Երկիր

Երկիր (Խորհրդանիշ: ), Երկիրը Արեգակնային Դրութեան այն մոլորակն է, ուր բնակուած է մարդու կողմէ: Ան երրորդն է Փայլածուէն եւ Արուսեակէն ետք: Գրեթէ գնդաձեւ է: Տրամագիծն է 12713 քմ.

մէկ բեւեռէն միւսը եւ 12756 քմ. հասարակածին վրայ:

Երկիր
Երկիր

Երկրին կազմութիւնը. 4.5 միլիոն տարի առաջ, արեգակնային նախնական միգամածի փոքրիկ մէկ մասը հետզհետէ խտանալով կազմած է երկիրը:

Երկրին Կառուցուածքը

Երկրին կառուցուածքը կրնանք նմանցնել սոխի խաւերուն: Ունի համակեդրոն երեք խաւեր.

  • Երկրային կեղեւը, որ 33 քմ. թանձրութիւն ունի ցամաքամասերու տակ եւ 6 քմ. ովկիանոսներու տակ:
  • Մակմայի Վերարկուն 2900 քմ. թանձրութեամբ, որուն տակ ջերմաստիճանը ( 2000°C է աւելի) եւ ճնշումը այնքան բարձր՝ որ նիւթը հաստատուն եւ հեղուկ վիճակներու միջեւ կը գտնուի:
  • Կեդրոնական Կորիզը, բաղկացած հոսանուտ նիւթէ, որ ունի 3400 քմ. շառաւիղ մը եւ որուն 2150 քմ.ը հեղուկ է:

Մթնոլորտ (Եթեր)

Երկիրը պարուրուած է «Կազային ծածկոց»ի մը մէջ, որ կը կոչուի Մթնոլորտ: Հազար քմ. հաստութեամբ այդ ծածկոցը յատկապէս կազմուած է բորակածինէ եւ թթուածինէ: Առանց մթնոլորտին, Արեւէն ածխացած պիտի ըլլայինք օրուան մը ընթացքին եւ տառացիօրէն սառած՝ գիշերը:

Մթնոլորտը ունի առնուազն չորս խաւեր. թրոփոսֆէրը, որ ծովի մակերեսէն մօտաւորապէս 11 քմ. բարձրացող խաւն է, կը տնօրինէ օդերեւութաբնական երեւոյթները, այսինքն անձրեւը, պայծառ օդը, եւայլն: Մթնոլորտը իր մէջէն դէպի Երկիր անցընել կու տայ արեւուն այն ճառագայթները միայն, որոնք մեզ կը լուսաւորեն եւ կը տաքցնեն: Ան կը ներծծէ անդրմանիշագոյն ճառագայթները, որոնք կը վտանգեն մեր կեանքը: Եթէ այս վերջին ճառագայթներէն մաս մը յաջողի ներթափանցել վերջին խաւերէն, ապա զանոնք կը կասեցնէ եթերի (օզօն) խաւը՝ շուրջ 50 քմ. բարձրութեան վրայ:

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 14-15։

Tags:

Արեգակնային Դրութիւն🜨

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՈչխարՊելոպոնեսեան ՊատերազմԳրիգոր ՆարեկացիԱշոտ Գ. ՈղորմածՍեդրակ ԱռաքելեանՌուբէն ՍեւակԳուրգէն ՄահարիԻնքնիշխան պետութիւնՀանրագիտարանԿոմիտաս ՎարդապետԳիտութիւնԿորնթոսի ՋրանցքըՄհերի ԴուռՕսմանեան ԿայսրութիւնԱնգլիաՎահրամ ՓափազեանՄիջերկրական ԾովՈւղտերԼիոնել ՄեսսիՀայաստանի Զինանշան3 ՅուլիսԱլճերիա20 ՍեպտեմբերՆիքիթա ԽրուշչովՕհայoՍեւան Նշանեան7 ՆոյեմբերՊասքեթպոլ (Կողովագնդակ)ՓլովտիւՍանահինի ՎանքԱւարայրի ՃակատամարտԿիլիկիոյ Հայկական ԹագաւորութիւնՖութպոլի Աշխարհի ԱխոյեանութիւնըԻտալիաՀայր Մեր1937 թուական1728 թուականՀրանդ (անձնանուն)Ազատ (գետ)Տիգրիս (գետ)Փարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՔարլես ՓուճտեմոնԹիւԴանիաՀայերէնԱռիւծՏոհմածառՊսակաձեւ ԺահրՈւզպեքիստանՄոզիլլա ՖայրֆոքսՀայաստան2001Արշակ Բ.Քիմ ՔարտաշեանՂեւոնդ ԵրէցՀնդկաստանԱշոտ Բ․ ԵրկաթՊիթքոյնԱպրիլԱւստրալիաՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումՅովհաննէս ԹումանեանՄեռեալ ԾովՄաննի պեյուկ1769 թուականՍպիտակ ԱրջԿանանց Միջազգային ՕրՔանատաՄակդիրԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՄեքսիքաՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու Ցանկ11 ՓետրուարՇերամ (գուսան)🡆 More