Մենակութիւն

Մենակութիւնը բարդ եւ անհաճոյ զգացում մըն է, որ պատասխանն է անձի մը մեկուսացման եւ ընկերային կապակցութիւններու պակասին։ Մենակութիւնը ընդհանրապէս կ'ընդգրկէ անչափ մտահոգութեան ազդեր, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ առանձնութիւնն ու մենակութիւնը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն իր ներկային մէջ, այլ պիտի շարունակուի իր գալիք ապագային մէջ։ Նաեւ, մենակութիւն կրնայ զգալ անձ մը նոյնիսկ ուրիշ մարդոցմով շրջապատուելով հանդերձ։ Մենակութեան պատճառները տարբեր են եւ կ'ընդգրկեն ընկերային, մտային, հոգեբանական եւ նոյնիսկ ֆիզիքական ազդանշաններ։

Մենակութիւն
Առանձնութիւն, Ժան Ժագ Հենըր

Վերլուծումներ ցոյց կու տան, թէ մենակութեան պարագաները ամէնէն շատ են անոնց մօտ, որոնք ամուսնացած են, յարաբերութիւններու մէջ են, ընտանիքի մշտական անդամ են, տարեց են, վեթերան են եւ կամ ունին յաջող գործի ասպարեզ։ Հին օրերէ հետազօտուած նիւթ մըն է մենակութիւնը, միշտ ներարուած գրականութեան տարբեր ժանրերու մէջ։ Մենակութիւնը նաեւ կը բացատրուի իբրեւ «ընկերային ցաւ»՝ հոգեբանական վիճակ մը որ պէտք է մղէ տարապող անձը, որպէսզի ընրկեային կապակցութիւնները ընդանհրապէս աւելցնէ։

Հետեւանքներ

Մտային Առողջութիւն

Մենակութիւն 
Մենակութիւն, Հանս Թոմա (Ուորսոուի Պետական Թանգարան):

Մենակութիւնը միշտ կապուած է ընկճումի եւ վհատումի, ինչ որ կրնայ տանիլ դէպի անձնասպանութիւն: Էմիլ Տիւրխէյմ բացատրած է, թէ մենակութիւնը, հատկապէս այդ տեսակը, որ կը զզուեցնէ տարապող անձը ունենալէ ընկերային կապակցութիւններ, գլխաւոր պատճառն է եսապաշտական անձնասպանութեան: Չափահասներու մօտ, մենակութիւնը մեծ դեր կը խաղայ անոր ընկճումի ու ալքոհոլիզմի հանգրուաններուն վրայ։ Անոնք, որոնք մենակութենէ կը տարապին, նաեւ կը տարապին անքնութենէ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ աւելի ցած աշխոյռութեան մակարթակներու տանելով անոր գործի ձախողութեան ճամբան։

Փոքրերու մօտ, ընկերային կապակցութիւններու պակասը ամբողջովին կ'ապացուցէ հակա-ընկերային կեցուածքի եւ ինքնա-քանդիչ վարուելակերպի։

Թէ՛ չափահասներու եւ թէ՛ ալ փոքրերու մօտ՝ մենակութիւնը ժխտականօրէն կ'ազդէ սորվելու եւ յիշողութեան կարողութիւններուն վրայ։ Մենակութեան անքնութեան կողէ ամէնէն ժխտական հետեւանքները ունի։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Տիգրան ԹահթաԿովԼինցՆերսէս ՎարժապետեանՄետաքսի ՃանապարհԻքարիաՊարՄայր ԹերեզաՃէյմս ՀարտենՊիթքոյնՊսակ (թերթ)ԱնտալուսիաՓատուաՍեբաստիաՌոզեթայի ՔարԾիր ԿաթինՀարշատ թիւերՔալիֆորնիաՀնդկական ՈվկիանոսՎրաստանԱնժելինա ՃոլիՎենետիկ2001ՀնդկաստանԿեանքը Հիանալի էԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԱտոմ Ա. Քհնյ. ՔէհեայեանԼոռի (մարզ)1780 թուականԱնքոնաՌիատ ՄըհրէզԽաշՍպանիաՎրոցլավԱնգլերէնԱրաբական ԽալիֆայութիւնՄուշեղ ԻշխանԶուիցերիաԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան25 ՅունուարՀնդկական Ժողովրդական ԱպստամբութիւնԾովՂափամայՍերժ ԹովմասեանԵպիսկոպոսԶինետին ԶիտանՄելքոն ԿիւրճեանԿիթառԴեղին (գոյն)ԼանկոպարտներՀիպոկրատԴանիէլ Վարուժան1717 թուականԿոստան ԶարեանՇիքակօՅունիսՄնջախաղSnap (Ռոզա Լին երգ)ՀռոմՖրանցիսքօ ՖրանքօՍիւզան ՄարգարեանՄինաս ՎերածինՍտեփանոս ԱգոնցՊան Քի ՄունԼիպիաԿարմիր ԾովՊղինձ1769 թուականԴիմակաւոր Խոլահաւ10 ՄարտՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԶլաթան ԻպրահիմովիչՀայկ ՆահապետՍտեփան ՄալխասեանցՍաքրամենթօ🡆 More