Գրականութիւն, մարդուն հոգեւոր կեանքին կարեւոր բնագաւառը։ Գրականութիւնը կը պատկերացնէ մարդն ու մարդկութիւնը: Գրականութիւնը բաց գիրքն է մարդուն անկրկնելի եւ իւրայատուկ ներկայութեան:
Գրականութեան առարկան մարդն է, նաեւ՝ բնութիւնը, որուն մաս կը կազմէ մարդը եւ որուն հետ տեւաբար շփման մէջ է: Միաժամանակ` մարդուն եւ մարդոց հոլովոյթը, նախաձեռնութիւնները, գործը, ապրումները, որոշումները, զգացումները արարումները, այսինքն` ընկերութիւնը, հոն զարգացող յարաբերութիւնները` համագործակցութիւն, մրցակցութիւն, անհասկացողութիւն, նաեւ` պատերազմները: Գրականութիւնը նաեւ բեմն է երեւակայական ընկերութեան մը, յարաբերութիւններու, թէեւ անոնք որքան ալ երեւակայական ըլլան, կը բխին իրականութիւններէ, բնութենէն, մարդոց այսպէս կամ այնպէս ըլլալու ոճէն եւ ցանկութենէն, որոնք այս կամ այն ձեւով լծակներն են նաեւ պատմութեան: Երեւակայական ընկերութիւններու գրականութիւն եղած է հինէն ի վեր` Պղատոն, Ժան-Ժագ Ռուսօ, Ճորճ Օրուէլ: Նաեւ` առասպելները եւ հեքիաթները: Բայց այդ բոլորը ունեցած են մարդը` իբրեւ առանցք:
Լայն առումով՝ գրականութիւն կը կոչուի առհասարակ գրաւոր խօսքը, անոր միջոցով շարադրուած հանրային-քաղաքական, գիտական, փիլիսոփայական, հրապարակախօսական եւ մանկավարժական բնոյթ ունեցող երկերը:
Նեղ առումով՝ կը համարուի արուեստի հիմնական տեսակներէն մէկը. եզրը կ'օգտագործուի այն գրութիւններուն համար, որոնք կը համարուին արուեստի ձեւ, յատկապէս՝ արձակ եւ չափածոյ գեղարուեստական, թատրոն եւ այլն։
Գրականութիւնը ծագած է գիրի, այբուբենի յառաջացումէն ետք (բազմաթիւ լեզուներու մէջ օգտագործուող «լիտերատուրա» եզրը կը կապուի լատիներէն լիտեր-տառ արմատին հետ)։
Գեղարուեստական գրականութեան առաջին նշանաւոր երկերը բանահիւսական ստեղծագործութիւններու գրառման կամ մշակման արդիւնք են։
Գեղարուեստական գրականութիւնը, ինչպէս եւ արուեստի միւս տեսակները, իրականութեան ճանաչման, արտացոլման ձեւերէն է, որ կ'իրականացուի գեղարուեստական-պատկերաւոր եղանակով։
Ըստ կառուցման արտաքին եղանակին՝ գրական երկերը կը բաժնուին երկու մեծ խումբերու՝ արձակ եւ չափածոյ։ Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր՝ գրականութիւնը ունի երեք մեծ բաժին, որոնք կը կոչուին սեռեր՝ էպիկական (ստեղծագործական), քնարական եւ դրամատիկական (թատրոնի հիմնական տեսակ)։։
Գեղարուեստական գրականութիւնը հիմք կը ծառայէ արուեստի տարածական եւ համադրական տեսակներու զարգացման։
Հիմնականօրէն գրականութիւնը արուեստի տեսակ է։
Գրականութիւնը ունի կարգ մը ընդհանուր յատկութիւններ, որոնք անփոփոխ են բոլոր ազգային մշակոյթներուն մէջ ու մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին, թէեւ այդպիսի յատկութիւններէն իւրաքանչիւրը կապուած է որոշակի խնդիրներու ու բացառութիւններու հետ.
Գրականութեան տեսակները կ'առանձնանան ինչպէս ըստ բնագիրի բովանդակութեան, այնպէս ալ ըստ անոնց հետապնդած նպատակին, որուն պատճառով գրականութեան դասակարգման մէջ դժուար է ամբողջութեամբ պահպանել միասնականութեան սկզբունքը։ Բացի ատկէ, գրականութեան այդպիսի դասակարգումը կրնայ մոլորեցնել՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր երեւոյթները միաւորելով։
Յաճախ միեւնոյն դարաշրջանի տիպաբանօրէն տարբեր բնագիրները իրարու շատ աւելի մօտ են, քան տարբեր դարաշրջաններու ու մշակոյթներու տիպաբանօրէն նոյն բնագիրները: Եւրոպական փիլիսոփայական գրականութեան հիմքին մէջ ինկած Պղատոնի «Երկխօսութիւնները» աւելի շատ ընդհանրութիւններ ունի հին յունական գրականութեան այլ ստեղծագործութիւններու հետ, քան Նոր ժամանակներու փիլիսոփաներու գործերուն հետ։
Որոշ բնագիրներու ճակատագիրն այնպէս մը դասաւորուած էր, որ ստեղծման ատեն անոնք կը պատկանէին գրականութեան մէկ տեսակի, բայց հետագային փոփոխութեան ենթարկուած են. այսպէս օրինակ՝ Տանիէլ Տեֆոյի «Ռոպինսոն Քրուզօ»ն այսօր աւելի շատ կ'ընկալուի իբրեւ մանկական գրականութիւն, մինչդեռ անիկա եղած է ոչ միայն չափահասներու համար գրուած գեղարուեստական գրականութիւն, այլեւ իբրեւ հրապարակախօսական երկ։
Այդ պատճառով ալ գրականութեան հիմնական տեսակներու ընդհանուր ցանկը ունի մօտաւոր-կողմնորոշիչ բնոյթ մը, իսկ գրական տարածքին յստակ կառոյցը կրնայ սահմանուիլ միայն տուեալ մշակոյթին եւ տուեալ ժամանակահատուածի շրջանակներուն մէջ։ Գործնականօրէն այդ դժուարութիւնները չունին սկզբունքային բնոյթ, գիրքերու վաճառքի ու գրադարաններու գործնական կարիքները կը բաւարարեն գրականութեան՝ թէեւ մակերեսային, բայց բաւականին ճիւղաւորուած գրադարանային-մատենագիտական դասակարգումը։
Գեղարուեստական գրականութիւնը արուեստի տեսակ է, որուն միակ սկզբնանիւթը բառերն ու բնական (գրաւոր) լեզուի կառոյցներն են։ Գեղարուեստական գրականութեան առանձնայատկութիւնները կը բացայայտեն զայն մէկ կողմէն համեմատելով արուեստի այն տեսակներուն հետ, որոնք խօսքային-լեզուական նիւթ չեն օգտագործեր (երաժշտութիւն, կերպարուեստ) կամ կ'օգտագործեն այլ միջոցներու հետ զուգահեռ (թատրոն, շարժապատկեր, երգ), միւս կողմէ՝ լեզուական հատուածի այլ տեսակներու հետ՝ փիլիսոփայական, հրապարակախօսական, գիտական եւ այլն։ Բացի ատկէ, գեղարուեստական գրականութիւնը, ինչպէս արուեստի միւս տեսակները, կը միաւորէ հեղինակային (այդ թիւին մէջ՝ անանուն) ստեղծագործութիւններ, ի տարբերութիւն սկզբունքայնօրէն հեղինակ չունեցող ժողովրդագրական ստեղծագործութիւններուն։
Փաստագրական արձակը գրականութեան ձեւ մըն է, որուն բնորոշ է բացառապէս իրական դէպքերու վրայ կառուցուած նիւթ մը, հազուադէպօրէն գեղարուեստական հնարքներով։ Փաստագրական արձակը կը ներառէ նշանաւոր մարդոց կենսագրութիւններ, դէպքերու պատմութիւններ, միջ-մշակութային նկարագրութիւններ եւ աղմկոտ յանցագործութիւններու հետաքննութիւններ։
Յուշագրութիւնը, ժամանակակիցներու գրառումներն են, ուր կը պատմուի այն իրադարձութիւններուն մասին, ուր հեղինակը մասնակցութիւն ունեցած է կամ որոնք յայտնի են ականատեսներու միջոցով։ Յուշագրութիւններու կարեւոր առանձնայատկութիւնը կը հանդիսանայ հատուածի մը «փաստագրական» ոճը, որ կը հաւակնի անցեալի ճշմարտացիութեան վերստեղծման։
Գիտական գրականութիւնը գրաւոր աշխատութիւններու համախումբն է, որոնք ստեղծուած են գիտական մեթոտի սահմաններուն մէջ կատարուած հետազօտութիւններու, տեսական ընդհանրացումներու իբրեւ արդիւնք։ Գիտական գրականութիւնը նախատեսուած է գիտութեան վերջին նուաճումներու մասին գիտնականներու ու մասնագէտներու տեղեկացման համար, ինչպէս նաեւ գիտութեան յայտնագործութիւններու հանդէպ գերակայութեան ամրացման համար։ Իբրեւ կանոն, գիտական աշխատութիւնը աւարտած չի համարուիր, եթէ անիկա չէ հրապարակուած։ Առաջին գիտական ստեղծագործութիւնները կը ստեղծուէին տարբեր ժանրերով՝ հրապարակախօսութիւններու , դատողութիւններու, խրատներու, երկխօսութիւններու, ճամբորդութիւններու, կեանքի նկարագրման ու նոյնիսկ բանաստեղծութիւններու տեսքով։ Ներկայիս գիտական գրականութեան բոլոր ձեւերը որոշ կառոյց մը ունին ու կազմուած են մենագրութիւններէ, ակնարկներէ, յօդուածներէ, զեկուցումներէ (ներառեալ՝ թեզերէ), գիտական աշխատութիւններէ ու գրախօսութիւններէ։ Ներկայիս բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը գործէ գիտական գրականութեան որակաւորման կառոյցը, որուն կ'օժանդակեն ղեկավարութիւնը կամ հասարակական գիտական կազմակերպութիւնները։ Ռուսաստանի մէջ, օրինակ, այդպիսի որակաւորում կ'իրականացուի ԲՈՀ-ը (Բարձրագոյն Որակաւորման Յանձնաժողով)։ Գիտական գրականութեան հրատարակման հիմնական պահանջներէն մէկն է անոր պարտադիր գրախօսականը։ Այդ գործընթացին սահմաններուն մէջ գիտական ամսագիրին հրատարակչութիւնը կամ խմբագրութիւնը նոր գիտական աշխատութիւնը տպագրելէ առաջ զայն կ'ուղարկէ քանի մը անգամ (հիմնականին մէջ՝ երկու) գրախօսներու, որոնք այդ ոլորտի մասնագէտներ կը համարուին։ Գրախօսման գործընթացին իմաստն է բացառել գիտական գրականութեան շրջանակներուն մէջ այն նիւթերու տպագրութիւնը, որոնք կը պարունակեն խոցելի սխալներ կամ ուղղակի կեղծում: Ի. դարէն սկսեալ կը պահպանուի հրատարակուող գիտական գրականութեան ծաւալի պարբերական աճը։ Անոր հետ կապուած՝ ներկայիս գիտական գրականութեան մաս կը կազմեն պարբերական հրատարակութիւնները, յատկապէս՝ գրախօսական գիտական ամսագիրները։ Ի. դարու վերջը նկատելի է այս ամսագիրներու անցման գործընթացը թղթային ելեկտրոնայիններու, յատկապէս՝ համացանցի։
Գիտահանրամատչելի գրականութիւնը գիտութեան, գիտական ձեռքբերումներու, գիտնականներու մասին գրական ստեղծագործութիւն է, որ նախատեսուած է լայն հասարակութեան համար։ Գիտահանրամատչելի գրականութիւնը նախատեսուած է ինչպէս այլ ոլորտներու մասնագէտներու, այնպէս ալ քիչ պատրաստուած ընթերցողներու համար՝ ներառեալ երեխաներուն ու պատանիներուն։ Ի տարբերութիւն գիտական գրականութեան՝ գիտահանրամատչելի գրականութեան ստեղծագործութիւնները որակաւորում չեն ունենար ոչ ալ գրախօսական։ Գիտահանրամատչելի գրականութեան մէջ կը մտնեն ստեղծագործութիւններ հիմնարար ու կիրարական գիտութիւններու հիմքերու եւ առանձին խնդիրներու, գիտական գործիչներու կենսագրութեան, ճամբորդութիւններու նկարագրութիւններու մասին, որոնք գրուած են տարբեր ժանրերով։ Լաւագոյն հանրամատչելի ստեղծագործութիւնները կը գովերգեն յառաջադէմ գիտութիւններու ձեռքբերումները այնպիսի ձեւով մը, որ հասանելի է այն ընթերցողներուն, որոնց համար անիկա գրուած է։ Բանաստեղծական ոճով գրուած են Եւրոպայի առաջին գիտութեան մասին հանրամատչելի ստեղծագործութիւն Լուքրեցիոս քարուսի «Իրերու բնութեան մասին» երկը ու Միխայիլ Լոմոնոսովի «Գրութիւն ապակիի օգուտի մասին» երկը։ Զրոյցներէն կը ձեւաւորուին Մայքլ Ֆարատէյի «Մոմի պատմութիւն»ն ու Կ. Թիմիզաեւի «Բոյսի կեանքը»։
Գրականութիւնը օժանդակ պարունակութիւն է, աւելի ընդհանուր, կասկած չյարուցող այս կամ այն հարցի օգտագործման վերաբերեալ։ Տեղեկատուական գրականութեան հիմնական տեսակներն են՝
Իրականութեան մէջ տեղեկատուական հրատարակչութիւնները պէտք է պարունակեն միայն առարկայացուած տեղադրուած փաստեր եւ համապատասխանօրէն արտացոլեն գոյութիւն ունեցող եւ այդ պահուն մարդու գիտելիքներու մակարդակը։ Սակայն, ըստ գործնականի, անհնար է ամբողջովին տարանջատել փաստերը մեկնաբանութիւններէն եւ անորոշութիւններէն, կասկածելի վարկածներէն, անոր համար ալ այս կամ այն գաղափարական ուղղուածութիւնը ուզած հրատարակուած տեղեկագիրին մէջ կը բացակայի։ Որոշ պարագաներու այդ բաժինը բաւական մեծ է եւ նպատակաուղղուած կը ներմուծուին տեղեկագրական հրատարակչութիւններուն մէջ: Անոնք ընտրուած նիւթեր են, ինչպէս՝ ԽՍՀՄ ատեն լոյս տեսած գրական հանրագիտարանները բացառիկ տեղ ունեցած են որոշ գրողներու համար, բայց հոն կը բացակային յոյժ նշանաւոր գրողներ, յայտնի իրենց բացասական վերաբերմունքով խորհրդային կարգերուն։
Պատմութիւնը եւ գրականութիւնը կը բեմադրեն` իբրեւ արձանագրութիւն կամ քննադատութիւն, մարդոց հակումը դէպի պերճանք, ճոխութիւն եւ մոլութիւններ: Հինէն ի վեր պատմութիւնը եւ գրականութիւնը հակուած են խօսելու հերոսներու մասին, հերոսացումներ` չափազանցութիւններով, կեանքի միօրինակութեան վրայ յայտնուող դրական կամ բացասական դէմքեր: Նաեւ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է գերբնականի մասին վկայութիւնը` պատմութիւն եւ գրականութիւն միաձուլելով: Պատմութեան եւ գրականութեան մէջ յաճախադէպ են կարօտի զգացումին դրսեւորումները, կարօտ` ծննդավայրի, հայրենիքի, որոնցմէ զրկուած ըլլալը տառապեցնող է:
Միաժամանակ պատմութիւնը եւ գրականութիւնը կը ներկայացնեն, դրական տիպարներու կողքին, բացասական տիպարներ, ջարդարարներ, յափշտակողներ, ագահներ, դաւողներ եւ դաւադիրներ: Այս տիպարները «կ'ապրին» հրէշային կացութիւններու մէջ, թշուառութեան, նաեւ` հարստութեան, կը հետապնդեն նպատակ եւ փառասիրութիւն. ծիծաղելիութիւն, ողբերգութիւն եւ հոգեկան բարձրացում: Այսպէս եղած է հինէն ի վեր, օրինակ, հայոց մէջ, Հայկ եւ Բէլ, Սասունցի Դաւիթ եւ Մսրայ Մելիք, Վարդան եւ Վասակ, չարի եւ բարիի մարմնացումներ, եւ այլն:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Գրականութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.