Մայիս

Մայիս, տարուան հինգերորդ ամիսը, ըստ Գրիգորեան օրացոյցի, ունի 31 օր։ Մայիս ամիսը նուիրուած է հռովմէացիներու Մաեա աստուածուհիին։ Մաեա աստուածուհիին տօնը կը նշուի Մայիս ամսուն եւ կը կոչուի՝ սիրուն Մայիս։ Անոր պատւոյն՝ Մայիսի մէկին, մեծ զոհաբերութիւններ կը մատուցէին։

Ըստ հայկական տոմարի, Մայիսը կը համապատասխանէ «Մարերի» ամսուան։

  • Մայիս ամսուան կենդանաշրջանի նշանները կը համարուին մինչեւ 21-ը՝ Ցուլը եւ 22-էն ետք՝ Երկուորեակը:
  • Ամեն տարի Մայիս ամսուան կը կայանայ Եւրատեսիլը՝ Եւրոպայի Հեռարձակողներու Միութեան Երգի Մրցոյթը:

Յաղթանակներու Ամիս

  • Մայիս 8՝
    • (Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ՝ Մայիս 9) նազիստական Գերմանիոյ դէմ 1945 թուականին դաշնակից երկիրներու տարած յաղթանակի օր
    • Շուշիի ազատագրումի օր, որով 1994 թուականին աւարտուեցաւ Արցախի պատերազմը
  • Մայիս 27՝ Սարդարապատի մէջ 1918 թուականին թուրքական զօրքերու դէմ հայկական զինուած ոյժերու տարած յաղթանակի օր

Մայիս ամսուայ տօները

  • Մայիսի առաջին կիրակին կը նշուի Ծիծաղի, երկրորդ շաբաթ օրը՝ Ուիսքիի, երրորդ հինգշաբթի՝ Հումմուսի Օրերը:
  • Մայիս 1-ը կարգ մը երկիրներու մէջ կը նշուի որպէս Աշխատաւորներու Օր, 3-ը՝ Մամուլի Ազատութեան Օր
  • Քանի մը երկիրներու մէջ Մայիս ամսուան կը նշուի անկախութեան օր՝
  • Մայիս 10-ին՝
    • Մայիս  Ռումինիա՝ Օսմանեան Կայսրութենէն (1877)
  • Մայիս 15-ին
    • Մայիս  Փարակուայ՝ Սպանայէն (1811)
  • Մայիս 20-ին
    • Մայիս  Արեւելեան Թիմոր՝ Ինտոնեզիայէն (2002)
    • Մայիս  Քուպա՝ Միացեալ Նահանգներէն (1902)
  • Մայիս 24-ին
    • Մայիս  Էրիթրէա՝ Եթովպիայէն (1993)
  • Մայիս 26-ին
    • Մայիս  Վրաստան՝ Ռուսական Կայսրութենէն (1918)
    • Մայիս  Կայեանա՝ Միացեալ Թագաւորութենէն (1966)
  • Մայիս 28-ին
    • Մայիս  Հայաստան՝ Ռուսական Կայսրութենէն (1918)
Մայիս 
Մայիս 
Չինական վարդը եւ սոխակը մայիսին խորհրդանիշներէն են
Մայիս 
Մայիսը Նոր Զելանտային մէջ աշնանային ամիս է:
  • Մայիս 5՝
    • Երեխաներու Օր՝ Ճափոն, Քորէա
    • Եւրոպայի Օր
    • Թագադրութեան Օր՝ Թայլընտ
  • Մայիս 6՝
    • Սբ. Գէորգի Օր՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցի
    • Իւրիի Օր՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցի
  • Մայիս 8՝
    • Միկէլ Հիտալկօյի ծննդեան Օր՝ Մեքսիքա
    • Ծնողներու Օր՝ Քորէա
    • Յաղթանակի Օր՝ Արեւմտեան Եւրոպա
    • Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Համաշխարհային Օր
  • Մայիս 9՝
    • Յաղթանակի Օր՝ Նազիստական Գերմանիոյ դէմ Խորհրդային Միութեան տարած յաղթանակի պատւին:
    • Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին Նազիստական Գերմանիոյ դէմ Յաղթանակի Օր՝ Ուքրաինա
    • Յաղթանակի եւ Խաղաղութեան Օր՝ Հայաստանի մէջ կը տօնուի որպէս 1992 Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին Աւարտի Օր
  • Մայիս 12՝
    • Ֆիններու Նոյնականացման Օր՝ Ֆինլընտ
    • Բուժքոյրերու Միջազգային Օր
    • Ընտանիքներու Համաշխարհային Օր
    • Հանրապետութեան Օր՝ Լիթուանիա
  • Մայիս 16՝
    • Ազգային Օր՝ Հարաւային Սուտան
  • Մայիս 17՝
    • Ազատագրութեան Օր՝ Քոնկօյի Տեմօքրաթական Հանրապետութիւն
    • Սահմանադրութեան Օր՝ Նորվեկիա
  • Մայիս 18՝
    • Թանգարաններու Համաշխարհային Օր
  • Մայիս 19՝
    • Աթաթիւրքի Յիշատակի Օր՝ Թուրքիա, Հիւսիսային Կիպրոս
    • Յոյներու Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր՝ Յունաստան
  • Մայիս 20՝
    • Օդերեւութաբաններու Համաշխարհային Օր
  • Մայիս 22՝
    • Կենսաբանական Բազմազանութեան Համաշխարհային Օր
  • Մայիս 23՝
    • Սահմանադրութեան Օր՝ Գերմանիա
    • Կրիաներու Համաշխարհային Օր
  • Մայիս 24՝
    • Կիւրեղի եւ Մեթոդիոսի Օր՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցի
    • Ափրիկէի օր
    • Վերջին Զանգ՝ Ռուսիա
  • Մայիս 26՝
    • Թագաժառանգի Ծննդեան Օր՝ Դանիա
  • Մայիս 29՝
    • Միաւորուած Ազգերու Խաղաղարարներու Միջազգային Օր
    • Մարսողական Առողջութեան Համաշխարհային Օր
  • Մայիս 31՝
    • Ծխախոտէն Հրաժարիլու Համաշխարհային Օր
    • Շիկահերներու օր

Ուշագրաւ Տեղեկութիւններ

  • Ճափոներէնին մԷջ կայ «Մայիսեան Հիւանդութիւն» արտայայտութիւնը, որ կը բնորոշէ առաջին դասէն կամ աշխատանքի ժամէն ուշացածի մը:

Մայիսին Կը Ծաղկէն

Tags:

Մայիս Յաղթանակներու ԱմիսՄայիս ամսուայ տօներըՄայիս Ուշագրաւ ՏեղեկութիւններՄայիս ին Կը ԾաղկէնՄայիս

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ծովից ծով ՀայաստանԱրաքս (գետ)ՏարածութիւնԱտոլֆ ՀիթլերԾաղրածուՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԼուսնթագԹորոս ԹորամանեանՄհերի ԴուռԱսիա1932 թուական1979 թուականՕմանի ծոց1572 թուականՀայաստանի ԶինանշանՅունաստանԵգիպտոսԵնովք ԵղիսէեանՀայոց Ցեղասպանութիւն1949Պենֆիքա (Ֆութպոլային Ակումբ)Պիթքոյն1789 թուականԱրեւմտահայերէնՆեմեսիսի ԳործողութիւնՄականունՈւղտերԺորժ ԿառվարենցՉինաստանԺայռապատկերԲրինձԳագիկ Ա.Սերոբ ԱղբիւրԱրթուր ԱբրահամԱշոտ Գ. Ողորմած30 ԱպրիլԴանիաՆաֆթԶուիցերիաԿեչառիսի Վանքային ՀամալիրԱնթոնինա Մահարի1855 թուականՍուրբ ԾնունդՀայաստանի Պարի Պետական ՀամոյթըԾառԴանիէլ ՎարուժանՄեծն ՏիգրանԱրարատ (Լեռ)Հրազդան գետԵպիսկոպոսԽոսրովի ԱնտառՆիւ ԵորքՈւյղուրներԿեդրոնական ԱսիաՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՀայոց ցեղասպանութեան յուշարձան (Պիքֆայա)Աւարայրի ՃակատամարտԳրական ՔննադատութիւնԱմալ ՔլունիՎենետիկՆիտըրլենտԱրաբական ԹիւերԱրուսեակ (մոլորակ)ԵրկուշաբթիՍանահինի ՎանքԱնիս ՆաքքաշՃոն ՆաշՔաթարԱբիսողոմ աղաՔլէոփաթրա🡆 More