Ձուկեր

      Ձուկեր Անուան այլ կիրառումներու համար տես՝ Ձուկեր (այլ կիրառումներ)
՞
Ձուկեր
Ձուկեր
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Կարգ Ձուկեր
Լատիներէն անուանում
Pisces

Ձուկեր
Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ

Ձուկեր
Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ

Ձուկեր (անգլերէն՝ Pisces), ջուրերուն մէջ ապրող ողնաշարաւորներ։ Կ'ապրին ծովերու, ովկիանոսներու,գետերու եւ լիճերու մէջ։ Մարմինը պատուած կ'ըլլայ թեփուկներով, քորտէն փոխարինուած է ողնաշարով։

Ձուկեր
Ոսկորային ձուկի կմախքը

Կը շնչեն խռիկներու միջոցով, զարգացումը կ'ընդանայ ջուրին մէջ։ Ձուկերուն վերնադասը բաժնուած է երկու դասերու՝ կռճիկային եւ ոսկորային։

Կռճիկային ձուկերու դասին կը պատկանին շնաձուկերու եւ կատուաձուկերու կարգերը, իսկ ոսկորային ձուկերու դասը կը բաժնուին չորս ենթադասերու՝ ճառագայթալողակներ, վրձնալողակներ, կռճիկաոսկորայիններ եւ երկշնչաւորներ։

Մարմինի Կառուցուածքը

Ձուկերուն մարմինի կառուցուածքին ծանօթանանք ոսկորային ձուկերու խումբի, ճառագայթալողակներու ենթախմոււբի օրինակով։ Անոնց մարմինը կողմերէն սեղմուած է եւ ունի շրջհոսելի ձեւ։ Ձուկերուն մարմինը կազմուած է իրար անշարժ միացած 3 բաժիններէ՝ գլուխ, իրան եւ պոչ։ Ձուկերուն մարմինը պատուած է ոսկորային թեփուկներով։ Գլուխի սահմանը խռիկային ճեղքերը կամ կափարիչներն են, իսկ իրանի եւ պոչի սահմանը՝ յետանցքը։

Թեփուկները պատուած են վերնամաշկի բազմաթիւ գեղձերով, որոնց մէջ արտադրուած լորձունքը կը մեղմացնէ ջուրին հետ շփման ուժը եւ մաշկը կը պաշտպանէ մանրէներէն։ Իւրաքանչիւր թեփուկ առջեւի ծայրով մխրճուած է մաշկին մէջ, իսկ ետեւի մասով նստած է յաջորդ թեփուկին վրայ։ Թեփուկները ձուկերու աճին զուգընթաց կը մեծնան։ Թեփուկներով կարելի է որոշել ձուկերուն տարիքը։

Ձուկերու մարմինին վերջամասը լողակներն են։ Կուրծքի եւ փորի զոյգ լողակները ջուրին մէջ կը կատարեն հետեւեալ դերերը՝ մարմինի պահպանում, դանդաղ տեղաշարժ, կանգ առնել, շրջադարձ կատարել եւ հաւասարակշռութիւն, մասնաւորապէս՝ ջուրի խոր շերտեր իջնելու եւ բարձրանալու պարտականութիւն։ Մէջքի եւ ենթապոչային (յետանցքի) կենտ լողակները կը կատարեն ղեկի եւ տեղաշարժման գործառնութիւն։ Ձուկերուն գլխուն վրայ կը գտնուին աչքերը, որոնք չունին կոպեր, իսկ աչքերուն առջեւ՝ քթանցքները։

Ձուկերը ունին հովանաւորող գունաւորում՝ մէջքի կողմը մութ գոյն ունի, որուն շնորհիւ ջուրին յատակին կը դառնան աննկատ։

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՓարիզՆեմեսիսի Գործողութիւն31 Մարտ1744 թուականԱրարատ (Լեռ)Վլատիմիր ԼենինՔրիստափոր ՄիքայէլեանԿարսԾովից ծով ՀայաստանԹոմն ու ՃերինՇաքարախտ1821 թուականՌուբէն ՍեւակԱրուսեակ (մոլորակ)Սելանիկ1937 թուական24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)ՔանատաՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՄհերի ԴուռԱբիսողոմ աղա16 ՅունուարՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՔաղաքավարութեան ՎնասներըՏալաս2021 թուականԷր ՌիադՄիւնիխԶատիկ Կղզի15 ՄարտՆախիջեւան (քաղաք)ԱշխապատԳրիգոր ՆարեկացիՊոսթըն30 ԱպրիլՄակդիրՀայոց ՑեղասպանութիւնԱրեւմտահայերէնԴեղանիւթեր1 ՄայիսՀենրի Այըն ՔուսիքՇարլ ԱզնաւուրՈչխարՀոգեգալուստՍօնի1988 թուականԻսրայէլ ՕրիՍտեփանոս Տարօնեցի ԱսողիկԱրաբական ԹիւերԻսթանպուլԱրգիշտի Ա․Կեչառիսի Վանքային ՀամալիրՆերսէս Վարժապետեան127 (թիւ)ՀունգարիաԳաբրիէլ ԱյվազովսկիՆԱՍԱՀարաւափրիկեան ՀանրապետութիւնԱրեգակնային ԴրութիւնՄիջնադարՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Քարէն ԵփփէAirbus A380 (արեւմտահայերէն)Արժանթին1844 թուականԱզրպէյճանՍուրբ ԾնունդԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԿաթոլիկ եկեղեցի1995 թուական17 ՄարտԱրուեստԳիտութիւնՍահարա ԱնապատՄեքսիքա🡆 More