Nike Նայքի

Նայքի (Nike), Մարզական հագուստներ, տարբեր տեսակի կօշիկներ եւ այլ սարքեր արտադրող ամերիկեան ընկերութիւն :

Nike Նայքի
«Նայքի» ընկերութեան նշանակը
Nike Նայքի
«Նայքի» մարզական կօշիկ

Նկարագրութիւն

Ընկերութեան վաճառանիշը կը գնահատուի 10.7 միլիառ տոլար եւ կը համարուի աշխարհի ամէնէն սուղ մարզական վաճառանիշը:20 Սեպտեմբեր 2013-ին, կը ներառուի Տաու ճոնսի ցուցակին մէջ:

2007-ին ընկերութեան եկամուտը կը գերազանցէ 16 միլիառ տոլարը, իսկ 2012-ի տուեալներով, «Նայքի»ն ամբողջ աշխարհի տարածքին կ'ունենայ աւելի քան 44 հազար աշխատող։

Պատմութիւնը

Ընկերութիւնը հիմնադրուած է Մարքօ Փարքըրի եւ Ֆիլ Նայթի կողմէ՝ 25 Յունուար 1964-ին «Blue Ribbon Sports» անուան տակ եւ պաշտօնապէս վերանուանուած է «Nike» 30 Մայիս 1978-ին։

Գրասենեակը կը գտնուի Օրեկոն նահանգի Պիվերթըն քաղաքին մէջ։

1971-ին Պաուըրմեն կ'օգտագործէ իր կնոջ`Ուէյֆըլին արդուկը՝ ռետինի վրա փորձարկելու համար: Ան կը ստեղծէ նոր ներբան մը, վազքի կօշիկներու համար, որ թեթեւ է եւ կ'օգնէ, որ մարզիկը արագ վազէ: Օրեկոնի Հայուըրտ Ֆիլտին (Hayward Field) փոխարէն Պաուըրմենի ներբանը կրնար բռնել խոտին կամ փոշիին վրայ:

1980-ականներուն, «Նայքի»ն կ'ընդլայնէ իր արտադրանքին գիծը՝ ներառելով բազմաթիւ մարզաձեւեր եւ տարածաշրջաններ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

1985 թուականը ընկերութեան համար կը դառնայ ճգնաժամային, ընկերութիւնը կը կրճատէ աշխատողներուն ու արտադրանքի քանակը՝ ամբողջ ջանքն ու նիւթական հնարաւորութիւնները օգտագործելով գովազդներու համար:

Գնորդներուն ուշադրութիւնն ու մրցակիցներուն դէմ պայքարելու համար «Նայքի»ն կը ստեղծէ «AirMax» մարզական կօշիկները, որոնք մեծ յաջողութիւն կը բերեն ընկերութեան:

Nike Նայքի 

«Nike Vaporfly»ը առաջին անգամ կը յայտնուի 2017-ին, եւ հանրաճանաչ կը դառնայ իր կատարողականութեամբ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այս կօշիկները կրնան բարելաւել մարաթոնի մրցավազքի ժամանակը մինչեւ 4,2%:

Այսօր «Նայքի»ն կ'արտադրէ հագուստ ու կօշիկներ, բաճկոններ, գլխարկներ եւ այլ օգտակար իրեր՝ դառնալով մարզական ապրանքներ արտադրող լաւագոյն ընկերութիւններէն մէկը:

Նշանակը

Քարոլին Տէյվիտսըն «Նայքի»ի նշանակը յղացած է 1971-ին, երբ ան տիզայնի դասերուն կը հետեւէր Փորթլանտի համալսարանին մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Այդ օրերուն մարզական ապրանքներ շինող նշանաւոր այս ընկերութիւնը անոր վճարած է 35 տոլար:

Սակայն 1983-ին ընկերութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Տէյվիտսընին նուիրած է խորհրդանիշի ձեւով ադամանդէ եւ ոսկիէ մատանի մը եւ պահարան մը, որուն պարունակած գումարը չէ հրապարակած ընկերութիւնը:

Հովանաւորութիւն

«Նայքի»ն կը հովանաւորէ բազմաթիւ մարզաձեւերու լաւագոյն մարզիկներուն զգեստաւորումը:

  • 2015-ին, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը եւ ամերիկեան «Նայքի» հռչակաւոր ընկերութիւնը իրարու հետ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը կը ստորագրեն Մոսկուայի մէջ:
  • 2016-ին, քաթալոնական Պարսելոնա, նոր համաձայնագիր մը կը կնքէ «Նայքի» ընկերութեան հետ, ըստ որուն՝ «Նայքի» ընկերութիւնը Պարսելոնային կը վճարէ տարեկան 100 միլիոն եւրօ, ինչ որ մրցանիշ մըն է ակումբներու հետ հովանաւոր ընկերութիւններու կնքած պայմանագիրներուն առումով: Երկու կողմերուն միջեւ այս համաձայնագիրը առաջին անգամ սկսած է 1998-ին:
  • 2016-ին, «Նայքի»ն Ռէալ Մատրիտի փորթուկալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին հետ անժամկէտ համաձայնագիր մը կնքէ, ըստ որուն Ռէալ Մատրիտին հետ ան կը ստանայ իր ստացած աշխատավարձին չափ, այսինքն` 24 միլիոն եւրօ: Կը նշուի, որ վերջին անգամ «Նայքի» այսպիսի հսկայական պայմանագրութիւն մը կնքած էր 1984-ին` Մայքըլ Ճորտընի հետ: Ռոնալտօ երրորդ մարզիկն է, որուն հետ Նայքի անժամկէտ պայմանագրութիւն մը կը ստորագրէ` Լեպրոն Ճէյմսէն եւ Մայքըլ Ճորտընէն ետք:
  • «Նայքի» ընկերութիւնը 26 Մարտ 2020-ին հրապարակ կ'իջեցնէ հանգուցեալ կողովագնդակ խաղացող Քոպի Պրայընթի պատիւին պատրաստած «Քոպի-5 Փրոնթօ» մարզակօշիկը: Մարզակօշիկը պատրաստուած է Պրայընթի ակումբին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի տարբերանշանին գոյներով: Պրայընթ «Քոպի 5-Փրոնթօ» մարզակօշիկներով խաղացած է 2010-ին: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած է 2016-ին:

Պատկերասրահ

Արտաքին Յղումներ

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Nike Նայքի ՆկարագրութիւնNike Նայքի ՊատմութիւնըNike Նայքի ՊատկերասրահNike Նայքի Արտաքին ՅղումներNike Նայքի ԾանօթագրութիւններNike Նայքի

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Տաթեւի ՎանքՍանահինի ՎանքԳրիգոր ՆարեկացիԱրշակ ՖեթվաճեանՅովսէփ ԱզնաւուրՆահապետ ՌուսինեանԿոնստանդին ՕրբէլեանՀայկական ՏոմարԲիւզանդական ԿայսրութիւնՏրէյք (ռափր)Խանումա11 ԱպրիլՀռիփսիմեանց ԿոյսերԶուիցերիաԲերատԿոմիտաս ՎարդապետՓղոսկրՎարդան ՄատթէոսեանՎահան (անձնանուն)Տանիէլ ՍթիլWindows 10Սմբատ (անձնանուն)Ճոն ՔենետիԱշոտ Ա. ԲագրատունիԲրինձՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)ԵրիկամԴերասանԱշոտ ԳրաշիԽնուսՈղիմպիական Խաղեր1568 թուական1945 թուականԼատինական կայսրութիւնԵւկենիա ՄետվետեւաՀռոմՎարդան ՄամիկոնեանԾխախոտՍեւրի ԴաշնագիրՄեհմեթ Թալէաթ փաշաՀայ բուսաշխարհ (բառարան)ՊարսելոնաԱնդրանիկ ՕզանեանՄարիա ՃէյքըպսընՊիլ ՎիտըրսՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)ՔաղցկեղՊետրոս Տէր ՊօղոսեանԷնիկմա ՄեքենանՀրաչ ՓափազեանԱրաբական թերակղզիԱմսթերտամԿապոյտ (գոյն)Մանուէլ ՄենենկիչեանԵգիպտոսԵուրի ՆաւոյեանԽաչապուրիՔոպայրի ՎանքՀնդկաստան1925 թուական«Խոստումը» (ֆիլմ)Գառնիի ԱմրոցՎահրամ ԱլազանԵղունգՄարտ🡆 More