Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: ժապաւէն

Մերի Փոփինզ (անգլ․՝ Mary Poppins), Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան կողմէ 1964-ին արտադրուած երեւակայական երաժշտական ժապաւէն, հիմնուած Փամելա Լինտոն Թրավըրսի «Մերի Փոփինզ» մանկապատանեկան պատմութիւններուն շարքին: Բեմադրիչն է՝ Ռոպըրթ Սթիվընսըն։ Ժապաւէնին երաժշտութեան ու երգերուն հեղինակներն են Շըրմեն եղբայրները, իսկ թատրերգութեան՝ Պիլ Ուոլշ եւ Տոն Տանկրատի:

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, Ժապաւէնին նիւթը, Մրցանակներ
Մերի Փոփինզ

Օսքար Մրցանակի (Ամերիկայի Ակադեմիոյ), 37-րդ մրցանակներու բաշխման կը ներկայանայ 13 թեկնածութեամբ եւ կ'արժանանայ անոնցմէ հինգին․ լաւագոյն դերասանուհի՝ Ճիւլի Անտրիուս, նորարար երաժշտութիւն՝ «Չիմ -Չիմ- Չերի» երգ, երաժշտութեան աշխատասիրութիւն (նորարար յօրինում)՝ Ռիչըրտ Շըրմեն եւ Ռոպերթ Շըրմեն, ժապաւէնի սարքաւորում՝ Քոթըն Ուորպըրթըն եւ տեսողական գործադրում՝ Փիթըր Էլենշօ, Իւսթըս Լայսեթ եւ Համիլթոն Լըսքա։

Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, Ժապաւէնին նիւթը, Մրցանակներ 
Պըրթ, Լոնտոնի տանիքներուն վրայ․․․

Ժապաւէնը լրիւ նկարահանուած է Ուոլթ Տիզնի Ընկերութեան տարածուն արուեստանոցին մէջ (Walt Disney Studios Burbank), ծանօթ նաեւ իբրեւ՝ Ուոլթ Տիզնի Պըրպանք Արուեստանոցներ։ Գործածուած են Լոնտոնի շրջակայքի տեսարաններու նկարչութիւններ։

Առաջին անգամ ֆիլմը կը ցուցադրուի Լոս Անճելըսի մէջ, 27 Օգոստոս 1964-ին, մեծ յաջողութեամբ։ 

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, Ժապաւէնին նիւթը, Մրցանակներ 
Քոլոնեալ շարժապատկերի սրահին որմազդը, 1965

Մերի Փոփինզ ժապաւէնը կը նկատուի Ուոլթ Տիզնիի լաւագոյն արտադրութիւններէն եւ անոր միակ ժապաւէնն է, որ իր ողջ կեանքին ընթացքին արժանացած է «Լաւագոյն Ժապաւէն» մրցանակին։

2013-ին ԱՄՆ Ծերակոյտին հովանաւորութեան տակ գործող Ազգային Գրադարան Հիմնարկը (Library of Congress, LC) «Մերի Փոփինզ» ժապաւէնը ընտրած է իբրեւ մշակութային, պատմական եւ գեղագիտական արժէք ունեցող եւ պահպանման ենթակայ՝ ԱՄՆ «Ազգային Ժապաւէններու Արձանագրութեան» ցուցակին (National Film Registry, NFR) համար։

Ժապաւէնին նշանաւոր շուտասելուկը՝ «Սուփերքալիֆրաճիլիստիքեքսփիալիտոշիուս»:

Ժապաւէնին արտադրութեան պատմութեան շուրջ կենսավաւերագրական թատերախաղ մը կը ներկայացուի՝ 20 Հոկտեմբեր 2013-ին, իսկ «Մերի Փոփինզ կը վերադառնայ» պիտակին տակ ժապաւէններու շարքը առաջին անգամ հանրութեան կը ներկայացուի 19 Դեկտեմբեր 2018-ին։

Պատմութեան անցած է նշանաւոր շուտասելուկը՝ Սուփըրքալիֆրաճիլիստիքեքսփիալիտոշիուս։

Ժապաւէնին նիւթը

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, Ժապաւէնին նիւթը, Մրցանակներ 
Մերի Փոփինզ․․ երկինքէն կ'իջնէ․․

Ժապաւէնը մեզ կը տանի Եդուարդեան (Եդուարդ Է․ թագաւորութեան շրջան, 1901- 1910) Լոնտոն՝ 1910-ի գարնան։ Չերի Թրի Լէյն փողոցին թիւ 17 տան մէջ կը բնակի Պանքս ընտանիքը․ պարոն Ճորճ Պանքս, կողակիցը՝ Ուինիֆըրտ եւ երկու զաւակները։ Ճորճ  եւ Ուինիֆըրտ իրենց գործերով շատ զբաղած ըլլալուն պատճառով, ժամանակ չունին իրենց երկու զաւակներուն հետ զբաղելու։ Պարոն Ճորճ դրամատան մէջ կ'աշխատի, իսկ տիկին Ուինֆրըտ կիներու քուէարկութեան իրաւունքին պահանջներու շարժման (Սիւֆռաժեթ - suffragettes) մաս կը կազմէ։ Բազմազբաղ զոյգը, զաւակներուն խնամքը կը վստահի մանկապահներու, որոնք չդիմանալով երկու փոքրերուն «անկարգութիւններուն», կարճ ժամանակէ մը ետք կը մեկնին։

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, Ժապաւէնին նիւթը, Մրցանակներ 
Ճէյն (Քարեն Տոթրիս) եւ Մայքլ (Մաթիու Կարպըր)

1910-ի գարնանային օր մը, երբ Ճորճ տուն կը վերադառնայ, կողակիցը իրեն կը տեղեկացնէ, թէ մանկապահ Քեթի տունէն մեկնած է, որովհետեւ իրենց զաւակները՝ Ճէյն եւ Մայքլ, անոր հսկողութենէն փախած, տունէն դուրս ելած են։ Մանկապահը իր մեկնումը կը պատճառաբանէ հետեւեալ խօսքով. «Այս շաբթուան մէջ չորրորդ անգամն է»։  

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964: Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, Ժապաւէնին նիւթը, Մրցանակներ 
Ժապաւէնին վերջաւորութեան․․ պարոն Պանքս եւս թռուցիկ պիտի թռցնէ․․․

Փոքրիկները կը ցանկան իրենց նոր մանկապահը խստադէմ ու խստապահանջ չըլլայ, այլ՝ ժպտերես, ուրախ ու  իրենց հետ վարուի այնպէս ինչպէս իրենք անոր զաւակները ըլլան։ Սակայն իրենց հայրը՝ պարոն Ճորճ, կը պնդէ թէ խստապահանջ մանկապահն է, որ առաքելութիւնը ճիշդ պիտի կատարէ ու «Թայմզ» պարբերաթերթին մէջ մանկապահի ծանուցում մը կը հրապարակէ։ Յաջորդ օրն արդէն, Պանքս ընտանիքին տան մուտքին մանկապահներ, շարքով կանգնած կը սպասեն հարցազրոյցէ անցնելու։ Յանկարծ ուժեղ քամի մը կը փչէ եւ զանոնք հեռուները կը քշէ։ Միաժամանակ երկինքէն, կախարդական հովանոցին օգնութեամբ, Մերի Փոփինզ տան առջեւ կ'իջնէ։ Ան պատշաճ  ձեւով կը վարուի պարոն Պանքսին հետ, շեշտելով թէ մէկ շաբթուան համար պիտի մնայ ընտանիքին հետ, ապա ընտանիքին անդամները պիտի որոշեն եթէ ինք յարմար է մանկապահի գործին համար։  

Փորձառական մէկ շաբթուան ընթացքին, Մայքլին եւ Ճէյնին առջեւ կը բացուի կախարդական աշխարհ մը, ուր իրենք են դերակատարները։ Ժապաւէնին երազկոտ ճամբորդութիւններուն իրենց կ'ընկերակցին Մերի Փոփինզ եւ ծխնելոյզ մաքրողը՝ Պըրթ (դերասան՝ Տիք Վան Տայք)։

Մրցանակներ

Մրցանակներ
Մրցանակ Մրցանակաբաշխումի թուական Տեսակ Անուանեալ/ներ Արդիւնք
Օսքար Մրցանակ 5 Ապրիլ 1965 Լաւագոյն ժապաւէն Ուոլթ Տիզնի եւ Պիլ Ուոլշ (բեմադրիչ) Թեկնածութիւն
Լաւագոյն բեմադրիչ Ռոպերթ Սթիվընսըն Թեկնածութիւն
Լաւագոյն դերասանուհի Ճիւլի Անտրիուս Մրցանակակիր
Լաւագոյն թատրերգութիւն Պիլ Ուոլշ եւ Տոն Տանկրատի Թեկնածութիւն
Գեղարուեստական Լաւագոյն Բեմադրութիւն - Գունաւոր Քարոլ Քլարք, Ուիլիամ Թանթքի, Էմիլի Քիւրի եւ Հօ Քոսման Թեկնածութիւն
Լաւագոյն շարժանկարչութիւն - Գունաւոր Էտուըրտ Քոլման (շարժանկարիչ) Թեկնածութիւն
Զգեստի լաւագոյն գծագրում - Գունաւոր Թոնի Ուալթըն Թեկնածութիւն
Ժապաւէնի լաւագոյն սարքաւորում Քոթըն Ուորպըրթըն Մրցանակակիր
Լաւագոյն նորարար Երաժշտութիւն (յօրինում) Ռիչըրտ Շըրմեն եւ Ռոպըրթ Շըրմեն Մրցանակակիր
Երաժշտութեան Լաւագոյն Պատշաճեցում կամ Գործածութիւն Իրուին Քոսթալ Թեկնածութիւն
Լաւագոյն նորարար երգ «Չիմ – Չիմ – Չերի» – Ռիչըրտ Շըրմեն եւ Ռոպըրթ Շըրմեն Մրցանակակիր
Լաւագոյն ձայնահնչիւն Ռոպերթ Օ՛ Քուք Թեկնածութիւն
Տեսողական Լաւագոյն Գործադրում Փիթըր Էլենշօ, Իւսթըս Լայսեթ եւ Համիլթոն Լըսքա Մրցանակակիր
Բրիտանական Ժապաւէնի Ակադեմիոյ մրցանակներ 1965 Ամէնէն յուսալից նոր դերասաններ՝ ժապաւէնին Ա․ դերին մէջ BAFTA Ճիւլի Անտրիուս Մրցանակակիր
Ամերիկայի Բեմադրիչներու Արուեստակցութիւն 1965 (17-րդ մրցանակ) Շարժանկարի (Motion Pictures) բնագաւառէն ներս Տեսչական Կատարումի Յաջողութիւն Ռոպըրթ Սթիվընսըն Թեկնածութիւն
Ոսկեայ Գունդ մրցանակ 22-րդ մրցանակաբաշխում, 8 Փետրուար 1965 «Ոսկեայ Գունդ մրցանակ» Լաւագոյն Շարժանկարին համար Թեկնածութիւն
«Ոսկեայ Գունդ մրցանակ» Լաւագոյն Դերասանի համար Տիք Վան Տայք Թեկնածութիւն
«Ոսկեայ Գունդ մրցանակ» Լաւագոյն Դերասանուհիի համար Ճիւլի Անտրիուս Մրցանակակիր
«Ոսկեայ Գունդ մրցանակ» Լաւագոյն Նորարար Երաժշտութեան համար Ռիչըրտ Մ․ Շըրմեն եւ Ռոպըրթ Պ․ Շըրմեն Թեկնածութիւն
Կրամի մրցանակներ 7-րդ մրցանակաբաշխութիւն, 13 Ապրիլ 1965]] Կրամի Մրցանակ Փոքրիկներու Լաւագոյն Ձայնապնակ Ռիչըրտ Մ․ Շըրմեն, Ռոպըրթ Պ․ Շըրմեն, Ճիւլի Անտրիուս, Տիք Վան Տայք, Կլինիս Ճոնս, Տէյվիտ Թոմիլսըն եւ Էտ Ուին Մրցանակակիր
Կրամի Մրցանակ Տեսողական Միջոցներու Նորարար Երաժշտութեան համար Ռիչըրտ Մ․ Շըրմեն եւ Ռոպըրթ Պ․ Շըրմեն Մրցանակակիր
«Նիու Եորքի Շարժանկարի Քննադատներու Ակումբ» Մրցանակներ 23 Յունուար, 1965 Լաւագոյն Դերասանուհի Ճիւլի Անտրիուս Թեկնածութիւն
Ամերիկայի Գրագէտներու Արուեստակցութեան Մրցանակներ 1965 Ամերիկեան Լաւագոյն երաժշտական ժապաւէն Պիլ Ուոլշ եւ Տոն Տանկրատի Մրցանակակիր


Ժապաւէնին երգացանկը

Մերի Փոփինզ (նախատիպ ձայնակցում)

Շարք Տիտղոս Մեկնաբանող/ներ
1 Բացում (Overture (Նուագարանային)) Ռիչըրտ Շըրմեն եւ Ռոպըրթ Շըրմեն
2 Քուէարկող քոյր (Sister Suffragette) Կլինիս ճոնզ
3 Կեանքը, զոր ես կը վարեմ (The Life I Lead) Տէյվիտ Թոմիլսըն
4 Կատարեալ Դայեակը (The Perfect Nanny) Քարեն Տոթրիս, Մաթիու Կարպըր
5 Մէկ դգալ շաքար (A Spoonful of Sugar) Ճիւլի Անտրիուս
6 Մայթի նկարիչ (Pavement Artist) Տիք Վան Տայք
7 Ուրախ Արձակուրդ (Jolly Holiday) Ճիւլի Անտրիուս, Տիք Վան Տայք
8 Սուփերքալիֆրաճիլիստիքեքսփիալիտոշիուս(Supercalifragilisticexpialidocious), Ճիւլի Անտրիուս, Տիք Վան Տայք
9 Արթուն մնա՛ (Stay Awake) Ճիւլի Անտրիուս
10 Կը սիրեմ ծիծաղիլ (I Love to Laugh) Տիք Վան Տայք, Ճիւլի Անտրիուս
11 Անգլիական դրամատուն (A British Bank) Տէյվիտ Թոմիլսըն, Ճիւլի Անտրիուս
12 Թռչունները կերակրէ՛ (Feed the Birds) Ճիւլի Անտրիուս
13 Հաւատարմութիւն հաւատարմագրող Դրամատուն (Fidelity Fiduciary Bank) "Navckid Keyd", Պանքըրս, Տէյվիտ Թոմիլսըն
14 Չիմ Չիմ Չերի (Chim Chim Cher-ee) Տիք Վան Տայք, Ճիւլի Անտրիուս, Քարէն Տոթրիս եւ Մաթիու Կարպըր
15 Քայլ ժամանակին հետ (Step in Time) Տիք Վան Տայք եւ ժապաւէնին դերասանները
16 Մարդ երազներ ունի (A Man Has Dreams) Տէյվիտ Թոմիլսըն, Տիք Վան Տայք
17 Եկէ՛ք օդապարիկ թռցնենք (Let's Go Fly a Kite) Տէյվիտ Թոմիլսըն, Տիք Վան Տայք, Տը Լոնտոնիրս

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Ռոպըրթ Սթիվընսըն(անգլերէն)
  2. Շըրմեն եղբայրներ(անգլերէն)
  3. Պիլ Ուոլշ(անգլերէն)
  4. Տոն Տանկրատի(անգլերէն)
  5. «Մերի Փոփինզ» մանկապատանեկան գիրքերու շարք(անգլերէն)
  6. Փամելա Լինտոն Թրավերս (անգլերէն)
  7. Ուոլթ Տիզնի Ընկերութեան Աշխատանոց(ֆր.)
  8. Չիմ Չիմ Չերի․ Մերի Փոփինզ ժապաւէնին Օսքարի մրցանակակիր երգը(անգլերէն)
  9. ԱՄՆ Ծերակոյտի Գրադարան(անգլերէն)
  10. Ճիւլի Անտրիուս(անգլերէն)
  11. Ուոլթ Տիզնի(անգլերէն)
  12. Տիք Վան Տայք(անգլերէն)
  13. Եդուարդեան շրջան(անգլերէն)

Tags:

Մերի Փոփինզժապաւէն, 1964 Ժապաւէնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններՄերի Փոփինզժապաւէն, 1964 Ժապաւէնին նիւթըՄերի Փոփինզժապաւէն, 1964 ՄրցանակներՄերի Փոփինզժապաւէն, 1964 Ժապաւէնին երգացանկըՄերի Փոփինզժապաւէն, 1964 ԾանօթագրութիւններՄերի Փոփինզժապաւէն, 1964 Արտաքին յղումներՄերի Փոփինզժապաւէն, 1964ԱնգլերէնՈւոլթ Տիզնի Ընկերութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՊուտտայականութիւնՄանուէլ ՄենենկիչեանԵղիշէ (անձնանուն)Բենիամին ՆուրիկեանՄումթազ ՄահալԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Թովմա ԱրծրունիՄոլորակներՆերսիսեան Դպրոց (Թիֆլիս)Տիգրիս (գետ)Պուրճ Համուտի Սպանդ (1985)ՈւրբաթագիրքՆոր Զելանտա16 ՀոկտեմբերԽօսնակ (ամսագիր)Ադդա Գետի ՃակատամարտՌուբէն (անձնանուն)ԵլեկտրականութիւնԲեւեռափայլ1964 թուականՊօղոս ԱպաճեանՎահէ (անձնանուն)1777 թուականԼոյսԱւստրիա1958 թուականԿարէն ԳրիգորեանԶէյթունի Ապստամբութիւն (1895)Գէորգ Մարզպետունի (վէպ)Արեգ ՏիրազանՔանատաԱնժելա ՍարաֆեանՊղինձՄԱԿՂեւոնդ (պատմիչ)Ծովից ծով ՀայաստանՄեծն ՏիգրանՊորիս ԱճէմեանԼինուքսՏանձԿարինՋերմաջուրՄելքոն (անձնանուն)Յունաբան ԴպրոցՔիշնեւԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններՎիեննական ՍրճարանՔաթալոնիաՄիշիկընՍ. Ղազար կղզիԱստուածաշունչ1616 թուականԱրցախեան ԱզատամարտԱնրի ԹրուայաԼիպիաՈւքրաներէնԼոռի (մարզ)Ճեմալ փաշաՏալասՀռիփսիմէ Խուրշուդեան31 ՕգոստոսՀայկական ՄուֆլոնՃիմմի ՈւէյլզՅորդանանՀրանդ (անձնանուն)Զենոբ Գլակ1 ԱպրիլՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՍտեփանոս ՕրբելեանՀայկական ՉամանՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Զապէլ ԵսայեանՎազգէն ՍարգսեանԱրցախի Հանրապետութիւն🡆 More