Վրաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութիւն (վրաց.՝ საქართველოს დემოკრატიული რესპუბლიკა), անկախ վրացական պետութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ 1918-1921–ններուն։ Հիմնադրուած է 26 Մայիս 1918-ին՝ Անդրկովկասեան դաշնակիցներէն բաժնուելէ ետք։ Տարածքը կազմած է առաւելագոյնը 107 600 քառ.
քմ։
Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը Անդրկովկասի քաղաքական ու մշակութային կեդրոնն էր։ Սկզբնական շրջանին, երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմը կ՛աւարտէր, Գերմանական կայսրութեան հովանավորութեան տակ Վրաստանի Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը Քութայիսի եւ Թիֆլիսի նահանգներու երկրին անկախութիւնը կը հռչակէ։ 1918–ի Մուտրոսի զինադադարէն ետկ տարածաշրջանին մէջ Օսմանեան կայսրութեան ու Գերմանիոյ ազդեցութիւնը կը դադրի, եւ կ՛անցնի Միացեալ Թագաւորութեան հսկողութեան տակ։ Բացի Թիֆլիսի ու Քութայիսի նահանգներէն, պետութեան սահմաններուն մէջ մտած են նաեւ Պաթումի մարզի ամբողջութիւնը, Կարսի մարզի հիւսիսային ու արեւելեան հատուածները, Սուխումի եւ Զաքաթալայի շրջանները, տարբեր ժամանակներու ընթացքին՝ Սոչի քաղաքը եւ Էրզրումի ու Տրապիզոնի նահանգներէն հատուածներ։
1921–ին Խորհրդային Հայաստանէն 11-րդ Կարմիր բանակի զօրքերը հարաւէն մտան Վրաստան, գրաւեցին Թիֆլիսը եւ հաստատեցին խորհրդային կարգեր։ 18 Մարտ 1921-ին Վրաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը լուծուեցաւ, եւ հիմնադրուեցաւ Վրացական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը։
1917–ին Ռուսական կայսրութեան մէջ բռնկած էր Փետրուաեան յեղափոխութիւնը: Անդրկովկասի մէջ անոր գլխաւոր արդիւնքներէն մէկը Անդկովկասի Յատուկ Կոմիտէի (ՕԶաԿոմ) կազմաւորումն էր՝ որուն կեդրոնը Թիֆլիսն էր (մարտ-նոյեմբեր 1917)։ Այս մէկը կազմուած էր պետական տումայի ներկայացուցիչ 4 անդամներէ, որոնք բուրժուա-ժողովրդավարական կուսակցութեան կը յարէին։ Վրաստանի խորհուրդի պատգամաւորներու մեծ մասը անդամագրուած էին սոցիալ-ժողովդրավարական կուսակցութեան եւ կ՛աջակցէին Ժամանակաւոր կառավարութեան։
Յեղափոխութիւնը քաոսի հանգեցուց։ Ռուսաստան դուրս չէր եկած պատերազմէն, եւ այս մէկը երկու ճակատով կը շարունակէր՝ գերմանա-աւստրօ-հունգարական ու կովկասեան: Նոյեմբեր 1917–ին Անդկովկասեան Յատուկ Կոմիտէն Անդրկովկասի առաջատար ազգային կուսակցութիւններու փոխարէն՝ վրացի մենշեւիկներու, մուսավաթականներու, դաշնակցականներու, նաեւ էսէռներու, սոցիալ-ֆետերալիստներու եւ անոնց պաշտպանող խորհուրդներու ու արհմիութիւններու ներկայացուցիչներու՝ Թիֆլիսի մէջ կայացած խորհրդակցութեան մէջ կ՛ըստեղծուի Անդրկովկասի կոմիսարիատը։ Այս պարագային ազդեցիկ էին վրացի մենշեւիկները։ Ժողովուրդին ուղղուած իր կոչին մէջ, Անդրկովկասեան կոմիսարիատը յայտարարած էր, որ կը կոչուի «պայքարելու անիշխանութեան եւ Պոլշեւիկեան Ռուսաստանի դէմ»։ Դեկտեմբեր 1917–ին Երզնկայի զինադադարէն ետք, թրքական զօրքերը յարձակեցան Արեւմտեան Հայաստանի ու Անդրկովկասի վրայ։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Վրաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.