Լիթուանիա (լիթ.՝ Lietuvos Respublika ), պաշտօնապէս Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` երկիր մըն է Արեւելեան Եւրոպային մէջ:
Լիթուանիա | |||||
---|---|---|---|---|---|
| |||||
Կը ներառնէ | Alytus County?, Kaunas County?, Կլայպեդի գավառ?, Marijampolė County?, Պանավեժի կոմսություն?, Šiauliai County?, Տաուրագեսի կոմսություն?, Telšiai County?, Ուտենայի գավառ? եւ Վիլնյուսի կոմսություն? | ||||
Պետական լեզու | Լիթուաներէն[1] | ||||
Մայրաքաղաք | Վիլնիւս[2] | ||||
Օրէնսդիր մարմին | Սէյմ | ||||
Երկրի ղեկավար | Կիթանաս Նաուսետա | ||||
Կառավարութեան ղեկավար | Ինկրիտա Շիմոնիթէ | ||||
Ազգաբնակչութիւն | 2 860 002 մարդ (1 Յունուար 2023)[3] | ||||
Օրհներգ | Լիտվայի օրհներգ? | ||||
Կարգախօս | Vienybė težydi | ||||
Հիմնադրուած է | 11 Մարտ 1990 թ. | ||||
Արժոյթ | Եւրօ[4] | ||||
Ժամային համակարգ | UTC+2 եւ UTC+3։00 | ||||
Հեռաձայնային համակարգ | +370 | ||||
Համացանցի յղում | .lt? | ||||
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ | 0,875[5] | ||||
Երկրին մէջ կ'ապրի 3 մլն. մարդ։ Կը գտնուի Պալթեան Ծովու ափին։ Սահմանակից է Լաթվիոյ, Պելառուսին, Ռուսիոյ եւ Լեհաստանին: Տարածքը 65.2 հզր. քմ² է:
Լիթուանիոյ հիմնական բնակիչները լիթուանացիներն են։
Առանձին տեղեր պալթեան ցեղերով բնակեցուած ըլլալով 1230-ականներուն Լիթուանիոյ հողերը միաւորուեցան Մինտաուկասին կողմէ, որ թագադրուեցաւ 6 Յուլիս 1253-ին: Անոր սպանութենէն ետք 1263-ին հեթանոսական Լիթուանիան թիրախ կը հանդիսանար թեւթոնական Ասպետներու եւ Լիվոնեան Օրտերի խաչակիրներու արշաւանքներուն համար: Չնայած անոնց տասնամեակներով ըրած աuերումները, Լիթուանիոյ Մեծ Դքսութիւնը արագ ընդլայնեցաւ ներառելով նախկին սլավոնական Քիեւեան Ռուսիոյ իշխանապետութիւնը:
14-րդ դարուն Լիթուանիան Եւրոպայի խոշորագոյն երկիրը եղած է եւ կ'ընդգրկէր ներկայիս Պելարուսը, Ուքրաինան եւ Լեհաստանի ու Ռուսիոյ մասերը: Արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ աշխարհաքաղաքական դիրքով կ'որոշուէր Լիթուանիոյ Դքսութեան բազմամշակութային եւ բազմադաւանանքային բնոյթը: Ղեկավար վերնախաւը կը ցուցաբերէր կրօնական հանդուրժողականութիւն եւ պաշտօնական փաստաթուղթերուն համար սլավոնական լեզուն կը գործածուէր որպէս լատիներէնի օժանդակ լեզու:
1385-ին Մեծն Դուքս Եոկայլան լեհերուն կողմէ առաջարկուեցաւ դառնալ իրենց թագաւոր: Եոկայլան ձեռնամուխ եղաւ Լիթուանիոյ քրիստոնէացմանը եւ հիմնուեցաւ Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ միասնական կառավարումը: Ան կ'ենթադրէր, որ Եւրոպայի վերջին հեթանոսական տարածք Լիթուանիան պիտի դառնայ քրիստոնէական:
Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ միաւորումը ունեցաւ մեծ միջազգային հետեւանքներ: Իրենց հզօրութեան գագաթնակէտը գտնուող երկու տէրութիւններու միացումը բերաւ համարեայ թէ նոր քաղաքակրթութեան առաջացման: Միութիւնն ստեղծելու անմիջական պատճառը հանդիսացան Թեւտոնական Օրտենի սպառնալիքները: Կային նաեւ այլ պատճառներ. Լեհաստանը, որ հազիւ ուշքի եկած էր մոնկոլներու արշաւանքներէն եւ խուսափած էր Սեւ մահէն, ցանկասիրութեամբ կը նայէր դէպի Արեւելքի հեռաստանները: Լիթուանիան, ուր թերեւս կը կառավարէին հեթանոս տիրակալները, անհանգիստ կը զգար հարեւան Մոսքոուիոյ վերելքէն եւ կը ձգտէր մտնել քրիստոնէական աշխարհ: Սա երկու երկիրները աջակցութիւն կը փնտռէին մէկզմէկու, այնպէս որ Եատվիկայի եւ Եակայլոյի ամուսնութիւնը աւելի քան տեղին եղած էր:
Երկու քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Մեծն Վիթաւթասը 1392-ին դարձաւ Լիթուանիոյ Մեծն Դուքս: Անոր իշխանութեան տարիներուն Լիթուանիան հասաւ իր տարածքային նուաճումներու բարձրակէտին, սկսաւ պետականութեան կեդրոնացումը եւ լիթուանական ազնուականութիւնը դարձաւ աւելի ու աւելի պետական քաղաքականութիւն վարող: Վորսքլայ գետի ճակատամարտին, 1399-ին Թոխթամիշի եւ Վիթաւթասի միացեալ ուժերը ջախջախուեցան մոնկոլներու կողմէ: Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի բանակներու սերտ համագործակցութեան շնորհիւ 1410-ին հասան խոշոր յաղթանակի Թեւթոնական Ասպետներու նկատմամբ Կրիւնվալտի ճակատամարտին, որը Միջնադարի Եւրոպային մէջ խոշորագոյններէն մին եղած է:
Հիւսիսային Պատերազմին (1655–1661) Լիթուանիոյ տարածքը եւ տնտեսութիւնը աւերուեցաւ Շուէտի բանակին կողմէ: Անոր յաջորդեց Մեծ Հիւսիսային Պատերազմը, որու ընթացքին զոհերու թիւը հասաւ երկիրին բնակչութեան 40%-ի: Դուրսի ուժերը, նամանաւանդ՝ Ռուսիան, դարձան Համագործակցութեան ներքին գործերու գերական: Ի վերջոյ, Համագործակցութիւնը մասնատուեցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան, Փրուսիոյ եւ Աւստրիոյ Հապսպուրկներու միջեւ 1772, 1792 եւ 1795 թուականներուն:
Լիթուանիոյ տարածքի մեծ մասը անցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան տիրապետութեանը: 1831-ին եւ 1863-ին անյաջող ապստամբութիւններէ ետք ցարական պաշտօնեաները սկսան ռուսականացման քաղաքականութիւն: Անոնք արգելեցին լիթուանական մամուլը, փակեցին մշակոյթի եւ կրթական հաստատութիւնները եւ Լիթուանիան դարձուցին վարչական երկրամաս:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ 16 Փետրուար 1918 թուականին Լիթուանիոյ Խորհուրդը հռչակեց Լիթուանիոյ անկախութիւնը եւ Լիթուանիոյ պետականութեան վերականգնումը: 1920 Հոկտեմբեր ամսուն Լեհաստանը գրաւեց Լիթուանիոյ պատմական մայրաքաղաք Վիլնիւսը: Հետագայ 19 տարիներուն երկրին մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Քաունասը: 1923-ին ձեռք բերուած Քլայփետայի երկրամասը 1939-ին Լիթուանիան զիջեց Գերմանիոյ: Երկու պատերազմներու միջեւ եղած ժամանակը երկիրը կը կառավարէր 1926-ին իշխանութեան եկած Անթանաս Սմեթոնայի կուսակցութիւնը:
1939-ին Լեհաստան ներխուժած Խորհրդային Միութիւնը Վիլնիւսը վերադարձուց Լիթուանիոյ: Գրաւման հետեւեցան լիթուանացիներու զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ աքսորները, որոնց թիւը 34.000-ի հասած էր: Մեկ տարի անց երկիրը գրաւեց նազիստական Գերմանիան եւ անմիջապէս սկսաւ հրեաներու կոտորածը, 1 Դեկտեմբեր 1941-ի դրութեամբ սպաննուեցան 190.000 հրեաներ: Սպաննուեցան նաեւ լիթուանացի մտաւորականներ, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ գնչուներ:
Գերմանական զօրքերու պարտութենէն ետք Խորհրդային Միութիւնը 1944-ին նորէն մուտք գործեց Լիթուանիա: Փոթստամի Համաժողովը սահմաններու փոփոխութեան հետեւանքով նախկին գերմանական Մերմելլանտը պալթեան Քլայփետա նաւահանգիստին հետ միասին նորէն վերադարձաւ Լիթուանիոյ: Գերմանացի բանակչութեան մեծ մասը հեռացաւ այդ տարածքաշրջանէն:
1944-էն մինչեւ 1952 թուականները տեղի ունեցած փարթիզանական կռիւներու ընթացքին սպաննուեցան 30 հզր. կարգի դիմադրողներ: Ընդհանուր առումով Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ընթացքին Լիթուանիոյ կորուստը կազմեց 780.000 մարդ:
1980-ականներու բարեփոխումները թոյլ տուին անկախութեան «Սայուտիսի» շարժման հիմնումը: 11 Մարտ 1990-ին Լիթուանիան յայտարարեց անկախութիւն, դառնալով ԽՍՀՄ-ին մէջ առաջինը: 4 Փետրուար 1991-ին Իսլանտան Լիթուանիոյ անկախութիւնը ճանչցած առաջին երկիրը եղաւ: Նոյն թուականի 17 Սեպտեմբերին Լիթուանիան պաշտօնական անկախութիւն ստացաւ, երբ ան դարձաւ Միաւորուած Ազգերու անդամ:
1 Մայիս 2004-էն Լիթուանիան կը համարուի Եւրոմիութեան անդամ:
Լիթուանիան խորհրդարանային հանրապետութիւն է, նախագահականին բնորոշ գիծերով: Համաժողովրդականօրէն ընտրուած նախագահին իրաւասութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ներկայիս նախագահը 2009-ին ընտրուած եւ 2014-ին վերընտրուած Տարիա Կրիպաուսքայթէն է:
Երկրին խորհրդարանը կը համարուի Սեյմասը՝ 141 տեղերով: Պատգամաւորներէն 71-ը կ'ընտրուին մեծամասնական ցանկով, մնացած 70-ը՝ համամասնական-ցանկային համակարգով չորս տարի ժամկէտով:
Կաղապար:Հարեւան Երկիրներ
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Լիթուանիա, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.