Հանրագիտարան

Հանրագիտարան, համայնագիտական մատչելի տեղեկատու, որ առաւել էական տեղեկութիւն կը պարունակէ գիտելիքներու կամ հմտական եւ գործնական գործունէութեան բոլոր (համապարփակ) կամ առանձին (ճիւղային) բնագաւառներուն վերաբերեալ։

Հանրագիտարան
1902 թ. Պրոքհաուսի հանրագիտարանը
Հանրագիտարան
Հայկական սովետական հանրագիտարան

Հայերէն Հանրագիտարան (հանր (հանրային, ընդհանուր) + ա (յօդակապ) + գիտ (գիտելիք, գիտութիւն) + արան (տեղ բնորոշող գոյականակերտ վերջածանց)) բառը (Տեղեկատու ձեռնարկ գիտութեան բոլոր կամ առաձին ճիւղերու մասին) աշխարհի շատ լեզուներով կը հնչէ «էնսեքլոփետիա» կամ «էնսայքլոփիտիա» եւ տառադարձուած է հին յունարէն «ἐγκυκλοπαιδεία» բառէն, որ յառաջ եկած է կամ ծագում առած է «ἐγκύκλιος παιδεία» «էնքիուքլիոս փայտիա» արտայայտութենէն («էնքիուքլիոս»(ἐγκύκλιος), որ կը նշանակէ «համապարփակ» կամ «շրջանառուած» իսկ «փայտիա» (παιδεία) կը նշանակէ «մանկավարժութիւն»))։ Արտայայտութիւնը տառացիօրէն կարելի է թարգմանել «համապարփակ կրթութիւն» կամ «գիտելիքներու ընդհանուր ուսուցում» (knowledge of general education)։

Հանրագիտարան Հանրագիտարանը յիրաւի նպատակ ունի հաւաքել ամբողջ աշխարհի տարածուած գիտելիքները՝ որոնք ընդհանրացուած համակարգով մեր ժամանակակիցներուն ներկայացնելու եւ մեզմէ ետք եկողներուն փոխանցելու համար, որպէսզի անցած դարերուն աշխատանքը անօգուտ չըլլայ գալիք դարերուն համար, եւ մեր զաւակները՝ աւելի լաւ իրազեկուած ու կրթուած ըլլալով, միեւնոյն ժամանակ նաեւ աւելի շնորհալի ու երջանիկ ըլլան, եւ վերջապէս, որպէսզի մենք չմեռնինք ու կորսուինք առանց գալիք ժամանակներու մարդկային ցեղին որեւէ օգտակար ծառայութիւն մատուցելու։
- Տենի Տիտրոօ
Հանրագիտարան
Հանրագիտարան
1541 թ, Պազելի մէջ տպագրուած գիրքի տիտղոսաթերթը, ուր առաջին անգամ օգտագործուած է «քիքլոփետիա» բառը

Հանրագիտարան Ընդհանուր Հասկացութիւն

Թէպէտեւ գիտելիքներու հաւաքական ամբողջութեան գաղափարը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, «քիքլոփետիա» եզրը որպէս գիրքի վերնագիր առաջին անգամ օգտագործուած է 1541-ին՝ Ճոաքիմուս Ֆորթիուս Ռինկելպերկիուսի կողմէ, «Lucubrationes vel potius absolutissima kyklopaideia» (Պազել, 1541)։ «ինսեքլոփետիա» կամ «ինսայքլոփիտիա» բառը առաջին անգամ որպէս գիրքի վերնագիր օգտագործուած է խրուաթ իէնսեքլոփետիստ Փաւաօ Սքալիքի կողմէն «Encyclopaedia seu orbis disciplinarum tam sacrarum quam prophanarum epistemon» (Գիտական առարկաներու աշխարհի գիտելիքներու ինցիկլոփետիա, Պազել,1559). Խօսակցութեան մէջ յայտնի ամենահին օգտագործումներէն մէկը եղած է Ֆրանսուա Ռապլէի «Փանթակրիւէլ» գիրքին մէջ 1532-ին։

Հանրագիտարաններու Տեսակներն ու Առանձնայատկութիւնները

Իւրաքանչիւր հանրագիտարան կը բնորոշուի չորս հիմնական տարրերով։ Անոնք են՝ թեմաթիք (thematic) ուղղուածութիւն, ընդգրկման ծաւալ, կառուցուածքային մեթոտներ եւ ստեղծման մեթոտներ։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Տանթէ ԱլիկիէրիԱպելի ՄրցանակՅիսուսի ճշմարիտ ԵկեղեցինԱնժելա ՍարաֆեանՔուէյթՍերպիաԽաչքարԱմպ31 ՄայիսԵրգիծանք315 (թիւ)Սմբատ (անձնանուն)ԿուրՊասուց Տոլմա1695 թուականԿորիւն1936 թուականՖրիտիոֆ ՆանսենՄայր ԹերեզաՇուշիի Ազատագրումը (1992)1 ԱպրիլՄումթազ ՄահալԲագրատունեանց Հայաստանի ՎերելքըԱլպեան լեռներԷր ՌիադԱքքայի Պաշարում (1799)Սիխ եւ ՍիխիզմԱստուածածնայ Վերափոխման ՏօնԻտալերէն1642 թուականՖեռնան Քոնթանտէն1899 թուականՅովհաննէս ԻնճիկեանՌիօ տը ԺաներօՀայաստանի կուսակցութիւններու ցանկՌուբէն ՈրբերեանՆահապետ ՌուսինեանԵգիպտոսԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Թեհրան)Ցխինվալիի ՀայերըԱնիՔրտինքԼեզուաբանութիւնԵբրայերէնԼուսնթագԼոռի (մարզ)1914 թուականՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիԿարօ ԳէորգեանՃոան ՌոուլինկԴանիաՕձերՔունՈւղեղՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՎարդան ՄամիկոնեանՈւիլիըմ ՍարոյեանՀրազդան գետ1679 թուականԳոշավանքՂեւոնդ ԱլիշանԱրմաշի ԴպրեվանքՊենֆիքա (Ֆութպոլային Ակումբ)87 (թիւ)Յովհաննէս Ա. ՉմշկիկՇամլուղԱնուբիս«Անոնք Ինկան» (Երգ)ԱնգլիաՅովհաննէս ՔաջազնունիԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարԱրշակ ՖեթվաճեանՔրիսթոֆըր Քոլոմպոս🡆 More