Մամռոտ Քար Ջրվէժ

Մարմառոտ քար ջրվէժ, բնապատմական արգելոց, կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի շրջանը: Այստեղ կը գտնուին պատմական, բնական եւ ճարտարապետական շարք մը գեղատեսիլ վայրեր:

Մամռոտ Քար Ջրվէժ
Հունոտի կիրճ

Ջդրդուզ

Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Ջդրդուզ

Կատարօտ կամ Ջդրդուզ կոչուող դաշտավայրը կը գտնուի Շուշի քաղաքի եզրին: Դաշտը ունի մօտ 5 հեկտար տարածք:

Շուշիի պարիսպներ

Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Շուշիի պարիսպներ

Պաշտպանական ամրոցներու շինարարութիւնը սկսած է 18-րդ դարուն: Անոնք Շուշիին կ՛օգնէին պաշտպանուիլ Մխիթարաշէն եւ Քարինտակ գիւղերու կողմէ յարձակուող զաւթիչներէն: Ինչպէս նաեւ կ՛օգնէին պաշտպանել Հունոտի ջրաղացները, որոնք Շուշիի համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունէին:

Զոնտիկներ

Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Զոնտիկներ

Մամռոտ Քար ջրվէժը աւելի յայտնի է (ռուս.՝ зонтики) Զոնտիկներ կամ Հովանոց անունով: Սկիզբ առնելով կիրճի ներսէն այն կը թափուի մամռապատ քարի վրայ եւ հովանոցաձեւ ջրվէժ կը ձեւաւորուի: Մամռոտ Քար ջրվէժը կը գտնուի Կարկառ գետի ափին՝ բնական լողաւազանի մօտ:

Հունոտ գիւղ

Հունոտ գիւղը հիմնադրուած է 18-րդ դարուն: 1895-ին 130 բնակիչ ունեցող գիւղը մեծ դեր խաղցած էր Շուշիի համար: Բերդաքաղաքին ալիւր մատակարարող ջրաղացներու մեծամասնութիւնը կը գտնէին հէնց Կարկառ գետի վրայ՝ Հունոտի տարածքին: Գիւղը լքուած է 1930-ին:

Հունոտի ջրաղացներ

Հունոտի կիրճին եւ անոր շրջակայքը 12 ջրաղացներու աւերակներ պահպանուած են: 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի սկզբին այս ջրաղացները Շուշի քաղաքին ալիւր մատակարարելու գործում մեծ դեր են խաղացել:

Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Մամռոտ Քար ջրվէժ
Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Մամռոտ քար ջրվէժ

Քարանձաւ Աւանա Կարան

Բերդաքաղաք Շուշիի կիրճը յայտնի է նաեւ քարանձաւներով, որու վրայ այն կառուցուած է: Անոնցմէ ամենամեծը եւ յայտնին Աւանայ Կարանքարանձաւն է: Աւանա Կարանը կը գտնուի Շուշիի հարաւ-արեւմուտքը, որ կը կոչուի Աւանի Քերծ: Քարանձաւը ունի մօտ 75 մ խորութիւն եւ մինչեւ 15 մ հասնող լայնութիւն, իսկ բարձրութիւնը 7-10 մ է: Քարանձաւի ուղղահայաց մուտքի մօտ կրնաք տեսնել մարդաշէն հատուածներ, քարէ պատեր եւ այլ կառոյցներ: Անոնք տարիներ շարունակ կառուցուած են տարբեր նպատակներու ծառայելու համար, քանի որ քարանձաւը մարդոց կողմէ օգտագործուած է Ք.ա. 2-րդ հազարամեակէն սկսած մինչեւ 18-րդ դարը:

Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Շուշիի քարանձաւներ

Քարանձաւ Ալեքսանա Ղուզէ

Մամռոտ Քար Ջրվէժ 
Հունոտի ջրաղացներու աւերակներէն

Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւը կը գտնուի Քարինտակ գիւղի հարաւ-արեւմուտքը՝ Կարպէն Քերծ սարի ստորոտը՝ Զառ գետի ձախ ափին: Այս քարանձաւը ունի մօտ 50 մ խորութիւն եւ շուրջ 7 առանձնացած սրահներ: Հելլենիստական դարաշրջանին բնակուած ըլլալով՝ Ք.ա. 1-ին դարէն մինչեւ Ք.Ե. 1-ին դարը քարանձաւը հանդիսացած է հեթանոսական պաշտամունքի վայր: Այսօր քարանձաւը կը հանդիսանայ Արցախին մէջ բնակուող սպիտակաթեւ չղջիկներու միակ հանգրուանը, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ, քանի որ մարդոց ներկայութիւնը կրնայ մեծ վնաս հասցնել անոնց բազմացմանն ու զարգացմանը:

Պըլը Պուղի յուշաքար

Յայտնի սրամիտ Պըլըն ծնած է 1731-ին, եւ չնայած մահացած է 1810-ին՝ ան դեռ կ՛ապրի ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ եւ ճանչցուած է արցախեան բոլոր ընտանիքներէն: Պըլը Պուղին կը զուարճացնէր Մելիքին եւ անոր հիւրերուն հանգստի եւ տօնակատարութիւններու ժամանակ: Այդ ժամանակ ան համարձակօրէն կը քննադատէր նաեւ Մելիքի սխալ որոշումները, յաճախ անով իսկ օգնելով վերջինիս լուծել դժուար խնդիրներ: Բանահիւսութեան համաձայն՝ Պըլը Պուղիի աճիւնը կը գտնուի Շոշ եւ Մխիթարաշէն գիւղերու արանքին տեղակայուած քարանձաւին մէջ, եւ այդտեղ ալ, 1976-ին կառուցուեցաւ Վարանդայի Մելիք Շահնազարի պալատական ծաղրածուի՝ Պըլը Պուղու յուշաքարը:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Մամռոտ Քար Ջրվէժ ՋդրդուզՄամռոտ Քար Ջրվէժ Շուշիի պարիսպներՄամռոտ Քար Ջրվէժ ԶոնտիկներՄամռոտ Քար Ջրվէժ Հունոտ գիւղՄամռոտ Քար Ջրվէժ Հունոտի ջրաղացներՄամռոտ Քար Ջրվէժ Քարանձաւ Աւանա ԿարանՄամռոտ Քար Ջրվէժ Քարանձաւ Ալեքսանա ՂուզէՄամռոտ Քար Ջրվէժ Պըլը Պուղի յուշաքարՄամռոտ Քար Ջրվէժ ԾանօթագրութիւններՄամռոտ Քար ՋրվէժԱրցախի ՀանրապետութիւնՇուշիի շրջան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Պարաք ՕպամաՍիմոն ՊոլիվարԲիւզանդական ԿայսրութիւնԹատրոնի Համաշխարհային ՕրՍուէյտաՆիքոլօ ՄաքիավելլիՈւհուրու ՔենեաթաՓարիզԻնսթակրամՏելհիՄինաս ՎերածինՏանըլտ ԹրամփՄիջագետք ՀայոցԵւրոպական ՄիութիւնՄանասէ ԹագաւորՎրացերէն ԱյբուբէնԲենջամն ՖրանկլինՄանուէլ Մենենկիչեան1771 թուականԶապէլ ԵսայեանԱնանիա ՇիրակացիԱրմենիա (Հոնտուրաս)ԻրաքՆերսէս ԼամբրոնացիՄոնաքոյի Ինքնաշարժներու ՄրցաշարքԱրուսեակ (մոլորակ)Վահէ Օշական1717 թուականՏղմուտ (գետ)ԸնձուղտԷտկար Ալլան ՓօՄեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ ՃուրեանՇաքարախտՀանրագիտարանԽմորեղէնՊահեստ Գիւղի ԵկեղեցիՇիքակօ307 (թիւ)Ալիշա ՔիզՀայկական ՏոմարՎասիլի Քանտինսքի1769 թուականՔրոնոսԱրման ՄանուկեանԳոյականի առումներՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՇուէտԿաղնիՍուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի (Ֆրեզնօ)ԵպիսկոպոսԱշխադարՊրազիլԱռնոլտ ՇուարցնէյկըրԻսիսՍէյլըմ (Մասսաչուսէթս)Նիւ ԵորքՔրիստափոր Կարա ՄուրզաԳոշավանքԽրուաթիաԳիտա-երեւակայութիւն (science fiction)ԱֆիոնքարահիսարՆոպէլեան ՄրցանակՃոն ՔենետիՄսաշոթԱրհեստական ԲանականութիւնՀնդկաստանԾովից ծով ՀայաստանԱրա ՊարթեւեանՀանգստապատառ (լոխում)Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն1709 թուականՊարսկերէնՊան Քի Մուն27 Ապրիլ🡆 More