Պապիրոսը գրելու համար նախատեսուած թղթանման նիւթ մըն էր, որ կ'արտադրուէր Նեղոս գետին ափերուն աճող պապիրուս բոյսին միզուկէն: Անիկա լայնօրէն կ'օգտագործուէր հին Եգիպտոսի մէջ Գ.
դարուն եւ հին աշխարհին մէջ յայտնուած է Է. դարուն, երբ արաբներուն կողմէ Եգիպտոսի գրաւումէն ետք անիկա դժուարամատչելի կը դառնայ ու անոր կը փոխարինէ մագաղաթը, իսկ հետագային՝ թուղթը:
Պապիրոսը կ'օգտագործուէր ճահիճներու շրջակայքը ապրող ժողովուրդին կողմէ: Անոնք Նեղոս գետին ճահիճներուն մէջ աճող պապիրոս կոչուող եղէգէն առնուած խիւսը կը տարածէին հարթ, ողորկ մակերեսի վրայ, կը չորցնէին զայն ու կը ստանային թերթեր: Դպրոցներու մէջ գործածուող պապիրոսները բազմաթիւ անգամներ կը լուացուէին ու նորէն կը գործածուէին: Պապիրոսին վրայ կը գրէին եղէգէ գրիչով, մոխիրէ պատրաստուած սեւ թանաքով:
Պապիրոսը կ'օգտագործուէր նաեւ կառուցելու համար առաստաղներ, պարաններ եւ ցանկապատեր:
Եգիպտոսի մէջ, խոնաւ պայմաներուն մէջ բորբոսասունկերու պատճառով պապիրուսը արագօրէն կը քայքայուէր: Ներկայիս գրադարաններուն մէջ պապիրուսները կը պահպանեն արձաններու տեսք ունեցող փայտէ արկղներու մէջ:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Պապիրոս, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.