Ռոպերտ Ճեպեճեան Ակնաբուժարան

Ռոպերտ Ճեպեճեան Ակնաբուժարան, մասնագիտացման կեդրոն մը, հիմնուած 1952-ին, Հալէպ։

Ռոպերտ Ճեպեճեան Ակնաբուժարան
Ռոպերտ Ճեպեճեան Ակնաբուժարան

Ճեպեճեան ակնաբուժարանը անհատական ձեռնարկ է, հիմնադիրն է Բժ. Ռոպերտ Ճեպեճեան։

Կենսագրական ակնար, Ռոպերտ Ճեպեճեան կու գայ Կիլիկեցի ընտանիքէ մը, բժիշկներու շառաւիղ Հայրը՝ Բժ. Աւետիս Ճեպեճեան (այնթապցի), եւ քեռին՝ Բժ. Ֆիլիպ Յովնանեան(Հասան- Պէյլիէն), որոնք տեղափոխուելով, Հալէպի մէջ միասնաբար հիմնած էին Ճեպեճեան-Յովնանեան Հիւանդանոցը,1919-էն մինչեւ 1952։

Ռոպերտ ծնած է Այնթապ՝ 2 Օգոստոս 1909։ Նախնական ուսումը ստացած է Հայկազեան վարժարանի մէջ ու ապա շարունակած աւետարանական ծխական նախակրթարան։ 1926-27  բոլորած է Լիբանան՝ Պրումանա, անգլիացի Քոկեյքըրներու դպրոցի մէջ, բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան։ Բժշկական Ֆակուլտետի վերջին կուրսը թոյլատրուած է անցկացնել Ֆրանսա՝ Լիոնի Համալսարան՝ սաներու փոխանակման կարգով։

Հետեւած է աչքի կլինիկային, ուր ծանօթացած է նշանաւոր ակնավիրաբուժ՝ Լուի- ՓոՖիկ-ին։ Հետեւած է սիմպաթիկ սիստեմի հետազօտութեանց հիմնադիր՝ այսպէս կոչուած ՝ ցաւի վիրահատութիւն՝ միջազգային ճանաչուած հեղինակ՝ Ռընէ Լըռիշի կլինիկային։ Բժշկական վկայականը ստացած է Պէյրութէն ( Պէյրութի Ամերիկան Համալսարանէն)։

Հաստատուած է Հալէպ։

1938-39-ին, ինչպէս նաեւ 1946-47, վերապատրաստման տարեշրջաներ անցուցած է Ֆրանսայի ակնաբուժական առաջատար կեդրոններու մէջ, հետեւելով աշխարհահռչակ հեղիկնակներ՝ Փոլ Պայյարի Անտրէ Մաժիթոյի (Փարիզ), Գապրիէլ Փիեռ Սուրտիյի (Նանթ) կարճ շրջան մըն ալ հայազգի անուանի օտոլարինգոլոգ՝ ՊրոՖ. Զարէհ Շերիճեանի Կլինիկան ( Քիթ- կոկորդ, Ժընեվ)։

Բժ. Ճեպեճեան անդամ է Ֆրանսական Ակնաբուժական Ընկերութեան՝ 1948-էն ի վեր։ 1956-ին, ՄԱԿ-ի Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը կազմակերպութիւնը Բժ. Ճեպեճեանի անունը արձանագրած է Տրախոմայի Մասնգէտներու իր ցուցատախտակին վրայ։

1967-ին, Ճեպեճեան նշանակուած է Սուրիան ներկայացնող թղթակից՝ Ռըվիու Էնտերնասիոնալ Տրախոմ՝ եռամեայ գիտական հանդէսի խմբագրուեան կողմէ։

1970-ին, Ճեպեճեան թեզիս պաշտապանելով Երեւան, գիտական կոչում կը ստանայ ( Բժշ. Գիտ. Թեկնածու)։ Զինք կը ներկայացնէր Սուրիոյ Առողջապահութեան Մինիստրութիւնը։ Դէպքը նախընթաց չունենալ հարկ եղաւ որ Մոսկուայի Գիտական տիտղոսներու գործերով զբաղուող ՎԱԿ մարմինը իրաւասութիւն շնորհէ Երեւանի համալսարանին , արտասահմանէն ներկայացող թեկածուներ ընտրելու. Պայմանաւ որ Հայաստանի պետական լեզուով հայերէն շարադրութիւն ունենային անոնց թէզիստները։

1979-ին, Հայաստանի Ակնաբուժներու Միութեան վարչութիւնը մեծարեց զինք ՝՝ Պատուոյ Անդամ՝՝ կոչումով։

Բժշկա- ընկերային ներդրումներ, Սուրիական Հայրենիքին։

1948-ին, բացաւ անհատական իր ակնաբուժարանը, Ճեմլիէ թաղամաս, 33 Զուհեր փողոց, 3-րդ յարկի վրայ, 20 անկողին։ 1952 Յունուար 14-ին, ան ճանաչում կը գտնէր Առողջապահութեան Մինիստրութեան կողմէ։

Հիւանդանոցին նախագիծը պատրաստեց ՊրոՖ. Զարեհ Գաբլան։

Ակնաբուժարանը 20 անկողին, իր դռները բացաւ 17 Նոյեմբեր 1952-ին, Սէպիլ բնակելի թաղամասին մէջ, որը կը գործէ մինչեւ այսօր։

Աղբիւրներ

  • Ռոպերտ Ճեպեճեան Ինքնակենսագրութիւն Յուշեր եւ Գործունէութիւն, Հալէպ, 1999.

Tags:

Հալէպ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԼինուքսՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Կոնստանդին Օրբէլեան5 ՆոյեմբերԼուսնթագՄեսրոպ ՄաշտոցՍահմանադրական ՎարժարանՃոն ՔենետիՄեծ Հայք2001Մեռեալ ԾովՏիգրան ՄանսուրեանԵուրի ՆաւոյեանԹաւրիզԱյնթուրայի Հայ ՈրբանոցըՎահրամ ՓափազեանՆիւ ԵորքՇերամ (գուսան)Ընդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)Սողոմոն ԹեհլիրեանԱբիսողոմ աղաՎարդան ԱրեւելցիԱգաթանգեղոսՄեհմեթ Թալէաթ փաշաԳարեջուր1990 թուականԱնժելա ՍարաֆեանՎլատիմիր ՓութինՎրացերէն1876 թուական1991 թուականԴեկտեմբերԱրա ՇիրազՊղինձԱրծիւ (պաշտօնաթերթ)Անդրանիկ ՕզանեանՈդիսեւսԽաչապուրիՄայրերու ՕրԱրշակ ՖեթվաճեանԲաբելոնԾաղկազարդԶինկԱրթուր ԱբրահամԾիրանԱնգլիաԿարսyth71ԲնութիւնՄետաղ1850 թուականՄակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)1568 թուականԱշոտ ՂուլեանՀայերը Պաքուի մէջԽնուսԳրական երկի լեզուԴիմատետրԻսրայէլ ՕրիՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԱշոտ ԳրաշիԿատուներԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)Նաթալի ՂուսելԲանալիներու Եւ Կղպանքներու Պատմութիւնը1925 թուականՌուսիա🡆 More