Կատուի Օր

Կատուի օր (կատուներու օր), ոչ պաշտօնական տօն կատուներու պատուին, որ կը նշուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Այդ օրը մարդիկ կը մեծարեն այդ կենդանիներու արժանիքները, ցոյց կու տան իրենց յարգանքն ու սէրը:

Կատուի Օր
Աղջիկ եւ կատուն

2002-էն ի վեր՝ կատուներու միջազգային օր ճանչցուած է 8 Օգոստոսը: Անոր նախաձեռնողը Կենդանիներու պաշտպանութեան միջազգային հիմնադրամն է։ Որոշ երկիրներու մէջ կատուներու օրը կը նշուի այլ օրերուն:

Օրուան տօնակատարութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ

Ռուսաստանի մէջ կատուներու օրը կը նշուի 1 Մարտին։ Առաջին անգամ տօնը Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած է 2004-ին կատուներու մոսկովեան թանգարանի եւ «Կատու եւ շուն» (ռուս.՝ «Кот и пёс») ամսագրի եւ թերթի խմբագրութեան կողմէ:

ԱՄՆ-ի մէջ Կատուի օրը 29 Հոկտեմբերն է։ Ըստ Կատուի ազգային օրուան կայքի՝ տօնը կը նշուի 2005-էն՝ կենդանիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի կանխարգիլման ամերիկեան ընկերութեան աջակցութեամբ։

Ճափոնի մէջ Կատուի օրը կը նշուի 22 Փետրուարին։ Այդ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ճափոներէնին մէջ կատուի մլաւոցը կը հնչէ իբրեւ «նեան-նեան-նեան»։ «Նեանը» կրնայ նաեւ նշանակել «երկու», իսկ «երկու-երկու-երկու» բառաշարքը կարելի է գնահատել իբրեւ 22 Փետրուարի։ Այդ օրը Թոքիոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կատուներու օրուան փառատօնը, ուր կատուները մրցանակներ կը շահին ամենաիւրայատուկ արարքի համար։ Տօնը տեղի կ՚ունենայ 1987-էն, երբ հարցման արդիւնքներու հիման վրայ ան առաջին անգամ կազմակերպեց Կատուներու օրուան գործադիր կոմիտէն՝ կերի արտադրութեան կազմակերպութեան հետ համատեղ։

Լեհաստանի մէջ Կատուի օրը կը նշուի 17 Փետրուարին։ Տօնի մասնակիցները կը խաղան բրդեայ կծիկներով եւ օրուան աւարտին բոլորը կը յայտնուին գունաւոր թելերով փաթթուած վիճակով։

Իտալիոյ մէջ 17 Նոյեմբերին կը տօնեն Սեւ Կատուի օրը (խուզարկութեան ժամանակ զանոնք կ՚ոչնչացնէին, քանի որ նման կատուներուն կը համարէին սատանայի օգնականներ)։

Իւրաքանչիւր երեք տարին, մէկ Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը, Պելճիքայի Իբր քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ կատուներու շքերթ։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Նի ԵոՀարշատ թիւերՄըքՏոնըլտզՍթոքհոլմԵրեւանԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՊղատոնԱնդրանիկ ԾառուկեանԱյֆոնՎինս ՎոնՓինք ՖլոիտՊալքանեան ԹերակղզիՊիթքոյնՆոր ԶելանտաՀին ԿորնթոսԱշոտ Բ․ ԵրկաթՓարիզԺետտաՍեւ ՄահԼեռնային ՂարաբաղԿաղնի խաչՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնՀամուրապիի ՕրինագիրքըԲիւզանդական ԿայսրութիւնԱրածանիի ՃակատամարտԼուսնթագԷտիթ ՓիաֆՅակոբ ՉոլաքեանԻնսթակրամԱրտեմիս (աստուածուհի)1623 թուականՄարտակոչՔրիսթիանօ ՌոնալտօՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՄանասէ ԹագաւորՅունաստանԵրկուշաբթիՕրբելի ԵղբայրներՀամբարձում ՊէրպէրեանԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՆիքոլա ԹեսլաՊղինձՊէրկընԳնդաթիՌուանտայի ցեղասպանութիւնըԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՀայաստանի ԱնտառներՄեծ ՍէրայՎարդան ՄամիկոնեանՆերսէս ԼամբրոնացիԱնիՍտեփանակերտԿուկըլ ՔրոմԳործիական հոլովՔինկսլի ՔոմէնԻսիսԶրադաշտականութիւնԱլիշա ՔիզՃափոնի ԾովՄարի (քաղաք-պետութիւն)Հրատ մոլորակ (Մարս)Էյմի ՈւայնհաուսՍտեփանոս ԱգոնցԿոմիտաս ՎարդապետՄեծն ՏիգրանՍիւզան ՄարգարեանԻրլանտայի ՀանրապետութիւնԹլկատինցիԼուիզա ԱսլանեանԱրամ ՄանուկեանԷտկար Ալլան ՓօՈւիքիփետիաԳիտա-երեւակայութիւն (science fiction)🡆 More