Երկիր

Երկիր (Խորհրդանիշ: ), Երկիրը Արեգակնային Դրութեան այն մոլորակն է, ուր բնակուած է մարդու կողմէ: Ան երրորդն է Փայլածուէն եւ Արուսեակէն ետք: Գրեթէ գնդաձեւ է: Տրամագիծն է 12713 քմ.

մէկ բեւեռէն միւսը եւ 12756 քմ. հասարակածին վրայ:

Երկիր
Երկիր

Երկրին կազմութիւնը. 4.5 միլիոն տարի առաջ, արեգակնային նախնական միգամածի փոքրիկ մէկ մասը հետզհետէ խտանալով կազմած է երկիրը:

Երկրին Կառուցուածքը

Երկրին կառուցուածքը կրնանք նմանցնել սոխի խաւերուն: Ունի համակեդրոն երեք խաւեր.

  • Երկրային կեղեւը, որ 33 քմ. թանձրութիւն ունի ցամաքամասերու տակ եւ 6 քմ. ովկիանոսներու տակ:
  • Մակմայի Վերարկուն 2900 քմ. թանձրութեամբ, որուն տակ ջերմաստիճանը ( 2000°C է աւելի) եւ ճնշումը այնքան բարձր՝ որ նիւթը հաստատուն եւ հեղուկ վիճակներու միջեւ կը գտնուի:
  • Կեդրոնական Կորիզը, բաղկացած հոսանուտ նիւթէ, որ ունի 3400 քմ. շառաւիղ մը եւ որուն 2150 քմ.ը հեղուկ է:

Մթնոլորտ (Եթեր)

Երկիրը պարուրուած է «Կազային ծածկոց»ի մը մէջ, որ կը կոչուի Մթնոլորտ: Հազար քմ. հաստութեամբ այդ ծածկոցը յատկապէս կազմուած է բորակածինէ եւ թթուածինէ: Առանց մթնոլորտին, Արեւէն ածխացած պիտի ըլլայինք օրուան մը ընթացքին եւ տառացիօրէն սառած՝ գիշերը:

Մթնոլորտը ունի առնուազն չորս խաւեր. թրոփոսֆէրը, որ ծովի մակերեսէն մօտաւորապէս 11 քմ. բարձրացող խաւն է, կը տնօրինէ օդերեւութաբնական երեւոյթները, այսինքն անձրեւը, պայծառ օդը, եւայլն: Մթնոլորտը իր մէջէն դէպի Երկիր անցընել կու տայ արեւուն այն ճառագայթները միայն, որոնք մեզ կը լուսաւորեն եւ կը տաքցնեն: Ան կը ներծծէ անդրմանիշագոյն ճառագայթները, որոնք կը վտանգեն մեր կեանքը: Եթէ այս վերջին ճառագայթներէն մաս մը յաջողի ներթափանցել վերջին խաւերէն, ապա զանոնք կը կասեցնէ եթերի (օզօն) խաւը՝ շուրջ 50 քմ. բարձրութեան վրայ:

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 14-15։

Tags:

Արեգակնային Դրութիւն🜨

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ճէյմս ՍթիուըրտՀայաստանի Թուղթ1909 թուականԲաբելոնՄկրտիչ ՆուպարեանՍեռ (կենսաբանութիւն)ԾառԲուրգ (երկրաչափութիւն)ԾովԳենուա27 ՅուլիսԻնքնիշխան պետութիւնԼեւոն ԳաթրճեանԿլիմայական ՓոփոխութիւններՄեսրոպ Մաշտոց1 ԱպրիլՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)ՆաֆթՎիրճինիա ՈւոլֆՀալիձորի ճակատամարտՄշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանքԸնդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)Ստեփանոս Տարօնեցի ԱսողիկԱշոտ Բ․ ԵրկաթՄոնթենեկրօՀնդկաստանՍքիմնոս Հիոսցին1983 թուական2004 թուականՍեւ ԾովՏիրՈւտիքՎանքուվըրՊարկապզուկՓիծծաՍտեփանակերտԱծանցաւոր բառերՁուկերԹոքախտՈւրֆայի ՀերոսամարտԶաւէն ԿիրակոսեանԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան11 ՄարտԿենաց Ծառը3 ՅունուարԲառՔլայբետաԱսիաՀայկական ՉամանԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՈսկիԳարեգին Նժդեհ1966 թուականԹուրքիաԷրզրումԳիւղ1942 թուականՄետաղՇարճաՀրայր Դժոխք17 ՅուլիսՀրազդան գետՍողոմոն ԹեհլիրեանՍիրտՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ԶինանշանՄետաքսի ՃանապարհՃամայքաԱրժանթինԳարեգին ԼեւոնեանԼուսնթագԱսկլեպիոս🡆 More