Երգչուհի Զազ

Զազ (ֆրանսերէն՝ Isabelle Geffroy, Իզապէլ Ժեֆրուա, 1 Մայիս 1980(1980-05-01), Թուր), ֆրանսիացի երգչուհի: Զազ յայտնի է մանաւանդ իր հիթային «Je veux» երգով, իր առաջին՝ «Zaz» ալպոմէն, որ թողարկուած է 2010 թուականին:

Զազ
ֆրանսերէն՝ ZAZ
Երգչուհի Զազ
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Enol
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Zaz
Ծնած է 1 Մայիս 1980(1980-05-01)[1] (43 տարեկան)
Ծննդավայր Թուր[2]
Քաղաքացիութիւն Երգչուհի Զազ Ֆրանսա
Ուսումնավայր Toulouse Conservatory school?
Տեսակ Երգ, փոփ երաժշտութիւն, Ժամանակակից ժողովրդական երաժշտութիւն, Ճազ եւ Gypsy jazz?
Մասնագիտութիւն Հեղինակ ու կատարող, ստուդիական երաժիշտ
Անդամութիւն Les Enfoirés?
Կայքէջ zazofficial.com
Ստորագրութիւն
Երգչուհի Զազ

Կենսագրութիւն

Ծնած է ֆրանսական Թուր քաղաքը՝ 1980 թուականին: Երգչուհիին մայրը սպանացի ուսուցչուհի եղած է, հայրը՝ ելեկտրական ընկերութեան մը մէջ աշխատող:

1985 թուականին ապագայ երգչուհին իր քրոջ եւ եղբօր հետ ընդունուած է Թուրի երաժշտանոցը, ուր յաճախած է մինչեւ 11 տարեկան։ Ան ուսումնասիրած է երաժշտութեան տեսութիւնը, նաեւ՝ ջութակ, դաշնամուր, կիթառ եւ երգչախմբային երգեցողութիւն։

1994 թուականին Զազ փոխադրուած է Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան մասը գտնուող Պորտօ քաղաքը եւ մէկ տարի հետեւած է երգեցողութեան դասերու եւ զբաղած է մարզանքով․ ընտրած է արեւելեան մարզաձեւը եւ արհեստավարժ մարզիչի մը հետ պարապած է քունկ ֆու:

2000 թուականին տեղի մարզպետարանէն Զազ կրթաթոշակ կը շահի, որ իրեն կարելիութիւն կու տայ դառնալ ժամանակակից երաժշտութեան դպրոցի անդամ՝ Պորտոյի երաժշտական գործունեութէան եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ:

Անոր երաժշտական հետաքրքրութիւններուն մէջ կը մտնէին Վիվալտիի «Տարուայ չորս եղանակները», ճազ երգիչներու կատարումները, ինչպէս նաեւ ափրիկեան, լատինական եւ քուպայական կշռոյթները:

2006 թուականին երգչուհին փոխադրուած է Փարիզ։

Ան եղած է «Իզար-Ատաթց» խումբի երգիչներէն մին: Այս բազմանդամ խումբը կազմուած էր տասնվեց հոգիէ, որոնց հետ ան երկու տարի մասնակցած է շրջագայութիւններու։

2011 թուականին Զազ յաղթած է «Եւրոպան առանց սահմաններու» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Այդ մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի ի յայտ կը բերէ տասն զարգացող երգիչներ կամ խումբեր, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին իրենց թողարկած միջազգային ալպոմներով գրաւած են բազմաթիւ հանդիսականներ։

2010 թուականին ֆրանսական «Տելեմա» ամսագիրը յայտարարած է հետեւեալը.

Երգչուհի Զազ  Վերջին շաբաթներուն ընթացքին լուր մը տարածուած է, որ Զազը անզուգական ձայն ունի եւ ան պիտի ըլլայ ամրան բացայայտումը։ Երգչուհի Զազ 


2010 թուականին Զազ թողարկած է իր առաջին ալպոմը, որ կ՚ընդգրկէ իր իսկ գրած եւ համատեղ կազմած երգերը: Նոյն տարին երգչուհին պայմանագիր կնքած է «Caramba» եւ «Sony ATV» ձայնագրման սթուտիոներուն հետ՝ իր հիւրախաղերը կազմակերպելու համար:

Շուտով երգչուհին հրաւիրած են հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներու, որոնք աւելցուցած է անոր ճանաչումը: Զայն կոչած են ֆրանսացի այն արուեստագէտը, որուն երգերը արտասահմանի մէջ 2010 թուականին ամենէն շատ հնչած են եւ այդ նոյն տարին ալ, ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ան ճանչցուած է որպէս 2010 թուականի ամենայայտնի ֆրանսացի երգչուհին։

Ծանօթագրութիւններ

-1'>1,0 1,1 FemBio տվյալների շտեմարան
  • 2,0 2,1 2,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #141800089 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  • «ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԶԱԶ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-06-28 
  • Tags:

    1 Մայիս1980 թուականd:Q288Ֆրանսերէն

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Անդրանիկ ՔոչարեանՎազգէն Ա.Արամ ՀայկազԿրեմմի ՄրցանակԽաչքարԳրիգոր ՏաթեւացիԳրական ՔննադատութիւնՊարսելոնաՍլովաքիաՊուլկարիաԱնիԱծանցաւոր բառեր1615 թուականՕսմանեան ԿայսրութիւնՇուէտի Բանակի ԹանգարանԶրադաշտականութիւնՆԱՍԱԹիւՑեղասպանութիւն12 ՅուլիսԹոքիօՄկրտիչ Նուպարեան11 Մարտ15 ՄարտՄանուէլ (անձնանուն)Հարաւ7 ՆոյեմբերՀնդկաստան9 ՅունուարՆիկոսիաՍուրբ ԵրրորդութիւնՔաղաքավարութեան ՎնասներըՀայկական ՉամանՊասքեթպոլ (Կողովագնդակ)Համաշխարհային ժառանգութիւնՀայկ (անձնանուն)Ճոն ՆաշՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՎլատիմիր ԼենինՀոկտեմբերՄիքայէլ Լորիս-ՄելիքովՊոլիսԱւստրիաԵրեւակայութիւնԵրկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ15 ՓետրուարՍթոքհոլմՖինլանտաՔրիսթիանօ ՌոնալտօՃորճ ՊայրընՊղինձՍպիտակ ԱրջՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)12 ՅունուարԳործիական հոլովՍեդրակ ԱռաքելեանԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՀայաստանի Պարի Պետական Համոյթը1572 թուականՓլովտիւԳրիգոր ԶօհրապԷվիաՔալիֆորնիաԵգիպտոսԼեզուի վերակենդանացումԳէորգ Դ․ ԿոստանդնուպոլսեցիԴանիա1850 թուականԱխթալայի ՎանքԹիրանաԿոստան ԶարեանՄայր ԹերեզաՄիսաք ԹորլաքեանԿցական բարդութիւնՃափոներէնԴեղաբանութիւն🡆 More