Ֆանժինկշան

Ֆանժինկշան կամ Ֆանժինկ գագաթը Չինաստանի Կիժու նահանգին Թոնկրեն քաղաքին մէջ, Ուուլինկ լեռներուն ամէնէն բարձր գագաթն է:

Ֆանժինկշան

Ֆանժինկշան չինարէն կը նշանակէ «պուտտայական հանգստութիւն»:

Անիկա կազմուած է մօտաւորապէս 65 միլիոն եւ 2 միլիոն տարի առաջ:

Բնութիւն

Ֆանժինկշան

Ֆանժինկշան լեռներուն միջավայրը ունի բնապահպանման վերաբերեալ մեծ կարեւորութիւն: Անիկա օժտուած է հարուստ բնական միջավայրով մը: Հոն կարելի է գտնել 3724 բոյսի տարբեր տեսակներ, ինչպէս նաեւ` աւելի 2317 անողնաւոր, եւ 450 ողնաւոր անասուններու տարբեր տեսակներ: Օրինակի համար, միայն հոն կարելի է հանդիպիլ Ֆանժինկշանի եղեւնիին եւ Կիժուի տնկուած քիթով կապիկին:

Ֆանժինկշան տաճարը

Ֆանժինկշան

Ֆանժինկշան տաճարը կը գտնուի Ֆանժինկ լերան գագաթին: Այս «տաճարը» կազմուած է երկու տարբեր տաճարներէ` Պուտտայի տաճարը եւ Մայթրէյա տաճարը: Անոնք զետեղուած են սրածայր ժայռի մը Կարմիր ամպերու ոսկեգոյն գագաթին վրայ, իր 100 մեթր բարձրութեամբ` արդէն բարձր լերան մը վրայ հանգչած:

Ֆանժինկշան

Ծովու մակերեսէն 2336 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող այս զոյգ տաճարներուն կարելի է հասնիլ մագլցելով հազարաւոր նեղ աստիճաններ` լերան երկայնքին:

Ֆանժինկշան չինարէն կը նշանակէ «պուտտայական հանգստութիւն»: Պուտտային նուիրուած Պուտտայի տաճարը կը ներկայացնէ ներկան, իսկ Մայթրէյա տաճարը կը ներկայացնէ ապագան: Իսկ տաճարներուն հասցնող ճամբուն վերջին բաժինը կը ներկայացնէ այս խորհրդանշական գաղափարը, երբ այցելուները նախ կը հասնին Պուտտայի տաճարը, ապա անկէ կրնան անցնիլ Մայթրէյա տաճար:

Ֆանժինկշան
Ֆանժինկշան

Կարմիր ամպերու ոսկեգոյն գագաթին հասնելու համար այցելուները պէտք է ֆիզիքական մեծ ճիգեր գործադրեն, որովհետեւ անոնք պէտք է մագլցին մօտաւորապէս 9000 աստիճան` հասնելու համար Պուտտայի տաճար, իսկ միւս տաճարը հասնելու համար պէտք է պարզապէս կտրել Ոսկեգոյն Սութին Կիրճի քարէ կամուրջը, որ իրարու կը միացնէ երկու գագաթները:

Ֆանժինկշան

Յստակ չէ, թէ այս տաճարները ճիշդ ե՛րբ շինուած են: Ըստ տարբեր աղբիւրներու, անոնք կրնան շինուած ըլլալ Թանկ թագաւորութեան օրերուն (Է.-Ժ. դարեր), կամ աւելի ուշ` Մինկ թագաւորութեան Եոնկըլի իշխանութեան օրերուն, 1403-1425 թուականներուն միջեւ:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Ֆանժինկշան ԲնութիւնՖանժինկշան տաճարըՖանժինկշան ԾանօթագրութիւններՖանժինկշան Արտաքին յղումներՖանժինկշանՉինաստան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

1568 թուականԱպտու ՏիուֆԵնովք ՇահէնՈրկորԱֆղանիստանՄաթ ՄքկորիԽնածախ (Ասկերանի շրջան)Բժշկական գործիքներՔինկսլի Քոմէն12 ՅունուարՋրպետ Յակոբ ՇահանՄանուկ ԱբեղեանՔրի-քրիՍարդՓօլ ՈւոքըրԱլան ՌիքմանՓիւնիկէՇարճաՀայերէնՈւյղուրներՀայկական ՏաւրոսԻրաւունքԱլիմիաՖրանսաԱնուբիսPassenger (երաժիշտ)ՎիեննաՊանտ օֆ պրատըրս (Band of brothers)ՊանճուլՕֆիտուսաՎահէ ՎահեանԱռնոլտ ՇուարցնէյկըրԳարեգին Բ. Կիլիկիոյ, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց ԿաթողիկոսԱֆիոնքարահիսարի հայերըՎիգէն ԶաքարեանՀրատ մոլորակ (Մարս)Ռուբէն (անձնանուն)ՔիքլատեսԿանաչ (գոյն)ՊաքուՅովհաննԷս ՄասեհեանՆուպար ԹէրզեանՄոնթէ ՔարլօԳաբրիէլ ՀրեշտակապետՔազապլանքա (ժապաւէն)Միրէյ ՄաթիէօՄարաթոն ԷանդիտաՀայաստանՇնչափողածակումԻմացութեան ԳործակիցԾխախոտGitHubԱթէնքԼեզուաբանութիւնՅունարէնՀռոմէական ԿայսրութիւնՄայքըլ ԱրամԿրիմ ԵղբայներըԿալուէյԵրուանդ ՔոչարՔրիսթինա ԱկիլերաԱւետիս ՊաղսարեանԼուսինՍթելլա ՎանտէրՀայկ ՆահապետՎաչէ ԲրուտեանՈտնագնդակ (Ֆութպոլ)Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ԺողովՄելանի Մարթինէզ🡆 More