Երուանդ Աղաթոն

Երուանդ Աղաթոն, (18 Փետրուար 1860(1860-02-18), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1935), երկրագործ, հայ մշակութային գործիչ։

Երուանդ Աղաթոն
Երուանդ Աղաթոն
Ծնած է 18 Փետրուար 1860(1860-02-18)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1935[1]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Նուպար-Շահնազարեան վարժարան
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Ազգային ագրոնոմիական ինստիտուտ Փարիզ-Գրինյոն?
Մասնագիտութիւն հրատարակիչ, դերասան, գրագէտ, մշակութային գործիչ, հողագետ
Ծնողներ հայր՝ Գրիգոր Աղաթօն

Կենսագրություն

Մանկութիւն եւ կրթութիւն

Որդի Գրիգոր Աղաթոնի, ծնած է Խասգիւղ (ըստ այլոց Գանտիլլի Վոսփոր) 1860 Փետր. 18-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսէսեան եւ ապա Նուպար-Շահնազարեան վարժարաններուն մէջ:

1868-ին հօրը մահուամբ որբ կը մնայ, իր անառակութեան պատճառաւ Շահնազարեանէն Ռոպերթ գոլէճ կ'անցնի, անկից Պէրպէրեան, 17 տարեկանին Ղալաթա Սէրայի լիսէն կը մտնէ, ուր կ'աւարտէ շրջանը եւ Բարիզ մեկնելով Կրինեօնի երկրագործական վարժարանը կը մտնէ եւ 1883-ին կը յաջողի վկայական առնել: Տարի մը գործնականօրէն ուսումնասիրելէ ետք Հարաւային Ֆրանսայի երկրագործութիւնը՝ Պոլիս կը վերադառնայ, ուր կառավարական պաշտոններ կը ստանայ:

Ե. Աղաթոն եւ երկրագործութիւն

Իզմիրի մէջ պաշտօնավարած ատեն 16.000 ոսկի գողութիւն մը երեւան հանելով, նոյն գումարը կառավարական գանձը կը վերադարձնէ ու կը մեկնի Ատրիանուպոլիս՝ երկրագործական քննիչի պաշտօնով: Հալքալըի երկրագործական բարձրագոյն վարժարանը երբ կը բացուի՝ հողագործական դասախօսութիւնը Երուանդ Աղաթոնի կը յանձնուի:

Անգամ մը Եալովայի գիւղերուն վրայ մարախի տեղատարափ մը խուժած էր. Այս գիւղերը մէծ մասով հայաբնակ Էին. Աղաթոն կը յաջողի յատկացուած 3000 ոսկի պիւտճէին տեղ 170 ոսկիով բնաջնջել մարախները:

1896-ի Պանք Օթոմանի դէպքին մազապուրծ ազատած է ու Փարիզ փախուստ տուած։ Հոն հետեւած է երկրագործական վարժարանի դասախօսութեանց եւ այլ ճիւղերու: Տարի մը ետք, մեկնած է Պուլկարիա, ուր պուլկարերէն սորված է պաշտօնավարելու համար, բայց ձմրան սաստկութենէն, 1898-ին Աղեքսանդրիա փոխադրած է։ Պօղոս Նուպար փաշա իրեն յանձնած է իր ագարակներուն քննչութիւնը։ Երեք տարուան ձեռնահաս պաշտօնավարութենէ ետք, հրաժարած է եւ իր հաշուոյն աշխատած։

1900-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնած է Իւնիօն տը լ'Ակրիքիւլթիւր տ'Էժիբթ սէնտիքան, որուն նախագահ ընտրուած էր։ 1903-ին Գահիրէ անցած է, յետոյ վերոյիշեալ միութեան վարչութիւնն ալ հոն փոխադրուելով Ե. Աղադոն պատուակալ նախագահը եղած է։ Գահիրէի մէջ իշխան Հիւսէյին Քեամիլ եւ իշխան Իպրահիմ փաշաներու ագարակներուն գիտական քննչութեան պաշտօնը ստացած է եւ Խտիվ Ապպաս փաշայէն գնահատուելով՝ պէյութեան աստիճանը առավ: Յետոյ թէ՛ օսմանեան եւ թէ՛ եգիպտական կառավարութիւններէն պատուանշաններ ստացած է, իսկ ֆրանսական կառավարութենէն՝ «երկրագործական արժանիք»ի սպայի պատուանշանը:

Ե. Աղաթոն ազգային հարցերու մասին

Աղաթոն պէյ, նոյնիսկ ծերութեան, հակառակ բազմազրաղ վիճակին՝ միշտ հետաքրքրուած է ազգային հարցերով: Տակաւին ուսանող՝ Սուլթանիէ վարժարանին մէջ, Կիլիկեան-Արարատեան ընկերութեան աջակից եղած է եւ հայ ուսանողութենէն թէ՛ նոյն ընկերութեան եւ թէ՛ Զէյթունի համար հանգանակութիւն ըրած է: Յետոյ իբրեւ կառավարական պաշտօնեայ՝ իր գտնուած տեղերու հայերուն համար օգտակար եղած է, շնորհիւ իր բարձր դիրքին: Երբ Եւրոպա ուսանող կը ղրկուէր Օսմ. Կառավարութեան կողմէ՝ յաջողած է եօթը ուսանողներէ չորսը հայերէ ընտրել տալ:

Յեղափոխական տաք շրջանին 1894-6 հետաքրքրուած է յեղափոխութեամբ, սակայն համամիտ եղած չէ յեղափոխականներու յանդուգն գործերուն որոնց հետեւանքով ազգին ընդհ. շահերուն վնաս հասած է: Անիկա ջատագովը եղած է յեղափոխութեան մը՝ որ ըլլար տնտեսական հողի վրայ:

Բայց իրեն փառքի մեծ կոթողը պիտի մնայ Հ.Բ.Ը. Միութեան հիմնադրութիւնը բարեյիշատակ Պօղոս փաշա եւ ուրիշներու հետ:

Իր կեանքի երազն էր Հ.Բ.Ը. Միութեան բարգաւաճումը, եւ անոր հայրենաշէն գործին լիակատար իրականացումը, որուն համար մտասեւեռում մը դարձած էր Միութեան գաղափարը:

Ամուսնութիւն եւ ընտանիք

Աղաթոն պէյ, 1892-ին ամուսնացած էր Օր. Էլիզա Գուշատալեանի հետ, դուստր մաքսային ժողովոյ անդամ Ասատուր Էֆէնտիի: Այս ամուսնութենէն կ'ունենայ 4 զաւակներ, որոնք յուրջ դաստիարակութեամբ օժտուած են:

Ծերութիւն եւ մահ

Ծերունի Աղաթոն կեանքի վերջալոյսին Նիս (Ֆրանսա) քաշուեցաւ, ուր մահացաւ 1935 Յունիս 12-ին: Յուղարկաւորութիւնը ըստ իր կտակին շատ պարզունակ եղաւ:

Գրական գործունէութիւն

Կը սիրէր ու կը գնահատէր գիտական լուրջ գործերը եւ ընկերային ու երկրագործական նիւթերու շուրջ յօդուածներ գրած է «Միութիւն» պաշտօնաթերթին մէջ: Բացի երկրագործական գիրքերէ, հաստատած էր հայոց պատմութեան մրցանակ մը: Ձրիաբար բաժնած է իր ծախսով ըրած հետեւեալ բոլոր հրատարակութիւնները:

  • Հայաստանի վերաշինութիւնը, 1924:
  • Նուիրատուութիւն եւ կսակ, 1925 (Պողոս փաշայի յառաջաբանով):
  • Հայաստանի մէջ հայ հողագործներու տիպար գիւղի մի ծրագիրը, 1925:
  • Ի՜նչպէս կը հասկնամ Նուպարաշէնը, 1929:
  • Բարեգործականի ծնունդն ու պատմութիւնը, 1930:
  • Կեանքիս յիշատակները, 1931:
  • Օգտակար գիտելիքներ եւ գործնական խրատներ հայ երկրագործներուն (երեւանեան ուղղագրութեանբ), 5000 օրինակ Հայաստանի գիւղացիներուն ձրի բաժնուած, նոյնը Վիեննայի Մխիթարեանց տպագրութեամբ, 1922:
  • Ցորենի մշակութեան գիրքը, 1933:
  • Նուպարաշէն եւ Բարեգործական:
  • Թուրքիոյ գաղտնի աղանդները:
  • Աղաթոնի 75 ամեայ յոբելեանին առթիւ ղրկուած հեռագիրներու եւ նամակներու հաւաքածոն:

Ծանօթագրութիւններ

-1'>1,0 1,1 1,2 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  • Yervant Aghaton (անգլերէն)
  • Yervant Aghaton Armenian writer(անգլերէն)
  • Աղբիւրներ

    Tags:

    Երուանդ Աղաթոն ԿենսագրությունԵրուանդ Աղաթոն Գրական գործունէութիւնԵրուանդ Աղաթոն ԾանօթագրութիւններԵրուանդ Աղաթոն ԱղբիւրներԵրուանդ Աղաթոն18 Փետրուար1860 թուական1935 թուականԵրկրագործութիւնԻսթանպուլՕսմանեան Կայսրութիւն

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Եւրատեսիլ Երգի ՄրցոյթՀայկական ԹատրոնԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիԱխթալայի Վանք12 ՄայիսԱրեւմտեան ՀայաստանՄեծ ՀայքՌոնտա ՌոզիԵէնիճէԳէորգ ՅակոբճեանՀայկական ՏոմարԵպիսկոպոս1996 թուական1999 թուականՎարդան ԱրեւելցիՎեհանոյշ ԹեքեանApple WatchՀանրապետութեան հրապարակ (Երեւան)Պելոպոնեսեան ՊատերազմԽանասորի ԱրշաւանքԵւրոպական ԽորհուրդՄխիթար ՀերացիՍ. Թադէոս ԱռաքեալՊուէնոս ԱյրէսՊոթսուանաՆահապետ ՔուչակԳառզուՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԼեւոն ԱրոնեանՍթոքհոլմՀայոց ՑեղասպանութիւնԵղիշէՀռոմի ՊապՅովհաննէս ՔաջազնունիՃափոնՄոզիլլա ՖայրֆոքսԻսրայէլ ՕրիՍեխԳործիական հոլովՃեք ԳէորգեանՊելառուսիաՍիփանԳրիգոր ԶօհրապԽոյրԱւստրալիաԳերմաներէնՕսմանեան ԿայսրութիւնԱրծաթԼուիս ՍուարէզՆիքոլայ Յովհաննիսեան (պատմաբան)1961 թուականԳրիգորիս ԱղուանեանՈսկիՎահան ԶանոյեանՄեծ Իշխանասար (Իշխանասար լեռ)Մարաթոնի ճակատամարտ1 ՅունիսԱրուեստԴեղնախտԳետառ (գետ)Հայկական ԼեռնաշխարհԵրուանդակերտՏարածութիւնՀատած տասներկուսանիստԿուկըլ Քրոմ1613 թուականՃիմի ՈւէյլզՎենետիկՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնԴիցաբանութիւնԹորոս ԱզատեանՍաղմոսավանքԱրուսեակ (մոլորակ)ԹոքախտՀայկական Դիցաբանութիւն3 ՄարտԷլէն ՍեկարաՂեւոնդ ՓիրղալէմեանԿորնթոսի Ջրանցքը🡆 More