Արամ Ինճիկեան

Արամ Ինճիկեան, (29 Դեկտեմբեր 1910(1910-12-29), Ախալցխա - 22 Մարտ 1975(1975-03-22), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), ուսուցիչ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, գրագէտ-քննադատ:

Արամ Ինճիկեան
Արամ Ինճիկեան
Ծնած է 29 Դեկտեմբեր 1910(1910-12-29)[1][2]
Ծննդավայր Ախալցխա[1][2]
Մահացած է 22 Մարտ 1975(1975-03-22)[1][2] (64 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն Արամ Ինճիկեան Ռուսական Կայսրութիւն
Արամ Ինճիկեան Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, դասախօս
Աշխատավայր ԱրմՖԱՆ?[1]
Կարմիր Բանակ
Հ.Հ. ԳԱԱ Գրականութեան համալսարան
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Կենսագրութիւն

Միջնակարգի ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Խնձորեսկի եւ Դսեղի դպրոցներուն մէջ: Ապա՝ նոյն պաշտօնով կ'անցնի Ախալցխա, ուր հեռակայ կարգով միաժամանակ կը շարունակէ իր ուսումը: Երեւանի Մանկավարժական Հիմնարկի լեզուի եւ գրականութեան բաժանմուքնի ընթացքը աւարտելէ ետք, 1934-ին կը մտնէ Երեւանի Պետական Համալսարանի ասպիրանդական բաժինը, իսկ 1937-ին որպէս գիտաշխատող, կ'անցնի Երեւանի Պատմութեան եւ Գրականութեան Հիմնարկը:

1938-1946 թուականներուն, որպէս սովետահայ բանակային, կը մասնակցի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի մարտերուն: 1946-ին զօրանալէն ետք, մինչեւ իր մահը կը պաշտօնավարէ ՀՍՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկին մէջ։ Գրագէտ-քննադատ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Բանասիրական Գիտութիւններու տոքթոր:

Արամ Ինճիկեան կը հանդիսանայ նոր եւ ժամանակակից հայ գրականութեան ամէնէն հմուտ եւ ձեռնհաս գրականագէտներէն մէկը: Իր անուան կապուած կը մնայ դասական շարք մը գրողներու՝ Մ. Նալպանտեանի, Ռ. Պատկանեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Յ. Պարոնեանի, Յ. Յովհաննիսեանի երկերուն ակադեմական հրատարակութեանը: Ա. Ինճիկեան հեղինակն է բազմաթիւ հետազօտութիւններու եւ մենագրութիւններու: Անոր գրչին կը պատկանին հայ նոր գրականութեան դասական ներկայացուցիչներու՝ Ղ. Ալիշանի, Ռ. Պատկանեանի, Մ. Պէշիկթաշլեանի, Ս. Շահազիզի, Ալ. Ծատուրեանի եւ Սիամանթոյի նուիրուած շարք մը հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ «Լերմոնտովը եւ Հայ Վաթսունականները», «Պելինսկին Հայ Գրականութեան մէջ», «Չերնիշիւեսկու եւ Նալպանտեանի Գաղափարական Կապերի Հարցին Շուրջը» ուսումնասիրութիւնները:

Ա. Ինճիկեանի աշխատասիրութիւններէն առանձին հատորով լոյս տեսած են Ա. Իսահակեանի (Երեւան,1940), Միքայէլ Նալպանտեանի «Կեանքի եւ Գործունէութեան Տարեգրութիւնը» (Երեւան,1954), «Աւետիք Իսահակեան» (Երեւան, 1955), «Մտերիմներ եւ Մտորումներ» (Երեւան, 1967), «Յովհաննէս Թումանեան» (Երեւան, 1969), «Աւ. Իսահակեան» (Երեւան, 1977):

Ա. Ինճիկեան կը մահանայ 1975-ի Մարտին:

Աղբիւրներ


Tags:

1910 թուական1975 թուականd:Q132856d:Q15180ԱխալցխաԵրեւան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց ԿաթողիկոսԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԹիֆլիսԿեմերէկՍուտանԱւագ ՇաբաթԼին ՏուրեանՏառադարձութիւն (Լեզուաբանութիւն)1939 թուականՆոր ՏարիԽաչակիրներու Գ․ Արշաւանք3 ԱպրիլԹել ԱւիւԿատովիցե7 Մարտ1978 թուական1938 թուականՍիոն (ամսագիր)ԵպիսկոպոսԿլիմայական ՓոփոխութիւններՌանչպարների ԿանչըԱզրպէյճանԳրիգոր ԶօհրապԱրաբական Արշաւանքները Դէպի ՊարսկաստանԸնձուղտՍօնիՍահակ Պարթեւ9 ՄայիսՖրանսուա Հոլլանտ1655 թուական14 ՄայիսԹոքիօԽոդեդանՊրունէթՁայնալարեր1935 թուականՊուսթան (Սաատի)ՄակդիրԼեւոն ՇանթNike1991 թուականՀայաստանի Ազզային ԳրադարանՍ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի (Հալէպ)ՍինկափուրՄումպայ15 ՅունուարԼեզուաբանութիւնՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Գենուա1947 թուականՏիգրան ՉուհաճեանՀանրագիտարան1981 թուականՍիրին ԱպտլնուրՄարաշՈսկիՓէյթրիըթ հրթիռային համակարգԼոս ԱնճելըսՅակոբ ՅակոբեանՀելսինքի1901 թուականՎրացական ԽոհանոցԱյնթուրայի Հայ Որբանոցը1986 թուականՎատիկանՍքոթլանտաՀալէպՄեծ Պահքի ԿիրակիներՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր (Մոնթեպելլօ)ՍեխՊղինձՖրետերիք Նիցչէ🡆 More