Պարաք Օպամա

Պարաք Հուսէյն Օպամա II (4 Օգոստոս 1961(1961-08-04), Կանանց և երեխաների համար նախատեսված Կապիոլանիի բշժկական կենտրոն, Հոնոլուլու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 44-րդ եւ գործող նախագահ (20 Յունուար 2009 թուականէն) Քոլումպիա համալսարանի եւ Հարվըրտի օրէնսգիտութեան դպրոցի շրջանաւարտ։

Պարաք Օպամա
անգլերէն՝ Barack Obama[1][2]
Պարաք Օպամա
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Barack Hussein Obama II[3]
Ծնած է 4 Օգոստոս 1961(1961-08-04)[3][4][5][…] (62 տարեկան)
Ծննդավայր Կանանց և երեխաների համար նախատեսված Կապիոլանիի բշժկական կենտրոն, Հոնոլուլու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3]
Քաղաքացիութիւն Պարաք Օպամա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3][6][7][…]
Պարաք Օպամա Քենիա[8][9]
Ազգութիւն Ափրիկեցի-ամերիկացի[10][11]
Մայրենի լեզու անգլերէն[1][2]
Կրօնք Բողոքականութիւն, Բողոքական[12], կոնգրեգացիոնալիզմ? եւ United Church of Christ?
Ուսումնավայր Մենթենգ 01 պետական տարրական դպրոց?[1][2]
Փունահոու դպրոց?[1][2]
Օքսիդենթալ քոլեջ?[1][2]
Քոլումպիա Համալսարան
Հարվարդի իրավունքի դպրոց?[1][2]
Noelani Elementary School?[2]
Centaurus High School?
University of Chicago Law School?[13]
Հարուըրտ Համալսարան[13]
Նելսոնի ավագ դպրոց?
King College Prep High School?
Ազդուած է Nipsey Russell?[1], Reinhold Niebuhr? եւ Saul Alinsky?
Երկեր/Գլխաւոր գործ A Promised Land?[1][2]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, փաստաբան, Քաղաքական հրապարակախօս, community organizer, պետական գործիչ, իրաւաբան, պոդքաստեր, ակադեմիկոս, յուշագրող
Աշխատավայր Business International Corporation?[1][2]
Նյու Յորքի հանրային շահերի հետազոտության խումբ?[14]
Գամալիել հիմնադրամ?
Սիդլի Օսթին?[15]
Շիքակոյի համալսարան[1][2]
Վարած պաշտօններ ԱՄՆ նախագահ[16][17], member of the State Senate of Illinois?[1][2], Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական[18], Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական[18] եւ Ընտրեալ նախագահ ԱՄՆ-ի[1][2]
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ[1][2], Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւն[1][2], 109th United States Congress?[19], 110th United States Congress?[20] եւ Congressional Black Caucus?[1][2]
Կուսակցութիւն Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Միշել Օբամա?[21]
Ծնողներ հայր՝ Բարաք Հուսեյն Օբամա (ավագ)?[3], մայր՝ Էնն Դանհամ?[3]
Երեխաներ Սաշա Օբամա?[1][2] եւ Մալիա Օբամա?[1][2]
Կայքէջ barackobama.com(անգլերէն)[1][2]
Ստորագրութիւն
Պարաք Օպամա

Օպաման նախագահի թեկնածութիւն յայտնած է 2007 Փետրուար եւ 2008 թուականին նախագահական արդիւնքներով Տեմոքրադական կուսակցութեան կողմէ պաշտօնապէս առաջադրուեցաւ նախագահի թեկնածու: Ան ընտրողներու ձայներու 52,9%-ը եւ ընտրարարներու 365 ձայները հաւաքելով առաջ անցաւ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Ճոն Մքքէյնէն անոր 45,7%-ի եւ 173-ի դէմ: Օպաման Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր է, որուն արժանացած է 9 Հոկտեմբեր 2009-ին՝ «մարդկանց միջեւ միջազգային դիւանագիտութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումի արտակարգ ջանքերու համար» ձեւակերպումով:

2012-ի նախագահական ընտրութիւններուն Օպաման առաջ անցաւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Րոմնիէն հաւաքելով ընտրողներու քուէներու 51,1%-ը եւ ընտրարարներու 332 քուէները Րոմնիի 47,2%-ի եւ 206-ի դիմաց:

Օպաման առաջին սեւամորթ ամերիկացին է, որ առաջադրուած է որպէս ԱՄՆ նախագահի թեկնածու որեւէ ամերիկեան կուսակցութենէ։ Օպաման խառնածին է, սակայն ոչ թէ սեւամորթ ամերիկացիներէ. ան նախկին ստրուկներու ժառանգ է, Քենիայէն եկած ուսանողի եւ ճերմակ ամերիկուհու մը որդի:

Երիտասարդ Կեանքը Եւ Արհեստը

Օպաման ծնած է 4 Օգոստոս 1961 թուականին Հոնոլուլուի մէջ, Հաուայ։ Ան Հաուայի մէջ ծնած առաջին նախագահը եղած է։ Անոր մայրը՝ Սթենլի Էնն Տանհամը, ծնած է Ուիչիթա, Քանզաս եւ հիմնականը անգլիական ծագումով, նաեւ եւրոպացի՝ իրլանտացի, գերմանացի նախնիներ ունեցած էր։ Էննի մայրը՝ Օպամայի մօրական տատը իր նախնիներու մէջ նաեւ հնդիկ չէրոքի ունեցած է: Տանհամ ազգանունն ինքնին, ամերիկեան ազնուականութեանը պատկանած էր եւ կը ծագի առաջին վերաբնակիչ Րիչրտ Սինկլեթերիէն եւ անոր որդի Ճոնաթանէն (1639/40-1724), որ ոչ այնքան հասկանալի պատճառներով ազգանունը դարձած էր Տանհամ:

Օպամայի հայրը՝ աւագ Պարաք Օպաման, Նիանգոմա Կոգելօ, Քենիայէն էր։ Օպամայի ծնողները հանդիպած են 1960 թուականին ռուսերէնի դասին Հաուայի համալսարանին մէջ, որ Մանոյա կը գտնուի, ուր ան որպէս օտարերկրեայ ուսանող եղած էր։
Աւագ Օպամայի հօր եւ Տանհամի ծնողներու կամքին հակառակ՝ անոնք ամուսնացան Ուաիլուկու, Մաուիուի մէջ 2 Փետրուար 1961 թուականին: 1961 թուականի Օգոստոսին, երբ Պարաքը արդէն ծնած էր, Օպամայի մայրը տեղափոխուեցաւ Սիեթիլ, Ուաշինկթըն իր նորածին տղուն հետ: Օպամա ուսում առաւ Ուաշինկթընի համալսարանին մէջ։ Այդ նոյն ատենը, Յունիսին աւագ Օպաման ստացաւ տնտեսագիտութեան պաքալորիայի աստիճան Հաուայի մէջ։ Այնուհետեւ ան մեկնեցաւ՝ յաճախելու Հարվըրտ համալսարան։

Օպամայի ծնողները բաժնուեցան 1964 թուականի Մարտին։ Աւագ Օպաման Քենիա վերադարձաւ 1964 թուականին, ուր կրկին ամուսնացաւ։ Ան այցելեց Պարաքին Հաուայի մէջ միայն մէկ անգամ՝ 1971 թուականին։ Մահացաւ ինքնաշարժի արկածով 1982 թուականին, երբ իր որդին 21 տարեկան էր։

1963 թուականին Տանհամը Հաուայի համալսարանին մեջ կը հանդիպի Ինտոնեզիայէն աշխարհագրութիւն ուսանելու եկած Լոլօ Սոէդորոին։ Անոնք ամուսնացան Մոլոքաի (Անգլերէն) 15 Մարտ 1965-ին։ Երկու անգամ իր J1 վիզան (Անգլերէն) մէկ տարիով երկարաձգելէն ետք Լոլօ 1966 թուականին կը վերադառնայ Ինտոնեզիա։ 16 ամիսներէ ետք՝ 1967 թուականին, անոր կը հետեւին իր կինն ու խորթ որդին։ Ընտանիքը ապրած է Ճաքարդայի հարաւային Թեպեդ արուարձանը, իսկ յետոյ 1970 թուականին Ճաքարդայի կեդրոնը, աւելի հարուստ թաղամասի մը մէջ։ Վեցէն տասը տարեկան Օպաման յաճախած է տեղական ինտոնեզիական դպրոցներ՝ Սբ․ Փրանգիս Ասսիսիացի կաթողիկէ դպրոց երկու տարիով եւ Պեսուքի պետական դպրոց մէկուկէս տարիով։ Այս ամէնը համալրացած է նաեւ իր մօր կողմէ անգլերէնի ուսուցմամբ։

Օպաման վերադարձաւ Հոնոլուլու 1971-ին իր մօր կողմէ մեծ մայրը եւ մեծ հայրը՝ Մէտլին եւ Սթէնլի Տանհամներուն մօտ եւ յաճախեց տեղական բարձրագոյն դպրոցը մինչեւ 1979: Երիտասարդ տարիներուն Օպաման ունեցած էր կեղծ անուն մը՝ Պէրի: Իր մօր եւ քոյրիկի հետ Օպաման Հաուայ ապրած է 1972-էն մինչեւ 1975-ը, երբ իր մայրը Հաուայի համալսարանը կ'ուսանէր մարդաբանութիւն:

Աւագ դպրոցէն ետք Օպաման 1979-ին կ'ուղեւորուի Լոս Անճելըս՝ Օքզիտենթըլ Քոլէճ:

Փունահուի աւագ դպրոցը սորվելու համար Օպաման կ'որոշէ մնալ իր մեծ մօր եւ մեծ հօր մօտ, երբ մայրն ու քոյրը վերադարձան Ինտոնեզիա: Մայրը պիտի սկսէր մարդաբանութեան աշխատանքներուն: Անոր մայրը յաջորդ երկու տասնամեակը կ'անցնէ Ինտոնեզիա, կըբաժնուի Լոլոյէն 1980-ին: 1992-ին ան ստացաւ փիլիսոփայութեան դոկտորի կոչում. 1995-ին մահացաւ Հաուայ, ձուարաններու եւ արգանդի քաղցկեղէ:

Իր մանկութենէ Օպաման կը յիշէր. «Այն ատենը, երբ հայրս ոչ մէկ նմանութիւն ունեցած էր իմ շուրջի մարդոցմով՝ ան սեւ էր ձիւթի նման, մայրս կաթի նման ճերմակ տպաւորուած է իմ յիշողութեանս մէջ:» Աւելի ուշ Հոնոլուլու ապրած տարիները անդրադառնալով, Օպաման կը գրէր. «Հաուայը տուած է փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ մշակոյթներու բազմազանութիւնը զգալու հնարաւորութիւնը, որոնք դարձան իմ աշխարահայեացքի անբաժան մասը եւ այն արժէքներու հիմքը, որոնք ինծի համար առաւել յարգանքի արժանացած են»:

Համայնապետ Եւ Հարվըրտի Իրաւաբանական Դպրոց

Աւարտելէն երկու տարիէ ետք Օպաման կը նշանակուի Զարգացող համայնքներու նախագիծի մը ղեկավար, որ է եկեղեցակեդրոն համայնքային կազմակերպութիւն մը՝ գլխաւորապէս բաղկացած 8 կաթոլիկ ծխական կեդրոններէ Րոզլընտի՝ Արեւմտեան Փուլմանի, Չիգակոյի հարաւային մասի Րիվըրտէյլի մէջ։ Հոն կ'աշխատի որպէս համայնքի ղեկավար 1985 թուականի Յունիսէն մինչեւ 1988 թուականի Մայիսը։: Օգնեց ստեղծել աշխատանքի ուսուցումի ծրագիր, քոլէճի նախապատրաստական ուսումնական ծրագիր եւ բնակիչներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւն Ալթճըլտ Կարտընսի (Altgeld Gardens) մէջ։ Օպաման նաեւ աշխատած է որպէս խորհրդատու եւ հրահանգիչ Կամալիէլ Հիմնադրամին մէջ, որ համայնքը կառավարող հաստատութիւն մըն է։

1988 թուականի կէսերուն առաջին անգամ երեք շաբաթով կը մեկնի Եւրոպա, այնուհետեւ հինգ շաբաթով՝ Քենիա, ուր առաջին անգամ կը հանդիպի իր հօրենական կողմի շատ բարեկամներու։ Կը վերադառնայ Քենիա 1992 թուականին իր հարսնացու Միշելի եւ իր խորթ քոյր Օմայի հետ: Այնուհետեւ կրկին Քենիա կը վերադառնայ 2006 թուականի Օգոստոսին՝ հօր ծննդավայրը այցելելու նպատակով, որ Արեւմտեան Քենիայի Քիսումու քաղաքի մօտ գտնուող գիւղ մըն է։

Օպաման ընդունուեցաւ Հարվըրտի իրաւաբանական դպրոց 1988 թուականի աշնան։ Առաջին դասարանի աւարտին ան սկսաւ աշխատիլ Հարվըրտի իրաւաբանական ամսագիրին մէջ որպէս խմբագիր, երկրորդին՝ դարձաւ ամսագիրին նախագահը եւ գիտնական Լորենս Թրայպի օգնականը, ընդամէնը երկու տարուան մէջ։ Ամառուան՝ արձակուրդներուն կը վերադառնար Չիքակօ, ուր 1989 թուականին աշխատած է Սիտլի Օսթին իրաւաբանական ընկերութեան թղթակից անդամ, ինչպէս նաեւ Հոփքինս եւ Սաթեր կազմակերպութեան մէջ 1990 թուականին: 1991 թուականին Հարվըրտը աւարտելով գերազանց առաջադիմութեամբ՝ ան վերադարձաւ Չիքակօ: Օպամայի ընտրուիլը՝ որպէս Հարվըրտի իրաւաբանական ամսագիրին առաջին սեւամորթ նախագահ, կը գրաւէ ԶԼՄ-ներու ուշադրութիւնը, որու շնորհիւ հրատարակչութեան հետ պայմանագիր մը կը կնքուիճ հրատարակուի գիրք՝ ազգայնամոլ յարաբերութիւններու մասին, եւ հրատարակուածը դարձաւ անձնական յուշագիրք մը։ Գիրքը տպագրուեցաւ 1995 թուականի կէսերուն «Հայրիկիս Երազանքները» վերնագիրով։

Ընտանիք Եւ Անձնական Կեանք

Պարաք Օպամա 
Պարաքՙ Միշէլ, Սաշա եւ Մալիա Օպամաները Սպիտակ Շէնքի Կանանչ սենեակը 2009-ին

2006 թուականի հարցազրոյցի մը մէջ Օպաման նշեց, որ անոր ընդարձակ ընտանիքին բազմազանութիւնը «Մինի Միաւորուած Ազգերուն Կազմակերպութեանը» կը նմանի: Ան կ'ըսէր, որ «ունեցած է բարեկամներ, որոնք կը նմանին [սեւամորթ դերասան] Պերնի Մաքի (Անգլերէն) եւ նաեւ բարեկամներ, որոնք կը նմանին Մարկրիթ Թաչըը»ի: Օպաման ունի խորթ քոյր մը՝ Մայա Սոյեթորոնկ, որ իր մօր եւ ինտոնեզիացի երկրորդ ամուսինի զաւակն էր եւ եօթ խորթ եղբայրներ ու քոյրեր իր քենիացի հօր ընտանիքէն։ Օպամայի մօրը մայրիկը՝ Մէտլին Տանհամ (Madelyn Dunham), որ Քանսաս ծնած էր, իր մօրմէն աւելի երկար ապրած է եւ մահացած է 2 Նոյեմբեր 2008-ին, նախագահ ընտրուելէ երկու օր առաջ: Օպաման նաեւ ունի Իրլանտական արմատներ։ Ան իր իրլանտացի զարմիկներուն հանդիպած է Մոնէյկալի մէջ՝ 2011 թուականի Մայիսին: «Հայրիկիս Երազնքները»ին մէջ Օպաման կը խօսի իր մօր ընտանիքին հաւանական բնիկ ամներիկացի նախնիներու եւ Ճեֆերսոն Տէյվիսի հետ արիւնակցական կապերու մասին, որ յայտնի եղած է ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն:

Բացի իր մայրենի անգլերէնէն, Օպաման կը խօսի նաեւ ինտոնեզերէն, որ սորված է մանկութեան տարիներուն Ճաքարդա:

1989 թուականի Յունիսին Օպաման հանդիպեցաւ Միշէլ Ռոպինսընի, երբ ան կ'աշխատէր Չիքակոյի իրաւաբանական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ։ Ան երեք ամիս պաշտօնավարած էր այդ ընկերութեան մէջ որպէս Օպամայի խորհրդատու։ Հետագային Ռոպինսընը միացաւ Օպամային քանի մը հասարակական գործունէութիւններու ընթացքին, սակայն կը մերժէր Օպամայի ժամադրութեան առաջարկները։ Անոնք հանդիպիլ սկսան աւելի ուշ՝ ամառը. նշանուեցան 1991 թուականին, ամուսնացան՝ 3 Հոկտեմբեր 1992 թուականին։ Զոյգին առաջին աղջիկը՝ Մալիա Անը՝ ծնած է 4 Յունիս 1998 թուականին, իսկ երկրորդ աղջիկը՝ Նատաշան կամ Սաշան՝ 10 Յունիս 2001 թուականին։

Օպաման նաեւ ունի երկու շուն (Portuguese Water Dogs), առաջինը տղայ է՝ Պօ անունով, որ նուէր է Թետ Քեննետիի կողմէ՝ 2013 թուականի Օգոստոսին։ Պոյի ընկերուհին Սաննին է։ 2005 թուականին ընտանիքը Հայտ Փարք՝ Չիքակոյէն տեղափոխուեցան 1.6 միլիոն արժող հարեւանութեամբ՝ Քենվուտի բնակարաններէն մին։

Օպաման բազմաթիւ անգամներ փորձած է ձգել ծխելը, նոյնիսկ որոշ ժամանակներ օգտագործած է նիքոդինային թերաբիա, եւ վերջապէս 2010 թուականին Միշէլ Օպաման յայտարարեց, որ իր ամուսինը յաղթահարած է իր վատ սովորութիւնը։

Կրօնական Հայեացքներ

Օպաման քրիստոնեայ է, որու կրօնական հայեացքները զարգացած են արդէն հասուն տարիքին։ Ան իր ընտանիքի անդամներէն, յատկապէս մօրը համարած է ոչ կրօնական անձ։ Իսկ իր հօրը ան բնորոշած է որպէս «համոզեալ աթէիստ», իսկ խորթ հօրը՝ «մարդ, որ կրօնի մէջ ոչ մէկ օգուտ տեսած է»: Օպաման բացատրած է, որ ան քսան տարեկանին աշխատելով սեւամորթերու եկեղեցիներուն մէջ որպէս համակարգող մը, ան հասկցած է հասարակութեան վրայ աֆրօ-ամերիկեան աւանդական կրօններու ազդեցութիւնը։ 2008 թուականի Յունուարին Օպաման խօսեցաւ իր քրիստոնեայ ըլլալու պատճառներու եւ հաւատի մասին։ Ան համոզուած է, որ քրիստոնէութիւնը անոր կու տայ հաւատ, իսկ իր հաւատը՝ մեղքերէն մաքրութիւն եւ հաւերժական կեանք։ 27 Սեպտեմբեր 2010 թուականին յայտարարեց իր ելոյթին, որ ան արդէն ընտրած է քրիստոնէութիւնը։

Քաղաքական Գործունէութիւն

Պարաք Օպամա 
Պարաք Օպաման՝ քոնկրէսի անդամ

Օպամա ընտրուած է որպէս համայնքի կազմակերպիչ եւ որպէս քաղաքացիական իրաւունքներու դատախազ՝ Իլինոիսի Խորհրդարանին երեք ժամկէտներու համար՝ 1997-2004 թուականներուն։ Եւ միաժամանակ, 1992-2004 թուականներուն Օպամա դասաւանդած է սահմանադրական իրաւունք Չիքակոյի համալսարանին մէջ։ 2000 թուականին ձախողեցաւ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի անդամ դառնալու անոր առաջին փորձը։ Աս դեպքէն յետոյ, 2003-ի Յունուարին Օպամա դրաւ իր թեկնածութիւնը ԱՄՆ սենատի անդամ ընտրուելու համար եւ 2004 թուականի Նոյեմբերին ընտրուեցաւ՝ շահելով քուէներու 70%։ Օպաման 2005-ի Յունուարէն 2008-ի Նոյեմբերը Միացեալ Նահանգներու կրտսեր սենատորն էր Իլինոիսէն, որմէ հրաժարած է 20 Յունուար 2009-ին նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ։

Որպէս 109-րդ Քոնկրէսի տեմոքրադ փոքրամասնութեան անդամ՝ Օպաման օգնած է զինուած ուժերու կարգաւորման եւ պետական պիւտճէի օգտագործման թափանցիկութիւնը աւելցնելու վերաբերեալ օրէնքներ ստեղծելու գործին մէջ։ Ինչպէս նաեւ գործնական ուղեւորութիւններով եղած է Արեւելեան Եւրոպայի մէջ՝ այդ թուին՝ Ռուսաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ։ Քոնկրէսի 110-րդ գումարման ընթացքին Օպաման մասնակցած է բազմաթիւ օրէնքներու ստեղծման, այդ թուին՝ ընտրակեղծիքներու, քոնկրէսի անդամներու վրայ օրէնսդրական ազդեցութեան եւ ընտրութիւններու արդար ըլլալուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տաքութեան, միջուկային ահաբեկչութեան եւ զօրացուած ամերիկեան զինծառայողներու օգնութեան խնդիրներու մասին։ Օպաման ԱՄՆ նախագահի թեկնածութիւնը դնելու փափաքը յայտարարած է 10 Փետրուար 2007-ին Իլինոիս նահանգի Սփրինկֆիլտի հին Քաբիթոլիի շէնքի դիմաց։ Տեղի ընտրութիւնը ունէր խորհրդանշական բնոյթ, քանի որ այդ տեղը Աբրահամ Լինքոլնը 1858 թուականին իր պատմական ելոյթը ունեցած է ընդդէմ ստրկատիրութեան:

Նախագահի Ընտրութիւններ

Պարաք Օպամա 
Եանիս Անթեթոքունպօ կը ձեռնուի Ա․Մ․Ն․ նախագահ Օպամային հետ, Ապրիլ 2016, Սպիտակ Տան մէջ

2008-ի համագումարին Ազգային տեմոքրադական կուսակցութեան կողմէ Օպաման պաշտօնապէս առաջադրուեցաւ որպէս ԱՄՆ նախագահի թեկնածու, իսկ Տելավերի նահանգի սենադոր Ճոզէֆ Պայտընը՝ որպէս փոխնախագահի թեկնածու։ Ընտրարշաւի ողջ ընթացքին Օպաման հանդէս եկած է Իրանի պատերազմի արագ աւարտով, ադոմային-արեգակնային անկախութեամբ եւ «Իւնիվըրսալ» առողջապահութեամբ։ Ընտրարշաւը ընթացած է «Փոփոխութիւններ, որոնց մենք կրնանք հաւատալ» եւ «Այո, մենք կրնանք» (Yes We Can) երգը շարք մը հանրաճանաչ մարդոց մասնակցութեամբ կատարուած են, ու կը հնչեն Օպամայի նախընտրական ելոյթի խօսքերը, մեծ ճանաչում ստացաւ եւ արժանացաւ (Ուէպպի/Webby մրցանակի) կարգախօսներու ուղեկցութեամբ։

2008 թուականին ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն՝ ԱՄՆ տեմոքրադական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Պարաք Օպաման ձայներու մեծամասնութեամբ (365 ձայն) յաղթեց իշխող ԱՄՆ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Ճոն Մքքէյնին (173 ձայն)։ Ստանալով ընտրազանգուածի 52,9%-ի քուէն՝ Օպաման ԱՄՆ նախագահական պաշտօնը ստանձնած է 20 Յունուար 2009 թուականին։

Արտաքին Քաղաքականութիւն

20-22 Մարտ 2016-ին Պարաք Օպամա այցելեց Հաւանա: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու նախագահին առաջին այցելութիւնը եղած է վերջին 90 տարիներու, 1928-ին Քէլուին Քոլըճ՝ Քուպա կատարած այցէն ետք:

Ծանօթագրութիւններ

-1'>1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 1,15 1,16 1,17 https://www.gala.fr/stars_et_gotha/barack_obama
  • 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 2,13 2,14 2,15 2,16 2,17 https://www.voici.fr/bios-people/barack-obama
  • 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 3,11 Բարաք Օբամայի ծննդյան վկայական — 2011.
  • 4,0 4,1 Barack Obama
  • 5,0 5,1 Barack H. Obama Facts
  • http://www.nytimes.com/2009/12/15/business/economy/15obama.html
  • http://www.nytimes.com/2012/03/28/world/asia/president-obama-talks-missile-defense-at-nuclear-summit-in-south-korea.html?pagewanted=all
  • https://archive.nytimes.com/kristof.blogs.nytimes.com/2008/08/29/was-obama-a-kenyan-citizen/
  • https://www.factcheck.org/2008/08/obamas-kenyan-citizenship/
  • Asked to Declare His Race, Obama Checks ‘Black’ / J. KahnManhattan, NYC: New York Times Company, A. G. Sulzberger, 2010. — ISSN 0362-4331; 1553-8095; 1542-667X
  • BlackPast.org — 2004.
  • http://www.ucc.org/news/obama-inauguration.html
  • 13,0 13,1 Hoffman R. LinkedIn — 2003.
  • http://www.newsday.com/news/new-york/obama-stood-out-even-during-brief-1985-nypirg-job-1.885513
  • https://web.archive.org/web/20110708222043/http://www.dailyprincetonian.com/2005/12/07/14049/
  • Միջազգային նույնականացման վիրտուալ նիշք[Dublin, Ohio]: OCLC, 2003.
  • Barack Obama
  • 18,0 18,1 Biographical Directory of the United States CongressGPO, 1903.
  • https://web.archive.org/web/20110805002416/http://bioguide.congress.gov/scripts/biodisplay.pl?index=o000167
  • http://bioguide.congress.gov/scripts/biodisplay.pl?index=O000167
  • Kantor J. The Obamas’ MarriageThe New York Times, 2009.
  • -22"> Barack Obama's Marriage License : President Barack Obama - Fact And Fiction
  • «President Barack Obama»։ Washington, D.C.: The White House։ 2008։ արտագրուած է՝ December 12, 2008 
  • «Certificate of Live Birth: Barack Hussein Obama II, August 4, 1961, 7:24 pm, Honolulu»։ Department of Health, State of Hawaii։ The White House։ April 27, 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 29, 2011-ին։ արտագրուած է՝ April 27, 2011 (անգլերէն)
  • Maraniss, David (August 24, 2008)։ «Though Obama had to leave to find himself, it is Hawaii that made his rise possible»։ The Washington Post։ էջ A22։ արտագրուած է՝ October 28, 2008 
  • Ripley, Amanda (April 9, 2008)։ «The story of Barack Obama's mother»։ Time (New York)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 1, 2012-ին։ արտագրուած է՝ April 9, 2007 
  • Ochieng, Philip (November 1, 2004)։ «From home squared to the US Senate: how Barack Obama was lost and found»։ The EastAfrican (Nairobi)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 27, 2007-ին 
  • «Barack Obama: Calvert Homeschooler? - Calvert Education Blog»։ calverteducation.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 25, 2015-ին։ արտագրուած է՝ November 25, 2015 
  • Serafin, Peter (March 21, 2004)։ «Punahou grad stirs up Illinois politics»։ Honolulu Star-Bulletin։ արտագրուած է՝ March 20, 2008 
  • Wolffe Richard (March 22, 2008)։ «When Barry Became Barack»։ Newsweek։ արտագրուած է՝ March 21, 2016 
  • Reyes, B.J. (February 8, 2007)։ «Punahou left lasting impression on Obama»։ Honolulu Star-Bulletin։ արտագրուած է՝ February 10, 2007։ «As a teenager, Obama went to parties and sometimes sought out gatherings on military bases or at the University of Hawaii that were mostly attended by blacks.» 
  • Lizza, Ryan (March 19, 2007)։ «The agitator: Barack Obama's unlikely political education»։ The New Republic 236 (12): 22–26, 28–29։ ISSN 0028-6583։ արտագրուած է՝ August 21, 2007 
  • 33,0 33,1 Matchan, Linda (February 15, 1990)։ «A Law Review breakthrough»։ Boston Globe։ էջ 29։ արտագրուած է՝ June 15, 2008 
  • Gnecchi, Nico (February 27, 2006)։ «Obama receives hero's welcome at his family's ancestral village in Kenya»։ Ամերիկայի ձայն։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 21, 2008-ին։ արտագրուած է՝ June 25, 2008 
  • Levenson, Michael; Saltzman, Jonathan (January 28, 2007)։ «At Harvard Law, a unifying voice»։ Boston Globe։ էջ 1A։ արտագրուած է՝ June 15, 2008 
  • Aguilar, Louis (July 11, 1990)։ «Survey: Law firms slow to add minority partners»։ Chicago Tribune։ էջ 1 (Business)։ արտագրուած է՝ June 15, 2008 
  • Adams, Richard (May 9, 2007)։ «Barack Obama»։ The Guardian (London)։ արխիւացուած բնօրինակէն October 13, 2008-ին։ արտագրուած է՝ October 26, 2008 
  • 38,0 38,1 Scott, Janny (May 18, 2008)։ «The story of Obama, written by Obama»։ The New York Times։ էջ A1։ արտագրուած է՝ June 15, 2008 
  • «Keeping Hope Alive: Barack Obama Puts Family First»։ The Oprah Winfrey Show։ October 18, 2006։ արտագրուած է՝ June 24, 2008 
  • «Obama's grandmother dies after battle with cancer»։ CNN։ November 3, 2008։ արխիւացուած բնօրինակէն November 3, 2008-ին։ արտագրուած է՝ November 4, 2008 
  • Smolenyak Megan (May 9, 2011)։ «Tracing Barack Obama's Roots to Moneygall»։ The Huffington Post 
  • Obama (1995, 2004), p. 13. For reports on Obama's maternal genealogy, including slave owners, Irish connections, and common ancestors with George W. Bush, Dick Cheney, and Harry Truman, see:Nitkin David, Harry Merritt (March 2, 2007)։ «A New Twist to an Intriguing Family History»։ The Baltimore Sun։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 30, 2007-ին։ արտագրուած է՝ June 24, 2008 Jordan Mary (May 13, 2007)։ «Tiny Irish Village Is Latest Place to Claim Obama as Its Own»։ The Washington Post։ արտագրուած է՝ June 24, 2008 «Obama's Family Tree Has a Few Surprises»։ CBS 2 (Chicago)։ Associated Press։ September 8, 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 2, 2008-ին։ արտագրուած է՝ June 24, 2008 
  • Barack Obama on the Issues: What Would Be Your Top Three Overall Priorities If Elected?, «Washington Post»
  • http://www.amerikayidzayn.com/content/cuba/3247624.html Ամերիկայի ձայն: Վերցուած է 2016 մարտ 23-ին
  • Արտաքին Յղումներ

    Tags:

    Պարաք Օպամա Երիտասարդ Կեանքը Եւ ԱրհեստըՊարաք Օպամա Ընտանիք Եւ Անձնական ԿեանքՊարաք Օպամա Կրօնական ՀայեացքներՊարաք Օպամա Քաղաքական ԳործունէութիւնՊարաք Օպամա Նախագահի ԸնտրութիւններՊարաք Օպամա Արտաքին ՔաղաքականութիւնՊարաք Օպամա ԾանօթագրութիւններՊարաք Օպամա Արտաքին ՅղումներՊարաք Օպամա1961 թուական4 Օգոստոսd:Q18094d:Q6366688d:Q76ԱՄՆԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՅունուար

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    ՀոմսՄակեդոնաս (դիցաբանութիւն)Քրիսթիանօ ՌոնալտօՀամբիկ ՄարտիրոսեանՇարլ ԱզնաւուրՏըլէ Եաման1828 թուականՀայոց ՑեղասպանութիւնՏանուպ ԳետՎահան ԹոթովենցՏէմի ԼովաթօԻսլամութիւնՄարկրէթ ԹաչըրՀոգիներու ԱճուրդԾծումբՆարամսինՌուբէն Տէր ՄինասեանԱրածանիի ՃակատամարտՀաֆէզ ԱսատՀայկական Սփիւռք1994 թուականՓրակԻսլամ ԵղբայրներՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԲագրատունեանց Հայաստանի ՎերելքըՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչԶուիցերիաՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)28 ՅունուարՇահան ՇահնուրՎրոցլավՀիւանդութիւնԵոհան Սեպասթիան ՊախՇուշմայԼուսինԴրմբոնՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմԲաշ Ապարանի ՃակատամարտԱյբուբենՍուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)Անաստաս ՄիկոյեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Պրիւքսէլ)ԼիւքսամպուրկՓաստաբան1998 թուականՊօղոս Նուպար ՓաշաԼուտուիկ վան ՊեթհովէնՀարուգի ՄուրագամիՄիջագետքՆեմրութՍամուէլ (անձնանուն)ՊրազիլՃէյմս ՊրայսՎանքուվըրԱրամայիս ՍահակեանՄոնրէալՀամաճարակՇարլ տը ԿոլԱրուսեակ (մոլորակ)ՈւրարՄատինաABBAՓարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողով🡆 More