Միջերկրական Ծով: Ծով

Միջերկրական Ծով (Յունարէն՝ Μεσόγειος Θάλασσα, Լատիներէն՝ Mare Mediterranea), գոց ծով է։ Կը գտնուի երեք ցամաքամասերուն մէջտեղը․ հիւսիսէն Եւրոպա, հարաւէն Ափրիկէ եւ արեւելքէն՝ Ասիա։ Արեւմուտքէն, Ատլանտեան Ովկիանոսին կը միանայ Ճիպրալթարի Նեղուցով, հարաւէն Կարմիր Ծովուն՝ Սուէզի ջրանցքով։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն
Քալիփսոյի խորամասը․

Միջերկրական Ծովը կը շրջապատեն հետեւեալ ջրափնեայ երկիրները (ժամացոյցի սլաքի կարգով նշուած, արեւմուտքէն արեւելք).

Սպանիա, Ֆրանսա, Մոնաքօ, Իտալիա, Սլովենիա, Խրուաթիա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, Մոնթենեկրօ, Ալպանիա, Յունաստան, Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ, Եգիպտոս, Լիպիա, Թունուզ, Ալճերիա եւ Մարոք։ Անոր մէջ կը գտնուին Մալթա եւ Կիպրոս կղզի-պետութիւնները։ Նաեւ զայն կը սահմանեն Կազան եւ Բրիտանական Անդրածովեան Տարածքները՝ Ճիպրալթարը, Աքրոդիրին եւ Տեքելիան (Կիպրոսի հարաւը)։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն
Միջերկրականի աւազանը
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն
Միջերկրական Ծովը տիեզերքէն դիտուած

Միջերկրականը մեծ դեր խաղցած է արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման եւ տարածման մէջ։

Ծովը հին ժամանակներէն փոխադրութեան կարեւոր ճամբաներէն է․ առեւտուրի եւ անոր աւազանին շուրջը ապրող ժողովուրդներուն քաղաքակրթութիւններուն (Միջագետքի, եգիպտական, պարսկական, փիւնիկեան, Կարթագէնի, վերվերներուն, յունական, էթրուսքեան, հռոմէական, բիւզանդական, արաբական-իսլամական նուաճում- եւ օսմանեան) փոխանակման կեդրոններէն։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն
Միջերկրականի դլփինները

Միջերկրական ծովուն տարածութիւնն է մօտաւորապէս 2,5 միլիոն ք², իսկ ջուրին ծաւալը 3․829․000 խորանարդ քմ․ է։ Առաւելագոյն խորութիւնը Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիփսօ խորամասն է՝ 5267 մեթր խորութեամբ, Պելոպոնեսի արեւմուտքը գտնուող Փիլոս ծովեզերեայ քաղաքէն հարաւ արեւմուտք։

Անուանումը

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրականի աւազանը յունահռոմէական շրջանին

Հակառակ անոր թէ, հնագոյն ժամանակներէն ի վեր իր եզերային շրջագիծին վրայ զարգացած են բազմաթիւ եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններ, անիկա սկիզբէն յստակ անուանում մը չէ ունեցած։

Իրոտոթոս, օրինակ, կը գործածէ Միջերկրական Ծովուն մէջ գտնուող ծովերուն եւ ծոցերուն անունները։ Հին յոյներ, ինչպէս՝ Ստրաբոն Στράβων, զայն կ'անուանէ․- «η εντός και καθ΄ ημάς λεγομένη θάλασσα» (= մեր ներքին եւ մեր շուրջի ծովը)․ յիշատակում մը, զոր հռոմէացիները կ'իւրացնեն թարգմանելով՝ «Μare Νostrum»։ Հռոմէացիները նաեւ «mare internum» կամ «mare insentinum» (= ներքին ծով) նաեւ «Μare magnum» (=Մեծ ծով) եզրերը կը գործածեն։

Հին ատեն հռոմէացիները այս ծովը կ'անուանեն Mare Nostrum (լատիներէն՝ Մեր ծովը), որովհետեւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ կ'ընդգրկուի։ Աստուածաշունչին մէջ ծանօթ է «Մեծ ծով» անունով։

Գ. դարուն, Լատինները կը սկսին գործածել Միջերկրական Ծով անունը․ առաջին Սոլինոն զայն կ' անուանէ «Mare Mediterraneum», որպէսզի նշէ ցամաքամասերու միջեւ գտնուող ծովը։ Այս անուանումը յունական μεσόγειος -mesógeios (″inland ″ միջերկրեայ) անունին պատշաճեցումն է․ mésos - մէջտեղը ("in the middle ") եւ γήινος - երկիրին (gḗinosγῆ - հողատարածք, երկիր (, ″land, earth")։

Պատմական անուններ տրուած են Միջերկրականի ուրոյն շրջաններուն համար․ Սարտինեան ծով, Իպերիական ծով, ֆրանսական ծով, Թիրենեան ծով (Tyrrhenian Sea), Յոնիական ծով, Էգէական ծով, Ատրիաթիք ծով, Ռոտոսիան ծով, Կիպրական ծով, Կիլիկիան, եւ այլն։

ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն, Միջերկրական Ծովը նաեւ կ'անուանեն՝ Սպիտակ Ծով Λευκή θάλασσα կամ Յոյներուն Ծովը։ Թուրքերը՝ Akdeniz (Ճերմակ Ծով)։

Պատմութիւն

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրականի աւազանին շուրջ գաղթօճախներ․ կարմիրով՝ յունական, դեղինով՝ փիւնիկեան
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Յունական գաղութները Ք.Ա. 8-էն 7-րդ դարերուն։
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրածովեան տարածաշրջանը Ք.Ա. 220-ին։

Միջերկրական Ծովու աւազանին գաղթօճախներուն հիմնումը

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Փիւնիկեցիներուն ծովային առեւտուրը

Միջերկրական Ծովը եղած է դասական աշխարհին բնօրրանը։ Հնագոյն եւ Ք․Ա․ Դասական շրջանին անոր աւազանին շուրջ կը զարգանան եւ կը տարածուին միջերկրածովեան նշանաւոր երկու քաղաքակրթութիւնները՝ Փիւնիկեան եւ յունական։

Ք․Ա․ 1500-էն մինչեւ Ք․Ա․ 300 թուական, Փիւնիկեցիները գաղթօճախներ կը հիմնեն Միջերկրականի աւազանին, գլխաւորաբար՝ արեւելեան ափերուն։

«Յունական Մութ դարերու»ն, որ «երկրաչափական շրջան» ալ կը կոչուի (Ք․Ա․ 1100 - 700) եւ Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, յունական ցեղեր կը գաղթեն Միջերկրական Ծովուն արեւելեան մասին՝ Էգէական ծովուն յունական կղզիները եւ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերը, ինչպէս նաեւ յաջորդաբար Միջերկրականի աւազանին ջրափնեայ շրջանները։

Այս գաղթօճախները կը հասնին բարեկեցութեան բարձր մակարդակի:

Հռոմէական Կայսրութեան շրջանէն մինչեւ Բիւզանդական Կայսրութիւն

Հռոմէացիները Միջերկրական Ծովը կ'անուանեն Mare Nostrum (բառացի՝ «Մեր ծովը»)։ Հռոմի կայսրութեան փլուզումէն ետք միջերկրածովեան տարածաշրջանը կը դադրի քաղաքական մէկ միաւոր ըլլալէ։ 476-ին Հռոմի անկումէն ետք արեւելեան ծայրամասին շուրջ 1000 տարի իր գերիշխանութիւնը կը հաստատէ Բիւզանդական Կայսրութիւնը։
Միջերկրական Ծովու աւազանին արեւելեան մասին իսլամական պետութիւններու հաստատումէն ետք, տարածաշրջանը կը դառնայ մշտական քաղաքական ընդհարումներու առարկայ։ Իր առաւելագոյն ընդարձակութեան ատեն Արաբական կայսրութիւնը կը վերահսկէ միջերկրական տարածաշրջանին 75%-ին։ Միջնադարու վերջաւորութեան եւ Վերածնունդի դարաշրջանին կը կազմաւորուին եւրոպական նոր փոքր իշխանութիւն-պետութիւններ։ Սակայն, անոնք, ինչպէս օրինակ՝ Վենետիկը, ի վիճակի չեն ըլլար տարածաշրջանը միաւորելու իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրականի աւազանը, 14-րդ դարուն

Բիւզանդական Կայսրութիւնը կը տապալի 1453-ին՝ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումով։ Սուրիայէն մինչեւ Մարոք գտնուած տարածքներուն մէջ եւրոպացիները կը հիմնեն իրենց գաղութները։ Սակայն, իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան պատճառով, անոնք չեն կրնար կասեցնել օր ըստ օրէ զօրացող Օսմանեան կայսրութիւնը։

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը

Միջերկրական ծովուն հարաւ արեւելեան ափերուն կը ստեղծուի ու կը զարգանայ ԺԱ. դարու կէսէն մինչեւ ԺԴ. դար Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը։

Օսմանեան Կայսրութեան շրջան

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրականի աւազանը 17-րդ դարուն

ԺԶ. դարուն օսմանցիները արդէն կը վերահսկեն Ծովուն մեծ մասին եւ կ'ունենան ծովային խարիսխներ Ալճերիոյ եւ Թունուզի ափերուն։

Օսմանցի նաւապետ Հայրետտին Պարպարոսա (Barbarossa) եւրոպական նաւային ուժերուն դէմ տարած՝ 1538-ին Փրեվեզային (Յոնիական Ծովուն ափին - Battle of Preveza) եւ 1560-ին Ճերպայի (կղզի, Թունուզ - Battle of Djerba) ծովամարտերուն յաղթանակներով, Միջերկրական Ծովուն կը տիրէ։ Օսմանեան ծովուժին բացարձակ տիրապետութիւնը Միջերկրական Ծովուն վրայ, վերջ կը գտնէ Հոկտեմբեր 1571-ին, Լեփանթոյի (Նաւփաքթօ, Կորնթոսի Ծոց, Յունաստան) ծովամարտով․ անիկա ցռկանաւերու գործածութեամբ վերջին ծովամարտն էր։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Յունական ցրկաններ

Ցռկանները (galleys) կը գործածուէին հնագոյն ժամանակներէն, Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակէն մինչեւ իսկ ԺԹ. դարու սկիզբները, Միջերկրական Ծովու աւազանին շուրջ ապրող ժողովուրդներէն առեւտուրի, ծովամարտի նաեւ ծովահէնութեան (Պարպարեան ծովահէնները կամ Օսմանցի ծովահէնները Միջերկրական Ծովուն կը գերիշխեն ԺԶ. մինչեւ ԺԸ. դարերը․ անոնց մեկնակէտն է Ծովուն աւազանին Ափրիկէի հիւսիս-արեւմտեան ափերը․ այս երեք դարերուն ընթացքին մէկ միլիոնէ աւելի եւրոպացիներ իբրեւ ստրուկ կը գերեն ու կ'առեւանգեն)։

Յատկանշական են Յոյներուն, Փիւնիկեցիներուն եւ Հռոմէացիներուն նաւային զօրուժի ցռկանները։

Նորագոյն շրջան

Առեւտուրի եւ քաղաքակրթութիւններու փոխանակման եւ զարգացման կարեւոր ներդրումէն զատ, Միջերկրական Ծովը ռազմական կարեւորութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ։ Ծովուն հսկողութիւնը կռուախնձոր կը դառնայ Ի. դարուն, երկու Համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին։

ԻԱ. դար եւ գաղթականներ

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրականի աւազանը, 21-րդ դարասկիզբին

Ասիոյ եւ Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի (յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի) պատերազմները եւ քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւնները կը յառաջացնեն գաղթականութեան մեծ ալիքներ, տալով հազարներով մարդկային զոհեր։

Միջերկրական ծովը թատերաբեմ է մարդկային ողբերգրութեան։

Յունաստան եւ Իտալիա այդ երկիրներն են, որոնք ուղղակի կ'ազդուին գաղթականութեան տագնապէն։ 2013-էն, 700 000-է աւելի ափրիկեցի մանաւանդ Սահարայի շրջաններէն գաղթականներ Ծովու ճամբով կ'անցնին ու կը շարունակեն անցնիլ Իտալիա, այն յոյսով, որ կ'ընդունուին հիւսիսային եւրոպայի երկիրներէն․ հազարներով խեղդամահ կ'ըլլան․․․ Եւրոպայի Խորհրդարանին Նախագահ, Մարդին Շուլց, 2014-ին կը յայտարարէ, թէ «Եւրոպայի գաղթականութեան դիմագրաւումի քաղաքականութիւնը, Միջերկրական Ծովը գերեզմանի վերածեց»․ խօսքը կը վերաբերէր հազարաւոր խեղդամահ գաղթականներուն, որոնք հետեւանք էին քաղաքականութիւններու․․։

Իսկ 2015-էն, նոյնպէս Յունաստան կ'ընդունի հարիւր հազարներով գաղթականներ (Ասիոյ եւ Ափրիկէի տնտեսական եւ քաղաքական անապահով կացութեամբ երկիրներէ), որոնք Յունաստանը կը գործածեն որպէս Եւրոպայի մուտք։ Միայն 2015-ին Յունաստան կ'ընդունի 856 723 գաղթականներ (կէսը փախստականներ Սուրիոյ պատերազմէն), իսկ մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2019 Էգէական ծովէն Յունաստան կ'անցնի 29 709 եւ ցամաքէն՝ 8 889 հոգի։

2014- 2018 տարիներուն Յունաստան ժամանած գաղթականներու պաշտօնական թիւի ցուցակ (դժբախտաբար բուն թիւը աւելի բարձր է)․

Տարի Ծովու ճամբով Ցամաքի ճամբով Անցնելու ընթացքին (մանաւանդ ծովէն) մահացած կամ անհետացած
2018 32 494 18 014 174
2017 29 718 6 592 59
2016 173 450 3 784 441
2015 856 723 4 907 799
2014 41 038 2 280 405

Տնտեսութիւն

Միջերկրականի աւազանին շուրջի երկիրները մեծապէս կ'օգտուին ծովուն ընձեռած բարիքներէն։ Զբօսաշրջիկութիւնը եւ նաւային ճարտարարուեստը գլխաւոր ազդակներէն են․ քաղաք-նաւահանգիստները կը բարգաւաճին, համաշխարհային տնտեսական գլխաւոր կեդրոններ կը դառնան ։ Ըստ BTS-ի (Փոխադրութեան Վիճակագրական Գրասենեակ), յունական նաւատորմը, որ առաջին քայլերը Միջերկրական Ծովուն մէջ ւրած է, այժմ աշխարհի ամէնէն մեծն է․ 3․079 նաւերով համաշխարհային նաւատորմին 18%-ը կը կազմէ։

Միջերկրականի աւազանին բնակչութեան թիւը 150 միլիոնէ աւելի կը հաշուէ։ Աւազանը ամէն տարի կ'ընդունի 200 միլիոնէ աւելի զբօսաշրջիկներ։ Աշխարհի նաւային քարիւղի բեռնատար նաւերէն 20%-ը եւ առեւտուրի՝ 30%-ը, 120․000 նաւեր Միջերկրականը կ'երթեւեկեն։ Օրական հերթականութեամբ, 250-300 քարիւղատար նաւեր կ'անցնին ծովէն։

250 000-է աւելի ձկնորսներ կ'աշխատին ձկնորսանաւերուն մէջ։ Արհեստական ձկնորսութիւնը գործի մատակարարութեան 60%-ը կը կազմէ եւ իր 67․000 նաւերով ձկնորսութեան նաւերուն ընդհանուր թիւին 80%-ը կը կազմէ։

Ապականում

Նաւային արկածները, որոնք կը պատահին, քարիւղի վատնում եւ անկանոն ձկնորսութիւնը, ինչպէս նաեւ նաւային խիտ երթեւեկութիւնը (առեւտուր, զբօսանաւեր), գլխաւոր պատճառներէն են աւազանին ջուրի ապականման եւ կենսահարստութեան նահանջին։

Զբօսաշրջիկութիւն

ԺԸ - ԺԹ դարեր

Առաջին զբօսաշրջիկութեան իմաստով պտոյտ-այցելութիւնները տեղի կ'ունենան զուտ մշակութային բնոյթով են։ ԺԸ. դարուն, հիւսիսային Եւրոպայի ազնուական դասակարգին պատկանող երիտասարդներ, Իտալիա, Յունաստան եւ Օսմանեան Միջին Արեւելքը կ'այցելեն։

ԺԹ. դարուն, անգլիացի ազնուականներ կամ հարուստներ, ձմեռը կ'այցելեն Միջերկրական Ծովուն ափերը եւ բազմաթիւ արքունիք-բնակարաններ կը կառուցեն, մանաւանդ հարաւային Ֆրանսայի Նիս (Nice) քաղաքին մէջ․ կը յիշատակուի «la promenade des Anglais» ծովեզերեայ պողոտայով։

Ի․ եւ ԻԱ․ դարեր

Զբօսաշրջիկութիւնը Միջերկրական Ծովու աւազանին շուրջ ներկայ իմաստով՝ ծովու լոգանքներ, արեւուն երկննալ․․ կը սկսի 1902-ին, Անտրէ Կիտին (André Gide) «Բարոյազանց» (L'Immoraliste) գիրքով։ 1905-ին, գրագէտ Թէօ Վաղլէ (Théo Varlet) կը ստեղծէ մերկապաշտութիւնը։ Իսկ 1927-ին, Գօգօ Շանել (Coco Chanel) կը գայթակղեցնէ հանրութիւնը՝ ծովու եւ արեւու լոգանք առնելով հարաւային Ֆրանսայի (Côte d'Azur) շրջանին մէջ։

1936-ին, Ֆրանսայի մէջ կը սկսի վճարուած արձակուրդի դրութիւնը (ներկայ արձակուրդի հասկացողութեամբ)։ Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Միջերկրականի աւազանին եւրոպական մասին եւ հետագային հարաւային մասին մէջ կը սկսի զբօսաշրջիկութիւնը, նախ դանդաղ քայլերով, հասնելու համար ներկայ զարգացման եւ տարածման վիճակին։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Էգէական Ծով, ձախին Եարոս կղզին եւ խորին՝ Անտրոս ու Թինոս կղզիները․ Քիքլատես (կղզեխումբ)

1950-ին, պելճիքացի գործարար Ժերար Պլից Gérard (Blitz) կը հիմնէ «Club Méditerranée» արձակուրդի ճամբարները։ Նախ Սպանիոյ Մայորքա կղզիին մէջ (l'île de Majorque), ապա՝ Իտալիա, Յունաստան, Թուրքիա եւ այլն․․։

Այժմ, Միջերկրականի աւազանը զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային գլխաւոր կեդրոնն է․ մանաւանդ հարաւային Եւրոպայի երկիրները իրենց հնագոյն պատմութեամբ ու մշակոյթով, հնագիտական վայրերով, ծովեզերեայ շրջաններով եւ կղզիներով։ Նաեւ հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն՝ Եգիպտոսը, եւ մասամբ Թունիզը եւ Մարոքը։

Համաշխարհային հրապոյր կը պատճառեն Սպանիոյ Մայորքա եւ Իպիզա կղզիները, հարաւային ֆրանսայի ծովափնեայ շրջանը՝ Քոթ տազիւր (Côte d'Azur), Մոնաքօն, Մալթան, Իտալիոյ տարածքը, Յունաստանը եւ իր կղզիները՝ Միքոնոս, Սանթորինի, Քորֆու եւ այլն․․․:

Աշխարհագրութիւն

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Յունաստան Միջերկրականի ամէնէն երկար եզերային շրջագիծը ունի:

Միջերկրական Ծովը արեւմուտքէն Ատլանտեան ովկիանոսին կը միանայ Ճիպրալթարի Նեղուցով (Հոմերոսին գրութիւններուն մէջ կը հանդիպինք «Հէրքիւլեսին Սիւները» Ηράκλειες στήλες անուանումին), արեւելքէն Մարմարայի եւ Սեւ Ծովերուն՝ յաջորդաբար Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներէն․ Տարտանել (Մարմարայի ծովը) յաճախ Միջերկրական Ծովուն շարունակութիւնը կը համարուի։ Հարաւէն Սուէզի արեւստական ջրանցքով, Կարմիր Ծովուն կը կապուի։

Ծովուն տարածութիւնն է 2․500․000քմ²։ Աշխարհի ամէնէն մեծ գոց ծովն է։ Անոր աւազանին երկիրներէն, Յունաստանը իր կղզիներով, Միջերկրականի ամէնէն երկար եզերային շրջագիծը ունի։

Ծովուն առաւելագոյն խորութիւնը Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիփսօ խորամասն է 5267 մեթր խորութեամբ։

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրականի աւազանին կլիմային քարտէսը

Կլիմայ

Միջերկրական Ծովուն կլիման բարեխառն է։ Անոր ծովեզրերուն կլիման կը յատկանշուի տաք ու չոր ամառներով եւ քաղցր ու մեղմ ձմեռներով։ Սակայն, հարաւ արեւելեան աւազանը ունի տաք, անապատային կլիմայի յատկանիշներ։ Նաեւ, եղանակներու փոփոխութեան միջեւ, կը հանդիպինք տեղական մրրիկներու։

Ծովը ունենալով բաց անցքեր, ենթակայ է մնայուն ջուրի հոսանքներու, որ Միջերկրականի աւազանին կլիմայական փոփոխութիւններուն գլխաւոր ազդակներէն է։ Սուէզի ջրանցքին բացումէն ետք, Կարմիր Ծովուն ջուրի յատկութիւնները՝ աղի, տաք, ձուկերու բազմազանութիւն, տարիներու ընթացքին կամաց կամաց կը թափանցեն Միջերկրականի աւազանին մէջ։ 1959-էն մինչեւ 1989, կը նկատուի Ծովուն ջուրի ջերմութեան բարձրացում՝ 0.12°C եւ կը շարունակուի։ Իսկ, Ծովու ջուրին գահավիժումը, կը յառաջացնէ աղիութեան աճ։

Ջրափնեայ Երկիրները

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Ամալֆի, Իտալիա
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Պէյրութ, Լիբանան
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Ճաֆֆա, Իսրայէլ

Ցանկը կը սկսի Սպանիայէն եւ կը շարունակուի ժամացոյցի սլաքի շարժման ուղղութեամբ.

Երկիր Ծովեզերքի
երկարութիւնը
քմ
200 հազարէն աւելի բնակչութիւն ունեցող
ծովեզերեայ քաղաքները
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Սպանիա Ալիքանթէ, Պատալոնա, Պարսելոնա, Քարթախենա, Մալակա, Փալմա, Վալենսիա
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Ֆրանսա Մարսէյ, Մոնփելիէ, Նիս
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Իտալիա 7600 Պարի, Քաթանիա, Ճենովա, Մեսինա, Նափոլի, Փալերմօ, Հռոմ, Թրիեստէ, Վենետիկ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Սլովենիա 46.6
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Խրուաթիա 5 835 Սփլիթ, Տուպրովնիք
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Պոսնիա եւ Հերցեկովինա 20
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Մոնթենեկրօ 293.5
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Ալպանիա 362 Տուրեշ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Յունաստան 13 676 Աթէնք, Փիրէա, Փաթրա, Թեսաղոնիկէ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Թուրքիա Ատանա, Անթալիա, Իսքենտերուն (Ալեքսանտրէդ), Իզմիր, Մերսին
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Սուրիա 193 Լաթաքիա
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Լիբանան 225 Պէյրութ, Թրիփոլի
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Իսրայէլ 273 Աշտոտ, Հայֆա, Թել Աւիւ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Եգիպտոս Գահիրէ, Աղեքսանտրիա, Տամիեթա, Փոր Սայիտ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Լիպիա 1 770 Պենկազի, Հոմս, Մըսրաթա, Թրիփոլի, Ալ-Զաուիա
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Թունուզ 1 148 Սֆաքս, Թունուզ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Ալճերիա 998 Աննապա, Օրան
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Մարոք Թեթուան, Թանժեր

Տասը մեծագոյն կղզիները

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Էգէական Ծովը եւ ստորաբաժանումները
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Իտալիան շրջապատող ծովերը
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Քվարնըր Ծոցը, Խրուաթիա
  Անուն Տեսք Պատկանելութիւն Տարածք
(քմ²)
Բնակչութիւն
1 Սիչիլիա Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Իտալիա 25․460 5 010 000
2 Սարտինիա Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Իտալիա 23․813 1 656 000
3 Կիպրոս Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Կիպրոս 9․251 1 048 000
4 Քորսիքա Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Ֆրանսա 8․681 275 000
5 Կրետէ Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Յունաստան 8․261 624 000
6 Էվիա Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Յունաստան 3․655 218 000
7 Մայորքա Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Սպանիա 3․640 778 000
8 Լեզվոս Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Յունաստան 1․630 90 000
9 Ռոտոս Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Յունաստան 1․398 117 000
10 Խիոս Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն  Յունաստան 842 52 000

Ստորաբաժանումներ

Ջրագրական Միջազգային Կազմակերպութիւնը International Hydrographic Organization (IHO), Միջերկրական Ծովը կը բաժնէ փոքր ծովերու․ իւրաքանչիւրը իր տեղական, պատմական անուանումով։ Արեւելքէն արեւմուտք՝

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Ճիպրալթարի Նեղուցը․ ձախին՝ Եւրոպան, աջին՝ Ափրիկէն
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Կորնթոսին Ջրանցքը, Յունաստան
  • Ճիպրալթարի Նեղուց - Strait of Gibraltar,
  • Ալպահրան ծով (Alboran Sea) - Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ,
  • Պալէարեան ծով (Balearic Sea) - Սպանիոյ ցամաքամասին եւ Պալէարեան կղզիներուն միջեւ,
  • Լիկուրեան ծով (Ligurian Sea) - Քորս կղզիին եւ Լիկուրիոյ (Իտալիա) միջեւ,
  • Թիրենեան ծով (Tyrrhenian Sea) - Իտալիոյ ցամաքամասին եւ Սարտինիոյ ու Սիչելիոյ կղզիներուն միջեւ,
  • Յոնիական ծով (Ionian Sea) - Իտալիոյ, Յունաստանի միջեւ,
  • Ատրիաթիք ծով (Adriatic Sea) - Իտալիոյ, Սլովէնիոյ, Քրուաթիոյ, Պոսնիոյ-Հերցեկովինայի, Մոնթենեկրոյի եւ Ալպանիոյ միջեւ,
  • Էգէական ծով (Aegean Sea) - Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Պոնիֆասիոյ Նեղուցը-Strait of Bonifacio ․ Դիտուած Սարտինիոյ հիւսիսային ծայրամասէն, խորին՝ Քորսիքան:
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Մեսինայի Ծոցը, Իտալիա

Երկրորդական ծովեր

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
նկարին հիւսիսը․ Կորնթոսի Ծոցը, Պելոպոնեսին հիւսիսը․ ձախէն Յոնիական Ծովը կը բացուի:
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Սարոնիքոս կամ Արղոսարոնիքոս Ծոցը-Saronic Gulf , Յունաստան
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Քոթոր Խորշը, Մոնթենեկրօ
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Քալավրիայի ծոցերը, հարաւային Իտալիա
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Առիւծի Ծոցը-Golf de Lion, Ֆրանսա եւ Վալենսիայի Ծոցը-Golfo de Valencia, Սպանիա

Ծովեր իրենց տեղական կամ պատմական անուններով։ Արեւելքէն արեւմուտք՝

  • Սարտինիոյ ծով - Սարտինիոյ եւ Պալէարեան կղզիներուն միջեւ․ Պալէարեան ծովուն մէկ մասը,
  • Սիչիլիոյ ծով - Սիքելիոյ եւ Թունիզին միջեւ,
  • Լիպիոյ ծով - Լիպիոյ եւ Կրետէին միջեւ,
  • Էգէական ծովուն մէջի ծովեր,
    • Թրակեան ծով - Էգէական Ծովուն հիւսիսը,

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Թերմայիքոս Ծոցը-Thermaic Gulf , հիւսիսային Յունաստան
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Թարանթոյի Ծոցը-Gulf of Taranto, Իտալիա

Գլխաւոր Ծոցեր, ջրանցքներ, նեղուցներ

Արեւմուտքէն՝ արեւելք

  • Ճիպրալթարի Նեղուց, կը կապէ Ատլանտեան Ովկիանոսը Միջերկրական Ծովուն հետ, Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ,
  • Ճիպրալթարի խորշ - Իպէրիոյ թերակղզիին հարաւային մասը,
  • Վալենսիոյ ծոցը - Սպանիոյ արեւելքը,

  • Առիւծին ծոցը - հարաւային Ֆրանսա,
  • Քորսիքայի Ջրանցքը - Քորսիքայի եւ Իտալիոյ միջեւ,
  • Պոնիֆաչօ Նեղուցը, Սարտինիոյ եւ Քորսիքային միջեւ,
  • Կոզոյի Ջրանցք - Մալթայի եւ Կոզոյի միջեւ,
  • Ճենովայի ծոցը - Իտալիոյ հիւսիս արեւմուտքը,
  • Մեսինային Նեղուցը - Սիչիլիոյ եւ Քալաւրիա թերաղկզիին միջեւ, Իտալիա,
  • Սալեռնոյի ծոցը - Իտալիոյ հարաւ արեւմուտքը,
  • Կաէթայի ծոցը - Իտալիոյ հարաւ արեւմուտքը,
  • Սիչիլիոյ Նեղուցը - Սիքելիոյ եւ Թունիզին միջեւ,
  • Մալթայի Ջրանցքը- Սիքելիոյ եւ Մալթայի միջեւ,
  • Սիտրայի ծոցը - Թրիփոլիթիանայի (արեւմտեան Լիպիա) եւ Քիրինայքայի միջեւ (արեւելեան Լիպիա),
  • Վենետիկի ծոցը - Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը,
  • Թրիեսթէի ծոցը - Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը,
  • Թարանթոյի ծոցը - հարաւային Իտալիա,
  • Ս. Էֆեմիոյ Ծոցը - հարաւային Իտալիա
  • Սքիլաքի ծոցը - Քալաւրիոյ եւ Յոնիական Ծովուն միջեւ, հարաւային Իտալիա
  • Քվարնըր ծոցը - Խրուաթիա,
  • Քոթոր Խորշ - Մոնթենեկրօ,
  • Օթրանթոյի Նեղուցը - Իտալիոյ եւ Ալպանիոյ միջեւ,
  • Կորնթոսի Ծոցը - համանուն Ջրանցքին եւ Յոնիական Ծովուն միջեւ, Յունաստան,
  • Կորնթոսի Ջրանցքը - Կորնթոս եւ Սարոնիքոս ծոցերը կը միացնէ, Յունաստան,
  • Փաղասիթիքոս ծոցը - Վոլոսին ծոցը, Յունաստան,
  • Թերմայիքոս ծոցը - Սելանիկի ծոցը, հիւսիսային Յունաստան,
  • Սարոնիքոս Ծոցը - Փիրէայի ծոցը, Կորնթոսի Ջրանցքին եւ Միրթոօ ծովուն միջեւ, Յունաստան,
  • Անթալիոյ ծոցը - Անթալիոյ արեւմտեան եւ արեւելեան ծովեզրերուն միջեւ, Թուրքիա,
  • Իսքենտերունի (Ալեքսանտրեթա) ծոցը - Իսկենտերունի եւ Ատանայի միջեւ, Թուրքիա,
  • Ս. Գէորգի խորշը - Պէյրութ, Լիբանան,
  • Ռաս Իպն Հանիի հրուանդանը - հնագիտական վայր, Լաթաքիա, Սուրիա,
  • Ռաս ալ-Պասիթի հրուանդանը - Սուրիոյ հիւսիսը,
  • Մինեթ ալ-Պէյտա խորշ - Սուրիա, Ուկարիթ հնագիտական վայրին մօտ,
  • Հայֆայի ծոցը - հիւսիսային Իսրայէլ:

Երկրաբանութիւն

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Միջերկրական Ծովուն մակերեւոյթը

Միջերկրական Ծովը եւ Կարմիր Ծովը, ժամանակի Ովկիանոսի մը տարածքին մնացորդներն են․ այժմ անոնց տրուած է Թեթիս անունը՝ Téthys, Τηθύς (յունական դիցաբանութեան մէջ, ովկիանոսներուն աստուածուհին) ։ Մօտաւորապէս (≃) 145,0 - 66,0 միլիոն տարի առաջ (Ma), բարձումի հետեւանքով, երկու ցամաքամասերու՝ ափրիկեան եւ եւրասիոյ իրարու մօտեցումով, Թեթիսը յառաջադիմաբար կը սկսի «փակուիլ»։ Այս եղելութիւնը, լեռնաշղթաներ կը յառաջացնէ, օրինակ՝ Ալպեան եւ Փիրենեան։ Մօտաւորապէս 30 միլիոն տարիներ առաջ, Միջերկրականի արեւմտեան մասի տարածման փուլի շրջանին, Քորսիքան եւ Սարտինիան եւրոպական ցամաքամասէն կը բաժնուին։

Հրաբխային աւազան

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
3D Սանդորինի կղզիին քալտերան, Քիքլատես կղզիախումբ, Յունաստան:
Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 
Stromboli, Ստրոմպոլի հրաբուխ, Իտալիա:


Հինգ միլիոն տարի առաջ, իրարու յաջորդող երկրաշաժներու հետեւանքով, Ճիպլարթարի նեղուցը կը փակուի, եւ Ծովը աղի «լիճ» մը կը դառնայ․ այս իրադարձութիւնը Մեսինեան Աղիութեան Տագնապ (Messinian Salinity Crisis / MSC) կը կոչուի։ Մէկ միլիոն տարիներու ընթացքին Ծովուն յատակը յառաջացած աղի պահեստը այս երեւոյթը կը փաստէ։ Մօտաւորապէս, 300․000 տարի ետք, իրարայաջորդ երկրաշարժները կրկին «կը բանան» նեղուցին բնական ամբարտակը։ Այս երեւոյթը քանի մը տարիներու ընթացքին կը յառաջացնէ հսկայ քարաւազ մը ու Միջերկրականի աւազանը, որուն ջուրը քանի մը հարիւր տարիներու ընթացքին շոգիացած էր, ջուրով կը լեցուի։

Միջերկրականի ծովուն յատակը շարունակ կը փոխուի, որովհետեւ եւրասեան եւ ափրիկեան ցամաքամասերու շարժումը յաճախակի երկրաշարժներ կը յառաջացնէ՝ Իտալիոյ, Յունաստանի (յատկանշական օրինակ է Սանթորինի կղզիին քալտերան, յառաջացած 3․600 տարի առաջ, Ք․Ա․ 1613 -ին, զօրաւոր երկրաշարժէ ետք․ պատճառ կ'ըլլայ Մինոասեան քաղաքակրթութեան քանդումին), Թուրքիոյ ու մասամբ Իսրայէլի եւ Ալճերիոյ երկիրներուն զանազան շրջաններուն մէջ, նաեւ պահելով հրաբխային վառ աշխուժութիւն Իտալիոյ մէջ՝ Էթնա, Վեզուվիօ եւ Սթրոմպոլի։

Մարզական

Չորս տարին անգամ մը (Ողիմպիական ամառուան խաղերուն յաջորդող տարին) տեղի կ'ունենան Միջերկրածովեան Խաղերը։ Իսկ 2015-էն, ամէն երկու տարի տեղի կ'ունենան Միջերկրականի Ծովեզերեան Խաղերը։

Ծովուն կենսահարստութիւնը

Երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումը յառաջացուցած է Ծովուն ջուրի ջերմաստիճանի թեթեւ, սակայն կենսական, բարձրացում․ այսպէս Կարմիր Ծովուն տաք ջուրերէն, ձուկերու տեսակներ տարիներու ընթացքին դանդաղօրէն Սուէզի ջրանքէն Միջերկրական կը թափանցեն։

Ծովը աշխարհի ովկիանոսներուն 0,8%-ը կը ներկայացնէ, սակայն ծովային կենսահարստութեան՝ 8-9%-ը (10-էն - 12,000 տեսակ)։

Միջերկրականի աւազանի շրջակայքի բուսաշխարհէն նկարներ

Միջերկրական Ծով: Անուանումը, Պատմութիւն, Տնտեսութիւն 

Պատկերասրահ

Աղբիւրներ

  1. Guillaume de Dieuleveult, « Et la Méditerranée découvrit l'été…», Le Figaro Magazine, semaine du 9 mai 2014, p. 40-41. Կիյոմ տը Տիոլովօ, Միջերկրականը կը ճանչնայ․․․ Ֆիկարօ պարբերաթերթ, 9 Մայիս 2014, էջ 40-41
  2. «Աշխարհը եւ Հայաստանը» աշխարհագրական ատլաս, Լ. Վալեսեան եւ այլք, Երեւան 2003։

Տես Նաեւ

Էգէական Ծով

Յոնիական Ծով

Փաթրայի Ծոց

Կորնթոսի Ծոց

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Միջերկրական Ծով ԱնուանումըՄիջերկրական Ծով ՊատմութիւնՄիջերկրական Ծով ՏնտեսութիւնՄիջերկրական Ծով ԱշխարհագրութիւնՄիջերկրական Ծով ՄարզականՄիջերկրական Ծով Ծովուն կենսահարստութիւնըՄիջերկրական Ծով ՊատկերասրահՄիջերկրական Ծով ԱղբիւրներՄիջերկրական Ծով Տես ՆաեւՄիջերկրական Ծով ԾանօթագրութիւններՄիջերկրական Ծով Արտաքին յղումներՄիջերկրական ԾովԱսիաԱփրիկէԵւրոպաԼատիներէնԾովԿարմիր ԾովՃիպրալթարի ՆեղուցՅունարէնՍուէզի Ջրանցքը

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սահմանադրական ճգնաժամ Սպանիոյ մէջ (2017)«Տիփ տայվ Տուպայ» լողաւազանՊայազիտ (Դարոյնք)Ֆլորիտա1958 թուականՖրիտիոֆ ՆանսենՀաուայԱրա ՇիրազԵրզնկաԿոստան ԶարեանԼիոնել ՄեսսիԷփըլԱշոտ ՂուլեանՍէուտական Արաբիա8 ՄարտՀամաշխարհային ժառանգութիւնԹրքերէնՎիեննաԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններԱզրպէյճանՇահան ՇահնուրԳառզուՍիլվա ՔէչէճեանԼիթուանիաՓարիզՇահան ՆաթալիՊուքրէշՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՀորմուզի ՆեղուցՅունարէնԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՔնարա-պատմողական տեսակներԱրցախեան-ազրպէյճանական սահմանային պատերազմ (2016)Ճիմի ՈւէյլզԾառՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՄիքէլանճելօՌանչպարների ԿանչըԼաստիվերԱլեքսանտր ԱրզումանեանՊարսից ԾոցԸնդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)ՄազերԲառՀրատ մոլորակ (Մարս)Նոր ՆախիջեւանՎասպուրականի տարազՔարլես ՓուճտեմոնԶմմառԳրական երկի լեզուՖրեզնoԱստղիկՀայկական ԽոհանոցԱբիսողոմ աղաՍամուէլ (անձնանուն)ԼուսնթագՄլեհԲաբելոնԱրշաւիր ՇիրակեանԻմացաբանութիւնՍամսոն ՅարութիւնեանՊէլըմի ԵանկՄարգար ՍեդրակեանԱկրաԱնանիա ՇիրակացիՎազգէն (անձնանուն)Լեւոն Տէր ՊետրոսեանՍթանոզԶիմպապուէՄածունՉինաստանՍմբատ ՍպարապետԳրիգոր (անձնանուն)Աննա ՄայրիկԴաւիթ ՊարսամեանԴեղձենիՎաչէ Տաղլեան🡆 More