Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Յարութիւն Տէր Ղազարեան (1882, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Ապրիլ 1975(1975-04-15)), հայ բժիշկ եւ ուսումնասիրող։

Յարութիւն Տէր Ղազարեան
Յարութիւն Տէր Ղազարեան
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Ապրիլ 1975(1975-04-15)
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ս․ Սարգիս եկեղեցիի թաղային վարժարանէն։ 1896-1901 կ’ուսանի Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ։ 1902-ին կ’անցնի Պէյրութ, ուր կը հետեւի Ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտութեան դպրոցի դասընթացքներուն։ Աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Մարաշ եւ կ’աշխատի Գերմանական հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ վիրաբոյժ։ Համաշխարհային Ա․ պատերազմի տարիներուն կը դառնայ բժշկապետ եւ Մարաշի թուրք զինուորներու վիրաբուժապետ։ Վերստին կը մեկնի Գերմանիա, ուր կը հետեւի ուսման մասնագիտացման ծրագիրներու։ Ապա կ’անցնի Հալէպ, ուր կը զբաղի բժշկութեամբ։

Աշխատութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ

Ան կը հետեւի Կիլիկիոյ տեղագրութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան։ Բազմաթիւ յօդուածներ կը ստորագրէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին մէջ։ Կ’աշխատակցի «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն» հատորին (Նիւ Եորք, 1934), «Մարաշի հայ աշուղներն ու գրագէտները աշխատասիրութեան»։ Ան նաեւ կը պատրաստէ Մարաշ քաղաքին մասին քարտէս մը։ 1966-ին կը հրատարակէ Հայկական Կիլիկիա-տեղագրութիւն-ը։

Աղբիւրներ

Tags:

15 Ապրիլ1882 թուական1975 թուականd:Q1862462ՄարաշՕսմանեան Կայսրութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հրանտ ՄաթեւոսեանՀայաստանԱնրի ԹրուայաԱնդրանիկ ՕզանեանԼիոնՄեծ Իշխանասար (Իշխանասար լեռ)ՍուէզՆիքոլայ Յովհաննիսեան (պատմաբան)ԽոյրՄարաթոնի ճակատամարտԹոքատապԽաչվառ1914 թուականԱզրպէյճանԽնձորԼեհաստանի ՀայերըՄիսաք ԳօչունեանՀայկական Ժողովրդական ՊարարուեստՍպիտակ ԱրջԳետառ (գետ)Էնիկմա ՄեքենանԾերենցԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՇուշիի Ազատագրումը (1992)Պաղեստին1613 թուականԼոլիկԷլիա ՔազանԼաւաշՃէյք ՀանրահանՈւիքիփետիաՋութակԻսթանպուլՀայր ՄերՍահարա ԱնապատՅունաբան ԴպրոցԻսրայէլՄանուէլ ՄենենկիչեանԿեանքը Հիանալի էՌուբէն (անձնանուն)Ֆրիտիոֆ ՆանսենԿանաչեղէններով հաց (Ժինգիալով հաց)Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներՍոկրատՅովհաննէս ԹումանեանԿոմիտաս ՎարդապետՅովհաննէս Քաջազնունի20023 ՅուլիսԼեւոն (անձնանուն)ՍամոսատԽոտաբուժումՎանՆիկողայոս ԱդոնցՍպի (ֆիլմ, 2014)Նիկողոս Սարաֆեան1995 թուականՔաղկեդոնի ԺողովԷր ՌիադՀամաշխարհային ժառանգութիւնՉինաստանՌոնտա ՌոզիՄարք ՉէնեանՎլատիմիր ԼենինԵփրատ գետԱրուսեակ (մոլորակ)ԱւստրալիաՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՍեռ (կենսաբանութիւն)Տուէյն ՃոնսոնՄայրերու ՕրԽոսրովանուշՀրաբուխ🡆 More