Կաղապար:Ամիսներու Գլխագիր Փետրուար (լատիներէն՝ Februārius mēnsis «Ֆեպրուուսի ամիս»), տարուան երկրորդ ամիսը, իր հռոմէական Febriaius անուն ստացած է լատիներէն՝ februum բառէն, որ կը նշանակէ «մաքրում» եւ կապուած է, այդ ամսուն կատարուող, հռոմէացիներու Februa մաքրագործութեան արարողութեան հետ։
Մեր թուարկութենէն 56 տարի առաջ, Յուլիոս Կեսարի հրամանով կատարուած օրացոյցի բարեփոխումէն ետք, Փետրուարը դարձաւ երկրորդ ամիսը եւ ունէր 29 օր։
Յետագային, ամիսներէն մին՝ ի պատիւ Յուլիոս Կեսարի, կոչուեցաւ Յուլիս, իսկ անոր յաջորդող Օգոստոս ամիսը՝ Օգոստոս կայսեր պատուոյն։ Բայց Օգոստոսն ունէր միայն 30 օր, իսկ Յուլիսը՝ 31։ Մէկ բան, որ կը շեշտէր Կեսարի գերազանցութիւնը՝ Օգոստոս կայսեր նկատմամբ։ Որոշուեցաւ Օգոստոս ամսուան օրերու թիւին աւելացնել մէկ օր եւ այդ օրը վերցուցին Փետրուարէն։ Այսպիսով Փետրուար ամիսը, որ կապուած էր հռոմէական չար աստուծոյ անուան հետ, մնաց 28 օր։ Միայն նահանջ տարին է, որ մէկ օրով կ'աւելնայ եւ կը դառնայ 29 օր։
Փետրուարը, ըստ հայկական տոմարին, կը համապատասխանէ «Մեհեկան» ամսուան։ Այդ ամսուն մեծ տօնախմբութիւն կը կատարուէր ի պատիւ «Միհր»ի, որ զրադաշտական աստուած էր։ Ան կը մարմնաւորէր արեգակը եւ կրակը։ Միհրի պաշտամունքը իր ժամանակին եղած է՝ հեթանոսական Հայաստանի մէջ։ Միհրին նուիրուած տաճարները կը կոչուէին մեհեան, որմէ յառաջացած է «Մեհեկան» անունը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Փետրուար, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.