհըԱնգլերէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գլխաւոր ԷջՀրաչ ՓափազեանՎէպՍասանեան ՊարսկաստանElement BandԱրամ ՄանուկեանՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Միջերկրածովեան Ընտանեկան Տենդ (Հայկական Հիւանդութիւն)Պուրճ ՀամուտԱյս Հրաշալի ԿեանքըԺիրայր ՍէֆիլեանԱնուշաւան Եպս. ԴանիէլեանՇարճաԱլեքսանտր ՍատոյեանԽնուս1970ՊզուկՓէյթրիըթ հրթիռային համակարգԳալկարի1933ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ ԵրգչախումբՂեւոնդ (պատմիչ)Ոսկեպտղի, Ժորի (Խարմա)ԱնուբիսԲծաւոր ՏենդՀամազգայինԳէորգ Գրիգորեան (Ճոտտօ)Տիզնի ՈւըրլտԿտանսքՍտեփան ՓուչինեանՎատիկանԶարգացած Միջնադարու Հայկական ԴպրոցՄոլորակներԱկսել ԲակունցCan’t Remember to Forget YouԵրիկամներու ՔարերըԹարգմանչաց ՏօնԲամբիռ (նուագարան)Կայսերական ԿարաժՊերսեւսՁայնԱյտա Ազնաւուր7 ՕգոստոսՄեքսիքաԱղբիւրագիտութիւնՏոնեցքԿցական բարդութիւնԴերասանՀոգեգալուստԹոքիօՔրի-քրիՏորիան Կրէյի ԴիմանկարըՈւյղուրներԹեքսասԱղթամար կղզիՏանձՖրենք ԼամփարտՅայսմաւուրքԳեղարդի վանքՏուտուկԱթէնքի Հնաբանական Ազգային Թանգարանը3 ՄայիսԵգէական ԾովՎարդանանց ՊատերազմԾխախոտԼուսինԳրիգոր ԶօհրապՔիշնեւ🡆 More