Դերասան

Դերասանը անձ մըն է, որ կը խաղայ թատերական կամ կատակերգական ստեղծագործութիւններու մէջ եւ կ'աշխատի ֆիլմերու, թատրոնի, հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի կամ այլ նման հաստատութիւններու մէջ:

Ստուգաբանութիւն

1660 թուականէն ետք առաջին անգամ սկսաւ օգտագործումը դերասան եւ դերասանուհի բառերուն։ Օրինակ՝ անգլիացիները այդ բառը փոխ առած են ֆրանսերէնէ: Դերասան բառը առաջ կը բնորոշէր բեմի վրայ գործող անձը` անկախ սեռական պատկանելիութենէն։ Բայց հասարակական կեանքին մէջ մեծ տարածում գտաւ դերասանուհի բառը, որը կը բնորոշէր հաստատ իգական սեռի ներկայացուցիչները: Գործնականապէս դերասանուհի բառը մեծ կիրառում գտաւ 1950-1960 թուականներուն, երբ կանանց ներդրումը արդէն էական էր մշակոյթի մէջ: Այնուհետեւ մրցանակաբաշխութիւններու ժամանակ սկաւ օգտագործուիլ դերասանուհի բառը` բնորոշելու համար կին յաղթողները:

Պատմութիւն

Դերասան 
Դերասաններ Ճիմ Պրոչուն եւ Սթիւ Շալչլին Մեծ Ձայնը՝ Աստուած եւ Մերմանը թատերական ներկայացման:

Դերասանական խաղի ամենաառաջին արձանագրուած դէպքը կը վերաբերի 534 թուականին (թէեւ օրացոյցներու բազմաթիւ փոփոխութիւններու պատճառով որոշ ժամանակ նշելը դժուար է), երբ յոյն դերասան Թեփսիսը ելոյթ ունեցաւ Տիոնիոսի թատրոնին մէջ եւ դարձաւ առաջին յայտնի մարդը, որ պատմական կերպար բեմադրած էր։ Մինչդեռ Թեփսիսի դերը երգիչներ, պարողներ եւ մեկնաբաններ արձանագրած են միայն։ Թեփսիսի պատուին՝ դերասաններուն յաճախ կ'անուանեն թեփսիաներ: Թատերական առասպելները մինչեւ հիմա ալ կը հաւատան, որ Թեփսիսը մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի որպէս ոգի, եւ թատերական անյաջողութիւններէն շատերը կը վերագրեն անոր ուրուականի միջամտութեանը։

Դերասանները վաղ միջնադարեան շրջանին աւանդաբար բարձր կարգավիճակ չունէին։ Անոնք թատերական խումբերով անընդհատ կը շրջէին եւ մարդոց վստահութեանը չէին արժանանար։ Եւրոպայի շատ վայրերու մէջ դերասանները նոյնիսկ քրիստոնէական կանոններով չէին յուղարկաւորուիր, եւ այդ դարաշրջանը կը համարէին, որ դերասանները դատապարտուած են նման ճակատագրի։ Այդ բացասական կարծիքը կը շարունակուէր մինչեւ 19-րդ դարի սկիզբը, իսկ ատկէ ետք դերասան մասնագիտութիւնը դարձաւ ամենայարգուած եւ ամենատարածուած մասնագիտութիւններէն մէկը արուեստի բնագաւառին մէջ:

Յղումներ

Կաղապար:Քույրհղումներ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՍեբաստիաՍուր (քաղաք)ԻտալիաԱրուսեակ (մոլորակ)2015Նեղոս գետՍեխՍանահինի ՎանքԿեչառիսի Վանքային ՀամալիրՍեւ խոռոչՀարաւափրիկեան ՀանրապետութիւնՍիւնիքի մարզՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնԼուկանսքի Ժողովրդական ՀանրապետութիւնԳրիգոր ՏաթեւացիԳառնիի Հեթանոսական Տաճար1838 թուականԽոսրով Բ.Փարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովԿեդրոնական Ասիա1 ԴեկտեմբերԾաղկաձորՎազգէն Ա.ԷտմընթընՔենիաՖրանսաՆերքին հիւանդութիւններՄոնաքօՍուրբ ԾնունդՈսկիԵգիպտոսԱրթուր ԱբրահամԿուկըլ ՔրոմԲաբելոնԲիւզանդական ԿայսրութիւնՆիքիթա Խրուշչով1945 թուական1807 թուականՄխիթար Հերացի1789 թուականՔաթարԱւստրիաԼեւոն ՇանթՁմերուկԳերմաներէնՄուշեղ Եպս. ՍերոբեանԽաչքարԼուսանկարչութիւնԻրլանտայի ՀանրապետութիւնՀայաստանի Պարի Պետական ՀամոյթըՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԱխթալայի ՎանքՇահան ՇահնուրՄականունՍ. ԶատիկՇուշիի բերդԻնքնաթիռՊղինձԵրկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ11 Փետրուար1960 թուականՊուլկարիաԱրարատ (Լեռ)ՄեքսիքաԳրիգոր ՆարեկացիՍամարղանտԿարսՅունաստանՀոգեգալուստԱրմաշու ԴպրեվանքԺան Օնորէ ՖրակոնարԷսթոնիաԳաբրիէլ ԱյվազովսկիԱնդրանիկ Քոչարեան🡆 More