Բարշամին

Բարշամին (Barshamin, Barsamin, բառացիօրէն՝ երկինքի որդի), գերեվարուած աստուած մը՝ Մեծն Տիգրանի կողմէ:

Բարշամին

Բարշամինի բուն անուանաձեւը Բաալշամեմ էր: Արեւմտեան սեմական ժողովուրդներու երկինքի եւ արեւու աստուածն էր, որուն պաշտամունքը տարածուած էր Ասորիքի մէջ մինչեւ Ե. դար։

Բարշամին Հայաստանի մէջ

Հայ աւանդութեան մէջ հանդէս եկած է ասորիներու աստուած Բարշամը (որ կը սպաննուի Արամին Ասորեստանի դէմ մղած պատերազմի ատեն եւ հետագային ասորիներուն կողմէ կ'աստուածանայ), որմէ հայոց նախնի Վահագնը յարդ կը գողնայ, իսկ անոր ձգած յարդի հետքերը կը կազմեն Յարդագողի ճանապարհը երկինքին մէջ։

Ան հայերուն հակառակորդն էր: Ըստ Մովսէս Խորենացիի, հնագոյն ժամանակներուն, Բարշամին եղած է հայոց Արամ նահապետի հակառակորդը: Հետագային, երբ Մեծն Տիգրան Միջագետքը կը նուաճէր, կը գտնէ Բարշամինին փղոսկրէ ու բիւրեղէ կազմուած, արծաթապատ արձանը, զոր կը հրամայէ տեղափոխել եւ կանգնեցնել Դարանաղի գաւառի Թորդան աւանին մէջ, տեղ տալով հայոց դիցարանին մէջ:

Բարշամինը այդ օրերուն կը համադրուի Միհրի հետ եւ իր անունը կը յիշուի եօթը գլխաւոր աստուածներուն կողքին: Յայտնի չէ, թէ սեմական վայրը աստուածութիւնը ի՞նչ գործառոյթ ունեցած է հայոց դիցարանին մէջ,:

Անոր հրաշափառ արձանն ու պաշտամունքի վայրը հետագային հեթանոսական այլ սրբավայրերու հետ կործանուած է Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Մեծն Տիգրան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՎրոցլավՌուսիաՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՄարիա ՄոնթեսորիԹորոնթօԳերզգայութիւնԼիմնոսՆանթԱստուածային ԿատակերգութիւնԼոնտոնՊարպարա ՍթրէյսընտՔեմպրիճԼուսինՆելսըն ՄանտելաՄուշեղ ԻշխանՉիլէ1810 թուական8 ՄարտԿարինՂասախիստանԿատուներԱմազոնԱլիս ԳետԼեռ Կամսար12 ՅուլիսՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնԲաշ Ապարանի ՃակատամարտԴեղաբանութիւնԿուկըլ ՔրոմՀոկտեմբերՄեսրոպ ՄաշտոցԿրիաներԷլէն ՍեկարաՔրիստափոր Կարա ՄուրզաՄուշՄանուէլ ՄենենկիչեանԱրարատեան տարազՊոսնիա եւ ՀերցեկովինաՌամպրանտ վան ՌէյնՃարպակալումՍօնիՎարակիչ Կակղամորթախտ1616 թուականԷր ՌիադԿոստան ԶարեանԿոմիտաս ՎարդապետՄիանմարԱղեքսանտրիաԻսլամութիւնՄարթին Լուտըր ՔինկՈւիքիփետիաՔրիստոնէութիւնՄասաչուսեցՓիլիսոփայութիւնՉաք ՖինիԱտելԼիոնել ՄեսսիԾիր ԿաթինԱմսթերտամԴանիաՈդիսեւս1992 թուական4 ՕգոստոսԱստղային Պատերազմներ։ Բաժին Դ։ Նոր Յոյս1918 թուականMåneskinԿանանց Միջազգային ՕրԱւագ ՀինգշաբթիՕգոստոս Օքթավիանոս (Կայսր)ՎերածնունդՀայկական ԴրամՈսկիԻտալիաԼուսնթագԱզրպէյճանԹրքերէնԵւրոպական Միութիւն🡆 More