Պրոմեթեւս

Պրոմեթեւս (յուն․՝ Προμηθεύς), հին յունական դիցաբանութեան մէջ՝ տիտաններէն մին, մարդոց արարիչ եւ պաշտպան։ Ըստ առասպելի՝ մարդերը ծեփած է կաւէն, իսկ Աթինան անոնց մէջ կեանք ներշնչած է։ Պրոմեթեւսը մարդկային տոհմի գոյութեան առաջին շրջանին անոր հովանաւորը եւ դաստիարակը եղած է։ Ողիմպոսէն կրակը գողնալու եւ մարդոց նուիրելու համար Զեւսը դաժանաբար պատժեց զայն՝ գամելով Կովկասեան լերներուն։ Զեւսի ուղարկած արծիւն ամէն օր կը ծուատէր անոր լեարդը, որ սակայն գիշերը նորէն կը վերականգնուէր։

Պրոմեթեւս
Հերակլեսը կ'արձակէ Պրոմեթեսին, բարձրաքանդակ Ափրոդիտէի տաճարէն, Ափրոդիսիասին մէջ:

Պրոմեթեւսի տանջանքներուն վերջ տուաւ Հերակլեսը։ Ան իր ճամբորդութիւններուն մէկուն ընթացքին հանդիպեցաւ անոր ու ազատեց շղթաներէն։

Պրոմեթեւս Եւ Իօ

Պրոմեթեւս 
Արարիչ Պրոմեթեսը, Օթթոյ Կրայներ, 1909:

Այն ատենը, երբ Պրոմեթեւսը կը կրէր իր տառապանքը, անոր քովը եկած է Իոն՝ գետերու աստուած Ինաքոսի դուստրը, որուն սիրահարուած էր Զեւսը եւ խանդօտ Հերայէն թաքցնելու համար անոր կով դարձուցած էր։ Հերայէն փախչելով՝ Իօ հասած էր մինչեւ Կովկասեան լեռներ։ Պրոմեթեւսը գիտէր գալիք ապագան եւ Իոյին ըսաւ, որ ան պիտի անցնի իր պատուին անունն ստացած Պոսփորը, որ կը նշանակէ «կովի գետանց», յետոյ, շատ տեղեր ըլլալով, պիտի հասնի մինչեւ Նեղոս, ուր Զեւս անոր պիտի վերադարձնէ նախկին կերպարանքին։ Պրոմեթեւսը նաեւ գուշակեց, որ ատկէ ետք Իօ Զեւսէն պիտի ունենայ որդի մը Եւպատոս անունով եւ անոր ժառանգը' շատ սերունդներ յետոյ, զինք պիտի արձակէ տառապանքէ։ Եւ իսկապէս, բազմաթիւ սերունդներ ետք, Եւպատոսի ժառանգներէն մէկը եղաւ մեծագոյն հերոս Հերակլես, որուն շնորհիւ Պրոմեթեւս ազատեցաւ գերութենէն։

  • Պրոմեթեւսին անունով է Պրոմեթիոն քիմիական տարրը:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ


Tags:

ԶեւսԼեարդԿովկասՅունարէնՈղիմպոս

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

3 ՆոյեմբերՅակոբ ԱյնթապլեանՆոր Քարէ ԴարՀրաչեայ ԱճառեանԵրկուշաբթիԳրիգոր ՆարեկացիՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Պուէնոս Այրէս)Ապու ՏապիՊաղտատՄոլորակներԱրուսեակ (մոլորակ)ՄուշՔարաքաս11 ՄարտՀայաստանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի ԹանգարանՊելճիքաԱտրպատական1952 թուականՍեռ (կենսաբանութիւն)Հայաստանի ԹուղթԼեռնային ՂարաբաղԹուրքիաԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիՃափոնՀռիփսիմէԼիբանանՎագերաձիՔիմ ՔարտաշեանԲարդ բառերԱրա Սարգսեան17 ՅուլիսՊարսից Ծոց1966 թուականԳառնիի ԱմրոցՔանատաՇիքակօԱրծաթԱծանցաւոր բառերԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաԱնթարքթիքաՎանայ ԻշխանՄկրտիչ ՆուպարեանԱնգլերէն2004 թուականՉիլէՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմԱշոտ Ա. Բագրատունի17 ՕգոստոսՍահակ ՊարթեւՆուպար ՉարխուտեանՊղինձՆիտըրլենտՈւրբաթագիրքՆիքի ՄինաժԴեկտեմբերՔաթարՍեւան ՆշանեանՊանանՃափոներէնԱնտեան ԼեռնաշղթայՆաֆթՎիրճինիա Ուոլֆ11 ՅունուարԹովմաս (անձնանուն)ԵրկՂեւոնդ ԵրէցԱրտեմիս (աստուածուհի)ԶգայարաններՀին ԵրեւանԿարս🡆 More