Օրագիր, որեւէ անձի կողմէ հետեւողականօրէն կատարուած, խիստ անձնական կամ գեղարուեստական բնոյթ կրող գրառումներու ամբողջութիւն։
Օրագիրն իր ժամանակակից բովանդակութիւնը եւ իմաստը սկսած է ստանալ Վերածնունդի Դարեշրջանէն, երբ գեղագիտութեան մէջ առաջնային դիրք կը սկսին մղուիլ մարդ անհատի անձնական ապրումները եւ փորձառութիւնը։ Եւրոպայի մէջ օրագրերը մեծ տարածում գտան յատկապէս զգայավարութեան (sentimentalism) եւ վիպականութեան (romanticism) ժամանակաշրջանին, որովհետեւ այս գեղագիտական հոսանքները հիմնական խարսխուած էին անհատի անձնական ապրումներու բացայայտման եւ վերլուծման վրայ։
Օրագրերը նաեւ կարեւոր վաւերագրական փաստաթուղթեր են, որոնք յաճախ լոյս կը սփռեն ժամանակի այս կամ այն իրադարձութեան վրայ։ Այս առումով յատկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունին քաղաքական, ռազմական, մշակութային գործիչներու օրագրերը։ Այսպիսի նշանակութիւն ունին ԱՄՆ-ի երկրորդ նախագահ Ճոն Ատամզի, Ռուս վերջին ցար Նիքոլա II-ի, գրողներ` Լեւ Թոլսթոյի, Անտրէ Ժիտի եւ այլ անձանց օրագրերը։
Գեղարուեստական գրականութեան մէջ նոյնպէս լայն տարածում գտած է օրագիրը։ Բազմաթիւ հեղինակներ իրենց ստեղծագործութիւնները շարադրած են օրագրի տեսքով։ Այսպիսի ստեղծագործութիւններու դասական օրինակներ են Լու Սինի «Խելագարի Օրագիրը», Ռոպըրթ Վալզերի «Յակոբ ֆօն Կունթըն» վէպերը եւ Սիւ Թաունսենտի «Ատրիան Մոուլի Օրագրերը» վիպաշարը։ Հայ իրականութեան մէջ վաւերագրական եւ գեղարուեստական օրագրութեան հետաքրքիր նմուշներ են Կարպիս Սուրէնեանի օրագրերը, որոնք կ'ընդգրկեն շուրջ 60 տարուայ ժամանակահատուած։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Օրագիր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.