Ռապինտրանաթ Թակոր (7 Մայիս 1861(1861-05-07), Կալկաթա, Բրիտանական կայսրութիւն - 7 Օգոստոս 1941(1941-08-07), Կալկաթա, Բրիտանական Հնդկաստան), կեղծանունը՝ Գուրուդեւ: Բազմակողմանի զարգացած պենկալացի, որ ԺԹ.-րդ դարու վերջը եւ Ի.-րդ դարու սկիզբը վերստեղծած է պենկալական գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ բնագրական արդիապաշտութեամբ վերափոխած հնդկական արուեստը:
Թակորը «Կիթանճալի»ի ըլլալով «Զոհաբերութեան երգեր»ու եւ անոր «չափազանց զգայուն, թարմ ու գեղեցիկ արձակ բանաստեղծութիւններու» հեղինակը՝ 1913-ին դարձած է Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի առաջին ոչ եւրոպացի դափնեկիրը: Թակորի բանաստեղծական երգերը մեկնաբանուած են որպէս հոգեւոր եւ քնարական գործեր: Այնուամենայնիւ, անոր «նրբաճաշակ արձակն ու կախարդական բանաստեղծութիւնը» Պենկալիոյ սահմաններէն դուրս՝ հիմնականին մէջ անյայտ կը մնայ: Երբեմն անոր որպէս «Պենկալիոյ բարդ» կը յիշեն:
զինք կոչած են «Պենկալի աշուղ», ծնած է Կալկաթայի մէջ, իր նախնիները եղած են ազնուականներ: Թակոր սկսած է բանաստեղծութիւններ գրել կանուխ տարիքէն, երբ հազիւ 8 տարեկան էր: 16 տարեկանին Bhānusiṃha (Արեւ Առիւծ) կեղծանունով՝ Թակորը արտօնած է իր առաջին ծաւալուն բանաստեղծութիւններու հրատարակութիւնը, որ խանդավառութեամբ ընդունուած է գրականութեան գիտակներու կողմէ՝ որպէս երկար ժամանակ մոռացութեան անցած դասական գրականութեան վերադարձ: 1877-ին աւարտած է իր առաջին կարճ պատմուածքներն ու թատերախաղերը, որոնք տպագրուած են իր իսկական անուան տակ: Որպէս մարդասէր, համաայնականութեան կողմնակից, միջազգայնական եւ հակաազգայնութեան ջատագով, ան դատապարտած է Անգլիական Հնդկաստանը եւ անկախացման գաղափարը պաշտպանած է Անգլիայէն: «Պենկալական Վերածնունդ»ը ըլլալով՝ ան մեծ հաւաքածոյ մը կազմած է, ուր զետեղած է նկարներ, ուրագիծեր, խզբզանքներ, հարիւրաւոր յօդուածներ եւ երկու հազարէն աւելի երգեր: Թակորի գրական ժառանգութիւնը պահպանուած է նաեւ իր հիմնադրած համալսարանին՝ Վիշվա Պհարատիի մէջ:
Թակոր արդիականացուցած է պենկալական արուեստը՝ կարեւորութիւն չտալով դասական կառուցուածքի պահպանմանն ու դիմակայելով լեզուական խիստ քննադատութեան: Անոր վէպերը, պատմուածքները, երգերը, պարային թատերախաղերն ու գրափորձները պտտած են քաղաքական եւ անձնական թեմաներու շուրջ: Անոր ամենայայտնի ստեղծագործութիւններն են՝ «Կիթանճալի»ն, «Կորա»ն, «Տունը եւ աշխարհը», իսկ չափածոյ գործերէն՝ կարճ պատմուածքներն ու վէպերը, որոնք կա՛մ բուռն ընդունելութիւն գտած են, կամ խիստ քննադատութեան ենթարկուած են իրենց քնարականութիւնները, խօսակցական դարձուածքներու, բնականութեան եւ անբնական ակնարկներու համար:
Ան կատարեց մեծ գործ «երբ պենկալի արուեստը եւ գրականութիւնը վերաձեւեց ըստ 20-րդ դարու նորարարութեան: Սակայն այս բոլոր գործերուն մէջէն ան ամենաշատ փայլեցաւ իր բանաստեղծական հանճարով:
Թակորի երաժշտական երկերը երկու ժողովուրդներու կողմէ ընտրուած են որպէս պետական օրհներգներ․ անոնցմէ են Հնդկաստանի հիմնը՝ Ճանա Գանա Մանան եւ Պանկլատէշի հիմը՝ Ամմար Շոնար Պանլան («Իմ ոսկի Պենկալիա»): Շրի Լանկայի օրհներգի ոգեշնչման աղբիւրը եւս եղած է Թակորի աշխատանքը:
Ռապի Թակորը ընտանիքի 13-րդ ողջ մնացած երեխաներէն ամենակրտսերն էր։ Ան ծնած է 7 Մայիս 1861-ին , Կալկաթայի մէջ, Ջորասանկի Թհակուր Բարի առանձնատանը, Տեպենտրանաթ Թակորի (1817-1905 ) եւ Սարատա Դեւիի (1830-1875) ընտանիքին մէջ: Կաղապար:Քաղվածքի տուփ
Թակորի մայրը մահացած էր, երբ ան տակաւին փոքր երեխայ էր, իսկ հայրը կը ճամբորդէր, հիմնականին մէջ անոր դաստիարակած են ընտանեկան ծառաները:
Թակորի ընտանիքը ապրած եւ ստեղծագործած է Պենկալական վերածնունդի ժամակաշրջանին: Անոնք կազմակերպած եւ իրականացուցած են գրական ամսագիրներու տպագրութիւն: Թատրոնը ներկայացուած է, իսկ պենկալական ու արեւմտեան դասական երաժշտութեան մենահամերգները՝ պարբերաբար տեղի ունեցած են այդ առանձնատանը մէջ։ Թակորի հայրը հրաւիրած էր թատերական խումբի քանի մը մասնագիտական երաժիշտներու՝ իրենց տան մէջ ապրելու եւ երեխաներուն հնդկական դասական երաժշտութիւն սորվեցնելու համար: Թակորի աւագ եղբայրը՝ Տուիճենտրանաթ Թակորը եղած է փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ: Եղբայրներէն միւսը՝ Սատիենտրանաթը, եղած է առաջին հնդիկը, որ ընտրուած է Հնդկաստանի Պետական Ծառայութեան անդամ: Միւս երբայրն ալ՝ Ճիոտիրինտրանաթը եղած է երաժիշտ, եւ խմբավար Sfn|Tagore|Dutta|Robinson|1997|p=10}}: Թակորի քոյրը՝ Շուարնակումարի Տեւին ալ վիպասան եղած է: Ճիոթիրինտրանաթի կինը՝ Կադամբարի Տեւին, որ ընդամէնը քանի մը տարի Թակորէն մեծ էր, եղած է վերջինիս սիրելի ընկերը ու հզօր ազդեցութիւն ձգած է անոր հետագայ կեանքի վրայ։ Կադամբարիի ինքնասպանութիւնը ամուսնանալէ որոշ ժամանակ ետք՝ 1884-ին, տարիներ շարունակ խորապէս յուզած եւ ցաւ պատճառած է Թակորին:
Թակոր անընդհատ խուսափած է դասասենեկային ուսուցումէն եւ նախընտրած է թափառիլ կալուածին կամ անոր հարեւանութեան մէջ գտնուող Պոլփուրգ Պոլփուրինի մէջ եւ Պանիհաթիի մէջ, ուր իր ընտանիքը կ'այցելէր : Անոր եղբայրը՝ Հեմենտրանաթը, յանձնարարած է իրեն լողալ Կանկեսի ափերուն, բլուրներ բարձրանալ, ճիւտօ եւ ըմբշամարտի մարմնամարզութեամբ ֆիզիքապէս զօրացուցած էր զինք: Թակոր սորված է նկարչութիւն, անդամազննութիւն, պատմութիւն, գրականութիւն, թուաբանագիտութիւն, սանսեքրիտ եւ անգլերէն, որ Թակորի ամէնէն քիչ սիրելի նիւթը եղած է: Ան չէ սիրած կանոնաւոր կրթութիւնը. նախագահական համալսարանին մէջ, Թակորի գիտական աշխատանքը տեւած է ընդամէնը մէկ օր: Տարիներ ետք, ան համոզուած է, որ կանոնաւոր եւ պատշաճ ուսուցումը իրերու բուն բացատրութիւնը չի տար, պատշաճ ուսուցումը կ'աւելցնէ հետաքրքրութիւնը :
Ուպանաեանի (հասուննալ) արարողութենէն՝ 11 տարեկան դառնալէն ետք, 1873-ին, Թակոր իր հօր հետ, Կալկաթայէն քանի մը ամսուան համար մեկնած է Հնդկաստան ճամբորդութեան՝ Սանթինիկեթանի մէջ գտնուող հօր կալուածը եւ Ամրիթսար այցելելու համար, այնուհետեւ՝ Հիմալաեան լեռներու Դալհաուսիի բարձրաւանդակ: Այնտեղ Թակորը կենսագրութիւններ ընթերցած է, ուսումնասիրած է՝ պատմութիւն, աստղագիտութիւն, ժամանակակից գիտութիւն, սանսքրիտ եւ քննած է հնդիկ գրող՝ Գալիդասայի դասական բանաստեղծութիւնը: 1873-ին, Ամրիթսարի մէջ մէկ ամիս անցընելու ժամանակ, անոր վրայ մեծապէս ներգործութիւն ունեցած է քաղցրահնչիւն «Կուրբանին» եւ «Նանակ Բանին», որոնք երգած են Խարմանդիր Սախաբին մէջ (Ոսկէ տաճար) եւ որոնց համար ալ թէ՛ հայրը, եւ թէ որդին, կանոնաւոր կերպով այցելած են տաճար: Վերջինիս մասին Թակոր գրած է «Իմ վերյուշերուս մէջ» (1912).
Թակորը 6 բանաստեղծութիւն գրած է սիկխական կրօնի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ նոյն թէմայով յօդուած մը՝ պենկալական մանկական ամսագրին մէջ: Վերադառնալով Ճորասանկօ՝ մինչեւ 1877 վերջացուցած է իր հիմնական ծաւալուն աշխատանքները, որոնցմէ մէկը մայթհիլի լեզուով ընդարձակ բանաստեղծութիւն մըն է, գրուած՝ Վիդեափաթիի ոճով: ԱՆ կատակով պնդած է, որ անոնք վայշնավիզմի հետեւորդ՝ 17-րդ դարու վիշնուինեան բանաստեղծ Bhānusiṃha-ի կորսուած գործերն են, որոնք նոր երեւան եկած են: Այդ տարածաշրջանի փորձագէտները ընդունած են անոնք որպէս՝ Bhānusiṃha-ի կորսուած աշխատանքներ:
Թակոր առաջին անգամ պատմուածքի ժանրին մէջ հանդէս եկած է «Պիխարինի» (Մուրացկան կինը) ստեղծագործութեամբ, որ պենկարալերէն էր: Նոյն թուակականին հրատարակուած Sandhya Sangit-ը (1882) կ'ընդգրկէր "Nirjharer Swapnabhanga" («Ջրվէժի արթնացումը») բանաստեղծութիւնը:
1971-ին, Ամմար Շոնար Պանլան («Իմ ոսկի Պենկալիա») դարձած է Պանկլատէշի ազգային օրհներգը: Այս մէկը գրուած է մեծ հեգնանքով եւ բողոք. գրուած է 1905-ի Պենկալիոյ բաժանման դէմ, ըստ որուն՝ Պենկալիան համայնքներու բաժնուեցաւ եւ մահմետական համայնքէն առանձնացուեցաւ: Արեւմտեան Պենկալիան եւ Արեւմտեան Պենկալիան, ուր հնդիկները կը գերակշռէին, կանխած են տարածաշրջանային արիւնահեղութիւնը: Թակորը այդ բաժանումը կ՛ընկալէր որպէս Հնդկական անկախութեան շարժում, խորամանկ ծրագիր մը խափանելու համար: Անոր նպատակն էր պենկալացիներու միասնութիւնը եւ համայնավարութիւնը բորբոքել:
Ճանա Գանա Մանան «Ժողովուրդի հոգին»՝ Հնդկաստանի ազգային օրհներգը, պենկալերէնի ձեւն է: Այս երգը բաղկացած է Պրահմօ հիմնով՝ 5 տունէ կազմուած Պհարօտ Պհագեօ Պիդհաթայի առաջին տունէն, որ Թակորը յօրինած է: Այս մէկը առաջին անգամ երգուած է 1911-ին՝ Հնդկական ազգային համաժողովի նիստին, որ տեղի ունեցած է Կալկաթայի մէջ: 1951-ին Հնդկաստանի Հանրապետութեան Սահմանադիր ժողովի կողմէն ընդունուած է որպէս վերջինիս ազգային օրհներգ: Շրի Լանքայի ազգային օրհներգի ոգեշնչման աղբիւրը եղած է Թակորի աշխատանքը:
Պենկալացիներու համար, անոր երգերու հմայքը, որ ծագած է յուզական ուժի եւ գեղեցկութեան համակեցութենէն եւ բնութագրուած է որպէս Թակորի բանաստեղծութեան գերազանցած աշխատանքը, այնքան հրաշալի է, որ «ժամանակակից գրախօսութիւնը» նկատած է. «Պենկալիոյ մէջ չկայ բարեկիրթ ընտանիք, ուր Ռապինտրանաթի երգերը չեն երգեր կամ գոնէ չեն փորձեր երգել.... Նոյնիսկ անուս գիւղացիները կ'երգեն անոր երգերը»:
Թակորի վրայ ազդեցութիւն ունեցած են սիթարի երաժշտապետ Վիլայաթ Խանը եւ սարոդ նուագողներ՝ Պուտտհադեւը եւ Ամճատ Ալի Խանը:
60 տարեկանին, Թակորը գծագրութեան ու գեղանկարչութեան անցաւ: Անոր բազմաթիւ աշխատանքներու յաջողակ ցուցահանդէսները տեղի կ'ունենային Ֆրանսայի մէջ՝ Ֆրանսայի հարաւի արուեստագէտներու խրախուսանքէն ոգեշնչուած, նախ՝ Փարիզի մէջ, ապա՝ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Հաւանաբար, ան հարցեր ունէր, որովհետեւ կարմիր գոյնը կը շփոթէր մութ կանաչի, մութ սրճագոյնի, իսկ կանաչ գոյնը՝ բաց մոխրագոյնի, բաց դեղինի եւ բաց նարնջագոյնի հետ, եւ այս մէկը կը փաստուի անոր ցուցահանդէսի տարօրինակ գոյներով ուրուագիծներէն:
Թակորի քնարերգութիւններէն քանի մը հատը շինծու են զգացողութիւններով եւ կը համընկնին որոշ նկարներու հետ:
Հնդկաստանի Ժամանակակից արուեստներու ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյին մէջ Թակորի աշխատանքներէն 102-ը կան:
Թակոր ընդդիմացած է կայսերականութեան դէմ եւ աջակցած է հնդիկ ազգայնականներուն. այս մէկը կ'երեւի «Մանաստ» ստեղծագործութեան մէջ։ Այս վկայութիւնը ներկայացուած է հինտու-գերմանական դաւադրութեան դատավարութեան ժամանակ։ Վերջին զեկոյցները կը հաստատեն, որ Թակոր իրազէկ էր Ղադարիթիներու ծրագիրներու մասին եւ կը հաստատեն, որ ան խնդրած է Ճափոնի վարչապետներ՝ Տերաուտի Մասատակէի եւ Օկումա Սինգենոբուի օգնութիւնը։ Աւելի ուշ Թակոր պարսաւագիր գրած է Սուատէշի շարժման մասին եւ պտուտակած է զայն 1925-ին գրուած, սուր ծաղր պարունակող «Ճախարակի պաշտամունքը» յօդուածին մէջ։ ԱՆգլիական ղեկավարութեան ներկայութիւնը «մեր սոցիալական մոլութեան քաղաքական ախտանշան» համարելով՝ Ժողովուրդին յորդորած է խուսափիլ զոհի հոգեբանութենէն եւ անոր փոխարէնը՝ յոյսը դնել սեփական ուժերու եւ գիտելիքի վրայ։ Ան պնդած է, որ նոյնիսկ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց համար «կոյր յեղափոխութիւնը աւելի նախընտրելի է», քան «ամուր եւ նպատակային կրթութիւնը»։
Ուստի ես կը կրկնեմ, որ մենք երբեք չենք կրնար մարդու ճիշդ նկարագիրը ունենալ, մինչեւ որ անոր չսիրենք։ Քաղաքակրթութիւնը քննութեան եւ գնահատանքի պիտի չենթարկուի, բայց ո՛չ իր զարգանալու կարողութեան չափի համար, այլ՝ թէ որքանով տարածուած եւ արտայայտուած է, իր օրէնքներու եւ կարգերու, մարդկութեան սիրոյ համար։
Այսպիսի տեսակէտ ունեցողներէն շատերը զայրացած են։ Նոյնիսկ, 1916-ին Սէն Ֆրանսիսքոյի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ, հնդիկ փախստականները մահափորձ կատարած են անոր վրայ, սակայն անոնց դաւադրութիւնը ձախողած է, երբ ենթադրեալ մարդասպանները վէճի բռնուած են։
Թակորը արհամարհած է դպրոցներու մեքենագիտական յիշողութեան դասաւանդման ձեւը․ «Թութակներու վարժեցում» ստեղծագործութեան մէջ թութակներուն կը պահեն վանդակներու մէջ եւ ստիպողաբար թուղթերով կը կերակրեն, մինչեւ որ մահանան։
1917-ին Սանթա Պարպարային այցելութեան ժամանակ, Թակոր համալսարան բանալու նոր միտք յղացած էր։ Ան ձգտած էր «Սանթինիկետանը Հնդկաստանի եւ աշխարհի միջեւ կապող օղակ դարձնել՝ մարդկութեան ուսումնասիրման կեդրոն՝ առանց սահմաններու, ազգերու եւ աշխարհագրական պայմաններու տարանջատման»։ Թակորի հիմնած դպրոցի՝ «Վիշուա Պհարաթի» հիմքը դրուած է 24 Դեկտեմբեր 1918-ին եւ այս մէկը պաշտօնապէս բացուած է 3 տարի ետք։
Թակորը կ'աշխատէր անասնական համակարգով․ աշակերտներուն անհատապէս կը մօտենային, անոնց զգայնական, իմացական եւ հոգեւոր ուղղորդում տալով։ Յաճախ, դասի պահերը ծառերու տակ կ՛ըլլային։ Ան կը հաւաքէր անձնակազմը եւ նուիրաբերութիւններ կ՛ընէր Նոպելեան մրցանակէն ստացած գումարով։ Սանթինինկետանի մէջ ունեցած տնօրէն-ուսուցչի պարտականութիւնները շարունակաբար կը խլէին իր ժամանակը․ առաւօտեան դասեր կու տար, իսկ կէսօրին եւ երեկոյեան ուսանողներու դասագիրքերը կը կազմէր։
1921-1919 թուականներուն Թակորը լայնածաւալ մասնակցութեամբ դրամահաւաք կազմակերպած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դպրոցներուն համար։
25 Մարտ 2004-ին Վիշուա-Պհարատի համալսարանի չհրկիզուած պահարանէն գողցած են Թակորի Նոպելեան մրցանակը եւ անոր պատկանող քանի մը իրեր։ 7 Դեկտեմբեր 2004-ին, Շուէտական ակադեմիան Վիշուա-Պհարաթի համալսարանին Թակորի Նոպէլեան մրցանակի ոսկիէ եւ պրոնզէ պատրաստուած երկու կրկնօրինակ նուիրուած էր։ Այս պատմութիւնը ոգեշնչած է վարիչ Սուման Գոշին, որ ֆիլմ նկարահանած է եւ կոչուած է «Նոպելեան մրցանակի գողը»։
«Իւրաքանչիւր մարդ արժանի է անսահման սիրոյ․ անոր հոգիի գեղեցկութիւնը սահմաններ չի ճանաչնար»։ Ռապինտրանաթ Թակոր, «Պենկալիոյ նշոյլները»
«Վստահիր սիրոյ, նոյնիսկ եթէ թախիծ կը բերէ։ Մի՛ փակեր սիրտդ»։ Ռապինտրանաթ Թակոր, «Այգեպանը»
«Երկրի ստորջրեայ արմատները ճիւղերը պտղատու դարձնելու համար յատուցում չեն պահանջեր»։
«Մենք սխալ կը հասկնանք աշխարհը եւ կ՛ըսենք, որ մեզ կը հիասթափեցնէ»։
«Մէկ անգամ, մենք երազին մէջ տեսանք, որ անծանօթներ ենք։ Արթնացանք՝ յայտնաբերելու, որ արժէք ենք իրար համար»։ Ռապինտրանաթ Թակոր, «Մոլորուած թռչունները»
«Պարզապէս գոյութիւն ունենալը փառք չունի»:
«Երջանկութիւն է, երբ սիրտդ կու տաս ուրիշին»:
Ամէն տարի, բազմաթիւ միջոցառումներ նուիրուած են Թակորի յիշատակին․ Կապիփրանամը՝ Թակորի ծննդեան օրուան առիթով կատարուած տօնակատարութեան մասնակից կը դառնայ ամբողջ աշխարհի խումբերով։ Ամենամեայ Թակորի յիշատակման օրը կ՛անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանագներու Իլլինոյս նահանգի Ուրպանա բնակավայրին մէջ։ Ռապինտրա Փաֆ Պարիկրաման՝ ուխտագնացութիւններ Կալկաթայէն դէպի Սանթինիկետան եւ քերթուածներու երեկոները անոր ծննդեան օրուան կարեւոր միջոցառումներէն են։
Պենկալական մշակոյթը լեցուն է անոր ժառանգութեամբ՝ թէ՛ պենկալերէնի, եւ թէ՛ արուեստի մէջ, եւ թէ քաղաքականութեան մէջ. Թակորի ձգած ժառանգութիւնը արժէքաւոր էր։ Ամարտեայ Սէնը Թակորին «բարձունքի կերպար» համարած է՝ «բազմակողմանի եւ խորապէս.․․ ժամանակակից մտածող »:
Թակորի բնագիրներէն մէկը՝ 1939-ին գրուած «Ռապինտրա Ռաչանաւալին», յայտարարուած է սուրբ ստեղծագործութիւն, որպէս իր ազգի մշակութային սքանչելի հարստութիւն, իսկ անոր կոչած են՝ «Հնդկաստանի լաւագոյն բանաստեղծ»։
Ո՞վ ես դուն, ընթերցող, որ հարիւրաւոր տարիներ ետք կը կարդաս իմ բանաստեղծութիւնները։ Այս գարնան հարստութենէն ես չեմ կրնար քեզ ուղարկել նոյնիսկ ծաղիկ մը, հեռաւոր ամպերու մէկ ոսկէ շերտ։ Բաց դռներդ եւ շուրջդ նայիր։ Քու ծաղկող պարտեզէդ հարիւրաւոր տարիներ առաջ անհետացած ծաղիկներու բուրաւէտ յիշողութիւնները հաւաքէ։ Սիրտի բերկրանքով դուն կրնաս ետ զգալ կենդանի հրճուանքը, որ հնչեց գարնանային առաւօտ մը՝ իր խինդով լցուած ձայնը ուղարկելով հարիւրաւոր տարիներ դէպի միւս կողմ»։
Թակորը մեծ հռչակի տիրացած է գրեթէ ամբողջ Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Ան Դարթինգթոն Հոլ դպրոցի՝ յառաջադիմական համատեղ ուսումնական հաստատութեան համահիմնադիրն էր եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ճափոնացի հեղինակներու վրայ, անոնցմէ են նաեւ՝ Յասունարի Կաւապաթայի, որ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եղած է։
Թակորի աշխատանքները թարգմանուած են անգլերէնի, գերմաներէնի, սպաներէնի եւ եւրոպական այլ լեզուներու։ Թարգմանիչներէն են չեխ հնդկագէտ Վինսենդ Լեսնին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Անտրէ Ժիտը, ռուս բանաստեղծուհի Աննա Ախմատովան, նախկին վարչապետ, թուրք Պիւլենտ Էճեւիտը եւայլն։ Թակորի, Ամերիկայի մէջ անցուցած է դասախօսական շրջագայութիւններ, մասնաւորապէս՝ 1916-1917 թուականներու դասախօսութիւնները, մասնակիցներու բարձր գնահատանքին արժանացած են։
Որոշ, հաւանաբար յօրինուած վիճաբանութիւններ, անոնք որոնք ներգրաւած էին Թակորին, բացասաբար անդրադարձած են անոր ժողովրդականութեանը ու 1920-ի վերջերուն՝ Ճափոնի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կազմակերպուած գիրքերու վաճառքին, զայն անուանելով՝ «գրեթէ ամբողջական խաւարին մէջ» Պենկալիոյ սահմաններէն դուրս։ Սալման Ռուշտիի Նիգարակուա այցելութեան ժամանակ բացայայտուած է վերջինիս թաքուն ակնածանքը՝ Թակորի հանդէպ։
Թարգմանութիւններու միջոցով, ան մեծ ներգործութիւն ունեցած է չիլիցիներ՝ Փապլօ Ներուտայի եւ Գաբրիէլա Միստրալի վրայ, մեքսիքացի գրող Օքթաւիօ Պասի, սպանացիներ՝ Խօզէ Օրթեկա ի Կասեթի, Զենոպիա Կամբրուպիի եւ Խուան Ռամոն Խիմենէսի վրայ։
1914-1922 թուականներուն, Թակորի ժողովածուներէն քսաներկուքը, Խիմենէսի ու Կամբրուպիի համատեղ աշխատանքով, անգլերէնէն թարգմանուած են սպաներէնի, որոնց ժամանակ քանի մը գլխաւոր ստեղծագործութիւններու վերնագիրները փոփոխութեան ենթարկուած են։ Այդ տարիներուն Խիմենէսը զարգացուցած էր «մերկ բանաստեղծութիւնը»։
Օրթեկա ի Կասեթը Թակորի մասին գրած է․ «Թակոր իր հմայքի համար պարտական է բուռն ցանկութեամբ խօսելու կատարելութեան մասին, որ մենք բոլորս ունինք։ Թակոր կ'արթնցնէ մանկական զարմանքի քուն մտած զգացում մը, ան օդը կը բարձրացնէ ընթերցողին՝ իր տուած բոլոր տեսակի հիասքանչ խոստումներով, այն ընթերցողին, որ աւելի խորութեամբ ներմուծուած արեւելեան խորհրդապաշտութեանը այնքան ալ ուշադրութիւն չի դարձներ»։
Թակորի աշխատանքները ազատ հրատարակութեամբ սկսած են շրջանառուիլ 1920-էն, Փլաթոյի, Միգէլ տէ Սերուանդէսի, Եոհան Վոլֆկանկ վոն Կէօթէի եւ Լեւ Թոլսթոյի գործերուն հետ միասին։
Շատերը կը կարծէին, որ Թակորին գերագնահատած են։ Կրեհեմ Կրինը կասկածներ յայտնած էր անոր վերաբերեալ, ըսելով, որ «որեւէ մէկը, բացի պարոն Եյթսէն կրնայ լրջօրէն դաս քաղել Թակորի բանաստեղծութիւններէն»։
Արեւմտեան քանի մը ակնառու երկրպագուներ, ներառեալ՝ Էզրա Փաունտը եւ նոյնիսկ, քիչ մըն ալ Եյթսը քննադատած են Թակորի աշխատանքները։ Եյթսը, որ բացարձակապէս չէր տպաւորուած Թակորի անգլերէն թարգմանութիւններով, շատ կոպիտ արտայայտուած է անոր մասին եւ օգտագործած է «Անիծեալ Թակորը․․․ Ես ու Սթարջ Մուրը երեք գիրք կէս թողեցինք, եւ յետոյ, երբ ան մտածեց, որ աւելի կարեւոր է լաւ անգլերէն գիտնալ, քան մեծ բանաստեղծ ըլլալը, ան մէկ զգացապաշտութիւն պարունակող տխմարութիւն հրատարակեց եւ կործանեց իր համբաւը։ Թակորը անգլերէն չի գիտեր, ոչ մէկ հնդիկ անգլերէն չի գիտեր»: Ուիլիամ Ռատիսը, որ մշակած է Թակորի բանաստեղծութիւնները, զանոնք աւելի մօտեցնելով անգլիականին, հարց մը բարձրացուցած է․ «Ու՞ր է անոնց տեղը համաշխարհային գրականութեան մէջ»։ Ռատիսը Թակորին ընկալած է որպէս «մօտաւորապէս հակամշակութային», «նոր տեսակի դասական» գրող, որ ըստ իրեն պիտի բուժէր «20-րդ դարու խորտակուող ռոմանթիք խառնաշփոթութիւնն ու քաոսը»։
Թարգմանուած տարբերակով Թակորը «գրեթէ անիմաստ է» եւ անգլերէն թարգմանութիւններու ենթաբաժինները որոշ չափով իջեցուցած են անոր համաշխարհային հռչակը։
Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի մէջ Ռապինտրանաթ Թակորին նուիրուած հինգ թանգարան կայ։
Ճորասանկօ Թհակուր Բարին (պենկալերէն՝ Թհակուրներու առանձնատուն, անգլիականցուած՝ Թակորներու առանձնատուն) Թակորներու ընտանիքի տոհմական տունն է, որ կը գտնուի Կալկաթայի հիւսիսը՝ Ճորասանկոյի մէջ։ Ներկայիս, այս մէկը կը գտնուի Ռապինտրա Բհարաթի համալսարանի տարածքին մէջ։ Այդ մէկը այն տունն է, ուր ան ծնած է, անցուցած է իր մանկութեան մեծ մասը եւ ուր 7 Օգոստոս 1941-ին մահացած է։
Շիլաիտահա Կութիպատի (պենկալ.՝ শিলাইদহ) բնակավայր է, որ կը գտնուի Պանկլատէշի մէջ՝ Կուշթիայի շրջանի Կումարխալի մէջ։ Այս վայրը յայտնի է Դուարկանաթ Թակորի կառուցած գիւղական տունով՝ Կութի Բարիով։ Թակորը կեանքի որոշ շրջան մը ապրած է Կութի Բարի մէջ, եւ անոր նշանաւոր բանաստեղծութիւնները հոն ծնած են իր բնակութեան տարիներուն։ Այժմ, այս մէկը կը կոչուի՝ Թակորի յիշատակի թանգարան։ Այնտեղ կը ցուցադրուին շատ իրեր, որոնք բանաստեղծը օգտագործած է այդ տունը ապրած ժամանակ, անոնցմէ են՝ անոր մահճակալը, զգեստապահարանը, երկաթէ սնտուկը, շրջանակներով նկարները եւ իր տուն-նաւակը։
Շահզադպուր Կաչհարիիպարին դարձած է անոր նուիրուած թանգարան եւ յուշարձան։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին շատ շինծու եւ պատմական արժէք ունեցող նմոյշներ, անոնցմէ են՝ կօշիկները, փայտէ ոտնամանները եւ դաշնամուրը։ Եօթը սենեակէ բաղկացած այդ շինութիւնը արդէն հետաքրքրական ճարտարապետական ժառանգութիւն մըն է։
Թանգարաններէն զատ նաեւ կը գործէ «Ռապինտրա Թիրթա» մշակութային կեդրոնը, որ կը գտնուի Հնդկաստանի՝ Կալկաթայի Նիւ Թաուն շրջանին մէջ։
Թակորի ամբողջական պենկալերէն ստեղծագործութիւններու 1415-ի Անգլիական Անգլերէն հրատարակութիւնը կազմակերպած է Բնական լեզուներու հետազոօութեան արուեստագիտութեան հասարակութիւնը (ԲՆՀՏՀ, SNLTR)։
Թարգմանութիւնները կարելի է գտնել «Կուտենպերկ» ծրագիրին եւ Ուիքիդարանին մէջ։ Յաւելեալ աղբիւրները վարը յիշուած են։
Պենկալերէն
Բանաստեղծութիւն | |||
---|---|---|---|
* ভানুসিংহ ঠাকুরের পদাবলী | Bhānusiṃha Ṭhākurer Paḍāvalī | («Պհանուշիմա Թհակուրի երգերը») | 1884 |
* মানসী | Manasi | («Կատարեալը») | 1890 |
* সোনার তরী | Sonar Tari | («Ոսկէ մակոյկ») | 1894 |
* গীতাঞ্জলি | Gitanjali | («Զոհաբերութեան երգեր») | 1910 |
* গীতিমাল্য | Gitimalya | («Երգերու ծաղկաշղթայ») | 1914 |
* বলাকা | Balaka | («Կռունկներու թռիչքը») | 1916 |
Թատերախաղեր | |||
* বাল্মিকী প্রতিভা | Valmiki-Pratibha | («Վալմիկայի հանճարը») | 1881 |
* বিসর্জন | Visarjan | («Զոհաբերութիւն») | 1890 |
* রাজা | Raja | («Մութ պալատի թագաւորը») | 1910 |
* ডাকঘর | Dak Ghar | («Փոստը») | 1912 |
* অচলায়তন | Achalayatan | («Անշարժը») | 1912 |
* মুক্তধারা | Muktadhara | («Ջրվէժը») | 1922 |
* রক্তকরবী | Raktakaravi | («Կարմիր դափնեվարդեր») | 1926 |
Վիպագրութիւն | |||
* নষ্টনীড় | Nastanirh | («Քանդուած բոյն») | 1901 |
* গোরা | Gora | («Կորա») | 1910 |
* ঘরে বাইরে | Ghare Baire | («Տունը եւ աշխարհը») | 1916 |
* যোগাযোগ | Yogayog | («Հակառակ հոսանքներ») | 1929 |
Ինքնակենսագրութիւն | |||
* জীবনস্মৃতি | Jivansmriti | («Իմ վերյուշերը») | 1912 |
* ছেলেবেলা | Chhelebela | («Իմ պատանեկութեան օրերը») | 1940 |
Անգլերէն
* «Միտքի հետքեր» | 1921 |
Անգլերէն
* «Չիտրա» | 1914 |
* «Ստեղծարար ամբողջութիւն«» | 1922 |
* «Կիսալուսինը» | 1913 |
* «Գարնան շրջապտոյտ» | 1917 |
* «Լուսատտիկներ» | 1928 |
* «Բերքահաւաք» | 1916 |
* «Փախստականը» | 1916 |
* «Այգեպանը» | 1913 |
* «Գիթանճալի՝ Զոհաբերութեան երգեր» | 1912 |
* «Պենկալիոյ նշոյլները» | 1920 |
* «Տունը եւ աշխարհը» | 1921 |
* «Սոված քարերը» | 1916 |
* «Ես չեմ թողեր՝ դուն հեռանաս», բանաստեղծութիւններու ընտրանի | 1991 |
* «Մութ պալատի թագաւորը» | 1914 |
* «Նամակներ՝ Եւրոպայի փախստականէն» | 2012 |
* «Աստծոյ սիրուհին» | 2003 |
* «Մաշի» | 1918 |
* «Իմ պատանեկութեան օրերը» | 1943 |
* «Իմ վերյուշերը» | 1917 |
* «Ազգայնականութիւն» | 1917 |
* «Փոստը» | 1914 |
* «Սատհանա, Կեանքի գիտակցումը» | 1913 |
* «Նամակներու ընտրանի» | 1997 |
* «Բանաստեղծութիւններու ընտրանի» | 1994 |
* «Պատմուածքների ընտրանի» | 1991 |
* «Քապիրի երգերը» | 1915 |
* «Ճափոնիայի ոգին» | 1916 |
* «Պատմուածքներ Թակորէն» | 1918 |
* «Մոլորուած թռչունները» | 1916 |
* «Կոչում» | 1913 |
* «Խորտակում» | 1921 |
Ժողովածուներ
Բնօրինակներ
Թարգմանութիւներ
Յօդուածներ
Գիրքեր
Այլ
Կաղապար:Library resources box
Կաղապար:Քույրհղումներ
Վերլուծութիւններ
Աուդիոգրքեր
Ստեղծագործութիններ
Զրույցներ
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ռապինտրանաթ Թակոր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.