Երեքշաբթի

Երեքշաբթի՝ շաբթուան երկրորդ օրը արեւմտեան երկիրներու մեծամասնութեան մօտ եւ երրորդ օրը ըստ Յուդա-քրիստոնէական օրացոյցի։

Ծագումնաբանութիւն

Երեքշաբթի 
Արես աստուծոյ արձանի հռոմէական տարբերակը, որմէ սկիզբ կ'առնէ Երեքշաբթի օրուան անուանումը շատ լեզուներով, ի պատիւ անոր անունով անուանուած մոլորակի:

Հայերէնով (Երեքշաբթի), վրացերէնով (სამშაბათი — սամշաբաթի), բաշկիրերէնով (шишәмбе - շիշամբէ), տաճկերէնով (сешанбе-սեշամբէ) եւ թաթարերէն (сишәмбе-սիշամբէ) բառացի կը նշանակէ երեք օր շաբաթէն: Հին Հռոմի մէջ անուանումը նուիրուած էր Մարսին (ֆր.՝ Mardi, իտալ.՝ Martedì), հիւսիս-գերմանական ցեղերու մօտ ի պատիւ Տիւրի (նով.՝ Tysdag), որ անդրադարձած է հռոմէական եւ գերմանական լեզուներու վրայ:

Լատիներէնով Երեքշաբթին կը կոչեն dies Martis («Մարսի օր») եւ կը համարուի յունարէն ἡμέρα Ἄρεως (Արեսի օր) թարգմանութիւնը: Շաբթուան եօթ օրերու զուգորդումը եօթ դասական մոլորակներու հետ հաւանաբար կու գայ հելլէնական ժամանակաշրջանէն: Ա. եւ Գ. դարերուն Հռոմէական կայսրութեան մէջ ութօրեայ աշխատանքային շաբաթը կը փոխարինուի եօթնօրեային: Անգլերէնով Երեքշաբթի բառը կու գայ հին անգլերէն Tiwesdæg բառէն: Անիկա կու գայ հին գերմաներէնէն, որ թարգմանուած է լատիներէնէն եւ Մարսի փոխարէն գրուած է գերմանական աստուծոյ` Teiwaz (հին անգլերէնով Tiw) անունը: Այսպիսով Երեքշաբթին բառացի կը նշանակէ «Տիւրի օր»:

Հնդկաստանի դասական լեզուներուն մէջ Երեքշաբթի օրուան կ'ըսեն Անգարակա («անիկա ունի կարմիր գոյն») եւ նուիրուած է պատերազմի աստուած՝ Մանգալին եւ կարմիր մոլորակ՝ Մարսին:

«Երեքշաբթի», ճափոներէնին մէջ բառացի կը թարգմանուի «կրակի օր» (火曜日):

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Տիգրան ԿամսարականՀայկական ԴրամՀայաստանի ԶինանշանՄիաւորներու Միջազգային ՀամակարգԱշոտ Ա. ԲագրատունիԴիմատետրՊասուց ՏոլմաՄաղաքիա Արք․ ՕրմանեանԴանիէլ ՎարուժանԹէյՓաւստոս ԲիւզանդԱտրպատականՍնդիկՎահան ԹոթովենցՓաստաբանՎահան ՏէրեանՀոգեգալուստՓարիզԴեղնախտՄագաղաթՀայոց ՊատմութիւնՕԹԱՆՍտեփան ԾաղիկեանԼուսնթագԱգաթանգեղոսՓոլոնիաՅարաբառութիւնՍողոմոն ԹեհլիրեանԶաւէն ՊիպեռեանԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)ՍարդԻնքնաթիռՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնԱշխարհաբարՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՃափոներէնԱւստրալիաԵլակՄեքքաԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՊետրոս Տէր ՊօղոսեանՊոլիսՆիքիթա ԽրուշչովՁիԱնանիա ՇիրակացիԱղուանքՀայկական ՏաւրոսԼուսիկ ԱգուլեցիԱնտրոսՄեռեալ ԾովՀայկ ՆագգաշեանԼորիս ՃգնաւորեանԾրագրաւորողի ՕրՔալիֆորնիաԱղբիւրՀայկական ՀարցԱռասպելԱյբուբենՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներԱստուածաշունչԲուսաբանութիւնՎահան ԶարդարեանԵրուխանԵրկիրԾաղիկԹռչնոց ԲոյնՓոքրիկ իշխանըԹաւրիզՄինաս ԲժշկեանԶապէլ ԱսատուրՆախիջեւան (քաղաք)🡆 More