Յօդեր

Յօդ, երկու կամ աւելի ոսկորներու շփման վայր, կը կազմուի ոսկորներու ծայրամասներուն հանդիպումով եւ միացոմով:

Յօդեր

Կազմաւորուած աղմը մօտաւորապէս կ'ունենայ 300 ոսկորներ: Մէկ մասը իրար կը միանան ծնունդէ առաջ, իսկ մնացեալը՝ ծնունդէն ետք:

Չափահաս մարդու մը մարմինը կ'ունենայ մօտաւորապէս 206 ոսկոր եւ 230 յօդ: Այս յօդերը մարմինի զանազան մասերուն մէջ կը գտնուին, եւ բաժնուած են հետեւեալ ձեւով՝

  • Գլխուն մէջ՝ 86 յօդ,
  • Վիզին եւ կոկորդին մէջ՝ 6 յօդ,
  • Կրծքավանդակին մէջ՝ 66 յօդ,
  • Ողնահարին եւ կոնքին մէջ՝ 76 յօդ,
  • Ձեռքերուն, բազուկներուն եւ ձեռքերու մատներուն մէջ՝ 64 յօդ,
  • Սրունքներուն, ոտքերուն եւ ոքերու մատներուն մէջ՝ 62 յօդ։

Այս յօդերուն օգնութեամբ մենք կը քալենք, կը շարժինք, կը նստինք, կը կայնինք, կը վազենք, կը գրենք, կը բռնենք, կը նետենք եւ կը ցատկրտենք:

Յօդերը կը դասակարգուին իրենց կառուցուածքային (structural) եւ կատարողական (functional) յատկութիւններուն համաձայն:

Կառուցուածքային Դասակարգում

Կառուցուածքային դասակարգումով կան երեք տեսակ յօդեր՝

Յօդեր 
  1. Թելային (fibrous) յօդեր, ուր ոսկորներու ծայրերը իրարու կը միանան խտացած թելերու հիւսուածքներով, որ կը պարունակէ սոսնձատու (collagen) նիւթ: Ակռաները ծնօտներուն մէջ թելային յօդերով կը հանգչին:
  2. Աճառային (cartilagenous) յօդեր, ուր ոսկորներու ծայրամասերը ծածկուած են ապակենման սպիտակ նիւթ (hyaline) պարունակող հիւսուածքով եւ իրարու թելաճառային հիւսուածքով կը կապուին: Ոսկորները (vertebral bodies) եւ ցայլոսկրները (pubic bones) հարուստ են այս տեսակ յօդերով: Սաղմային կեանքի ընթացքին, քիթի խոռոչներու ոսկորները իրար միացած կ'ըլլան աճառային յօդերվ, որոնք ծնունդէն ետք կ'անյայտանան՝ ոսկրամիաձուլունով (bony fusion): Վերոյիշեալ երկու տեսակ յօդերու պարագաներուն, երբ թելային եւ աճառային հիւսուածքները կարծրանան եւ ոսկրացում (ossification) տեղի ունենայ, երկու ոսկորները կը միաձուլուին, եւ այս մէկը կը կոչուի ոսկրակցութիւն (synostosis):
  3. Յօդաւշային (synovial) յօդեր, որոնք ազատ շարժում կը ստեղծեն: Յօդաւշային յօդը կազմուած է յօդապատեանով (joint capsule) մը, որ երկու ոկորներու ծայրամասերը իրարու կը կապէ յօդէն քիչ մը անդին եւ յօդախոռոչ կը կազմէ ոսկորներու միջեւ:

Ոսկորներուն ծայրամասերը ծածկուած են աճառային հիւսուածքէ, իսկ յօդապատեանը կազմուած է երկու շերտերէ՝

  • Արտաքին շերտ, որ յօդակապան (joint ligament) կը կոչուի: Այս մէկը թոյլ կապան մըն է որ յօդին առիթ կու տայ ազատօրէն շարժելու:
  • Ներքին շերտ որ յօդաւշապատեան (synovium) կը կոչուի: Այս մէկը իւղոտ հեղուկ մը կ'արտադրէ, ոդ յօդաւշային հեղուկ կը կոչուի: Այս հեղուկը կը կուտակուի յօդախոռոչին մէջ եւ կակուղ կը պահէ ոսկորներու մակերեսները:

Յօդաւշային յօդերու շարժումներու տարողութիւնը յօդերու շուրջ գտնուող մկաններու եւ կապաններու պրկուածութենէն եւ թուլութենէն կախեալ է: Այս կապանները եւ մկաններու ձգանները (tendon) ուժգնօրէն կապուած են յօդերուն:

Պատկեր:IMG 2232.JPG

Յօդերու աճառային հիւսուածքը յօդերը կը պաշտպանէ արտաքին զանազան տեսակի հարուածներէ եւ վնասներէ եւ յօդերու շարժումը սահուն կը դարձնէ: Երբ աճառը վնասուի եւ կամ հիւծի՝ յօդերու ոսկորնեը իրար քսուելով կը մաշին եւ յօդաբորբ, յօդացաւ, յօդի ուռեցք եւ անշարժութիւն կը յառաջացնեն:

Կատարողական Դասակարգում

Պատկեր:IMG 2231.JPG
Յօդերու տեսակներ

Կատրողական դասակարգումով ունինք՝

  1. Անշարժ յօդեր, օրինակ գանկի ոսկորներուն յօդերը.
  2. Քիպ շարժող յօդերը, օրինակ աճառային յօդերը.
  3. Ազատօրէն շարժող յօդեր, օրինակ բոլոր յօդաւշային յօդերը, որոնք հետեւեալ ձեւով կը նկարագրուին.
  • ճախարակային (hinge) յօդեր, որոնք միառանցքային շարժում կը պատճառեն: Այս բաժանմունքին մաս կը կազմեն ծունկի, արմուկի, ձեռքերու եւ ոտքերու մատներուն յօդերը: Ծունկի յօդը մարմնին ամենէն մեծ յօդն է:
  • Շրջադարձային (pivotal) յօդեր, որոնք շրջադարձային շարժումներ կը պատճառեն, օրինակ գլխու շարժումները:
  • Գնդակ եւ փոսիկ (ball and socket) յօդեր, որոնք բազմա-առանցքային (poly-axial) շարժումներ յառաջ կը բերեն: այս յօդերը մարմինի ամենէն շարժուն յօդերն են եւ ճկունութեամբ ու ռաձգականութեաբ կը յատկանշուին:
  • Թամբաձեւ (saddle) յօդեր, որոնք երկառանցքային շարժում կը պատճառեն: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ձեռքերու բթամատներու յօդերը:
  • Սահող (gliding) յօդեր: այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ողնահարի պարանոցի ողնոսկրներու դաստակի եւ կռունկի յօդերը:

Աղբիւրներ

  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 30 Ապրիլ 2014, էջ 42-44:

Tags:

Ոսկոր

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայկական ՏոմարԹիֆլիսԹոքատապ1776 թուական25 ՄարտՌիատ ՄըհրէզԸնկեր ՓանջունիՍեւ ԾովԳրիգոր ՆարեկացիԱղթամար կղզիՎատուցՄարտիրոս ՍարեանՏաւուշի մարզՀամբարձում ՊէրպէրեանԶաքինդոս1896 թուականՃոն Քենետի10 ՆոյեմբերՄիհրՍ. ԶատիկՀայոց ՑեղասպանութիւնԹենիս1795 թուականԱրեւմտեան ՀայաստանՈսկան (անձնանուն)Ճիմի ՈւէյլզՁիթողցոնց տուն-թանգարանԳարեգին ՆժդեհՃիպէյլՀանրապետութիւն2001Քրիսթիանօ ՌոնալտօՄեծն ՏիգրանՍուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի (Ֆրեզնօ)Ճիմի ՔարթըրԱնդրանիկ ԾառուկեանԿելիեկիւզանՎարդան ՄամիկոնեանԵրաժշտութիւնՍողոմոն ԹեհլիրեանՆանագԱղաւնոյ ԳիւղՈսկիՎրոցլավՆախնադարՀացԱռած եւ ԱսացուածքՄեծ ՍէրայԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԷտ ՇիրընԴիմակաւոր ԽոլահաւԱւստրալիաԿուկըլ ՔրոմԶինետին ԶիտանՍոկրատՆերսէս ԼամբրոնացիՍէյլըմ (Մասսաչուսէթս)Բիւզանդական Կայսրութիւն9 ՀոկտեմբերՄանիլաԱրամ (անձնանուն)ՊէրկընՀայկական ԴրամՄխիթար ՀերացիՊատմական Հայաստանի ԹագաւորութիւններըԱխթալայի ՎանքՅովհաննէս Ե. ԴրասխտանակերտցիԿատովիցեՊելոպոնեսեան ՊատերազմԻսթանպուլՓայծաղՊսակաձեւ ԺահրՏիգրիս (գետ)ՀայերՃափոներէն🡆 More