ամսուան Յօդուածը/07-2022

Ս.

Միւռոն">Ս. Միւռոն, սրբազան ու սրբալոյս նիւթ մը, որ յատուկ օրհնութեամբ կը պատրաստուի կաթողիկոսներու ձեռքով: Միւռոնի գլխաւոր նիւթն է ձէթը, որուն կը խառնուի չափաւոր քանակութեամբ բալասան եւ քառասուն տեսակի հոտաւէտ խունկերու, փայտերու եւ բոյրերու խառնուրդով նիւթ մը: Անուշաբոյր իւղերու այս բաղադրութիւնը կը գործածուի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան եւ օծման արարողութիւններու ընթացքին։

Իւղով օծուելու սովորութիւնը կանուխ դարերէն ի վեր կիրարկած են հին ցեղախումբեր: Հին Ուխտի ժողովուրդին մօտ ատիկա արդէն տարածուած սովորութիւն էր, երբ անոնք իւղով կ'օծէին յատկապէս այն անձերը, որոնք կոչուած էին դառնալու առաջնորդ, քահանայապետական կամ թագաւորական իշխանութեամբ հովուելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը: Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ մարդիկ կ'ըլլային անոնք եւ նշանակուած յատուկ անձի մը կողմէ, նուիրեալներուն գլխուն կը թափէր իւղը իբրեւ նշան՝ Աստուածատուր պաշտօնին ստացման:

Միայն մարդոց պարագային չէր սակայն օծումը, այլ իւղով կ'օծէին նաեւ սպասներ, կրօնական կամ ազգային նշանակութիւն ունեցող առարկաներ: Այսպէս, Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Յակոբ նահապետ օծած է այն քարը, որուն վրայ իր գլուխը դրած էր։ Դարձեալ իւղով օծուած է Մովսէսի հաստատուած վկայութեան Խորանը, ողջակէզներու սեղանները իրենց բոլոր սպասներով:

Նախնական շրջանին միայն ձիթենիի իւղը օգտագործուած է, սրբագործելու համար ընտրեալ անձերն ու սրբազան անօթները ․․․ Աւելին

Tags:

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. ԵկեղեցիՍ. Միւռոն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

19 ՄայիսՊասուց ՏոլմաՍեւրի ԴաշնագիրՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրԶամպիաԷնիկմա Մեքենան1748 թուականՕձունի ԵկեղեցինՕձի ՊորտՃոն ՔենետիԶէյթունի Ապստամբութիւն (1895)ԱնուբիսԺորժ ԿառվարենցՈրդան ԿարմիրԻրաքՎոլֆկանկ Ամատէուս ՄոցարթԹորգոմ արքեպիսկոպոս ՄանուկեանԱծանցաւոր բառերՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)ԿարագԳլաձորի համալսարանԱտրուշան (հանդէս)Գրական ՍեռերՌուբէն (անձնանուն)1914 թուականԱւետիս ԱհարոնեանՓորթուկալԺընեւՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԹիւՎրաստանԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՇիրակի մարզԱւստրիաՖրանց ՎերֆելՍեբաստացի ՄուրատԷմանուէլ ՄաքրոնՄարաշԳիւմրիՍ. Գէորգ զօրավարՄեռեալ ԾովՔանյէ ՈւեսթԲիւզանդական ԿայսրութիւնՏանիէլ ՌատքլիֆՄոզիլլա ՖայրֆոքսՀայր ՄերԵրաժշտութիւնՏրդատ Ա.ՍղերթԽոդեդան1724 թուականԶուիցերիաԾաղկաձորԵթովպիաՔարահունջԱնապատներՄաղաքիա Արք․ ՕրմանեանՅակոբ ՉոլաքեանԱշոտ Գ. ՈղորմածՀինտուիզմՈւղեղՍուէզի ՋրանցքըԱսպետներու ամրոց (Հոմս)Կենաց ԾառըԳէորգ Դ․ ԿոստանդնուպոլսեցիՔունՆահապետ ՔուչակՃամայքաՏարածութիւնՍիտնիի օփերային թատրոն🡆 More