Քաթար (արաբերէն՝ قطر ), պաշտօնապէս՝ Քաթարի Պետութիւն, պետութիւն Հարաւ արեւմտեան Ասիոյ մէջ, Քաթար թերակղզիին մէջ։ Կ'ողողուի Պարսից ծոցի ջուրերով։ Սահմանակից է Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն։ Տարածքը 22 հազար քմ2 է։
Երկիր | |||||
---|---|---|---|---|---|
Քաթար | |||||
| |||||
Երկիր | Քաթար | ||||
Ներքին բաժանում | Տոհա, Ալ Ղուայրիա, Ալ Ժումալիա, Ալ Խոր, Ալ Ուաքրա, Ալ Ռայան քաղաքապետարան, Ժարիան Ալ Պաթնահ, Ալ Շամալ, Ըմ Սալալ քաղաքապետարան եւ Մուսայէտ | ||||
Prime Minister of Qatar? | Mohammed bin Abdulrahman Al Thani? | ||||
Օրէնսդրական մարմին | Քաթարի խորհրդարան | ||||
Հիմնադրուած է՝ | 1870 | ||||
Տարածութիւն | 11 437±1 քմ² | ||||
Պաշտօնական լեզու | Արաբերէն | ||||
Բնակչութիւն | 2 639 211 մարդ (2017)[2] | ||||
Ժամային գօտի | UTC+3։00 եւ Ասիա/ Քաթար[3] | ||||
Շրջագայութեան պետ-համարագիր | Q | ||||
Պաշտօնական կայքէջ | diwan.gov.qa(արաբ.)(անգլերէն) | ||||
Մայրաքաղաքը Տոհան է։
Փլինիոս Աւագը (Pliny the Elder) վաւերագրած է շուրջ Ք.Ա. առաջին դարու կէսին թերակղզիին բնակիչներուն հետ առնչուող ամէնէն վաղ վկայութիւնը։
Հռոմէացի գրողը իր գործին մէջ Քաթարը յիշատակած է Քաթարէի անուանումով, որ ամենայն հաւանականութեամբ վերցուած է տեղաբնակներու լեզուէն։ Մէկ դար ետք, յոյն նշանաւոր աշխարհագրագէտ Քլավտիոս Պտղոմէոսը կը ներկայացնէ թերակղզիին առաջին քարտէսը, ուր երկիրը յիշատակուած էր Քաթառա անուանումով։
Քարտէսին մէջ մատնանշուած էր նաեւ թերակղզիին արեւելքը գտնուող «Քաթարան» անունով քաղաք մը։ Քաթառա անուանումը օգտագործուած է մինչեւ ԺԸ. դար, որմէ ետք, «Քաթառան» կը դառնայ ամէնէն տարածուած անուանումը։ Ի վերջոյ, ժամանակակից ուղղագրութեամբ «Քաթար»ը կ'ընդունուի իբրեւ երկրին անուանումը։
Ժամանակակից գրական արաբերէնի մէջ երկիրին անուանումը կ'արտասանուի, իբրեւ [qɑtˤɑr], իսկ տեղական բարբառներուն մէջ՝ [ɡitˤar]։
Քաթար տեղակայուած է Ասիոյ հարաւ արեւմտեան մասին մէջ՝ Արաբական թերակղզիին վրայ։ Բացարձակ միապետութեան կառավարման համակարգ ունեցող այս երկիրը կը գտնուի համանուն թերակղզիին մէջ, ծովու մակերեսէն 103 մեթր բարձրութեան վրայ։ Արաբական թերակղզիին արեւելքը գտնուելուն պատճառով, Քաթար թերակղզիին դիրքը ցած է։ Անիկա պայմանաւորուած է նաեւ այն հանգամանքով, որ Արաբիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող հնագոյն լեռները, զառիվար իջնելով, կը տարածուին դէպի ենթացամաքին միւս շրջանները՝ ձեւաւորելով արեւելեան հարթավայրային շերտը։ Ամէնէն բարձր կէտը երկրին հարաւը՝ Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Քուրայն Ապու ալ-Պաուլ լեռն է՝ 103 մեթր բարձրութեամբ։ Քաթարի գրեթէ ամբողջ տարածքը անապատային է։ Ափերը ցած են, հարթ, տեղ-տեղ կտրտուած ծոցերով՝ եզրաւորուած խութերով։ Մակերեւոյթը կրաքարերէն կազմուած ցած, քարքարոտ, տեղ-տեղ ճահճապատ հարթութիւն է։ Հարուստ է նաֆթի եւ բնական կազի հանքավայրերով։ Երկրին հիւսիսային աւազոտ հարթավայրերուն մէջ տեղ-տեղ կը նկատուին ովասիսներ, որոնք կը զբաղեցնեն խիստ սահմանափակ տարածքներ։ Քաթարը գրեթէ ամբողջութեամբ (բացառութեամբ Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանամերձ հատուածէն) շրջապատուած է Հնդկաց ովկիանոսին մաս կազմող Պարսից ծոցին ջուրերով։ Ծովափնեայ գիծին ընդհանուր երկայնքը կը կազմէ 563 քմ։ Ափերը ցած են, հարթ, տեղ-տեղ կտրտուած ծոցերով՝ եզրաւորուած խութերով։ Մշտական գետեր չկան եւ շատ են չոր հուները։ Անապատային ովասիսներուն մէջ կան ստորգետնեայ քաղցրահամ աղբիւրներ։ Պարսից ծոցին առափնեայ հատուածները հարուստ են նաֆթի եւ բնական կազի պաշարներով։
Կլիման անապատային է, գետեր չկան։ Մեծ տարածքներ կը զբաղեցնեն անապատները, ուր տեղ-տեղ կը գտնուին ովասիսներ։ Անապատային տեղանքն ու ներքին ջուրերու սակաւութիւնը երկրին մէջ կը յառաջացնեն ըմպելի ջուրի տագնապ։ Կ'օգտագործեն ծովու աղազերծուած ջուրը։
Քաթարի տարեկան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ շուրջ 27.15°C։ Ցայտուն կերպով արտայայտուած են տարուան չորս եղանակներէն միայն երկուքը՝ ամառն ու ձմեռը, իսկ աշունն ու գարունը կը համարուին անցումային եղանակներ։ Տարուան ամէնէն տաք ամիսը Յուլիսն է, իսկ ամէնէն ցուրտը՝ Յունուարը։ Յուլիսեան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ 32°C, իսկ յունուարեանը՝ 16°C։ Տարուան ամէնէն երկարատեւ եղանակը ամառն է։ Անիկա կը սկսի Մայիսին եւ կ'աւարտի Սեպտեմբերին։ Քաթարական ամառներուն բնորոշ յատկանիշներն են խիստ ջերմութիւնը, անոր փոխարինող չորութիւնը եւ յարաբերական խոնաւութիւնը։ Ամրան ամէնէն տաք օրերուն Քաթարի ջերմաստիճանը կրնայ գերազանցել 50°C-ը։ Ի տարբերութիւն ամրան՝ ձմեռը չափազանց կարճատեւ է։ Անիկա կը սկսի Նոյեմբերի վերջին եւ կ'աւարտի Մարտի կէսերուն՝ տեւելով 4-5 ամիս։ Տարուան ամէնէն ցուրտ օրերուն ջերմաստիճանը 7°C-էն աւելի ցած չ'իջներ։ Բացասական ջերմաստիճանային պայմաններ վերջին հարիւրամեակին չեն գրանցուած։
Տարեկան տեղումներու միջին քանակը կը կազմէ 100 մմ (3,9 սմ)։ Ունենալով իւրայատուկ կլիմայ՝ Քաթար կը գտնուի բնութեան աղէտներու թիրախակէտին մէջ։ Ձմրան ամիսներուն յաճախ տեղի կ'ունենան փոթորիկներ եւ ջրհեղեղներ, իսկ ամառնային փոթորկածին քամիները վնաս կը հասցնեն փոխադրամիջոցներու ենթակառոյցներուն եւ այլ ծառայութիւններու։ Այնուամենայնիւ, հարկ է նշել, որ յորդառատ անձրեւներ հազուադէպօրէն կը տեղան։ Երկրին տարբեր հատուածներուն բնորոշ են եղանակային կարճատեւ անձրեւներու առատութիւնը։
Հազարամեակներ շարունակ՝ մինչեւ մեզմէ 10,000 տարի առաջ, Արաբական թերակղզին պատուած է արեւադարձային մշտադալար անտառներով, իսկ Հիժազի լեռներէն հոսած են բազմաթիւ գետեր, որոնք հասած են մինչեւ թերակղզիին արեւելեան մասերը։ Այս մէկը կը վկայեն այսօրուան չորցած գետահուները, ստորգետնեայ ջուրերու մեծ քանակը եւ նաֆթի ու բնական կազի հսկայական պաշարները։ Այսօր այդ անտառներուն փոխարէն տեղ-տեղ մնացած են ովասիսներ, որոնք կը գտնուին թերակղզիին ստորգետնեայ ջուրեր ունեցող վայրերուն մէջ։ Քաթարի տարածքին արեւադարձային անտառներ չեն պահպանուած։ Քաթարի ովասիսներուն մէջ հանդիպող հիմնական ծառատեսակը փիւնիկեան արմաւենին է։ Կան նաեւ այլ լայնատերեւ բոյսեր։ Անապատային շրջաններուն մէջ խոնաւութեան խիստ պակասի պայմաններու մէջ բոյսերու տերեւները վերածուած են փուշերու։ Ուստի հոն կան ուղտափուշ, օշինդր եւ այլն։ Քաթարի մէջ տարածուած է թունաւոր եւ անթոյն սունկերու 142 տեսակ։ Քաթարի անասնական աշխարհը բաւական աղքատ է։ Ովասիսներուն մէջ եւ անապատներուն մէջ հանդիպող միասապատ եւ երկսապատ ուղտերը ընտելացած են մարդու կողմէ։ Միասապատ ուղտերու գերշահագործման եւ զանգուածային ոչնչացման իբրեւ արդիւնք, անիկա յայտնուած է Կարմիր գիրքին մէջ։ Կան նաեւ անապատային տարբեր գիշատիչ անասուններ՝ գլխաւորապէս բորենիներ ու շնագայլեր։ Վայրի կատուազգիներէն պահպանուած է միայն ասիական վագրակատուներու տեսակներ, որոնք անհետացման վտանգին ենթարկուած են։ Քաթարի մէջ տարածուած սնամէջ եղջիւրաւորներու ընտանիքին միակ ներկայացուցիչը արաբական կամ սպիտակ օրիքսն է, որ նաեւ Քաթարի ազգային անասունն է։
Բացի նշուած մեծ ցամաքային կաթնասուններէն՝ Քաթարի տարածքին կը բնակին նաեւ աւազամուկեր, սպիտակափոր նետականջ տեսակի չղջիկներ, եթովպիական ոզնիներ, քապեան ճագարներ եւ երկու տեսակի մասամբ ուսումնասիրուած ճագարամուկեր։ Քաթարի ծովային տարածքին՝ Պարսից ծոցի աւազանին մէջ, տարածուած են շարք մը ծովային կաթնասուններ, ինչպէս՝ փոքր խոյադլփինը, չինական դլփինը, բծաւոր դլփինը, մեծատամ դլփինը, աֆալինան, անփետուր ծովախոզը, կէտը եւ այլն։ Ի տարբերութիւն կաթնասուններու՝ տեսակային բազմազանութեան առումով թռչունները աւելի զանազան են։ Քաթարի տարածքին կան հետեւեալ թռչունները՝ արաբական ջայլամը, սուզակը, մեծ ձկնկուլը, վարդագոյն հաւալուսնը, տառեղը, սպիտակ արագիլը, ջրարծիւը, ճուռակազգիներ, բազէն, լորը, ջրահովիկը, մորակտցարները, փուփուլաւոր կկուն, եւրոպական բուիկը, ճահճային բուն, սովորական այծկիթը, սեւ մանգաղաթեւը, հայկական օրօրը, թխակապոյտ աղաւնին, տատրակը, սեւագլուխ քրքջան, ոսկեգոյն մեղուակեր, եւրոպական ներկարար, հոպոպ, վիզգցուկ, քաղաքային ծիծեռնակ, մարգագետնային ձիաթռչնակ, սեւախածի կեռնեխ, սինակեռնեխ, շերտագլուխ եղէգնաթռչնակ, դալուկ մորեհաւը, ծնկլտան գեղգեղին, մոխրագոյն ճանճորս, արշալուսիկ, սոխակ, մարգագետնային չքչան, սովորական քարաթռչնակ, կարմրաՔաթար շամփրուկ, ագռաւ, այգիի դրախտապան, սովորական ոսպնուկ, ազնուասարեակ, սպանական ճնճղուկ եւ այլն։ Անապատներուն մէջ շատ են սարդերը, օձերը եւ մողէսները։ Պարսից ծոցի Քաթարական ափին մօտ կան զանազան փափկամարմիններ։ Անիկա հնարաւորութիւն կ'ընձեռնէ Քաթարցիներուն մարգարիտի որսի եւ ձկնորսութեան մէջ մասնագիտանալու համար։ Միջնադարեան ժամանակներէն Քաթարի ներկայիս տարածքի բնակիչները նշանաւոր են անասնապահութեամբ։ Կլիմայական նման պայմաններու մէջ Քաթարի մէջ կը բուծանուին ուղտեր, այծեր եւ տարբեր տեսակի ոչխարներ։
Քաթարը եղած է Մեծն Բրիտանիոյ խնամակալը։ Անկախութիւն ձեռք բերած է 1 Սեպտեմբեր 1971-ին։ Ի. դարու 40-ական թուականներուն հոն յայտնաբերուած են նաֆթի, աւելի ուշ՝ նաեւ կազի պաշարներ, որոնց արդիւնահանումէն Քաթարը տարեկան կը ստանայ տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ։
Ովասիսներուն մէջ կը մշակեն փիւնիկեան արմաւենի, կորեկ, եգիպտացորեն եւ ադամաթուզ։ Անապատներուն մէջ կը զբաղին ուղտաբուծութեամբ, ափամերձ ջուրերուն մէջ՝ ձկնորսութեամբ եւ մարգարիտի արդիւնահանութեամբ։
Իսլամութիւնը Քաթարի պետական կրօնն է։
Ընդհանուր հաշւով Քաթարի բնակչութեան 67.7%-ը կը դաւանի իսլամութիւնը, 13.8%-ը՝ քրիստոնէութիւնը, 13.8%-ը՝ հինտուիզմը, իսկ 3.1%-ը՝ պուտտիզմը։ Մնացեալ կրօններու հետեւորդներն ու կրօնական կողմնորոշում չունեցող անձինք հաշուարկուած են մնացեալ 1.6%-ին մէջ։ Քաթար մասամբ կրօնապետութիւն է, թէեւ պետական կառավարման նման համակարգ մը չէ ամրագրուած օրէնքով։ Այնուամենայնիւ, անոր վառ ապացոյցը կը համարուի այն հանգամանքը, որ Քաթարի օրէնսդրութեան հիմնական աղբիւրը շարիաթն է։
Քաթարի քրիստոնեայ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը օտարերկրացի է։ 2008-էն քրիստոնեաներուն կը թոյլատրուի օրինական կերպով կառուցել եկեղեցիներ։ Քաթարի նշանաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներէն են Մար Թոմա սուրիական, մալանկարա ուղղափառ, կաթոլիկ եւ անգլիական եկեղեցիները։ Քաթարի տարածքին կան նաեւ երկու մորմոնական եկեղեցիներ։
2004-էն Քաթար բաժնուած է եօթ ինքնավար տարածքներու՝
1.Ալ Շամալ
2.Ալ Խոր
3.Ում Սալալ
4.Ալ Տայեան
5.Ալ Ռայեան
6.Տոհա
7.Ալ Ուաքրա
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Քաթար, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.