Վարդան Վարդանով

Վարդան Վարդանով (Վարդանեան, 12 Յունուար 1853(1853-01-12), Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1919, Սեն Փեթերսպուրկ, Խորհրդային Ռուսաստան), հայ բնախօս։ Իվան Պաւլովի առաջին հայ աշխատակիցը, Փեթերսպուրկի բժշկական բարձրագոյն դպրոցներու առաջին հայ փրոֆէսորը։

Վարդան Վարդանով
Ծնած է 12 Յունուար 1853(1853-01-12)
Ծննդավայր Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1919
Մահուան վայր Սեն Փեթերսպուրկ, Խորհրդային Ռուսաստան
Մասնագիտութիւն գիտնական

Կեանք եւ գործոինէութիւն

Ծնած է Թիֆլիս։ 1871-ին Ռուսական գիմնազիոնէն շրջանաւարտ ըլլալով, Ս. Փեթերպուրկի բժշկական-վիրաբուժական ակադեմիան մտած է։

1876-ին աւարտելէ ետք, մասնակցած է ռուս-թրքական պատերազմին (1877-1878), կռուելով պալքանեան ճակատին վրայ։

1892-ին, պաշտպանած է իր դոկտորականի աւարտաճառը՝ «Կալվանական երեւոյթներ գորտի մաշկին մէջ»։ Անոր գիտական աշխատութիւնները նուիրուած են որոշ ջիղերու փոխյարաբերութեան եւ մարմինի կազերու փոխանակութեան ու ջերմային կարգաւորման։

Վարդանով եղած է Ս. Փեթերպուրկի բժշկական դպրոցներու մէջ դասաւանդող առաջին հայ դասախօսը։ 1898-1919ին, բնախօսութիւն դասաւանդած է կնոջական բժշկական համալսարանին մէջ, ուր հիմնած է բնախօսութեան ամպիոնն ու տարրալուծարանը, դառնալով լիիրաւ դասախօս 1904ին։ Կեանքի վերջին տարիներուն, գիտական գծով փոխտեսուչն էր։

1890-ին, սկսած է աշխատիլ ռազմաբժշկական ակադեմիային մէջ, ուր դարձած է Փաւլովի օգնականը 1895ժին։

Բնախօսութիւն դասաւանդած է նաեւ ջղահոգեբուժութեան համալսարանին, մանկավարժական ակադեմիային եւ ուրիշ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։

1908-ին, Վարդանով ընտրուած է Ռուս Բժիշկներու Ընկերութեան իսկական անդամ, իսկ երեք տարի ետք՝ Փորձառական Մանկավարժութեան Ընկերութեան պատուաւոր անդամ։

Մարտ 1916 միացած է Փաւլովի եւ իր պաշտօնակիցներուն՝ Նիկոլայ Վետենսկիի եւ Նիկոլայ Լիխաչեւի, հիմնելով Ի. Մ. Սեչենովի անուան Ռուս Բնախօսներու Ընկերութիւնը։

1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, ամբողջ Ռուսաստանը խոր ընկերային ու տնտեսական ճգնաժամի մատնուեցաւ՝ իշխանութեան քայքայման հետեւանքով։ Ոճիրներու ալիք մը ընդգրկած է Փեթերսպուրկը, եւ Վարդանով անոր զոհերէն մէկը եղած է։

20 Յունուար 1919-ին, փողոցային գողութեան մը ընթացքին սպաննուած է՝ 66 տարեկան հասակին։

Աշխատութիւններ

Հրատարակած է՝

  • «Բնախօսութեան դասընթացք» (1906),
  • «Նոթեր բնախօսութեան մասին» (1915) ձեռնարկները։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Վարդան Վարդանով 

Tags:

12 Յունուար1853 թուական1919 թուականd:Q2305208d:Q2424466ԹիֆլիսՌուսական ԿայսրութիւնՍեն Փեթերսպուրկ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ասորական Ուղղափառ ԵկեղեցիԱթէնքԿայուն ԶարգացումՍիամական Երկուորեակներ1655 թուականՆշենիՀայաստանի Առաջին ՀանրապետութիւնՍէուտական ԱրաբիաՄիշիկըն1947 թուականՎաղարշապատԱրամ ԱնանեանՍեբաստիաՆեղոս գետՅակոբ ՄնձուրիԶատիկ ԽանզատեանԵրկրաբնագիտութիւնԵմէնՕմանԱնգլիա1834 թուական24 Յուլիս1950 թուականԳրիգորիեան ՕրացոյցԼացի ՊատՀայ ԳուսաններԿիրակոս ԳանձակեցիԱֆղանիստանՔաթարԱրկաթիակերտՋրածինՊարՏառադարձութիւն (Լեզուաբանութիւն)Վրաստանի ԶինանշանԳոլեստան (Սաատի)Մարին ԼութերԳարեջուրԱրեգ ՏիրազեանՎրաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութիւն12 ՄարտԱրուեստԳինիՎահան ՄալէզեանՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԱնիԳրիգոր ՆարեկացիՍիֆնոսՄուշ1714 թուականԵրկվայրկեանՄանիշակագոյնՀայաստան1702 թուականԲաբելոնԼուսանկարչութիւնՍողոմոնեան ԿղզիներԻտալական խոհանոցՀայկական ԴրամՖլորանսՎազգէն Սարգսեան Փողոց (Երեւան)ՊղինձՅունական ԴիցաբանութիւնՎազգէն Ա.ԱսորիքՓիրէային տղաքը (երգ)Արաբական թերակղզիԵւրոպաԿուկըլ Քրոմ1951 թուական🡆 More