Վրացական գիր, այբուբէն է, որ կ՛օգտագործեն քարթուելական լեզուները (վրացերէնը, նաեւ մեգրելերէնը ու սուաներէնը եւ այլն)։ Վրացական այբուբէնը այբբենական տիպի է, եզակի համակարգով։ Ժամանակի ընթացքին այլ կովկասեան լեզուներ եւս (անոնց թիւին՝ օսերէնը եւ աբխազերէնը՝ 1940-ական թուականներէն) օգտուեցան այս այբուբէնէն։ Կը կարդան ձախէն աջ։ Ժամանակէ ի վեր վրացերէնի մէջ կայ 33 տառ։ Մինչդեռ հին վրացերէնին մէջ եղած է 38 տառնիշ, որոնցմէ հինգը բաղաձայն այժմ չի կիրառուիր։ Վրացական գիրը չունի մեծատառեր։
Ըստ հայկական աղբիւրներուն վրացական գիրը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ։ Կորիւնը հետեւեալ կերպ կը ներկայացնէ վրաց գիրերու գիւտի պատմութիւնը. «Մաշտոցը սկսաւ Տիրոջմէ իրեն շնորհուածի համեմատ նշանագրեր հորինել վրացերէն լեզուի համար։ Գրեց, դասաւորեց եւ օրինաւոր կերպով հարդարեց... եւ իջաւ Վրաց կողմերը։ Եւ գնաց, ներկայացաւ անոնց թագաւորին, որուն անունը Պակուր էր, եւ աշխարհի եպիսկոպոսին, անունը՝ Մովսէս։ ... Եւ ան (Մաշտոցը) իր արուեստը առաջարկոլով՝ խրատեց, հորդորեց անոնց, եւ այն ժամանակ ամենքը յանձն արին անոր ուզածը կատարել։ Եւ վրացերէն լեզուի թարգմանիչ մը գտաւ, որ կ՛անուանէր Ջաղա..., այնուհետեւ Վրաց արքան հրամայեց իր իշխանութեան զանազան կողմերէն եւ խառնիճաղանջ գաւառներէն մանուկներ ժողովել եւ տալ վարդապետի ձեռքը։ Ան եւս անոնց առաւ, ուսման բովի մէջ գցեց»։ Մովսէս Խորենացին գրած է. "Մեսրոպ Վրաց աշխարհը երթալով՝ անոնց համար ալ, իրեն տրուած երկնային շնորհին պատճառով, կը ստեղծէ նշանագրեր, Ջաղայի մը հետ, որ յունարէն եւ հայ լեզուներու թարգմանիչ էր, օժանդակութիւն գտնելով անոնց Պակուր թագաւորէն եւ Մովսէս կաթողիկոսէն"։
Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէն վրաց այբուբէնի ստեղծման տեսութիւնը կ՛ընդունուի խոշոր հանրագիտարաններու եւ ակադեմիական գիտնականներու կողմէ. Ըստ Ա. Փերիխանեանի եւ Ջ. Գրիպպինի, հնարաւոր է, որ Մեսրոպ Մաշտոցը վրաց այբուբէնի անմիջական ստեղծողը չէ, սակայն այն չէր առաջանար առանց անոր մասնակցութեան։
Սակայն վրաց գիտնականներու մեծ մասը չ՛ընդունիր Մեսրոպ Մաշտոցի դերը վրաց գիրի ստեղծման գործին մէջ։ Իւանէ Ջաւախիշուիլին, կը փորձէ հիմնաւորել, որ Մաշտոցը չէր կրնար ստեղծել վրաց երկրորդ այբուբէնը («նուսխուրի» այբուբէն), որ, ըստ իր կարծիքին, ստեղծուալ է 6-րդ դարին, մինչդեռ Մաշտոցը մահացած է 5-րդ դարու կէսերուն (440 թուականին)։ Բացի անկէ Ջաւախիշուիլին հիմք կ՛ընդունի այն, որ Ղազար Փարպեցին կը յիշատակէ միայն հայոց գիրերու գիւտը։ Մինչդեռ Ղազար Փարպեցին կ՛ըսէ.
Իսկ Կորիւնը, որուն յղում կու տար Փարպեցին, գրած է.
Ըստ XI դարու վրաց պատմիչ Լեոնտի Մրովելիի՝ գիրերը ստեղծած է Վիրքի (Իպերիա) կիսաառասպելական Փառնաւազ Ա թագաւորը՝ մ.թ.ա. III դարին, չնայած այդ հաստատող աւելի հին աղբիւր չկայ։ Վրաց գրականութեան մեզ հասած հնագոյն նմուշն է 5-րդ դարով թուագրւող «Շուշանիկի վարքը» երգը („Շուշանիկիս ծամեբա”)։ Ակադեմիկոս Լաւան Ճիլաշուիլիի ղեկավարութեամբ Նեկրեսիի մէջ (Կախէթ) 1990-ականներուն եւ 2000-2003 թուականներուն կատարուած պեղումներու արդիւնքին մէջ յայտնաբերուած են արձանագրութիւններ՝ ստացած հնագոյն տառերով։ Ըստ վրաց ուսումնասիրողներու անոնք են՝ Դաւիթ Սդելիի IV դարով թուագրւող ասոմթաւրուլի («ասո» - տառ եւ «մթաւրուլի» - ազնուական) արձանագրութիւնը եւ Պոլնիսի եկեղեցիի՝ 492 - 493 թուականներուն կատարուած արձանագրութիւնը՝ նոյն տառերով։
1940 թուականի պեղումներու ընթացքին Մցխեթի - Արմազ բնակավայրին մէջ անդիք շրջանի արձանագրութիւններ յայտնաբերած են՝ գրուած յունարէն։ Կան նաեւ քանի մը արձանագրութիւններ՝ գրուած դեռեւս անհայտ գիրերով։ Անոնք, հնագէտ Պաւլէ Ինգորոխուասի կարծիքով, վրաց ասոմթաւրուլի այբուբէնին հին տառանշաններն են։
Պարոյր Մուրատեանը կը մերժէ վրաց նշանագրերու նախաքրիստոնեական ծագումը, պնդելով, որ «նախաքրիստոնեական չի կրնար նկատուիլ այբուբէն մը, ուր իբրեւ գիր (տառանիշ) գործածուած է քրիստոնեաններու խորհրդանշանը՝ վրացական Ք (Քրիստոս), Ջ (Ջւարի - խաչ), եւ Ծ (Ծմինդա - սուրբ) գիրերու տեսքով»։ «Եթէ այս իրողութեանը գումարենք թիւով ինը տառատեսակներու եւ հնչիւնային արժէքներու նոյնութիւնը հայերէնի հետ (Կ, Թ, Է, Ո, Ւ, Ք, Փ, Ջ, Վ), - կը շարունակէ անուանի հայ պատմաբանը, - ինչպէս նաեւ հայերէնի նմանութեամբ երկար ու կարճ ձայնաւորներու տարերաման անհրաժեշտութիւն չունենալու պարագային Ե եւ Է գիրերու գոյութիւնը, ՈՒ գիրի կազմութիւնը, այլեւ Կորիւնի հանգամանալի վկայութիւնը Մաշտոցի եւ անոր վրացի օգնական Ջաւայի մասին, ի վերջոյ հայ-վրացական հոգեւոր ու մշակութային սերտութիւնը, ...հազիւ թէ կարելի կ՛ըլլայ այլ բացատրութիւն գտնել՝ քան ժամանակէ վարքագրի (Կորիւնի) հաղորդումն է»։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Վրացերէն Այբուբէն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.