Աղեքսանդր Ծատուրեան

Աղեքսանդր Յովսեփ Ծատուրեան (28 Ապրիլ, 1865, Զաքաթալա, Ռուսիոյ կայսրութիւն – 31 Մարտ, 1917, Թիփղիս), հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ։

Աղեքսանդր Ծատուրեան
Աղեքսանդր Ծատուրեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Ալեքսանդր Հովսեփի Աստվածատրյան
Ծնած է 28 Ապրիլ, 1865
Ծննդավայր Զաքաթալա, Ռուսիոյ կայսրութիւն
Մահացած է 31 Մարտ, 1917
Մահուան վայր Թիֆլիս, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն Թիփղիս
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Տեսակ բանաստեղծություն? եւ քնարապատմողական?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թարգմանիչ, լեզուաբան

Կենսագրութւն

Ծնած է Զաքաթալա, երեք տարեկանին կորսնցուցած է հայրը, որ ձկնորս էր ու մօր հետ կը մնայ յետին չքաւորութեան մէջ։

Ալեքսանդր Ծատուրյանը սորված է ծննդավայրի դպրոցը, աշակերտած է Արշակ Ագապեանը: Ուսումը շարունակելու համար 1881 թուականի աշնանը անցած է Թիփղիս՝ Ներսիսեան դպրոց ընդունուելու երազանքով, որը չէ իրականացուած։ Բանուորութիւն ըրած է խճուղիի շինարարութեան, աշխատած է որպէս գործակատար։ Ի վերջոյ, 1883 թուականին, զինք կ'ընդունին Միքայէլեան արհեստից վարժարանը, ուր սակայն չի կրնար երկար մնալ։ 1887-ին, Նիժնի Նովկորըտի մէջ կը ստանձնէ հայ վաճառականի մը զաւկին ուսուցչութիւնը, եւ, նոյն ընտանիքին հետ, կը կը փոխադրուի Մոսկուա: Կապ կը հաստատէ ուսանողութեան հետ, որոնց կարգին՝ Սմբատ Շահազիզի:

Ստեղծագործական Կեանք

1891-ին կը հրատարակուի իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը։ 1898-ին երկրորդը։ 1901-ին լոյս կ'ընծայէ երգիծական կարգ մը էջեր՝ «Գրչի հնարքներ» անունով։

Կեանքին իսկ բերումովյ Զատուրեանի քերթողութիւնը խառնուրդ մըն է անարդարութեան դէմ ընդվզումի, վշտի եւ տառապանքի։ Զինք կը գտնենք մօտիկ՝ համեստ, աշխատաւոր, անիրաւեալ դասակարգին . պանդախտներուն։ հայրենասիրութիւնը բռնկուն կրակ մըն էիր հոգիին մէջ, ու հաւատայ թէ «արեան գնով» ու մարտիրոսներու եւ նահատակներու ճամբով միայն կարելի է ազատութիւն ձեռք ձգել։ Մեր ազատագրական պայքարի առաջին երգիչներէն մէկն է։ Սասնոյ 1893-1894-ի ապստամբութեան նուիրած է «Որդեկորոյս մայրերին» խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը՝ որ հրաւէր մըն է չողբալու եւ չսգալու կորուստը անո՜նց, որոնք ազատութեան համար կ'իյնան։

Նաեւ սիրային իր երգերուն մէջ, Ծատուրեան կը յատկանշուի չգոհացուած, անտեսուած, որբացած մարդու հոգեբանութեամբ։ Տառապանքը ամէնէն ցայտուն գիծն է իր քերթողութեան, ու թէեւ մեծ սլացքներ կամ ներշնչումի զօրեղ թափ չունի, սակայն խորունկ եւ ապրուած զգացումներու մէկտեղում մըն է արտայայտութեան միջին կարելիութիւններով :

Ծանօթագրութիւններ

-1'> Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  • Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
  • Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Ա.՛{411 (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։
  • Tags:

    1865 թուական1917 թուական31 Մարտ

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    1 Ապրիլ1976 թուականԱզատուհի Սիմոնեան ԳալայճեանՊոսթընՔարլես ՓուճտեմոնԴողտենդՀամաշխարհային ժառանգութիւնԹաւրիզՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիՖրիտիոֆ ՆանսենՀայաստանի ԴրօշակներըՀռոմի ՊապՓղուորՀայաստանի Զինուած ՈւժերՈւիքիփետիաՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Արամ Ա.7 ՍեպտեմբերԹրքերէնՀայկական գորգՄակդիրՕձերՍաղմոսավանքԱրծաթՂեւոնդ ՓիրղալէմեանԱզրպէյճանՏուէյն ՃոնսոնՄեծն ՏիգրանԵէնիճէՍողոմոն ԹեհլիրեանՍթոքհոլմեան ՀամախտանիշՄումպայՄարկատէԿրասնոտար1965 թուականՎաղարշապատՍուրիաԱֆղանիստանՀայ Գիրերու Գիւտ1964 թուականewvxaԷլէն ՍեկարաՀայկական Թուային ՀամակարգԿանաչեղէններով հաց (Ժինգիալով հաց)Ճեք ԳէորգեանՀայոց ՑեղասպանութիւնԱրտաքին Գործերու Նախարարութիւն (Շուէտ)Կորնթոսի ՋրանցքըԼուսինՆահապետ Ռուսինեան4 ՅուլիսԷյմի ՈւայնհաուսՀին ՅունարէնԱմալ ՔլունիԵրեւումն Ս. Խաչի25 ՓետրուարԱշոտ ՂուլեանԽանասորի ԱրշաւանքԹիֆլիսՎահագն ԴաւթեանՎենետիկԽորհրդապաշտութիւն13 ՅունիսՄայրերու ՕրՀայկական ԹատրոնԼոլա ՍասունիԵպիսկոպոսՃափոնԳրիգոր ԵղիաեանՀայկական ԼեռնաշխարհԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԵլակ1983 թուական11 ՅունուարՔրտերէն🡆 More