Տիգրան Ժամկոչեան

Տիգրան Ժամկոչեան (Ծնած է 1940, Պէյրութ) Լիբանանահայ երգիչ

Տիգրան Ժամկոչեան
Ծնած է 1940
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն երգիչ

Կենսագրութիւն

Տիգրան Ժամկոչեան ծնած է Պէյրութ, 1940-ին։ Պետական Երաժշտանոցը աւարտելէ ետք, մասնագիտանալու համար մեկնած է Իտալիա, ուր Վենետիկի Պետական Երաժշտանոցի Հինգ տարուան դասընթացքը աւարտած է երկու տարիէն, արժանանալով «Մաեստրօ» տիտղոսին, բարձրագոյն պատուով։ Վենետիկի Երաժշտանոցի պատմութեան մէջ առաջին աշակերտը եղած է, որ նման նուաճում մը կատարած է։ Տիգրան Ժամկոչեան իր առաջին երգահանդէսը տուած է Զուիցերիոյ մէջ 1962-ին։ Այնուհետեւ երգահանդէսները տուած է Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Հոլանտայի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ։

Գործունէութիւն

1964-ին մասնակցած է Վենետիկի օգոստոսեան միջազգային փառատօնին։ Մասնակցող 60 երգիչ-երգչուհիներու եօթը լաւագոյններէն մէկը հանդիսացած է եւ արժանացած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մրցանակին։

1965-ին Վենետիկի փառատօնին, Տիգրան Ճամկոչեան հանդէս եկած է Հայկական տարազով եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է ունկնդիրներու մէջ։

1965-ին երեւանին Համերգային մեծ դահլիճին մէջ Հայաստանի պետական սեմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ։

Երեք տարի աշակերտած է Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին, ուսուցիչ ունենալով Ալեքսի Քարնաուքոֆը։ Մասնակցած է Եւրոպայի 18-րդ Երաժշտական մրցումին որ տեզի ունեցած է Ժընեւի մէջ մասնակցութեամբ 36 երկիրներէ եկած 327 ամաթէօր եւ փրոֆեռիոնէլ երգիչներու։ Մրցումը տեղի ունեցած է 23 Սեպտ., 1962-ին հեղինակաւոր երաժշտագէտներէ բաղկացած դատական կազմի մը հսկողութեամբ։ Զտումի մնացած 18 արուեստագէտներէն մին կ'ըլլայ Տիգրան։

Լիբանանահայ պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան բազմաթիւ ուրիշ յաջողութիւններու կարգին՝ երկու տարի յաջորդարար շահած է Իտալիոյ Արտաքին Նախարարութեան Ա. մրցանակը (200 տոլար) մասնակցելով Վենետիկի միջազգային փառատօնին։ Ան Հրաւիրուած է Մոսկուա 1965 Հոկտ.ին, ինչպէս նաեւ Հայաստան, ուր տուած է երգահանդէս մը ընկերակցութեամբ Երեւանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։

Տիգրան Ժամկոչեան իսկապէս պատիւ բերած է Հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանին։

Ծանօթագրութիւններ


Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՏօմինօԱնգլիաՀորմուզի ՆեղուցՀայկական ՄեկոնԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՊորտասարՖրանսա«Աշոտ Երկաթ» ՊատմավէպԿոմիտաս ՎարդապետՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Չարլզ ՊիքֆորտԱրմենական ԿուսակցութիւնՁիւնԱթենա ՄանուկեանՆաֆթՍահմանադրական ՎարժարանՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)ՂասախիստանՍ. Սոֆիա տաճար (Կ. Պոլիս)Գաբրիէլ ԹագւորեանԱրուսեակ (մոլորակ)Հռիփսիմեանց ԿոյսերՊոլիսՊետրոս Տէր ՊօղոսեանՎարդան ՄատթէոսեանԱրամ Ա.ՉինաստանԼեւ ՏյոմինՆիտըրլենտՏրդատ Ա.Գառնիի Հեթանոսական ՏաճարԱրաքս (գետ)Մուհամմատ ՔուճճահՀայկ ԳասպարեանԽոդեդանԲիւզանդական ԿայսրութիւնՊոսթընԶգայարաններՇարլ ԱզնաւուրՃոնի ՏեփՍեպիլի ՊարտէզԴրօՖրանսերէնՀին ՌուսիաԾաղկազարդԳարեջուրԾաղիկԱլճերիաՏօնածառ (Ս. Ծննդեան Ծառ)1600 թուականԱտանաՇահան Նաթալի3 ՆոյեմբերՓիոթր ՏոսթոյեւսքիՄոնաքօՄԱԿՎլատիմիր ԼենինՅովհաննէս ՔաջազնունիՍ. Ղազար կղզի1632 թուականՎահան ԳարտաշեանՇերամ (գուսան)Միքի ՄաուսՓարիզԱմերիկաՕմար Շարիֆ10 Օգոստոս🡆 More