Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւն, հիմնուած է 1917-ին, միութեան երդիքին տակ համախմբուած են գլխաւորաբար սասունցիներու շառաւիղները, բայց նաեւ` մշեցիներ, պիթլիսցիներ, խնուսցիներ, ախլաթցիներ, մանազկերտցիներ, սղերդցիներ, պշերիկցիներ:

Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Տեսակ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն
Երկիր Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Հիմնադրուած 1917

Պատմութիւն

Միութիւնը հիմնուած է 1917-ին, Միացեալ Նահանգներու Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ (Իլինոյ նահանգ): Հիմնադիրներ` Արիս Տէր Իսրայէլեան (Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանի երբեմնի ուսանողներէն), Հայկ Մալոյեան եւ Հրանդ Փարիզեան, երեքն ալ` Եղեռնէն առաջ Ամերիկա գաղթած տարօնցիներ, նախաձեռնողներն ու բուն հիմնադիրները կը նկատուին այս միութեան:

Երկու տարի ետք, 1919-ին, Էքրըն քաղաքին մէջ (Օհայօ նահանգ) գումարուած է նորակազմ միութեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, եւ որ մշակած ու վաւերացուցած է հայրենակցական այս մարմինին ծրագիր-կանոնագիրը, ընտրած է կեդրոնական վարչութիւն` Ֆրեզնոն նստավայր յայտարարելով:

Հետզհետէ մասնաճիւղեր սկսած են կազմուիլ Ամերիկայի հայաշատ նահանգներուն մէջ ու Քանատա, նաեւ` Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Պուլկարիա, Յունաստան ու Ֆրանսա:

Միութեան զինանշանը

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան զինանշանը մտայղացուած է 30-ական թուականներուն:

Հոն կը տեսնենք Տարօնի թեւաբաց արծիւը` ժայռէ բարձրադիր պատուանդանի մը վրայ կանգնած: Մագիլներուն մէջ ունի ուղղահայեաց մերկ սուր մը, որուն բռնակոթին տակ ամրօրէն սեղմած է օձի մը մարմինը` զայն երկուքի բաժնելէ ետք:

Իսկ պատուանդանին վրայ գրաբարով արձանագրուած է դարերու խորքէն եկող «Մամիկոնէից ուխտ»-ը.

«Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, եւ մի տեսցեն աչք մեր կոխան ոտից պղծալից լեալ զսրբարանս մեր» (թարգմանութիւնը` քաջութեամբ մեռնինք մեր աշխարհին ու մեր ազգին համար, եւ թող մեր աչքերը չտեսնեն մեր սրբարաններուն ոտնակոխ ըլլալն ու պղծուիլը):

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Փուազօնի ՀաւասարութիւնՓիլիսոփայութիւնԱրամ Ա.Փօլ ՈւոքըրՍեւան ՏէյիրմենճեանՊորտուՆոր Քարէ ԴարՄուշՀալէպ1991 թուականՄոնաքօՊերլինՃոնի ՏեփՆիքոլա Սարքոզի15 ՄարտՔղոր18 ՀոկտեմբերՊատուոյ Լեգէոն ՇքանշանԳրիգոր ԶօհրապՀայկական ՍփիւռքԱրեւմտեան ՀայաստանՄիջերկրական Ծով7 ԴեկտեմբերՍիոն (ամսագիր)1944 թուականՋրածինՕսքար ՄրցանակԿիկերոն1981 թուական15 ՅունուարՊան Քի ՄունԺոզէֆ Հայտըն1892 թուականԵմէնԱրաբական Արշաւանքները Դէպի Պարսկաստան13 ՅունիսԿոստանդնուպոլիսԳուրգէն ՄէլիքեանԱնգլիաՄիսաք ՄանուշեանՁիԱսիաՊոսթընԱշխէն (վկայ)Րաֆֆի1920 թուականՆիհիլիզմԲանջարեղէն12 ՅունուարՆաւԱրժանթինԱրցախեան ԱզատամարտԱլճերիաԳոլեստան (Սաատի)ՊելճիքաՏրդատ Ա.Նորվեկիա9 ՄայիսՍերժ ԹովմասեանՀարուածային գործիքներՉինաստանՍարդԱրաբերէնՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՏերեփուկԿարմիր ԾովԿոմիտաս ՎարդապետԵրեւանՀայկական Տոմար🡆 More