Տանուպ Գետ

Տանուպ, գետ Եւրոպայի մէջ։ Եւրոպայի երկրորդ ամէնէն երկար գետն է (Վոլկայէն ետք)։ Կը սկսի Շուարցուալտի արեւելեան լանջերէն (Գերմանիա) եւ կը թափի Սեւ ծով, տելթա մը (եռանկիւն ցամաք) յառաջացնելով։ Երկարութիւնը 2850 քմ է։ Կը հոսի Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ, Խրուաթիոյ, Սերպիոյ, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ տարածքներով, անոր ափերուն վրայ կը գտնուին եւրոպական 4 մայրաքաղաքներ՝ Վիեննան, Պրաթիսլաւան, Պուտափեսթը եւ Պելկրատը։ Տանուպը սահմանային գետ է Սերպիոյ եւ Պուլկարիոյ համար՝ Ռումանիոյ հետ եւ Սլովաքիոյ համար՝ Հունկարիոյ հետ:

Տանուպ Գետ

Տանուպի ափին գտնուող միւս մեծ քաղաքներէն են Ռեկենսպուրկը, Լինցը, Նովի Սատը, Ռուսէն, Պրեիլան, Կալացը, Իզմայիլը։

Անուանում

Հին յոյները (Հեսիոդոս, Ք.Ա. 7-րդ դար) գետը կը յիշատակեն Իստրոս անունով (այդ անուանումը կը վերաբերի գետին ստորին հոսանքին), աւելի ուշ հռոմէացիները (Կեսար, Ք.Ա. 1ին դար) զայն կ'անուանեն Danuvius։ Հետազօտողներուն մեծ մասը կ'ենթադրեն, որ անուանման հիմքին մէջ ինկած է հին իրանական տան «գետ» եզրը։

Տանուպ Գետ 
Տանուպը՝ Վիեննայի մէջ

Հետաքրքրական Փաստեր

  • Ծնունդ կ'առնէ Գերմանիոյ սեւ անտառէն:
  • Հին ժամանակներէն ի վեր, Տանուպը եղած է Եւրոպայի աւանդական առեւտրական ճամբաներէն մէկը:
  • Տանուպը Եւրոպայի քարտէսին վրայ ոչ միայն ամէնէն մեծ երթեւեկութեան զարկերակն է, այլեւ միջպետական ​​բաժնարար: Անիկա բնական պետական ​​սահման է, որ կը հոսի Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ եւ ունի ամէնէն մեծ երկայնքը, մասամբ՝ Մոլտովայի միջեւ։
  • Գետը ունի անձրեւային ալիքներ, որոնք կը ծառայեն իբրեւ միջազգային կամուրջներ գիւղատնտեսական, ձկնորսական, զբօսաշրջային, առեւտրական եւ արդիւնաբերական գործունէութեան համար:
  • Այսօր գետին ընդհանուր երկայնքէն 2415 քմ (1501 մղոն) նաւարկելի է։
  • Գետը նաեւ ջրելեկտրականութեան եւ ըմպելի ջուրի կարեւոր աղբիւր է։
  • Անիկա կը համարուի բուսականութեամբ եւ անասնական աշխարհով հարուստ բնական ջրամբար մը, ուր գոյութիւն ունին աւելի քան 4000 անասուններու եւ 1000 բոյսերու տեսակներ: Տանուպ գետին աւազանին մէջ կը բնակին զանազան ձկնատեսակներ:
  • 1856-ի Փարիզի պայմանագիրին համաձայն՝ գետը ունի միջազգային կարգավիճակ։ Առեւտրային եւ մարդատար նաւերը կրնան նաւարկել առանց սահմանափակումներու: Ինչ կը վերաբերի ռազմանաւերուն, ապա պէտք է պահպանել որոշ կանոններ. ոչ տանուպեան պետութիւններու, նաւատորմին կ'արգիլուի շարժիլ գետին հունով, իսկ յարակից երկիրներու նաւերը իրենց ջրային տարածքէն դուրս կրնան նաւարկել միայն իրենց հարեւաններուն թոյլտուութեամբ:

Անուանումը տարբեր լեզուներով

    Գերմաներէն՝ Donau Տոնաու
    Հունգարերէն՝ Duna Տունա
    Ուքրաներէն՝ Дунай Տունայ
    Պուլկարերէն՝ Дунав Տունաֆ
    Ռումաներէն՝ Dunărea Տուներէա
    Ռուսերէն՝ Дунай Տունայ
    Սերպերէն՝ Дунав Dunav Տունաւ
    Սլովաքերէն՝ Dunaj Տունայ
    Քրուաթերէն՝ Dunav Տունաւ

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Տանուպ Գետ ԱնուանումՏանուպ Գետ Հետաքրքրական ՓաստերՏանուպ Գետ ՊատկերասրահՏանուպ Գետ ԾանօթագրութիւններՏանուպ ԳետԱւստրիաԳերմանիաԵւրոպաԽրուաթիաՀունկարիաՄոլտովաՈւքրանիաՊելկրատՊուլկարիաՊուտափեսթՌումանիաՍերպիաՍեւ ԾովՍլովաքիաՎիեննա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՈսկրայօդաբորբԳլաձորի համալսարան1453Արեգակնային Դրութիւն1600 թուականԱկրա9 ՅունուարՅորդանանԱրհեստական ԲանականութիւնՔալիֆորնիաԼեզուի ԿաղապարԹէյՔիմ Քարտաշեան1971 թուական18 ՆոյեմբերՆիքոլա Սարքոզի1969 թուականԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՄեծն ՏիգրանԳրիգոր ՆարեկացիՍուրիա2015Սոնա ՍիմոնեանՇոշՍիամանթօԽաղաղական ՈվկիանոսԳորշուկԱսատուր ՍարաֆեանԾաղիկԱրաքս (գետ)Աշոտ Բ․ ԵրկաթՊոսնիա եւ ՀերցեկովինաԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՈդիսականՌուսական ԿայսրութիւնԱզատութեան արձանըՑուլ (կենդանակերպ)Սեւ խոռոչՏասնվեցային համակարգՅարձակում Արցախի վրայ, 27 Սեպտեմբեր 20202022 Եւրատեսիլ Երգի ՄրցոյթՍալվատոր Տա ՊահիաԱնահիտՀրայր ԴժոխքՎազգէն (անձնանուն)ԵրաժշտութիւնՅօշոտուած ՀայաստանՈսկէ ԵրկրագունդՄատակասքար16 ՕգոստոսՄեծ Պահքի ԿիրակիներՏեառնընդառաջՍ. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարԻրաքԵւրոպական ՄիութիւնՍարգիս ԶէյթլեանՅ. Ճ. Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան)Հերի ԹրումանՔրիսթիանօ ՌոնալտօՌէալ ՄատրիտՀայաստանի Երկրորդ ԲաժանումըԱնտորրա Լէ Վալէ13 ՀոկտեմբերՓաւստոս ԲիւզանդՆիքոլա ԹեսլաՄիքէլանճելօՄալաբար Ուղղափառ ԵկեղեցիԿուրԱնտերս ՌէթսիւսՀամշէնցիներԹորգոմ արքեպիսկոպոս ՄանուկեանԿրացՍերկէյ ՌախմանինովՄինաս Վերածին🡆 More